Հորիզոն գրականի 40-ամեակին առթիւ խմբագրական կազմը կը հաստատէ տարեկան գրական մրցոյթ մը, որուն կրնան մասնակցիլ 15-ը բոլորած պատանիներէն մինչեւ 40-ը բոլորած երիտասարդները՝ տարիքային հետեւեալ բաժանումներով.
Ա. — խումբ՝ 15 – 20 տարեկաններ
Բ. — խումբ՝ 21 – 40 տարեկաններ
Նկատի պիտի առնուին գրական հետեւեալ սեռերը.
Ա. — Արձակ — պատմուածք (առաւելագոյնը 2 500 բառ)
Բ. — Բանաստեղծութիւն — ազատ կամ չափածոյ (առաւելագոյնը 40 տող)
Գ. — Գծանկարաշար — bande dessinée — comics (առաւելագոյնը 40 նկար)
Լեզուն պիտի ըլլայ հայերէն (արեւմտահայերէն կամ արեւելահայերէն), իսկ գրութիւնները պէտք է ըլլան անտիպ։
Պիտի յատկացուին պարգեւներ իւրաքանչիւր տարիքի ու գրական սեռի լաւագոյն գործին։ Իսկ դարձեալ իւրաքանչիւրէն լաւագոյն երեքը պիտի հրատարակուին Հորիզոն գրականի յատուկ թիւով մը։
Յառաջիկայ յայտարարութեամբ պիտի տրուին դատական կազմի, ժամկէտի, պարգեւներու եւ առաքման մանրամասնութիւնները։