ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՍԽԱԼ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Այսու կ՚ուզեմ ընթերցողներուս պարզել քանի մը բառերու կիրարկութեան ծալքերը՝ նկատի առած այն սխալ լուծումները, որ արեւմտահայը տուած է այդ բառերուն:

1. ՈՐԵՒԷ
Ամեն անգամ որ արեւմտահայ լրագրողը պիտի արտատպէ արեւելահայերէն գրութիւն մը, երբ հանդիպի որեւէ դերանունին, որ դրուած է անձի անունի վրայ, — օրինակ՝ որեւէ անցորդ, որեւէ ուսանող եւ այլն, — հետեւողականօրէն զայն կը վերածէ ոեւէ-ի, այսինքն՝ կը գրէ ոեւէ անցորդ, ոեւէ ուսանող եւ ապա միայն կը ներկայացնէ զայն ընթերցողներուն:
Թէ ճիշդ ի՞նչ կ՚արժէ այս ոեւէ ըսուածը, քիչ անդին պիտի խօսիմ այդ մասին։ Հիմա փութամ նկատել տալու, որ այդպէսով արեւմտահայ խմբագիրը արեւելահայ գրողին կը վերագրէ բառ մը, որ անոր լեզուին մէջ գոյութիւն չունի. վասնզի արեւելահայերէնը չի ճանչնար «ոեւէ» կոչուած դերանուն մը, այլ ան կը ճանչնայ մէկ ու միասնական «որեւէ»-ն, որ հաւասարապէս կը դնէ թէ՛ անձի, թէ՛ ոչ-անձի անուններուն վրայ. այսպէս՝ որեւէ մատիտ, որեւէ աշակերտ հոն, ուր արեւմտահայը հակում ունի ըսելու որեւէ մատիտ, ոեւէ աշակերտ:
Հարցում. կա՞յ ձեր մէջ մէկը, որ պիտի փափաքէր, որ իր գրութեան մէջ ուրիշներ սպրդեցնէին բառ մը, որ գոյութիւն չունի ձեր, աւելի ճիշդը՝ ձեր լեզուի բառամթերքին մէջ:
Կը կարծեմ, թէ ո՛չ:
Բայց դուք կ՚ընէք այդ բանը արեւելահայուն՝ այն հաստատ համոզումով, թէ ձեր գիտցածն է ճիշդը, իսկ արեւելահայը չունի այդ չքնաղ գիտութիւնը:
Ստորեւ սերտենք այդ «գիտութեան» մութ ծալքերը:
Եւ տեսնենք, թէ որքա՛ն վաւերական է ան:

* * *

Ոեւէ-ն գրաբարէն կու գայ, եւ առաջին արմատն է «ո», որ կը նշանակէ «ո՞վ»:
Յիշենք հայրենաբաղձ Արտաշէսի ողբը՝ մահուան պահուն, օտար հողի վրայ.

«Ո՜ տայր ինձ զծուխն ծխանի եւ զառաւօտն Նաւասարդի…»
(Ո՞վ կու տար ինծի ծխանի ծուխը եւ Նաւասարդի առաւօտը…)

Յիսուսի գերեզմանը այցելող իւղաբեր կիներուն՝ հրեշտակը հարցուց.

«Կի՛ն դու, զի՞ լաս, (զ)ո՞ խնդրես…»
(Դո՛ւն կին, ինչո՞ւ կու լաս, (զ)ո՞վ կը փնտռես…)

Իսկ ոեւէ կը նշանակէ՝ ով ալ ըլլայ:
Ուրեմն աշխարհաբարը ո՞ չունի, ունի ո՞վ:
Գրաբարը միշտ միջոցներ գտած է անզգալաբար սպրդելու աշխարհաբարին մէջ այն պատճառով, որ աշխարհաբար գրողը այնքան ալ լաւ չի ճանչնար այս երկուքին ճշգրիտ սահմանները: Այս չիմացութեան հետեւանքով ալ ոեւէ-ն, որ ունի գրաբարեան կառոյց մը, կրցած է ազատօրէն թափանցել աշխարհաբարի բերդէն ներս, որ անպաշտպան է:
Միւս կողմէ՝ իրերու բնական բերումով եւ պահանջով աշխարհաբարը միաժամանակ ստեղծած է իր սեփական հոմանիշն ալ, որ է որեւէ դերանունը:
Եւ այնուհետեւ ոեւէ եւ որեւէ գոյակցած են հաւասար իրաւունքներով եւ հաւասար յաճախականութեամբ, գրեթէ առանց որեւէ զանազանումի: Փաստօրէն մինչեւ 1950-ական թուականները արեւմտահայ հրատարակութեանց մէջ ոեւէ եւ որեւէ գործածած են մեր բոլոր գրողները: Ո՛չ մէկուն մտքէն անցած է զանազանութիւն մը դնել ասոնց միջեւ:
Եղած են նոյնիսկ միաբեւեռացումի պարագաներ. օրինակ՝ լուսահոգի Զարեհ սրբազան Ազնաւուրեանը կը ճանչնար միայն ոեւէ-ն՝ թէ՛ անձի, թէ՛ ոչ-անձի համար: Եթէ ձանձրոյթը յանձն առնէք եւ թերթատէք իր հոյակապ թարգմանած «Նոր կտակարան»-ը, պիտի նկատէք, որ այստեղ կայ միայն ոեւէ: Լաւ կը յիշեմ, որ իր միաբանակիցներէն ուրիշներու գրիչին տակ ալ հանդիպած եմ այս միաբեւեռացումին, սակայն այս պահուս օրինակներ չունիմ տրամադրութեանս տակ:

* * *

50-ականներէն սկսեալ, երբ Բենիամին Թաշեան խմբագիր դարձաւ Գահիրէի «Յուսաբեր»-ին, զանազանութիւն դրաւ ասոնց միջեւ՝ ոեւէ-ն վերապահելով անձի, իսկ որեւէ-ն՝ ոչ-անձի. այսինքն՝ ոեւէ խմբագիր-որեւէ լրագիր, ոեւէ մարդ-որեւէ կատու, ծառ, երկիր եւ այլն:
Այնքան շատ գրեց ու հետապնդեց այս «կանոնը», որ ի վերջոյ յաջողեցաւ զայն ընդունելի դարձնել արեւմտահայ մտաւորականութեան, այն մտաւորակականութեան, որ ընդհանրապէս կը մերժէ ամեն կանոն, եւ երբ կ՚առաջարկուի ան, ապա ճի՛շդ հակառակը կը կիրարկէ: Մինչեւ հիմա ալ չեմ կրցած ըմբռնել, թէ ինչպէ՞ս, ո՞ր մոգական գաւազանի ուժով Թաշեան գլուխ հանեց այսպիսի սխրանք մը, այո՜, չեմ չափազանցեր. կանոն մը արեւմտահայ մտաւորականին ընդունիլ տալը իսկական սխրանք մըն է: Կրնամ նաեւ աւելցնել, որ հաւանաբար չկայ այլ կանոն մը, որուն այնքան լաւ տիրապետէ արեւմտահայ մտաւորականը, որքան այս երկու դերանուններու զանազանումին:
Ֆրանսացիները կ՚ըսեն՝ chapeau!!!
Մենք ալ ըսենք ու անցնինք:
Այս՝ այսպէ՛ս է:
Ստորեւ նայինք, թէ ճիշդ ի՛նչ կ՚արժէր նման կանոն մը:

* * *

Տեսանք, ուրեմն, որ ոեւէ-ին արմատն է «ո», որ կը նշանակէ «ո՞վ», որ հայերէնի մէջ միայն անձ բնորոշող հարցական դերանուն մըն է:
Իսկ ի՞նչ է որեւէ-ին արմատը:
Որեւէ-ին արմատն է «ո՞ր» հարցական դերանունը, որ ունի ընդհանրական բնոյթ. այս դերանունը կրնամ դնել որեւէ գոյականի վրայ՝ առանց որեւէ սահմանափակումի. այսպէս՝ ո՞ր մարդը, ո՞ր անասունը, ո՞ր լեռը, ո՞ր երկինքը, ո՞ր գաղափարը, ո՞ր յոյսը, ո՞ր չարիքը, ո՞ր… ո՞ր…
Այս ալ կը նշանակէ, թէ որեւէ-ն լայնօրէն բաւարար է մեր լեզուին, աւելի ճիշդը՝ արեւմտահայերէնին, քանի արեւելահայերէնը վաղո՜ւց նկատած է այդ առաւելութիւնը, եւ իր ծոցէն արտաքսած է աւելորդ ոեւէ-ն, որ աշխարհաբար ալ չէ:
Կեանքի մէջ թոյլատրելի է, որ մարդիկ ուզեն տիրել աւելորդ բաներու, այսինքն՝ մէկ տուն ունեցողը գնէ երկրորդ մըն ալ (կ՚ըսեն թէ զօր. Մանուէլ Գրիգորեանը ունի 40 բնակարան), մէկ ինքնաշարժ ունեցողը գնէ երկրորդ մըն ալ, մինչեւ իսկ երրորդ մը, չորրորդ մը, ա՛լ չեմ խօսիր մէկ զոյգ կօշիկը երկու ընողին, մէկ տաբատը վեց ընողին եւ այսպէս շարունակ: Բայց լեզուն, — որեւէ լեզու, — չ՚ընդունիր, որ իր բառերուն կից յառաջանան այնպիսիները, որոնց իմաստը կրող ուրիշ բառեր արդէն ունի ան. օրինակ՝ կրնա՞ք երեւակայել, որ փորձուինք ստեղծել նոր բառ մը, որ իր կարգին նշանակէ քիթ (երբ «քիթ» եզրը արդէն գոյութիւն ունի) կամ քիթի տեսակ մը, կամ բերան, ականջ, քար, շուն, արեւ… եւ այլն: Ո՛չ, չենք մտածեր, ինչո՞ւ լեզուն եւ զայն խօսողներուդ թանկագին ուղեղը ծանրաբեռնենք աւելորդ «գիտելիք»-ով:
Պարագան նոյնն է որեւէ-ին եւս, որ առանձինն ի վիճակի է արտայայտելու որեւէ առարկայ՝ շնչաւոր թէ անշունչ, ասուն թէ անասուն, նիւթական թէ վերացական, շօշափելի թէ անշօշափելի:
50-ական թուականներուն Թաշեան եւ անոր հետ արեւմտահայ պայծառամիտ մտաւորականութիւնը կը կարծէր անիւի գիւտը կատարել՝ շնորհիւ ոեւէ-ի եւ որեւէ-ի զանազանութեան, երբ արեւելահայերէնը վաղո՜ւց անցած էր այդ փուլը, մոռացութեան զամբիւղը նետելով ասոնց առաջինը եւ լեզուն ազատելով աւելորդ ու անհեթեթ բեռէ մը, իսկ մենք օրինակելի հետեւողականութեամբ կը փորձենք անոր լուծը վերստին փաթթել արեւելահայ գրողի վիզին:
Հապա՞…
Մեզի արեւմտահայ կ՚ըսեն…

* * *

Եզրակացութիւն:
Մենք հազիւ թէ յաջողինք լուծել լեզուական այն այլազան տաղտուկները, որոնք կը խոչընդոտեն արեւմտահայերէնի պահպանումը սփիւռքի մէջ, մանաւանդ երբ հարցերուն կը մօտենանք ուսուցողական-մանկավարժական տեսանկիւնէ: Միւս կողմէ՝ չենք կրնար անտեսել այս վերջին տեսանկիւնը, որովհետեւ եթէ լեզուն պիտի ապրի, ապա ան պիտի նաեւ ուսուցուի:
Արդ, քանի՞ ուսուցիչ կրնայ յաւակնիլ, թէ ինք կը տիրապետէ ոեւէ-ի եւ որեւէ-ի տարբերութեան ու մանաւանդ կը յաջողի զայն հասկցնել ու իւրացնել տալ իր աշակերտներուն, ըսենք՝ այստեղ՝ Լիբանանի մէջ, ապա Եւրոպայի, Գանատայի, Լոս Անճելըսի ու Աւստրալիոյ նորահաս սերունդներուն: Այդ օտարախօս սերունդներն ալ կը հասկնա՞ն յիշեալ զանազանութիւնը:
Եւ յետոյ՝ ինչո՞ւ, ի՞նչ բանի ու ի՞նչ շահելու համար ծանրաբեռնել լեզուն կանոնով մը, որ ոչ մէկ օգուտ ունի: Նախընտրելի չէ՞ նման անհեթեթութեան մը վրայ վատնուած ժամանակն ու եռանդը ի գործ դնել աւելի օգտակար գիտելիք մը ջամբելու համար:
Մտածենք այս մասին… եւ ըստ այնմ շարժինք:
«Շարժիլ» կը նշանակէ այս պահէն սկսեալ վանել անիմաստ ու անպէտ ոեւէ-ն:
Մանաւանդ լեզուական դաս չտալ արեւելահայերուն. անոնք իրենց բոլոր թերութիւններով հանդերձ մեզմէ առնուազն թիզ մը աւելի վեր կանգնած են: Ուրեմն մեր կօշիկէն վեր չելլենք: Ջանանք մեր տունը մաքրել:
Այդ ալ բան մըն է:

2. Սպանել

Այս բայը իր կարգին, ամեն անգամ որ հանդիպի արեւելահայերէնէ փոխադրելի գրութեան մը մէջ, խնամքով կը վերածուի սպաննել-ի՝ երկու նն-ով եւ ապա կ՚արժանանայ հրատարակութեան. այստեղ ալ մեր խմբագիրները կ՚արեւմտահայերէնացնեն բայս (ծ.խ. — Նշենք որ «Հորիզոն գրական»ը 35 տարիէ ի վեր կը գրէ սպանել՝ մէկ ն-ով, նոյնիսկ արեւմտահայերէն գրութիւններու պարագային):
Եւ այս պարագային եւս զայն «սրբագրող» արեւմտահայ խմբագիրը չի մտածեր, թէ արեւելահայերէնը չունի սպաննել, այլ ունի սպանել, — այսինքն՝ գրողին վիզին կը փաթթեն բառ մը, որ գոյութիւն չունի անոր լեզուին մէջ:
Հիմա նայինք, թէ ճիշդ ի՛նչ կ՚արժէ այս «սրբագրութիւնը»՝ երկու նն-ով:

* * *

Բայիս հեռաւոր մայրն է սպանանել:
Արեւմտահայ քերականները, ճիշդը՝ անոնք, որ տնօրինեցին այս բային իբրեւ թէ աշխարհաբարեան սպաննել ձեւը, սա՛ կերպ կը տրամաբանեն. սպանանել գրաբարեան բայը ժամանակին հետ ամփոփուած է՝ կորսնցնելով իր երկրորդ «ա» ձայնաւորը, եւ դարձած է սպաննել: Կարճ ու կոկիկ:
Եւ այսպէս ալ նուիրականացած է այս բայը՝ սպաննել:
Իսկ ինչո՞ւ արեւելահայերը կը գրեն սպանել, — շատ պարզ է, անոնք ուղղագրութիւն չեն գիտեր, Մանուկ Աբեղեան ամեն բան խառնեց ու խեղագրե՜ց… այս համոզումով ալ արեւմտահայը «կը սրբագրէ» այդ սխալը ու բայս կը դարձնէ սպաննել:

* * *

Եթէ այսպէս մտածողները քիչ մը ժամանակ յատկացնէին ու սերտէին մեր լեզուի պատմութիւնը, այս պարագային՝ բայերու հոլովոյթը, պիտի նկատէին, որ բազմաթիւ այլ բայեր, որոնք ունին սպանանել-ին կաղապարը, — այսպիսիները կը կոչուին ածանցաւոր բայեր, — դարձած են պարզ կանոնաւոր բայեր՝ առանց ածանցի. օրինակ.
անիծանել-անիծել, անջատանել-անջատել, բեկանել-բեկել, դիզանել-դիզել, երգիծանել-երգիծել, երկրպագանել-երկրպագել, օծանել-օծել, զատանել-զատել, զերծանել-զերծել, թքանել-թքել, լուծանել-լուծել, լքանել-լքել, խցանել-խցել, հատանել-հատել, մուծանել-մուծել, ներկանել-ներկել, ստեղծանել-ստեղծել, տարածանել-տարածել…
Ինչպէս կը նկատէք, բերուած բայերը բոլորն ալ նետած են, դուրս ձգած են իրենց ան ածանցը ու բոլորն ալ դարձած են պարզ կանոնաւոր բայեր երգել, խմել, պարել պարզ բայերուն պէս:
Արդ, պատճառ մը կա՞ր, որ սպանանել բայը չնետէր իր լման ածանցը ու չդառնար սպանել պարզ բայ, — ո՛չ, չկա՜ր, որեւէ պատճառ չկար, որ ան քաշկռտէր ան ածանցին կէսը՝ պահելով ն բաղաձայնը:
Մինչդեռ գրաբարի մեծագոյն հեղինակութիւն հանդիսացող հայր Արսէն Բագրատունին կը վկայէ իր «Ի պէտս զարգացելոց» կոթողական աշխատութեան մէջ, որ սպանանել իր կարգին ժամանակին հետ դարձած էր սպանել: Ահաւասիկ այդ վկայութիւնը. «Ի ստոյգ օրինակագիր գրիչս կայ ստէպ եւ սպանեմ» («Ի պէտս զարգացելոց», էջ 151-ի էջատակ): Այս կը նշանակէ, որ նոյն գրաբարի ծիրէն ներս բայս հաւասարապէս կը կիրարկուէր նաեւ սպանել ձեւով՝ բոլորովին ածանցազուրկ:
Շատ աւելի հետաքրքրական վկայութիւն մը կը գտնենք «Նոր հայկազեան»-ի մէջ, որ ահաւասիկ. «Ոմանք ի գրչաց գրեն որպէս ռամկօրէն սպանել» (Բ. հատոր, էջ 754բ):
Ի՞նչ կը նշանակէ այս վերջին վկայութիւնը. ան ձեւով մը կը հաստատէ Բագրատունիինը, միւս կողմէ կը թելադրէ, որ սպանել ձեւը հետագային ռամիկին որդեգրածն է: Ուրեմն ռամիկը որդեգրած էր սպանել ձեւը, որ այնպէս ալ «ռամկօրէն» կը կոչուէր: Իսկ ռամիկը հասարակ ժողովուրդն էր, աշխարհաբար խօսողը: Արեւելահայերը ահա այս ռամկօրէն, այսինքն՝ ածանցազուրկ ձեւն է, որ իւրացուցած են, որովհետեւ արեւելահայերէնը աւելի ժողովրդական ու հարազատ լեզու է հոն, ուր արեւմտահայերէնը արուեստական տարրերով խճողուած է՝ ձեւաւորուած ըլլալով Հայաստանի հողէն շատ հեռու՝ Պոլսոյ մէջ:
Եւ մենք ժառանգած ենք բայաձեւ մը՝ սպաննել, ուր ան ածանցը լման չէ անհետացած, անհետացած է անոր մի՛այն ձայնաւորը, իսկ ն բաղաձայնը մնացած է՝ սպան-անել>սպան-նել (ան>ն):
Միւս կողմէ, սակայն, արեւմտահայը սպաննել-ը կը խոնարհէ իբրեւ պարզ բայ՝ երգել, պարել, քալել բայերուն պէս. օրինակ՝ սպանն-եցի եւ երգ-եցի: Այլ խօսքով՝ բայը ձեւով ածանցաւոր է կամ կը թուի ըլլալ, իսկ խոնարհումով պարզ է:
Եթէ սպաննել բային երկրորդ ն բաղաձայնը ածանց ըլլար, ապա այս բայը պէտք պիտի ըլլար խոնարհել այլ ածանցաւոր բայերու պէս, որոնք միայն ա ձայնաւորը կորսնցուցած են եւ պահած են ն ածանցը. օրինակ՝ խածանել-խածնել, պագանել-պագնել, ուր խածնել եւ պագնել կու տան՝

խածի-խածիր-խածաւ եւ պագի-պագիր-պագաւ

Ասոնց պէս սպաննել ածանցաւոր բայն ալ պէտք է տար՝
սպանի-սպանիր-սպանաւ կամ սպանի-սպանիր-սպան
Սակայն ո՛չ՝ սպաննեցի-սպաննեցիր-սպաննեց, որ յատուկ է պարզ բայերու խոնարհումին:

* * *

Ինչպէ՞ս լուծել այս առեղծուածը:
Շատ պարզ է. աշխարհաբարի մէջ յառաջացած են կարգ մը բայեր, որոնք, — չես գիտեր ինչո՛ւ, — հետագային կրկնակ բաղաձայնով արտասանուած են. օրինակ՝ փտիլ>փտտ-իլ, ծալել>ծալլ-ել, հրամայել>հրամմ-ել (1), որոնք բոլորն ալ պարզ բայեր են եւ որոնց արմատական վերջին բաղաձայնը կրկնուած է, եւ ճիշդ ասոնց աւանդոյթով ալ… սպան-ել կամաց-կամաց կրկնած է իր արմատական վերջին բաղաձայնը ու դարձած է սպանն-ել, որ ածանցաւոր ըլլալ կը ձեւացնէ, մինչ խորքին մէջ ածանցաւոր չէ, եւ ասոր լաւագոյն փաստը այս բային պարզ կանոնաւոր խոնարհումն է՝ միւսներուն պէս, որոնց ակնարկեցինք:
Այս հաշուով՝ բայիս հեռաւոր կաղապարն էր սպան-ան-ել, որ ապա դարձած է սպան-ել, իսկ հետագային աղաւաղուելով դարձած է սպանն-ել:
Կը մնայ, որ անոր վերադարձնենք իր իսկական կաղապարը:
Սրբագրելով այս սխալը, ճիշդ ինչպէս սկսած ենք սրբագրել միւս կրկնակ բաղաձայնով արտասանուող բառերը՝ ծալլել-ծալել, հրամմել-հրամել, փտտիլ-փտիլ, առած կ՚ըլլանք շատ առողջ քայլ մը, որով կ՚անհետանայ անհեթեթութիւն մը մեր լեզուէն. սա իր կարգին ունի մանկավարժական մեծ կարեւորութիւն, քանի ամեն ինչ յստակ ու բացատրելի կը դառնայ հայերէն սորվողներուն եւ սորվեցնողներուն հաւասարապէս:
Կը վերնայ աճպարարական հետեւեալ յարացոյցն ալ՝ սպաննել-սպանութիւն-սպաննող-սպանիչ եւ այսպէս շարունակ՝ մերթ նն, մերթ ն: Քանի՞ արեւմտահայ ուսուցիչ, լրագրող ու մտաւորական ծանօթ է այս զաւեշտին: Թո՛ղ զկանայս եւ զմանկտի:
Ուրեմն կ՚որդեգրենք սպանել ճիշդ ձեւը, եւ այսուհետեւ միօրինակ կը գրենք՝ սպանել-կը սպանեմ-սպանեցի-սպանող-սպանած-սպանութիւն, միշտ… սպան:
Եւ վերջինը, — սակայն ոչ նսեմագոյնը, — ուղղագրական նոյնութիւն հաստատած կ՚ըլլանք արեւելահայերէնին հետ:
Չէ՞ որ մէկ ժողովուրդ ու մէկ մշակոյթ կը կազմենք:

armenag@gmail.com

1 Բաղաձայնի կրկնութիւն յառաջացած է նաեւ՝ ամէն-ամմէն, մանրազնին-մանրազննին, մանրաքնին-մանրաքննին բառերուն մէջ, որոնք այսօր սրբագրուած են:

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *