ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՍԵՒԱԳՈՅՆ ԷՋԵՐԸ ԱՐԱՄ ԱՆՏՈՆԵԱՆԻ ՄՕՏ

ՌՈՒԲԻՆԱ ՓԻՐՈՒՄԵԱՆ

Քայլեց աքսորի զարհուրելի ճանապարհներով, ապրեց ամենասարսափելի կենտրոնացման ճամբարներից՝ Մէսքէնէում, տեսաւ ու զգաց մահը ամենուրեք, երկարատեւ հոգեվարք ապրող, հրաշքի յոյսով՝ համատարած հիւանդութիւնների, սովի ու ծարաւի մթնոլորտում անմարդկային ստորացումների գնով զազրելի կեանքին կառչած, մարդկային խլեակների։ Բախտաւոր էր Արամ Անտոնեանը(1), ողջ մնաց, չորս անգամ անյաջող փախուստից յետոյ, Դեր Զորի անապատից էլ անցնելով վերջապէս Հալէպ հասաւ։ Երկուսուկէս տարի, թաքնուած մնաց դահիճներից ու հազիւ պատերազմի աւարտից յետոյ փորձեց իր բնականոն գրական կեանքին վերադառնալ, թղթին յանձնել ապրածը, տեսածն ու լսածը։ Եւ այնքան շատ էին դրանք, որ կարող էին հատորներ լցնել. «Շատ անգամ կը խորհէի, որ իւրաքանչիւրին [վերապրողին] համար առանձին հատոր մը գրել պէտք պիտի ըլլար, այդ ահաւոր Continue reading “ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՍԵՒԱԳՈՅՆ ԷՋԵՐԸ ԱՐԱՄ ԱՆՏՈՆԵԱՆԻ ՄՕՏ”

Ռուբինա Փիրումեան Մինասեանի եւ Բաղդիկ Մինասեանի «Թաւրիզից ստալինեան գուլագ. ընդհատուած պատմութիւն» հատորը

Ս.Ա.Յ.

Հրատարակուած Երեւան 2019-ին Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւնների ազգային ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ Ազգագրութեան ինստիուտի Գիտական խորհուրդի որոշմամբ (Յիշողութեան ազգագրութիւն շարք — 8), Թաւրիզից Ստալինեան Գուլագ. Ընդհատուած Պատմութիւն հատորը հայերէն հրատարակութիւնն է ցեղասպանագէտ դոկտ. Ռուբինա Փիրումեանի 2017-ին լոյս ընծայած My Father: A man of courage and perseverance, a survivor of Stalin’s Gulag հատորին, որուն անդրադարձած էինք «Հորիզոն գրական»ի հոկտեմբեր 2017-ի թիւով։ Continue reading “Ռուբինա Փիրումեան Մինասեանի եւ Բաղդիկ Մինասեանի «Թաւրիզից ստալինեան գուլագ. ընդհատուած պատմութիւն» հատորը”

Դոկտ. Ռուբինա Փիրումեան կը հրատարակէ ստալինեան արհաւիրքներու մասին հատոր մը

My Father: A man of courage and perseverance, a survivor of Stalin’s Gulag, 257 էջ, ԱՄՆ 2017
 Ս.Ա.Յ.

Նուիրուած իր հօր եւ ընդհանրապէս ստալինեան բռնատիրութեան զոհերու յիշատակին, ցեղասպանագէտ դոկտ. Ռուբինա Փիրումեանի My Father: A man of courage and perseverance, a survivor of Stalin’s Gulag խորագրեալ այս անգլերէն հատորը իր իննը գլուխներու ընդմէջէն ընթերցողին կը ներկայացնէ իր ինքնակենսագրականը, հօր յուշերը, ինչպէս նաեւ այլ յուշեր եւ ուսումնասիրութիւններ Ստալինեան աղէտի մասին։ Continue reading “Դոկտ. Ռուբինա Փիրումեան կը հրատարակէ ստալինեան արհաւիրքներու մասին հատոր մը”