Վիգէն Ա.
Հայ եկեղեցին, որպէս ազգային եկեղեցի, ունի տօներ, ունի սուրբեր, որոնք յատուկ են միայն Հայց. եկեղեցիին։ Անոնցմէ ամենայայտնին, եւ ժողովուրդի կողմէ ամենասիրուած տօնն է Սրբոց Թարգմանչացը, որ ազգովին կը նշենք ամեն տարի, հոկտեմբեր ամսուան երկրորդ շաբաթ օրը։
Թարգմանչաց տօնը սոսկ եկեղեցական տօն չէ։ Ան պաշտօնապէս կը կոչուի «Սրբոց թարգմանչաց վարդապետացն մերոյ՝ Մեսրովբայ, Եղիշէի, Մովսիսի Քերթողին, Դաւթի Անյաղթ փիլիսոփային, Գրիգորի Նարեկացւոյն եւ Ներսէսի Կլայեցւոյն», ընդամենը վեց անուններ։ Ըստ զանազան աղբիւրներու, Հայ գրերու գիւտով ծայր առած Թարգմանչաց շարժման մէջ անմիջականօրէն ներգրաւուած են աւելի քան հարիւր անձինք, որոնցմէ մեզի հասած են մօտաւորապէս երեսնեակ մը անուններ։ Սակայն յիշեալ 6 անուններէն միայն չորսն են թարգմանչաց շարժման ժամանակակից. վերջին երկուքը շատ աւելի ուշ շրջանի են։ Նարեկացին ու Շնորհալին (Ներսէս Կլայեցին աւելի ծանօթ է որպէս Ներսէս Շնորհալի, որուն գրած «Հաւատով խոստովանիմ»ը Հայ եկեղեցւոյ գանձարանի ընտրանիին մաս կը կազմէ) չեն հռչակուած թարգմանչական իրենց գործերով, բայց իրենց անունները կցուած են այս տօնին։ Աստուածաշունչի գլխաւոր թարգմանիչներն էին Սահակ Պարթեւը, Յովսէփ Պաղնացին, Կորիւն Սքանչելին, Ղեւոնդ Անանդեցին եւ Յովհաննէս Եկեղեցացին, որոնց անունները չկան վերոնշեալ վեցանուն շարքին մէջ։ Թարգմանչաց տօնը պարզապէս Աստուածաշունչի թարգմանիչներու տօնը չէ, այլ շատ աւելի խոր եւ դժուար բանաձեւելի ըմբռնումներ կը պարունակէ իր մէջ։
Առաջին ակնարկով, տօնը կը նշէ այն ահռելի աշխատանքը, որ Մեսրոպ Մաշտոց եւ իր անմիջական աշակերտները, Սահակ Պարթեւ կաթողիկոսին հետ միասին 30-40 տարուան աշխատանքով հայերէնի վերածեցին Աստուածաշունչն ու ամբողջ եկեղեցական ծիսակատարութիւնը, այդպիսով իր աւարտին հասցնելով Հայց. եկեղեցւոյ ազգայնացման գործընթացը, որ սկսած էր Պապ թագաւորի օրօք, երբ վերջինս արգիլեց հայոց կաթողիկոսի օծումը կատարել Հայաստանէն դուրս։ Հայերը առաջիններէն էին, որ իրենց ազգային լեզուին թարգմանեցին եկեղեցական ամբողջ ծիսակատարութիւնը։
Սակայն Նարեկացիի եւ Շնորհալիի ներգրաւումը այդ տօնին մէջ յստակօրէն կը բացատրէ, թէ տօնը հաստատողները չէին ուզած սահմանափակուիլ գրերու գիւտով սկսած թարգմանչական աշխատանքները ընդգծելով, այլ իրենց կարկինը աւելի լայն բացած էին եւ կ՚ուզէին որ Թարգմանչաց տօնը ներառնէ ընդհանրապէս հայ գիրն ու գրականութիւնը իր ամենալայն ըմբռնումով, զայն վերածելով հայ դպրութեան տօնին։ Այդ երկու անուններու ներգրաւումը ցանկին վրայ նաեւ կը յուշէ, թէ տօնը հաստատուած է ԺԲ. դարէն ետք (Ներսէս Շնորհալի վախճանեցաւ 1173-ին)։ Հաւանաբար մեր եկեղեցւոյ պատմութեան գիտակները կրնան յուշել տօնի հաստատման ճշգրիտ թուականը։
* * *
Հայ լեզուն շատ աւելի հին է քան գրերու գիւտը։ 405 թուականին, հայ լեզուն ունէր առնուազն հազարամեակի մը անցեալ եւ կազմաւորուած էր որպէս ամբողջական լեզու, ընդունակ բանաձեւելու եւ արտայայտելու ամենաբարդ յղացքներն ու ըմբռնումները։ Ան լեզուն էր հայոց արքունիքին, մեր ընդարձակ լեռնաշխարհի հաղորդակցութեան գլխաւոր միջոցն էր։ Յոյն պատմագիր եւ աշխարհագրագէտ Ստրաբոն Ա. դարի առաջին կէսին կը գրէր, թէ հայկական ընդարձակ լեռնաշխարհի բնակիչները հայեր էին եւ կը խօսէին հայերէն լեզուով։ Անշուշտ Հայաստանի նման խիստ լեռնային աշխարհագրութեամբ երկիրը ունէր իր լեզուամշակութային մասնատումները, սակայն մասնագէտները հակուած են եզրակացնելու, թէ բարբառային տարբերութիւնները այն ատեն տակաւին այնքան չէին խորացած, եւ թէ հայերէնի տարբեր բարբառները փոխադարձաբար ըմբռնելի էին։
Հայերէն լեզուի գործածութիւնը այն աստիճան ընդհանուր էր, որ եկեղեցին ունէր թարգմանիչ կոչուող պաշտօնեաներ, որոնց պարտականութիւնն էր ծիսակատարութիւններու ատեն ժողովուրդին հայերէնով բացատրելու ասորերէն կամ յունարէն ընթացող պատարագն ու այլ արարողութիւնները։ Միակ պակսող տուեալը այդ լեզուի ամրագրումն էր գրաւոր ձեւով։ Նախապէս փորձեր եղած էին օգտագործելու այլ այբուբեններ կամ նշանագրեր. օրինակ՝ հայկական առաջին պետականութենէն մեզի հասած գրութիւնները՝ ուրարտական արձանագրութիւնները, գործածած են Միջագետքէն փոխառնուած բեւեռագրերը։ Սակայն մեր լեզուն չէր կրցած լիարժէք արտայայտուիլ օտար նշանագրերով կամ այբուբեններով։
Մեսրոպ Մաշտոցի հանճարեղ գիւտը կը կայանայ հայերէն լեզուի հնչիւնային համակարգի խոր գիտակցութեան մէջ. իր կեանքի բերմամբ, նախ որպէս զինուորական, ապա որպէս արքունի պաշտօնեայ, ան շրջած էր գրեթէ ամբողջ Հայաստանը եւ ծանօթ էր անոր զանազան բարբառներուն եւ կրցաւ բիւրեղացնել անոնց հնչիւնաբանութիւնը 36 անջատ ձայներու մէջ, որոնց համար ստեղծեց նշանագրեր, մեր այբուբենի 36 տառերը։
Թարգմանչաց շարժումը փաստօրէն եկաւ ամրագրելու հայոց լեզուն եւ զայն բարձրացնելու պաշտօնական լեզուի մակարդակին, ապահովելով անոր ինքնուրոյն գոյատեւումը եւ զարգացումը պետականութեան տկարացման պայմաններուն տակ։ Ան միայն կրօնքի լեզուն չէր, այլ նաեւ գիտութեան եւ գրականութեան, այլ խօսքով՝ հայ մշակոյթի պաշտօնական լեզուն։ Պատահական չէ, որ հայերէն տառերով գրուած առաջին նախադասութիւնը ոչ թէ աղօթք էր, այլ Սողոմոնի առակներէն վերցուած նշանաւոր տողը. «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ»։
* * *
Մեսրոպ Մաշտոցի, Վռամշապուհ արքայի եւ Սահակ Պարթեւի գրաւը՝ հայ տկարացող պետականութիւնը մշակութային ենթահողի վրայ ամրացնելու համար ուրոյն գիր ու գրականութիւն ստեղծելու, փաստօրէն փայլուն յաջողութիւն ունեցաւ։ Այսօր, աւելի քան 1600 տարի անց, հայը տակաւին կը գոյատեւէ որպէս ուրոյն ազգ շնորհիւ իր մշակոյթին, որ խարսխուած է նախ եւ առաջ իր լեզուին եւ դպրութեան վրայ։
Հայ ժողովուրդը բնազդօրէն ըմբռնեց լեզուի եւ դպրութեան կարեւորութիւնը եւ սրբութեան աստիճանի բարձրացուց գրաւոր խօսքը։ Տեղեակ չեմ ոեւէ այլ ժողովուրդի մասին, որ հիւանդ կը բժշկէ անոր գլխուն … բանաստեղծութիւն կարդալով։ Իսկ մեր ժողովուրդը Գրիգոր Նարեկացիի քերթուածագիրք «Նարեկ»-էն հատուածներ կը կարդայ հիւանդին գլխուն որպէս սպեղանի։
Եղեռնի տարիներուն արձանագրուած են հերոսական բազմաթիւ դրուագներ մեր մշակութային ժառանգութեան բեկորները՝ ձեռագիրները փրկելու համար, շատ յաճախ անգրաճանաչ գեղջուկներու կողմէ։ Անոնցմէ ամենաուսանելին թերեւս հայ ամենամեծ ձեռագիր մատեանի՝ Մշոյ Ճառընտիրի ոդիսականն է։
Մշոյ «Ճառընտիր» կամ «Տօնական» կոչուող մագաղաթեայ մատեանը գրուած եւ ծաղկազարդուած էր Երզնկայի Աւագ վանքի գրչատան մէջ, 1200-1202 տարիներուն, Բաբերդի Աստուածատուր տանուտէր իշխանին պատուէրով։ Սակայն 1202-ին Աստուածատուր իշխան կը սպանուի Գոնիայի սելճուքներու արշաւանքներուն ընթացքին, իսկ իսկ աւելի քան 600 մեծադիր էջերով մատեանը կը գողցուի Խլաթի թուրք դատաւորին կողմէ եւ կը տարուի Մշոյ սահմանակից Խլաթ աւան։ Իմանալով այդ մասին, Մշոյ Առաքելոց վանքի վանականները համաժողովրդային հանգանակութիւն կը կազմակերպեն եւ 4000 արծաթ դահեկանով կը փրկագնեն Ճառընտիրը, որ այդ թուականէն մինչեւ 1915 կը մնայ վանքի պարիսպներէն ներս, որուն հետեւանքով ժողովուրդը Առաքելոց վանքը կը կոչէ նաեւ Թարգմանչաց վանք։
Մեծ Եղեռնը իր ամենասոսկալի դրսեւորումները ունեցաւ Մշոյ դաշտին վրայ. ի տարբերութիւն այլ շրջաններու, Մշոյ դաշտի հայութիւնը չտարագրուեցաւ, այլ կոտորուեցաւ տեղւոյն վրայ, ամենավայրագ ձեւերով։ Այդ համատարած դժոխքին մէջ, Առաքելոց վանքը՝ Մուշ քաղաքին մօտիկ, այլեւս չէր կրնար հանդիսանալ այն ապահով հանգրուանը որ պաշտպանէր Ճառընտիրը։
Պատմութիւնը խիստ ժլատ է այդ օրերու իրադարձութիւններուն մասին։ Միայն գիտենք, որ մագաղաթեայ հսկայ մատեանը՝ 28 քիլոկրամ ընդհանուր կշիռքով, բաժնուած 2 մասի, կը բռնէ գաղթի ճամբան։ Ամենահաւանական վարկածն այն է, թէ անոր փրկութիւնը իրագործած են վանքի մօտակայքի բնակիչ կանայք։ Անոնք այդ երկու մասերը բառացիօրէն կրակներու մէջէն փախցուցած են երկու ուղղութիւններով, հաւանաբար յուսալով որ մասերէն գոնէ մէկը կը փրկուի։ Մէկ կէսը հասած է Կարին, եւ անկարելի ըլլալով աւելի առաջ երթալ, զայն թաղած են Կարնոյ մայր եկեղեցւոյ բակին մէջ։ Աւելի ուշ, երբ ռուսական բանակները հասած են Կարին, զինուորական մը զայն կը պեղէ, կը հասցնէ Թիֆլիս եւ կը յանձնէ տեղի Հայ ազգագրական ընկերութեան։ Թէ ինչպէ՞ս եղած է տեղեկութեան փոխանցումը, զինուորականը ուրկէ՞ իմացած է մատեանի թաղուած տեղը, անորոշ է։ Հետագային ան կը տեղափոխուի Երեւանի Մատենադարան։
Երկրորդ կէսի ոդիսականը աւելի խորհրդաւոր է։ Կ՚ըսուի թէ երկու քոյրեր զայն իրենց վրայ կապած գաղթի ճամբաներով հասցուցած են Արաքսի միւս ափը։ Տասնըհինգ տարիներ ետք, արդէն իսկ խորհրդայնացած Հայաստանի ստալինեան պայմաններուն տակ, մութ գիշեր մը երկու կիներ կը ծեծեն Էջմիածնի վանքի դարպասը, եւ մատեանի իրենց կէսը կը յանձնեն դուռը բացող քնաթաթախ վանականին։ Վերջինս կը մոռնայ նոյնիսկ անոնց անունները հարցնել։
Այսօր այդ երկու կէսերը միացած են Երեւանի Մաշտոցի անուան մատենադարանին մէջ։ Մի քանի էջեր ալ հասած են Վենետիկ՝ Ս. Ղազարու վանքը։
Ժողովուրդի բնազդը ամենազօրաւոր կերպով կ՚արտայայտուի անոր իգական սեռին մօտ. կանայք աւելի զգայուն են այդ թելադրանքներուն հանդէպ։ Բացառութիւն չեն դպրութեան նկատմամբ յարգանքն ու պաշտամունքը։ Մշոյ Ճառընտիրը փրկուեցաւ շնորհիւ հայ կնոջ խիզախութեան, անձնազոհութեան եւ պարտաճանաչութեան։ Եղեռնի համատարած սպանդանոցին մէջ, խումբ մը հայ կանայք մէկ կողմ դրին իրենց անձնականը եւ դժոխքէն փրկեցին մեր հաւաքական հարստութիւնը, առանց դոյզն իսկ շնորհակալութեան ակնկալիքի։
Հետեւաբար, երբ կը նշենք Թարգմանչաց տօնը, երբ ձեզմէ շատեր այդ օր եկեղեցի կ՚երթան եւ աղօթք կը բարձրացնեն Սրբոց Թարգմանչաց յիշատակին, չմոռնանք յիշել նաեւ այն բազմաթիւ անանուն եւ համեստ հերոսուհիները, որոնք չվարանեցան իրենց կեանքը վտանգելով փրկել հայ դպրութեան սրբութիւնները։ Խունկ եւ աղօթք իրենց անթառամ յիշատակին։