Յանձնառու քաղաքացիի հրամայականը — ՅԻՇԱՏԱԿՆԵՐ ՍԻԼՎԱ ԿԱՊՈՒՏԻԿԵԱՆԷՆ

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ

Երեւան, Մաշտոցի պողոտայ, 1973, աշուն

Նոր հրատարակուած էր եղբօրս՝ Պետիկ Հերկելեանի առաջին գրքոյկը՝ «Պատուհանէն դուրս»-ը, եւ անկէ տրցակ մը տարած էի հետս Երեւան, բաժնելու համար ազգականներու, ընկերներու եւ որոշ գրողներու: Որովհետեւ Պետիկը նամակ մըն ալ գրած էր Յովհաննէս Շիրազին, որոշեցի առաջինը այցելել անոր, որուն ցանկութիւն ունէի ծանօթանալու միաժամանակ: Այն ատեն Շիրազը կ՚ապրէր Լենինի (այժմ՝ Մաշտոցի) անուան պողոտայի վրայ: Բարձրացայ երկրորդ յարկ եւ Continue reading “Յանձնառու քաղաքացիի հրամայականը — ՅԻՇԱՏԱԿՆԵՐ ՍԻԼՎԱ ԿԱՊՈՒՏԻԿԵԱՆԷՆ”

Կեանքի մէջ՝ կը խաղայ, բեմի վրայ կ՚ապրի՛

ՄՈՎՍԷՍ ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ

(Անահիտ Թոփչեանի ծննդեան 70-ամեակին առիթով)

Սիրելի՛ ընթերցող,
Այն ինչ որ թուղթին պիտի յանձնեմ քանի մը անգամ պատմած եմ տարբեր առիթներով, ընդ որում նաեւ Անահիտի եւ Ալիքի ներկայութեան Պէյրութի մեր տան մէջ: Կ՚ենթադրեմ որ Անահիտի ծննդեան 70-ամեակը լաւագոյն առիթն է գրի առնելու մեր ծանօթացման այս տարօրինակ պատմութիւնը: Continue reading “Կեանքի մէջ՝ կը խաղայ, բեմի վրայ կ՚ապրի՛”