Գուքիին հետ անմոռանալի՜ պտոյտ մը

ՆԱԶԱՆ Ա.

Ի յիշատակ Յասմիկին

Փաթիլը ոչ միայն Պօղոսեան վարժարանի դասընկերուհիս էր, այլ նաեւ Փաթիլին Մարիանէ անունով մայրը բարեկամուհին էր Նուէր զարմիկիս, զոր Հոճուր կը կոչէինք. երկուքն ալ նորաձեւութեան եւ կարի հանդէպ մեծ սէր եւ հետաքրքրութիւն ունէին։ Չեմ գիտեր ինչպէ՛ս իրարու ծանօթացած էին, եւ ինչպէ՛ս եղած էր անոնց կապը։ Պատահած էր, որ, երբ Հոճուրս Փաթիլենց այցելէր, իրեն ընկերակցէի Continue reading “Գուքիին հետ անմոռանալի՜ պտոյտ մը”

Բարիք ըրէ ծովը նետէ…

ՆԱԶԱՆ Ա.

Վերջերս յիշեցի սրտայոյզ դէպք մը, որ մեր հին թաղի տան հետ կապուած յիշողութիւներուս անքակտելիօրէն մաս կը կազմէ։
Մայիսեան կանուխ առաւօտ մըն էր։ Տնեցիները արդէն մեկնած էին իրենց գործերուն, իսկ ես կը պատրաստուէի աճապարանքով Ծաղկոց հասնելու եւ գրեթէ պատրաստ էի իջնելու։ Տան զանգը զարնուեցաւ։ Այս ո՞վ կրնայ ըլլալ ըսելով, վերի յարկի պատուհանէն դուրս նայեցայ Continue reading “Բարիք ըրէ ծովը նետէ…”

Մրջիւններու վերջալոյսը — Հեղինակ՝ Զաւէն Պիպեռեան

ՆԱԶԱՆ Ա.

«…Միշտ մրջիւնները խորհած եմ։ Դպրոցէն կը սկսին աւրել տղաքը։ Մրջիւնը իբրեւ տիպար օրինակ ցոյց կու տան։ Մարդը մրջիւնի վերածել կը ջանան։ Կը յաջողին ալ։ Բոլոր հակակրելի, տգեղ բաները մարդոց պաշտել տալու, հիացումի առարկայ դարձնելու մէջ վարպետ ենք իրաւ։ Ես կ՚ատեմ մրջիւնը։ Կեանքիս մէջ ես ո՛չ ուզեցի, ո[՛]չ ալ կրցայ մրջիւն ըլլալ։ Դատէ, կրէ, ամբարէ ձմեռը կեր, նորէն դատէ, կրէ, ամբարէ։ Ամբողջ կեանք մը։ Ետքը՝ մեռիր։ Բուրգեր շինէ։ Քաղաքներ, շէնքեր, գործարաններ, մեքենաներ, ճարտարարուեստ, քաղաքակրթութիւն։ Այս բոլորին ծառայէ։ Ամբողջ կեանք մը։ Ետքը մեռիր։ Որո՞ւ համար։ Ինչու համար։ Ինչո՞ւ համար։
Ո՞վ կը վայելէ։ Չորս հոգի։ Այսինքն ո՛չ ոք։ Գործը գործին համար։ Քաղաքակրթութիւնը քաղաքակրթութեան համար։ Բոլորս այս խաղին մէջն ենք։ Խաղին կանոնն ալ գրած ենք» — (Տրդատ հօրեղբօր արտայայտութիւններէն, էջ 129)։

«Մրջիւններու վերջալոյսը» վէպը իբրեւ թերթօն առաջին անգամ Continue reading “Մրջիւններու վերջալոյսը — Հեղինակ՝ Զաւէն Պիպեռեան”

Երէ՞կ էր, թէ՞ այսօր

ՆԱԶԱՆ Ա.

Դուռը զարնուեցաւ, յետոյ դռան զանգակին ձայնը լսուեցաւ, ապա դարձեալ դռան վրայ ձեռքի դանդաղ հարուածներ լսուեցան։
— Աղջի՛կս, դուռը բաց, մէկը կայ դռան ետին, — բարձրաձայն ըսաւ մայրս ներսի սենեակէն։
Դռան մէջտեղի փոքր ապակի պատուհանէն կնոջ մը գլխու շուքը կ՚երեւար։ Continue reading “Երէ՞կ էր, թէ՞ այսօր”

Մեր տան ասեղնագործող ոսկի ձեռքերը

ՆԱԶԱՆ Ա.

Երեք էին անոնք՝ Քնարը, Արշալոյսը եւ Յասմիկը՝ մայրս եւ իր քոյրերը, որոնք սարդերու նման իրենց ամենօրեայ ոստայնները՝ ձեռագործերը կը հիւսէին։ Անշուշտ չմոռնամ նշել ասոնց վարպետը մայր իշխանութիւն Եղիսաբէթ մեծ մայրս էր, որուն ձեռքերն ալ բնաւ դադար չունէին։ Ան ընտանիքի մեծն էր, բոլորին փափաքները սիրով եւ արագ կատարողը։
Այո, մեծ մօրս «մէյտանի» տունը կարծես կը նմանէր գոյն-գոյն թելերու, Continue reading “Մեր տան ասեղնագործող ոսկի ձեռքերը”

Եղիսաբեթ մեծմայրիկիս գրտնակը

ՆԱԶԱՆ Ա.

Նախորդ օրէն կը սկսէր մեծ պատրաստութիւնը։
Գրտնակը, ալիւրը, մանրուած սոխը, աղն ու պղպեղը՝ այսինքն գործածուելիք միջուկը, բացի միսէն, եւ փուռի ամենամեծ ափսէները սառնարանէն եւ պահարաններէն դուրս կը հանուէին։ Մայրս կը հեռաձայնէր Յասմիկ մօրաքրոջս եւ նախապէս կը պատուիրէր. «Յասմի՛կ, վաղը առաւօտ կանուխ եկուր, չուշանա՛ս, ամեն ինչ պատրաստած ենք, կանուխ եկուր, որպէսզի եփելն ալ կանուխ Continue reading “Եղիսաբեթ մեծմայրիկիս գրտնակը”