ԳԱՌՆԻԿ Աւ. Ք. Գ.
ՍԱՂՄՈՍ 8
Սիմէոն Նոր Աստուածաբան կարդալով
Հոգի Տեառն, եկո՜ւր…դուն որ ցերեկ եւ գիշեր եւ յամենայն ժամ ու ռոպէ կ՚այցելես:
Եկո՜ւր, ծածկեալ խորհուրդ, դուն որ աղօթողներուն տկարութեան կը հասնիս,
եւ անոնց համար կը բարեխօսես Աբբային մօտ անմռունչ հառաչանքներով,
եւ կը խորհիս ոչ այլ ինչ՝ քան Անոր Կամքը վասն հաւատաւորներուն:
Նաեւ որպէսզի երբ արթննան անոնք այցելութեանդ մէջ՝ երկիւղով մանկանան քու առջեւդ:
Եկո՜ւր, սիրելի, որ ես իսկութեամբ անբարբառելի է եւ անիմանալի,
որպէսզի անունիդ քաղցրութեան բարբառը եւ իմաստը թափանցէ սիրտերը,
եւ անոնմցէ բխի կեանքի ջուրը:
Եկո՜ւր, անասելի իրականութիւն, որ կեանքի խորագոյն խորքերուն կը շրջիս
ի սկզբանէ մինչեւ վախճանը ժամանակներուն,
որպէսզի յաւակնոտ միտքերը քակտին՝ վերակազմուելու վասն երկնքին հաճելի գիտութեան:
Վերջ ի վերջոյ իրականութեան իրականութիւնը քու գիտութիւնդ է:
Եկո՜ւր, անհասութեան դէմք,
որպէսզի աստուածակերպ ճրագներ ծնանիս,
որոնք հեզօրէն ճառագայթեն:
Եկո՜ւր, անանուն գանձ,
որպէսզի քեզ գտնելով՝ դիզուին գանձերը երկինքին մէջ,
ուր ո’չ գողը կրնայ մերձենալ եւ ո’չ ալ ցեցը կրնայ ապականել:
Եկո՜ւր, յաւիտենական կեանք փառաւոր,
որպէսզի կենցաղային յուշազրկումը չտիրէ այստեղ,
քանի որ դուն յիշողութիւնն ես
անցեալին, ներկային եւ ապագային եւ անժամանակին.
եւ որպէսզի այս օրը թարգմանուի ըստ ճշմարտութեան
որ յղացք չէ, իմացք չէ, այլ տրոփ երկնային:
Եկո՜ւր, ճշմարիտ եւ մշտասփիւռ լոյս,
որպէսզի պայծառակերպուին իրենց կարողութիւններուն թափօրներն ելողները բոլոր:
Եկո՜ւր, անփոփոխելի եւ յամենայն ժամ ամբողջապէս նոր,
որպէսզի հարազատութիւնը անզգալի քայլերով չօտարանայ Իսկութենէն,
այլ նորոգուի ըստ Անոր, եւ հասնի հանգիստը անփոփոխելիութեան եւ նորութեան:
Եկո՜ւր, անտեսանելի, անհպելի, եւ բացարձակապէս անշօշափելի,
որպէսզի հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ տեսողութիւնը աճի,
եւ նոյն առաքինութիւններուն զգայարանքները, միտքերը, սիրտերը հպին ու շօշափեն
Աթոռէն երկարող, տարածուող քղանցքին ծայրերը:
Եկո՜ւր, ստեղծող եւ վերստեղծող եւ կերպարանափոխող,
որպէսզի անդունդներուն մէջ վիժումը չըլլայ վախճանը գոյին,
այլ վերանմանումը արեգակնային Ինքնութեան:
Եկո՜ւր, յարութիւնը մեռեալներուն,
որպէսզի ըստ համագոյակիցիդ յարութեան՝ կենարարութիւնդ մշտաշարժի,
եւ յայտնուի Առաջին ու Վերջին Խօսքին փրկարարութիւնը:
Եկո՜ւր, դուն որ դժոխքէն մինչեւ երկինքները կը շրջիս,
որպէսզի սանդարամէտները սարսափահար աղաղակեն
եւ հարազատացեալ երկրին ու երկնքին եւ վերին տէրութեան քաղաքացիները սրբաբանեն:
Եկո՜ւր, անփճանալի թագ,
որպէսզի յանձնապաստան իշխանաւորները գահազրկուին
եւ պսակազարդեալներովդ հաստատուի արքայութիւնը:
Եկո՜ւր, Աստուծոյ եւ Թագաւորին ծիրանի եւ շուրջառ,
որպէսզի անառակներուն դարձը զգեստաւորուի պատմուճանովդ,
եւ առաքինիներուն յանձնառութիւնը հեղինակութիւնդ պատմէ:
Եկո՜ւր, աննիւթական գօտի գոհարներով զարդարեալ,
որպէսզի շնորհներդ եւ պարգեւներդ ամրացնեն մէջքերը ծառաներուդ:
Եկո՜ւր, անհամբուրելի կօշիկ,
որպէսզի երկրպագութիւնները հրճուին խոնարհութեան զուարթութեամբ:
Եկո՜ւր, ինքնիշխան աջակից,
որպէսզի հինը երթայ եւ նորը գայ:
Եկո՜ւր, վստահելի ակնկալութիւն,
որպէսզի անյուսութիւնը սպառի եւ ամեն ոք հաստատօրէն քալէ իր կոչման մէջ,
եւ վստահութեան ջուրեր ցայտէ:
Եկո՜ւր, արթնութիւնը քնացողներուն,
որպէսզի օրերուն յոգնութիւնները չշիջեցնեն տեսիլքին մորենին,
այլ կազդուրուելով՝ անոր անմար եւ անկէզ բարբառը լսեն:
Եկո՜ւր, շունչ եւ կեանք,
որպէսզի կենդանարարութիւնդ օրհնէ այս կեանքին շրջանը,
եւ անշունչ ու անկեանք այս հեւքոտ վազքը իր անդորրը գտնէ:
Եկո՜ւր, վհատեալին մխիթարութիւն,
որպէսզի վիշտերը չտիրեն, այլ ստուգութիւնը՝
թէ աստուածութիւնդ մեր մէջ է այժմէն յաւիտեան:
Եկո՜ւր, ուրախութիւն, վայելչութիւն եւ փառք…
ՍԱՂՄՈՍ 9
Հոգի Տեառն, կը փափաքինք որ գաս…սակայն եթէ չգայիր՝ պիտի չըլլար փափաքը աղերսարկու:
Քեզ, խորհո’ւրդ, բազում անուանումներով կանչելը՝
քու յաւերժական աղաւնակերպ ժամանումներուդ
տկար ընդառաջումներ են յար ծածկեալիդ:
Դուն, սիրելի’, կը ձգես՝ որ քեզ բառերու յօդաւորութեան ու հասկնալիութեան մէջ բերենք,
եւ հեզօրէն զանոնք կ՚առնես բարեխօսական հովիդ մէջ ու կը մատուցես Աբբային:
Անասելի իրականութիւնդ կը շնչէ մինչեւ բարձունքին խորքերը իրականութեան անասելի:
Երբ կու գաս՝ կը ներկայանաս Բխումնարանիդ Կամքով, եւ՝ Բարի լուրովը Էակցիդ,
եւ անհասանելիութեան մատչելու շնորհներու գանձ՝ ինքզինքդ կ՚ընծայես,
որ յաւիտենական կեանքին փառաւորութիւնը մշտասփռուի այստեղ
եւ ճշմարտութիւնը աչքերը բանայ կուրութեան աշխարհին:
Դուն՝ անփոփոխելիդ յամենայն ռոպէ եւ ժամ ամբողջապէս նորն ես՝
ընդ Իսկութեան հարազատութիւնը յարուցանող եւ կենսաւէտող:
Քեզ տեսնելը՝ անտեսանիլիէդ տեսնուիլ է.
քեզի հպիլը՝ անհպելիէդ հպուիլ է.
քեզ շօշափելը՝ անշօշափելիէդ գգուանք ստանալ է:
Շո՜ւնչ ստեղծող եւ վերստեղծող եւ կերպարանափոխող,
մինչ մոլորութիւնները մահուան հովիտը կ՚ընդարձակեն՝
դուն Նոր Երկինքն ու Նոր Երկիրը կը պատրաստես:
Այս աշխարհ փոխադրուած դժոխքը իր վերջին խօսքը պիտի ըսէ դեռ,
բայց ամենասոսկալի իր բարկութենէն ետք, եւ իր իսկ բարկութենէն մոխրանալով՝
զօրութեանդ առջեւ յանկարծ անհետանայ,
ու վախճանականօրէն պիտի գայ արքայութիւնը առաքինիներու քաղաքացիութեան:
Արթուններուն վստահութեան ակնկալութիւնը պիտի յաղթանակէ,
որովհետեւ դուն զանոնք պիտի շնչաւորես եւ կենագործես՝
մխիթարելով եւ քաջալերելով, ուրախացնելով եւ կերակրելով
վայելչութեան ու փառքին հացէն:
Հոգի Տեառն, դուն միշտ ու միշտ կու գաս եւ իւրաքանչիւրին կը ձայնես՝ «Եկո’ւր»…
ՍԱՂՄՈՍ 10
Տէր, փորձութեան անապատին մէջ ապացուցած ենք,
թէ քարերը պատրանահացեր կը դարձնենք,
եւ մենք մեզ կը կերակրենք կորստականով,
վասնզի մարմնաւոր աչքին հաճելի են անոնք քան թէ Խօսքդ, Տէր,
ճշմարիտ կերակուրը հոգիի անօթութեան.
կերակուրը պարտքերու եւ պատասխանատութիւններու: _
Քարերը՝ հպարտութեան, գոռոզութեան եւ ամբարտաւանութեան,
քարերը՝ անձնասիրութեան, ծնողուրացութեան, ապերախտութեան,
քարերը՝ անպատկառութեան եւ սրբութիւններու անարգումին,
քարերը՝ տմարդութեան, անգթութեան, չարախօսութեան եւ մատնչութեան,
քարերը՝ անհանդուրժողութեան եւ դաժանութեան,
քարերը՝ ընդդէմ բարիին թշնամութեան,
քարերը՝ հեշտամոլութեան…
քարերն ու քարերը ամենատեսակ խոտորումներու: _
Իսկ դուն, Տէր, չես հրաժարիր երկինքէն իջնող հացը մատուցանելէ,
որ Խօսքիդ կերակուրով զգաստութիւնը եւ իրապաշտութիւնը արթննան մեր մէջ:
ՍԱՂՄՈՍ 11
Այս որքա՜ն մաղձով ես լեցուած դուն՝
ժողովուրդ որ ի խաւարէ ի լոյս էիր կոչեալ…
Յիրաւի, անտանելի կացութիւնները ուսերէդ վար չինկան,
զանոնք կրեցիր համբերութեամբ, նաեւ մերթ ընդ մերթ տրտնջալով երկնքին:
Եղերադէպքերը չպակսեցան գլուխէդ, եւ լքուածութիւնը ընդարձակուեցաւ հոգիիդ մէջ,
եւ դուն միամտաբար հարց տուիր Խորհուրդին՝ թէ ո՞ւր է:
Քեզի վիճակուեցաւ անմարդկայնութեան բաժակը ըմպել ցմրուր:
Բայց քանի դիմացար՝ ապա տառապանքիդ մէջ իմաստութեան հովը կը փչէր:
Քանի տառապանքդ խաչեր կը ծաղկազարդէր՝ սորվեցաւ դիմանալ:
Եւ քանի դիմացար՝ ապա տառապանքդ կը վերհայէր երկինքէն կախուած կանթեղի մը:
Պիտի գայ օրը՝ երբ պիտի մաքրամաքրուիս մաղձերուդ մեռեալ ծովէն,
եւ գալիք ժամանակներու վիհերը Կեանքին ջուրերով պիտի լեցնես:
ՍԱՂՄՈՍ 12
Փորձութիւնները քեզ չեն լքեր, այլ կը գրկեն քեզ ու կը սեղմեն հեղձելու համար նաեւ այսօր:
Դուն, ժողովուրդ դարաւոր տառապանքներու,
որուն աստղածորան երկինքներն անգամ
ունկնդրութիւններ էին ահեղավազ գետերու եղերապատումներուն,
քալեցիր դարերուն մէջէն, իյնալով եւ վերականգնելով քալեցիր:
Անյուսութիւնդ բոլորովին չցամքեցուց յոյսը՝
թէ պիտի բացուի արշալոյսը, եւ արեգակը պիտի բարձրանայ երկինքներուդ վրայ:
Ահա վերստին չարիքները չեն հեռանար քեզմէ:
Տիեզերական է անմարդկայնութեան խլութիւնը,
եւ նոյնիսկ ականջահաճոյ կարեկցութիւններն ու յայտարարութիւնները զուրկ են լսողութենէ:
Անհասկնալի է, բայց իրաւ՝ թէ տառապանքներդ քեզ չեն զգետնած,
այլ տուած են քեզի զարմանալի աչքեր,
որոնք թռչելով հասած են հոն՝ ուր մխիթարութիւններուն Տէրն է:
Հիմա որ դեռ կը տոկաս՝
աղաւնիի նման հոգիները ընտրելագոյն զաւակներուդ
թող Խաղաղութեան համբոյրը տան քեզի:
ՍԱՂՄՈՍ 13
Քեզ կ՚ունկնդրէի, վարդապետ, ով Մեսրոպ Մաշտոց հայ երգի,
եւ կ՚եղանակէիր Շնորհալի հայրապետի «Յիշեսցուք ի գիշեր»ին:
Քեզ կ՚ունկնդրէի…եւ ձայնիդ մէջէն կ՚անցնէին
մեր բոլոր գիշերները հոգեւոր անօթութեան ու պապակի,
երկիւղածութեան եւ ընդ Աստուծոյ հաղորդութեան,
գիշերները խոստովանութիւններուն, աղաչանքներուն, խոստումներուն,
եւ Ունկնիդիրէն մխիթարութիւններուն,
գիշերները հողմերուն եւ անցաւորութեան,
եւ Ողորմութեան ժամանումներուն ու յաւերժ մշտակայութեան.
նաեւ գիշերները կոտորածներու մոխիրներուն,
եւ արիւններէն ստուերացող ողբերուն,
գիշերները տարագրութիւններուն եւ ճողոպրումներուն…
Եւ դուն որպէս երգեցող երկնային կը ձայնէիր «Զարթիք»ը,
որ յաւիտենական կեանքին արթնութիւնը խաւարին մէջ չթաղուէր,
այլ Լոյսին Ուխտը հոգիներուն մէջ ճրագանար ու ճրագացնէր զանոնք:
Քեզ կ՚ունկնդրէի, վարդապետ…եւ երգդ կը տեւէ դեռ,
ու կ՚երկարի մինչեւ Տիրոջ օրը՝ ուրկէ կը բխի մինչեւ օրն այս:
Եղանակելդ է «Ամեն»էն գթութեան _
Ամեն. Ալէլուիա, ալէլուիա, ալէլուիա…
(Շարունակելի)