Քանդակագործութիւնը եւ հայ կին արուեստագէտները (Բ.)

ԼՈՒՍԻՆ ՓԱԼԱՆՃԵԱՆ ԺԱՄԿՈՉԵԱՆ

Խմբագրութեան կողմէ. Նկատի ունենալով, որ այս գրութիւնը աւելի լաւ կ՚ընկալուի իր պատկերզարդումներով, ընթերցողին կը թելադրենք զայն կարդալ թերթի տպագրեալ օրինակէն։

ԱՅԾԵՄՆԻԿ ՈՒՐԱՐՏՈՒ
(1899-1974)

Այծեմնիկ Ուրարտու, բուն անունով Այծեմնիկ Տէր-Խաչատրեան, կը հանդիսանայ մեր պատմութեան առաջին կին քանդակագործը: Ան ծաւալուն գործունէութիւն ցուցաբերած է իր կեանքի ընթացքին: Եղած է Հայաստանի նկարիչներու հիմնադրամի ղեկավար, Նկարիչներու Continue reading “Քանդակագործութիւնը եւ հայ կին արուեստագէտները (Բ.)”

Քանդակագործութիւնը եւ հայ կին արուեստագէտները

ԼՈՒՍԻՆ ԺԱՄԿՈՉԵԱՆ

Խմբագրութեան կողմէ. Նկատի ունենալով, որ այս գրութիւնը աւելի լաւ կ՚ընկալուի իր պատկերզարդումներով, ընթերցողին կը թելադրենք զայն կարդալ թերթի տպագրեալ օրինակէն։

Ի՞ՆՉ Է ՔԱՆԴԱԿԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆԸ

Քանդակագործութիւնը, որ ծաւալային բնոյթ ունեցող արուեստ մըն է, կերպարուեստի ամենէն դժուար ճիւղերէն մէկը կը համարուի: Ան ունի երկու ենթատեսակներ՝ եռաչափ ծաւալով բոլորաքանդակը, որ կը թոյլատրէ շրջիլ քանդակին շուրջը եւ ամեն կողմէ դիտել զայն, եւ եւ երկչափ ծաւալով ռելիէֆը (իտալ.՝ rilievo) իր տարբեր տեսակներով (հարթաքանդակ, բարձրաքանդակ), որ կը մշակուի հարթ տարածութեան մը վրայ եւ զայն կարելի է դիտել միայն դիմացէն:
Արուեստագէտը քանդակելու շնորհքի կողքին պէտք է որոշ մկանային ուժ ունենայ, որպէսզի իր հոգեկան ապրումներուն եւ փափաքին համապատասխանելու կարողութիւնը զարգացնելու եւ հարազատ Continue reading “Քանդակագործութիւնը եւ հայ կին արուեստագէտները”