Սիրելի ընթերցող,«Հորիզոն գրական»ի մարտ 2020-ի թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։
Բարի ընթերցում։
Սիրելի ընթերցող,«Հորիզոն գրական»ի մարտ 2020-ի թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։
Բարի ընթերցում։
Հազար իննհարիւր վաթսունական թուականներու Հալէպի Նոր Գիւղ աւանի կարմիր պղպեղի փոշին տարբեր համ մը ունէր։ Բարկ, սակայն հրապուրիչ կծութիւն մը՝ զինք առաջին անգամ համտեսողը նախ՝ սաստիկ երկրաշարժի կ՚ենթարկէր, ապա՝ կը թովէր եւ իր համին ու հոտին հլու ու յօժարակամ ստրուկը կը դարձնէր: Continue reading “Կարմիր պղպեղ ծեծող կինը”
Այս բառերը ես կը յիշեմ կարդացած ըլլալ Ռէթէոս Պէրպէրեանի տապանաքարին վրայ, Սկիւտարի հայոց գերեզմաննոցը։ Պատանի էի։ Ճեմարանի առաջին լսարանի աշակե՛րտ։ Եւ այդ ամառ, մեծ յափշտակութեամբ կը պեղէի Պոլիսը։ Մայրս, փոքր եղբայրս եւ ես միասին կատարեցինք մեր ընտանիքի այդ պատմական ճամբորդութիւնը։ Տասնութ տարիներ ետք իր ամուսնութեան օրերէն, մայրս վերջապէս պատեհութիւն կ՚ունենար քանի մը թանկագին ամիսներով վերադառնալու իր հարազատներուն գիրկը եւ ես գիւտը կ՚ընէի այս աներեւակայելի աշխարհին։ Continue reading “ԲԱՐԻՆ, ԳԵՂԵՑԻԿԸ ԵՒ… ՃՇՄԱՐԻՏԸ”
Արցախի Գրիգոր Նարեկացի համալսարանի դասախօս
ԳԼՈՒԽ ԵՐԿՐՈՐԴ
(Բ.)
ՅԱԿՈԲ ԿԱՐԱՊԵՆՑԻ ԱՐՁԱԿԸ, ՆՐԱ ՆՈՐԱՐԱՐԱԿԱՆ ՄԻՏՈՒՄՆԵՐԸ ԵՒ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԱՌԱՆՁՆԱՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Յակոբ Կարապենցի պատմուածքների երկրորդ՝ «Հին աշխարհի նոր սերմնացանները» ժողովածուն, ինչպէս եւ առաջինը, ունէր ընդհանուր նպատակասլաց ուղղութիւն, ինչը հնարաւորութիւն էր տալիս այնտեղ ամփոփուած ստեղծագործութիւնները դիտել իբրեւ հարցադրումների միասնական ամբողջական շարք։ Եւ դա այն աստիճանի, որ հեղինակին մղում էր նաեւ ժանրային կառուցուածքի նոր հարթութեան՝ վէպի նախապատուութեան ճանաչման։ Այս գրքի առաջաբանում կայ նման շահագրգիռ հարցադրում, մանաւանդ եթէ հաշուի Continue reading “Յակոբ Կարապենցի ստեղծագործութիւնը — 5”
Հեղինակ՝ Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան, 296 էջ, Երեւան, հեղինակային հրատարակութիւն, 2020
Հեղինակը սոյն հատորին՝ Աստուածաբանութեան եւ Փիլիսոփայութեան դոկտորի իր գիտական աստիճանով (1993) եւ հայագիտական նիւթերու իր հմտութեամբ, ծանօթ անձնաւորութիւն մըն է հայ եւ միջազգային գիտական-ակադեմական շրջանակներուն, իր հրատարակած հայ եւ օտարալեզու (գերմաներէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն) բազմատասնեակ երկերով եւ ուսումնասիրութիւններով: Աւելի քան երեսնամեայ հոգեւոր ծառայութիւն ունի Հայց. եկեղեցւոյ տարբեր Continue reading “Գրքերու հետ — ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱՒՈՐՈՒՄԸ ԵՒ ՔՍԱՆ ԿԱԽԱՂԱՆՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԸ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԻ ՈՒ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԵԱՆՑ ՄԷՋ”
Լոյս տեսաւ Վրէժ-Արմէնի այս նոր առցանց հատորը, որ կը բաղկանայ 60 յօդուածներէ, 131 էջ՝ ընդգրկելով աւելի քան երեսուն տարիներու վրայ տարածուած գրութիւններ, որոնք լոյս տեսած են «Դրօշակ»-ի ու «Հորիզոն»-ի մէջ։
Նիկոլ Աղբալեանի յիշատակին նուիրուած է այս գիրքը, որուն «Ինչու ա՛յս հատորը» ներածականին մէջ կը կարդանք. Continue reading “ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ — Վրէժ-Արմէնի «ՈՍՏԱՅՆ 14 – ԲԱՐԵ՛Ւ, ԸՆԿԵՐ» հատորը”