Աւելորդաբանութիւն

Արմենակ Եղիայեան

Ոճաբանութիւնը գեղեցիկ խօսելու եւ գրելու արուեստն է:
Ան շատ ընդարձակ գիտութիւն մըն է, որուն հնագոյն դարերէն սկսեալ նուիրուած են անհամար աշխատութիւններ՝ բոլոր լեզուներով: Նաեւ հայերէն:

Մեր նպատակը այստեղ ոճաբանութեան հետեւողական սերտողութիւնը չէ, այլ անոր մէկ քանի երեսակներունը միայն, որոնք գործնական լայն տարողութիւն ունին մեր լեզուի արդի կացութեան մէջ:

Հեղինակ

Աւելորդաբանութիւնը ոճական կարեւորագոյն արատներէն մէկն է, որ կը ներկայացնէ լեզուական այնպիսի տարրեր, որոնք աւելորդ ու անհաճոյ բեռ մըն են՝ հնչիւնի, բառի, բառակապակցութեան եւ լեզուական այլ տարրերու պիտակին տակ եւ որոնք հետզհետէ ապշեցուցիչ յաճախականութեամբ մը սկսած են բազմանալ ու աղարտել արդի արեւմտահայերէնը. արեւելահայերէնը… իր կարգին:
Աւելորդաբանութիւնները այնքան այլազան ու պատահական են եւ աննախատեսելի, որ իւրաքանչիւր պարագայ ունի իրեն յատուկ սրբագրութիւնը, ուստի կարելի չէ համադրել զանոնք եւ միօրինակ դասակարգումներ կատարել, այսուհանդերձ պիտի փորձենք առաջնորդուիլ որոշ խմբաւորումներով՝ միշտ ալ գտնուելով յանկարծաբանելու հարկադրանքին տակ:
Աւելորդաբանողը ինք չ’անդրադառնար, թէ կարելի է նոյն խօսքը կազմել լեզուական նուազ տարրերով: Միւս կողմէ՝ բոլոր աւելորդաբանութեանց ետին ընդհանրապէս կը գտնենք խօսքի կազմութեան տիրապետումի եւ շարահիւսական բաւարար գիտելիքներու պակասը, իսկ երբեմն ալ մտքի ծանրաբեռնուածութիւնն ու կեդրոնացումի պակասը: Չհաշուած ժամանակի սակաւութիւնը, ընդհուպ՝ չգոյութիւնը:
Օրինակ(1)՝
— «Չենք մտածեր հեռաձայնային հաղորդակցութեան մարզին վերաբերող սակերը բարձրացնելու մասին»:
Ամբողջ ըսել ուզածն է. «Չենք մտածեր հեռաձայնային սակերը բարձրացնել»: Այլ խօսքով՝ գործածուած ութ բառերուն ճիշդ կէսը… աւելորդ է:
Անցողակի ըսենք, որ արեւելահայերը կը կիրարկեն աւելադրութիւն եզրը մերինին փոխարէն: Պարզ է. աւելորդաբանութեան լուծումը կը կայանայ աւելորդ տարրի վերացումին մէջ պայմանաւ, որ նախ անդրադառնանք անոր:
Կու տանք օրինակներ՝ կցելով սրբագրութիւնը:
—Որեւէ համաձայնութեան մը պարագային…:
Որեւէ դերանունի որոշեալը չի կրնար որոշիչ կամ անորոշ յօդ առնել. ուրեմն՝ որեւէ համաձայնութեան պարագային: Նոյն կացութեան մէջ է ամեն բառը. ամեն օր, ամեն մարդ, ամեն գիրք, բայց երբեք՝ ամեն օրը կամ օր մը: Որոշիչ յօդը կը վանեն նաեւ այլազան, բազմազան, զանազան ածականները, որոնք միշտ յոգնակի եւ անորոշ լրացեալ կը պահանջեն, երբ առանձին կամ այլ ածականի մը յարադրութեամբ կը դրուին գոյականի մը վրայ. օրինակ՝
այլազան տեսարաններ,
աւանդական այլազան սովորութիւններ,
բազմազան ձեռնտու միջոցներ,
զանազան մարդիկ,
զանազան կանխարգելիչ միջոցներ…
Սակայն ցուցական դերանունի մը կամ յատկացուցիչի մը ներկայութեան՝ որոշեալը յօդ կ’առնէ. օրինակ՝
այս այլազան միջոցները,
անոր զանազան գանգատները,
պարտէզի բազմազան պտուղներէն մէկ քանին…
Ուրիշ է ամբողջ-ը, որ միշտ կը պահանջէ յօդ մը՝ որոշիչ կամ անորոշ. օրինակ՝ ամբողջ օրը կամ ամբողջ օր մը:
Սկզբունքով այս դերանունը եզակի լրացեալ կը պահանջէ, ինչպէս տեսանք. սակայն կ’ըսուի նաեւ ամբողջ օրեր, ամբողջ ամիսներ, ամբողջ տարիներ. ասոնք օրերուն, ամիսներուն եւ տարիներուն տարողութիւնը, բովանդակութիւնը շեշտող, սաստկացնող ըսելաձեւեր են:
Ուրեմն այս պարագային լրացեալ գոյականը ոչ մէկ յօդ կը ստանայ:

* * *

Մեզ շրջապատող օտար լեզուները ստացական յօդ չունին, եւ այդ պատճառով ալ ստիպուած են փոխարէնը գործածել սեռական հոլով յատկացուցիչ դերանուններ. հայ թարգմանիչը քիչ մը անուշադրութեամբ, քիչ մըն ալ տգիտութեան հետեւանքով թութակաբար կը մտածէ ու կը գրէ օտարին պէս. օրինակ՝
— Սփիւռքահայ մեր կեանքը եւ համազգային մեր նպատակներու իրականացման մեր ճիգերը որքա՜ն արդիւնաշատ կրնային ըլլալ:
Ուր երեք մեր-երն ալ ոչինչ կ’ըսեն. բաղդատել՝
«Սփիւռքահայ կեանքը եւ համազգային նպատակներու իրականացման ճիգերը որքա՜ն արդիւնաւէտ կրնային ըլլալ»:
— «Սուրիա իր ցաւակցութիւնը յայտնեց Լիբանանի ժողովուրդին:
«Սուրիա ցաւակցութիւն յայտնեց Լիբանանի ժողովուրդին»:
Սուրիան անշուշտ ի՛ր ցաւակցութիւնը պիտի յայտնէր եւ ոչ ուրիշինը:
Բայց քանի անգլիացին եւ ֆրասացին պիտի ըսէր «իր», — հա՛յն ալ կ’ըսէ, վասնզի հայը ինչո՞վ ետ կը մնայ եւրոպացիէն:

* * *

Կարգ մը աւելորդաբանութիւններ հետեւանք են օտար լեզուներու անմիջական ազդեցութեան. այսպիսիներէն է հայերէնի մէջ շատ տարածուած «ի զուր տեղը» ասոյթը:
Այս ասոյթը պատճենումն ու աղաւաղումն է թրքերէն boš yerine «պոշ երինէ» ասոյթին, որ բառացի կը նշանակէ «պարապ տեղը». ան ունի իր աւելի կարճ հոմանիշն ալ, որ է boša «պոշա». սա տրական հոլովն է boš-ին, այսինքն՝ «պարապի»:
Մեր ռամիկը, — եւ ոչ միայն, — իւրացուցած է երկուքն ալ .
Պարապ տեղը կամ պարապի ժամերով սպասեցինք:
Պարապ տեղը կամ պարապի բերան ծռեցինք:
Աւելի բանիմացները, յատկապէս մամուլը, կ’ըսեն՝
Ի զուր տեղը բարեկամներ յորդոր կարդացին…:
Ի զուր տեղը այդ մարդէն նպաստ ակնկալեցինք:
Ի զուր տեղը ինծի կը դիմէք:
Այսպէս կ’ըսեն ու կը գրեն, որովհետեւ չեն անդրադառնար, որ «ի զուր» մակբայ է, եւ մակբայով տեղ գոյական չենք կրնար որոշադրել: Եւ կը ստացուի հայեցի տեսանկիւնէն դիտած՝ լեզուական այլանդակութիւն մը, որ բաւական տարածուած է բոլոր խաւերուն մէջ:
Եւ վերջապէս իրենց ոճը շատ աւելի խնամել փորձող հատ ու կենտ գրողներ ալ կան, որոնք կըսեն.
Զուր տեղը յոյսեր կապեցինք իր խօսքերուն:
Զուր տեղը այսքան վազվզեց խեղճը:
Այս վերջինը, այո, քերականօրէն սխալ չէ, քանի յառաջացած է ածական-գոյական կանոնական բառակապակցութիւն մը, բայց եւ այնպէս թանձր թրքաբանութիւն է, եւ իբր այդպիսին ալ մերժելի է. հայերէնը պարզապէս կ’ըսէ կամ պարտի ըսել.՝
Ի զուր յոյսեր կապեցինք իր խօսքերուն:
Ի զուր այսքան վազվզեց խեղճը:

Յիշենք Դուրեանի սքանչելի կիրարկութիւնները՝ «Տրտունջք»-ի մէջ.
«Ի զո՜ւր գրեցին աստղերն ինծի “սէր”,
Եւ ի զուր ուսոյց բլբուլն ինձ “սիրել”,
Ի զուր սիւքեր սէ՜ր ինձ ներշնչեցին…
Ի զո՜ւր թաւուտքներ լռեցին իմ շուրջ…
Եւ ի զո՜ւր ծաղկունք, փթիթներ գարնան
Միշտ խնկարկեցին խոկմանցս խորան.
Ո՜հ, նոքա ամենքը զիս ծաղրեր են,
Աստուծոյ ծաղրն է աշխարհն ալ արդէն»:
Վաղամեռիկ պատանին ոչ մէկ անգամ ըսած է՝ զուր տեղը, կամ ի զուր տեղ:
Բերենք միւս հիւծախտաւորին՝ Մատթէոս Զարիֆեանի մէկ ընտիր կիրարկութիւնը եւս «Արհամարհանք» քերթուածէն.
«Ի զուր սրտիս վրայ մոխիր կը թափես.
Աստուածներ կան հոն՝ իջած երկինքէն,
Ցաւիս խորերէն, տե՛ս, անոնք կ’երգեն»:

Իսկ ի՞նչ կը նշանակէ (ի) զուր հայերէն:
Հայերէն (ի) զուր չի նշանակեր պարապ, մինչ boš կատարելապէս պարապ, դատարկ կը նշանակէ թրքերէնի մէջ, անգլերէն empty, ֆրանսերէն vide:
Այսպէս՝ մինչ թրքերէնը ազատօրէն կ’ըսէ boš šiše/պարապ շիշ, boš ev/պարապ տուն, boš kafa/պարապ գլուխ, փոխարէնը չեմ կրնար հայերէն ըսել՝ զուր շիշ, զուր տուն, զուր գլուխ:
Հապա ի՞նչ է հայերէն զուր-ը:
Սկսելու համար ըսենք, որ զուր ածականը չի դրուիր որեւէ նիւթական/թանձրացական գոյականի վրայ. չկայ նման բառ: Սակայն կրնանք ըսել՝ զուր յոյս, զուր սպասում, զուր ոգեւորում, զուր խօսք, զուր ակնկալութիւն, ուր բերուած գոյականներուն բոլորն ալ վերացական/ոչ-շօշափելի հասկացութիւններ են:
Մալխասեան զուր-ը կը սահմանէ՝
«1.Արդիւնք՝ հետեւանք չունեցող. 2. Անպէտ, անհարկաւոր. 3. Արժէքից զուրկ. 4. Սնոտի, երեւակայական. 5. Անհիմն, իրականութեան չհամապատասխանող. 6. Անիրաւ…»:
Ինչպէս կը նկատենք, ոչ մէկ հոմանիշ կը շփոթուի պարապ-ութեան հետ:
«Նոր հայկազեան»-ը կու տայ մօտաւորապէս նոյն մեկնութիւնները:
Եւ ոչ մէկ տեղ կը գտնենք դատարկ/պարապ հոմանիշը զուր-ին կից:
Թրքերէնի զօրաւոր ազդեցութեան տակ աղաւաղուած, խաթարուած է ամբողջ լեզուամտածողութիւն մը, ուր (արեւմտա)հայը շփոթած է պարապ-ը եւ զուր-ը՝ հոմանիշ նկատելով ասոնք:

Եզրակացութիւն
— Հայերէնէն կը վանենք պարապ տեղը եւ ասոր հոմանիշ պարապի ասոյթները՝ թրքերէնի մեքենական պատճենումը նկատելով զանոնք:
Զուր տեղը կը վանենք՝ ոչ-հայեցի նկարագրին հետեւանքով:
Ի զուր տեղը կը վանենք՝ քերականօրէն սխալ կառոյց մը ըլլալուն:
— Թրքերէնի boš yerine-ին կը զուգադրենք հայերէնի պարզ ու կոկիկ ի զուր մակբայը, որուն կարելի է հանգիստ զուգադրել յումպէտս, վայրապար, տարապարտուց հոմանիշները. անգլերէնը՝ in vain, ֆրանսերէնը՝ en vain:
Հարցում՝
Ի՞նչ մտածել հետեւեալ երկուքին մասին.
— Մոսկուա զուր յոյսեր կը կապէ Թրամփի վերադարձին:
— Մոսկուա ի զուր յոյսեր կը կապէ Թրամփի վերադարձին:
Ո՞րն է ճիշդ, ո՞րն է սխալ:
— Երկուքն ալ ճիշդ են:
Առաջինին զուր ածականը կը բնոորոշէ յոյս գոյականը՝ զուր յոյսեր:
Երկրորդին ի զուր մակբայը կ’եղանակաւորէ կը կապէ բայը/ստորոգիչը՝ ի զուր կը կապէ:

* * *

Աւելորդաբանութիւնը շատ յաճախ հետեւանք է կիրարկուած բառերու նշանակութեան կամ քերականական յատկութեան ճիշդ չիմացութեան. ահա ցայտուն օրինակ մը, որ իբրեւ խորագիր ծառայած է մեր լրագրողներէն մէկուն.
«Մասքաթի մէջ շիիներու մզկիթի մը մերձակայքին մէջ կրակոցի պատճառով չորս անձեր մահացած են»:
Հայերէնին պարկեշտ տարողութեամբ տիրապետողը, — ինչպէս կ’ակնկալուի, որ ըլլան մեր բոլոր լրագրողները, — պիտի չըսէր մերձակայքին մէջ, այլ պարզապէս պիտի ըսէր մերձակայքը, որ առանձինը իր պարզ հայցական հոլովով արդէն կատարելապէս ի վիճակի է տեղ ցոյց տալու.
«Մզկիթի մը մերձակայքը չորս անձեր մահացած են»:

* * *

Կը պատահի որ խօսողը կամ մանաւանդ գրողը ներքին մղումով մը փորձէ կիրարկել բառեր, որոնք ձեւով մը առինքնած են զինք՝ յաճախ առանց բոլորովին ըմբռնուած ըլլալու. ասոնք սովորաբար գրաբարեան նկարագիր ունին. օրինակ՝
«Անոնք հայրենիքի սիրոյն համար զոհուեցան»:
Այսպէս ըսողը չի գիտեր կամ չ’անդրադառնար, թէ սիրոյն եւ համար յետադրութիւնները նոյն նշանակութիւնը ունին, շարահիւսական նոյն պաշտօնը կը կատարեն, եւ ահա կը կուտակեն զանոնք նոյն նախադասութեան մէջ, ուր անոնցմէ միայն մէկը կատարելապէս բաւարար է:
— Անոնք հայենիքի սիրոյն զոհուեցան:
— Անոնք հայրենիքի համար զոհուեցան:

«Առի՛թ տուէք ժողովրդավար կարգերու հաստատման ի խնդիր աշխատելու համար»:
Սա արդէն քիչ մը աւելի խրթին է իր ի խնդիր գրաբարեան կառոյցով, որ նմանապէս հոմանիշ է համար յետադրութեան:
Գրողը պարզապէս չի գիտեր նշանակութիւնը, այդ պատճառով ալ իր միտքը գոհացած չէ ի խնդիր-ով, — որ միւս կողմէ կ’ուզէ ա՛նպայման օգտագործել, հմայուած է անով, — եւ կը փութայ աւելցնելու համար-ը, որ շատ աւելի ժողովրդախօսակցական ու մատչելի է, որուն կը տիրապետէ, որ կը ճանչնայ եւ որով գոհացած է:
Այլապէս՝ ի սկզբանէ պիտի ընտրէր հետեւեալ երեքէն մէկը՝
— Առի՛թ տուէք ժողովրդավար կարգերու հաստատման ի խնդիր աշխատելու:
— Առի՛թ տուէք ժողովրդավար կարգերու հաստատման համար աշխատելու:
— Առի՛թ տուէք ժողովրդավար կարգերու հաստատման սիրոյն աշխատելու:
Ուրեմն պէտք է միշտ ու միշտ շեշտել՝ հրապարակաւ թէ դպրոցական սեղաններու շուրջ, որ՝ սիրոյն, համար եւ ի խնդիր հոմանիշներ են, անշուշտ նրբերանգային տարբերութիւններով, որոնք էական չեն. հետեւաբար կարելի չէ ասոնք կուտակել նոյն նախադասութեան մէջ:

— «Պտուտակները ամրացուցին ըստ պէտք եղած չափին»:
Այսպէս գրողը իր կարգին չի տիրապետեր ըստ նախադրութեան նշանակութեան, ունի շատ տարտամ գաղափար մը, թէ ան ինչ-որ համապատասխանութիւն ցոյց կու տայ. չմոռնանք, սա եւս հեռու է ժողովրդախօսակցական ըլլալէ, հետեւաբար ամեն մահկանացուի մատչելի չէ: Այլապէս ան պիտի ընտրէր հետեւեալ երեքէն մէկը.
— Պտուտակները ամրացուցին պէտք եղած չափով:
— Պտուտակները ամրացուցին պէտք եղածին չափ:
— Պտուտակներիը ամրացուցին ըստ կարիքի:

Անհամատեղելի տարրերու հրմշտուք մը կը գտնենք հետեւեալին մէջ եւս.
— «Միքաթի գնահատեց երկու երկիրներուն միջեւ ներկայ երկկողմանի գործակցութիւնը»:
Ուր աւելորդ են միջեւ յետադրութիւնը եւ երկկողմանի ածականը:
Ուրեմն՝
— Միքաթի գնահատեց երկու երկիրներուն ներկայ գործակցութիւնը:

* * *

Անգլերէնի ազդեցութեամբ եւ հետեւողութեամբ յառաջացած է «իբրեւ արդիւնք» (as a result) բառակապակցութիւնը, իսկ ռուսերէնի հետեւողութեամբ՝ «արդիւնքում», — նախ արեւելահայերէնի մէջ, ասկէ՝ արեւմտահայերէնի մէջ, ուր ան հիմա համազգային ժողովրդականութիւն գտած է մեր մամուլի բոլոր ներկայացուցիչներուն քով անխտիր:
Ահա օրինակ մը.
— «Նախագահին պաշտօնազրկումը ժողովուրդին կամքին իբրեւ արդիւնք տեղի չունեցաւ»:
Ուր հայեցի մտածողութեամբ պիտի ըսէինք.
— Նախագահին պաշտօնազրկումը ժողովուրդին կամքով տեղի չունեցաւ:
Ինչպէս նկատելի է, անմիտ, անօգուտ բեռ մը՝ իբրեւ արդիւնք-ը ջնջեցինք առանց իմաստային որեւէ աղաւաղումի, տակաւին չըսելու համար, որ նախադասութեան միտքը ստացաւ շատ աւելի կուռ ու կոկիկ, այլեւ հայեցի կաղապար մը ու ձեւաւորում մը:
— «Անհեռատես հաշիւներու արդիւնքով քանդուեցան մեր երազները:
Ուր բաւարար էր ըսել՝
— Անհեռատես հաշիւներ քանդեցին մեր երազները:
— Անհեռատես հաշիւներով քանդեցինք մեր երազները:

— «Հիւսեյն թագաւոր պաշտօնական ցաւակցութեան հեռագիր մը յղած է նախագահ Ժեմայելին…»:
Սա իր կարգին օտարաբանութիւն մըն է, թերեւս անձնական յղացք մը, ուր պաշտօնական-ը բոլորովին աւելորդ է. թագաւորի մը յղած հեռագիրը՝ օտար պետութեան մը նախագահին, չի կրնար պաշտօնական չըլլալ:
Այստեղ կը գտնենք տակաւին սխալ շարադասութիւն մը եւս, որուն գրողը չ’անդրադառնար իր աճապարանքին կամ անուշադրութդան մէջ. պաշտօնական ածականը դրուած է ցաւակցութեան-ին վրայ, մինչդեռ ան պէտք է դրուէր հեռագիր-ին վրայ։
Ուրեմն լայնօրէն բաւարար էր ըսել:
— Հիւսեյն թագաւոր ցաւակցական հեռագիր մը յղած է…

Ուրոյն օտարաբանութիւն մըն է հետեւեալը իր կարգին.
— «Անոնք նիւթական գետնի վրայ ինքնաբաւ են»:
Երբ կարելի էր ըսել.
— Անոնք նիւթապէս ինքնաբաւ են:

Կայ տակաւին մակարդակի վրայ կոչուած փորձանաւոր բառակապակցութիւնը՝ իր այլազան խաղերով:
— «Նախարարը մեկնաբանեց պետական եւ կառավարական մակարդակի վրայ արտակարգ ծրագիրը»:
Առաջին հերթին հարց կը ծագի, որ մի՞թէ պետութիւնն ու կառավարութիւնը իրապէս տարբեր հասկացութիւննե՞ր են եւ իւրաքանչիւրը ունի իր մակարդա՞կը:
Միւս կողմէ՝ եթէ իրօք այս երկուքը տարբեր կ’ըմբռնուին գրողին կողմէ, ապա պարտէինք մակարդակ բառը յոգնակի կիրարկել՝ «պետական եւ կառավարական մակարդակներու վրայ»:
Եւ վերջապէս աւելորդաբանութիւն մըն է ինքը՝ մակարդակի վրայ բառակապակցութիւնը, երբ անդին կարելի է վայելչօրէն ըսել.
— Նախարարը մեկնաբանեց պետական ( կամ՝ կառավարական) արտակարգ ծրագիրը:

(Շարունակելի)

1) Մեր մէջբերած օրինակներուն աղբիւրները ընդհանրապէս զանց առած ենք, քանի երեւոյթը գրեթէ համատարած ու ընդհանուր է:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *