ՆՈՐԱ ՊԱՐՈՒԹՃԵԱՆ
Ցուրտ։ Հազուադէպ եղանակ, ողջոյնի փոխարէն ցրտագոլորշի ակնարկներ բացառիկ պաղի հասցէին։ Կաղապար նախադասութիւններ ամէնուր։
Տունէն դուրս ելայ, աղուոր փաթթուած։ Հագած էի հագուստներ, որոնք տարին մէկ կամ երկու անգամ միայն կը ծառայեն։ Բեռնաւոր՝ ոչ միայն մարմնով, ուղղուեցայ ինքնաշարժ ծանրացած քայլերս զգուշութեամբ սառած ձիւնին վրայէն քսելով, երբեմն սառոյցը ուժով կոխկռտելով, երբեմն ճեղքելով, որ կօշիկս հասնի գետնին եւ չսահիմ։ Մտահոգ։ Մեկնելէն ետք ապահով վերադարձն ալ կար։ Ճիշդ կ՚ընե՞մ արդեօք ինքնաշարժով ճամբայ ելլելու. վստահ չեմ ասոր, բայց վստահ եմ, որ երկաթուղային երթեւեկութիւնը խանգարուած կ՚ըլլայ։ Ձիւն տեղացեր է, գետինը սառեր է։
Ինքնաշարժին ջեռուցիչը միացուցի անմիջապէս, մի քանի մեթրի ընթացքին արդէն իսկ անշարժացած ձեռքերս տաքցնելու։ Ձեռք են՝ կը տաքնան, սառոյց է՝ կը հալի. մեռածն է միայն, որ յամառօրէն պաղելով կը քարանայ։ Ատենէ մը ի վեր ներսիդիս սպանուած դիակին վրայ շունչս փչելով տաքցնել կը փորձեմ, աւելի հաւատալով ըրածիս, քան եղածին։ Այդպիսի հաւատքը սովորական լեզուով փախուստ կը կոչեն։ Չեմ կրնար տեղս կենալ. միշտ միւս տեղը կը փնտռեմ. այդ միւսն ալ՝ ով գիտէ ուր է, եթէ է։
Երկար չտեւեց, ջերմութիւնը սկսաւ տարածուիլ ինքնաշարժին մէջ, յետոյ սկսաւ թափանցել մորթէս ներս, — կամաց կամաց արձակեցի վզնոց ու գլխարկ, վերարկուի կոճակներ։ Ինքնաշարժը կ՚ընթանար, երկչոտ սկիզբէն ետք ինքնավստահութիւնը վերագտած։ Մտերիմի պէս կ՚օգնէր ինծի զգալու օրը, զինք ընտրելուս համար չզղջալու։ Գոնէ այս մէկը։ Բանուկ ճամբաներէն վերացած էր վտանգը։
Հազիւ մտայ մայրուղի, ձայնասփիւռը սկսաւ հեռարձակել Ժիւլ Մասընէի Méditation de Thaïs-ը։ Չեմ յիշեր եթէ արեւ կար, բայց մեղեդին առաջին ելեւէջներէն իսկ պատռեց երկինքներս ու հաճոյքի շողեր տեղացուց վրաս։ Ի՞նչ եղաւ մէկէն։ Ուրիշ օրերէ տարբեր ներգործութիւն ունեցաւ այս հին ծանօթ եղանակը, որ նոր կը լսէի կարծես։ Զգուշութիւնը դանդաղեցուցած էր երթեւեկը։ Ընկղմեցայ աթոռիս մէջ, գլուխս դրի յենակին ու անտարբեր ժպիտ մը խաղաղութիւն սփռեց տխուր ներքինը պարտկել չսորված դէմքիս։ Երջանիկ զգացի։ Երաժշտութիւնը ոգի մըն է, որ կը պարպէ մարմինը աղբերէն։ Ու ես անաղբացայ։ Դիակս փոս իջաւ, տարօրինակ թեթեւութիւն մը վերերը հանեց զիս, սկսայ ծփալ։
Տեւեց այսպէս, մոռցայ վիճակս, մինչեւ զայն յիշեցուց քովէս անցնող վարորդի մը զիս զննող նայուածքը։ Խաղի պէս սկսայ ինքզինքս դիտել ուրիշին աչքով։ Սենարիօ մը հնարեցի։
Արտասովոր ժպիտով կին մը, գոհունակ, ականջը տուեր է ձայնի մը, որ երանութեան կը հասցնէ զինք։ Մէկը կը խօսի իրեն հետ, հաւանաբար հեռաձայնով, ինք չի պատասխաներ։ Խօսողը չ՚ակնկալեր պատասխան, կը բաւարարուի ըսելով ինչ որ կնոջ ականջին կեանքը հրաշքի կը վերածէ։ Ձայնը կը հաւատացնէ կնոջ, որ ան բացառիկ է, հրեշտակի չափ բարի է ու միամիտ, հետեւաբար՝ բաղձալի. շռայլ է, տրուիլ գիտէ, բացուիլ գիտէ, ու ձայնը կ’ըսէ, թէ պարտական է անոր բարութեան, որ այդ բարութիւնը իր դիակը վերակենդանացնող տաք շունչն է։ Ձայնը կ՚ըսէ, որ կինը իր պաղած ոսկորները կը ջերմացնէ, կը վերադարձնէ իրեն արուի կորած աստուածութիւնը։
Ու կը շոյուի ձայնախտէ վարակուած կանացիութիւնը։ Ձայնը չ՚ուզեր պատասխան, հաճոյք կ՚առնէ իր խօսքերուն տարողութիւնը երեւակայելէ, կնոջ լուռ ունկնդրութիւնը զինք կը գրգռէ, կը տաքնայ, կը տաքցնէ, կը պահանջէ ու կը ստանայ։
Մասընէ ու… այո։
Կինը վերացած է, անջատուեր է անցուդարձէն՝ ձիւն-սառ-խճողում-ցուրտ-ուշացում, նսեմացած է շրջապատը։ Այս վայրկեանները ոչինչով կը փոխէ ան։ Չ՚ուզեր տեղ հասնիլ։ Թող տեւէ այս ճամբան ու վերջ չունենայ։ Մասսընէ ու… այո՜։ Տաքութենէն կը թրթռան զիստերը։ Ոչի աշխարհը դիակ է հիմա, այոն կ՚ապրի ու այս պահը յաւիտեանը կ՚ամփոփէ։
Մէկէն քեզ յիշեցի, կեանքիս սէրը։ Դուն ալ օր մը խօսեր էիր այս ձայնով։
Բայց ուրիշին հետ։
Փարիզ
Հիանալի է գրուած անզուգական Մասինեի երաժշտությունը կը լսուի տողերուն մէջէն ☺