Ս.Ա.Յ.
‘Still being alive / seems to be a sin for me’
Arpine Konyalian Grenier, The Silent G. Poetry, 81 pp. Corruptpress, France, 2019
Նուիրուած Նորա Ռոզի ու Կիւլ մեծ մօր, Արփինէ Գոնիալեան Կռընիէի The Silent G հատորը կը բաղկանայ քսաներեք բանաստեղծութիւններէ եւ նախերգութենէ մը, գրուած յուշագրական պատմական ապրումներու ապակառուցային ոճով սփիւռքեան ներաշխարհէն։Ռուբինա Փիրումեան, իր «Հայոց Ցեղասպանութիւնը գրականութեան մէջ, երկրորդ սերնդի արձագանքներ» ուսումնասիրական հատորին մէջ, Արփինէ Գոնիալեանի բանաստեղծութիւնները կը նկատէ յետ-Ցեղասպանութեան երկրորդ սերունդի գրականութիւն։ Իր կարգ մը բանաստեղծութիւնները հօր կորուսեալ հայրենիքի որոնումն են։ Արփինէ իր A place in the sun, malgrռ sangre խորագրեալ բանաստեղծութեան ընդմէջէն ընթերցողին հետ կը բաժնեկցի Հայոց Ցեղասպանութենէն ազատած հօր հայրենի բնակավայր, Գոնիա իր այցելութեան թողած խոհերը։ Փիրումեանի համար Արփինէ իր հօր ծննդավայր Գոնիայի մէջ «իր կորցրածն է փնտռում»։
Տպաւորիչ են Արփինէի բանաստեղծութիւնները։ Նախերգութիւնը կը պատրաստէ ընթերցողը Ցեղասպանութեան արտասուքին կամ Եփրատ գետի Արաքսի յատուցման վերադարձին։
Այս հատորի մէջ զետեղուած առաջին բանաստեղծութիւնը At l’exposition universelle, 1889, գրուած երբ պատահականօրէն Արփինէ, հարիւրամեակէ մը ետք, կը հանդիպի լրագրի մը ուր հայերու սպանդի տեսարանի գծանկարի կողքին կայ ծանուցում մը լաւագոյն Tapioca-ի, որ արժանացած է ոսկի մետալի 1889-ի ցուցահանդէսին, հայկական տուներու գծանկար մը բացատրականով թէ հայկական լեռնաշխարհը բաժնուած էր Ռուսական Պարսկական եւ Օսմանեան կայսրութիւններուն մէջ եւ նկարը հովանաւորուած է տուրմի (chocolat) ընկերութեան մը կողմէ իսկ այլ բաժին մը լուրերէն հովանաւորուած է քաղցրաւենիք արտադրող ընկերութեան մը կողմէ։
Բանաստեղծութիւններուն մէջ ընթերցողը կը տարուի պատերազմի, առօրեայի, ցեղասպանութեան, մարդկային իրաւունքներու, Սփիւռքի, Լիբանանի, Մեքսիքոյի, ԱՄՆ-ի, Թուրքիայի, Փարիզի արուեստի, պատմութեան, յուշերու թելերուն մէջ։
Արփինէ Գոնիալեան Կռընիէ հասակ առած է Պէյրութի մէջ, իր բառերով, յետ-ֆրանսական տիրապետութեան շրջանին։ Իր ակադեմական աշխատանքը ծաւալած է գիտական աշխարհէն ներս (սրտաբանութիւն)։ Ճաշի դադարներուն եւ շաբաթավերջերուն գրած է երաժշտական եւ բանաստեղծական գործեր։ Իր գրութիւնները արժանացած են մրցանակներու։ Այժմ կը բնակի Լոս Անճելոս եւ կը զբաղի գրելով։
Իր հրատարակած հատորներէն կարելի է յիշել The concession stand (2011), Part, part Euphrates (2007), Whores from Samarkand (1993) եւ St. Gregory’s daughter (1991)։