«Ասիկա իրական չէ, չէ՞…»

Նորա Բարսեղեան

Օգոստոսի 4-ին լրացաւ 3րդ տարելիցը Պէյրութի նաւահանգիստի ահաւոր պայթումին, որ կը համարուի ցարդ արձանագրուած ամենահզօր ոչ-հիւլէական արհեստական պայթումը։ Բացի իր մարդկային եւ նիւթական վնասներէն (առնուազն 218 մահ եւ 7000 վիրաւոր, 300 հազար անտուն, 15 միլիառ ամ. տոլարի գնահատուող նիւթական վնաս), դարձաւ խորհրդանիշը բազմիցս վիրաւոր բայց յամառօրէն կենսունակ քաղաքին ու երկրին։
«Ազդակ»ի պատասխանատու խմբագիրներէն Նորա Բարսեղեանի այս գրութիւնը գրուած է երեք մասով։ Հեղինակը պայթումի իւրաքանչիւր տարելիցին հրապարակած է անոր մէկ բաժինը, որ լայնօրէն տարածուեցաւ մեր մամուլի էջերուն վրայ։ Նախընտրեցինք ներկայացնել երեք բաժինները միասին, որպէս մէկ ամբողջութիւն, որպէսզի ընթերցողը զայն ընկալէ լիարժէքօրէն, առանց ընդմիջումներու։

Հորիզոն գրական

— Արա՛, այս ֆիլմերուն մէջ ինչպիսի՞ նկարահանումներ կրնան ընել, որ ամբողջ քաղաք մը քարուքանդ ըլլայ, ամեն մարդ վնասուի, քաոս տիրէ ամենուրեք, այսքա՜ն տակնուվրայութիւն… Վստահ ասիկա իրական չեն նկարեր, այլապէս ինչպէ՞ս պիտի ընեն, քաղա՞ք մը կործանեն…
— Սովորաբար մէկ փոքր մաս մը իրական կ՚ըլլայ, իսկ ամբողջութիւնը` Continue reading “«Ասիկա իրական չէ, չէ՞…»”