Յիսուսի երկրորդ գալուստը

ԶԱՐԵՀ ՍԱՓՍԸԶԵԱՆ

Բոլորդ ծանօթ էք Լիբանանի վերջին դէպքերուն եւ աշխարհի ղեկավարներուն տարօրինակ կեցուածքին։ Բայց ամենէն տարօրինակը հեռատեսիլային քարոզիչներուն եւ ծայրայեղ քրիստոնեայ առաջնորդներուն յայտարարութիւններն են Քրիստոսի երկրորդ գալուստին մասին եւ այդ դէպքերուն միջեւ կապեր տեսնող։ Հակառակ անոր, որ Քրիստոս ինք յստակօրէն կ՚ըսէ Մատթէոսի աւետարանի 24:36-ի մէջ. «Ոչ ոք գիտէ այդ օրուան կամ ժամուն մասին, ոչ իսկ երկնքի հրեշտակները, ոչ իսկ զաւակը, այլ միայն հայրը», սակայն այս գիտակները տակաւին կը պնդեն եւ Աստուածաշունչէն տարբեր վերլուծումներ ընելով, կը գուշակեն աշխարհի վերջը՝ Յիսուսի երկրորդ Continue reading “Յիսուսի երկրորդ գալուստը”

ԿՌՈՒՆԿԸ

ԶԱՐԵՀ ՍԱՓՍԸԶԵԱՆ

Կռունկ, գնա՜, հայոց դաշտի
Ծաղիկը տար պանդուխտներին.
Արարատի ձիւն տար թեւիդ,
Ջուր Սեւանայ՝ պանդուխտներին.
Մեր նոր երկրի երգերն ուրախ,
Մեր նոր կեանքի լոյսերը վառ,
Մի բուռ հող տար, ոտքիդ կպած,
Մեր տարագիր պանդուխտներին։ Continue reading “ԿՌՈՒՆԿԸ”

«Հայր մեր»-ը դուն գիտե՞ս, օղլո՛ւմ՝ Անդրանի՛կ

ԶԱՐԵՀ ՍԱՓՍԸԶԵԱՆ

Սուրիոյ բանակի ֆութպոլի խումբը, որ լաւագոյնը կը նկատուէր Սուրիոյ մէջ, Արեւելեան Եւրոպա իր շրջապտոյտին համար խումբը ուզեց զօրացնել յաւելեալ մէկ կամ երկու լաւագոյն խաղացողներով։ Եւ լաւագոյն թեկնածուն անշուշտ Անդրանիկն էր, Հալէպի ՀՄԸՄ-ի, նաեւ ամբողջ Սուրիոյ լաւագոյն ռմբարկուն, ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն յոյսը, իսկ հակառակորդ խումբի բերդապահներուն ահն ու սարսափը։ Երբ գնդակը Անդրանիկին ոտքը ըլլար եւ ան հակառակորդին բերդին մօտենար, համակիրները, մեծ եւ պզտիկ հաւասարապէս, տարօրինակ խանդավառութեամբ կը քաջալերէին զինք, խոստանալով համբուրել Continue reading “«Հայր մեր»-ը դուն գիտե՞ս, օղլո՛ւմ՝ Անդրանի՛կ”