ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ
«Ես հաւատում եմ, հայ ժողովուրդ, քո Դարձին, ... վասնզի կամրջընկեց Արաքսի ափերին, Մասիսի խորհրդաւոր հայեացքի տակ մեր Հայրենիքը կայ, ... որ ակնդէտ ու խռովայոյզ՝ նայում, նայո՜ւմ է ճամբաներին...»: Ա. Ահարոնեան, Քառասնամեայ յոբելեանի ճառէն (1930, մայիսի 10)
Վերջին տասնամեակին, հայրենի գրական-ակադեմական գործունէութիւնը զգալի աճ մը ճանչցաւ` կապակցաբար հրատարակչական գործին, ու յատկապէս՝ խորհրդային տասնամեակներու արգիլուած-անտեսուած հեղինակներու եւ երկերու: Աճ մը, որ հակում ունի շարունակուելու — մասնակի վերհրատարակութիւններ (երկերու, հազուադէպօրէն՝ նաեւ ամբողջական գործի). կամ՝ ասոնց նուիրուած մենագրութիւններ, երբեմն ծաւալուն. եւ վերջապէս՝ աւելի յաճախակի՝ պարբերական մամուլի վերլուծական յօդուածներ կամ համառօտ ակնարկներ: Continue reading “ԱՒԵՏԻՍ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ. ՏՈՒՆԴԱ՞ՐՁ”