Մեր ԱՊՐԻԼ 2023-ի թիւը

Սիրելի ընթերցող,

«Հորիզոն գրական»ի ԱՊՐԻԼ 2023-ի թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։

Ապրիլ 2023-ի  թիւով կ՚անդրադառնանք ընթացիկ 28 փետրուարին մեզմէ հեռացած Արցախի գրողներու միութեան նախագահ Վարդան Յակոբեանի վաստակին, որպէս գրող եւ որպէս ազգային գործիչ։ Հրաչեայ Բեգլարեանի գրութիւնը գրուած է 2008-ին, գրողի 60-ամեակին առթիւ, եւ ցարդ անտիպ էր (Բեգլարեան ինք մահացաւ 2009-ին)։ Կու տանք նաեւ բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, դոցենտ Ամալիա Գրիգորեանի գնահատականը Յակոբեանի գրականութեան մասին, ինչպէս նաեւ մի քանի նմուշ իր բանաստեղծական վաստակէն։

Բարի ընթերցում։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *