ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
(Ա)
— Իսկական փոքրիկ Հայաստան մըն է, — ըսաւ խօսակիցս, երբ յայտնեցի, թէ Ճեմարան պիտի ուսանիմ, այդպէս աւելի սրելով հետաքրքրութիւնս եւ օր առաջ սկսելու փափաքս:
Ու երբ հասաւ այդ օրը, նկատեցի, որ Ճեմարան կը յատկանշուէր նախ եւ առաջ Հայաստանի հողով ու ջուրով հաղորդ մարդոց կենդանի փաղանգով մը՝ դպրոցին մէջ թէ անոր անմիջական շուրջը:
1
Սիմոն Վրացեան
Ասոնց ամենատիրականը եւ ուշագրաւը ինքն էր՝ տնօրէնը՝ Սիմոն Վրացեանը՝ Առաջին հանրապետութեան վերջին վարչապետը, ըլլալով հանդերձ միւս ճանչցածներուս մէջ ամենէն անհաղորդը:
Ան Ճեմարան եկած էր շուրջ տարի մը առաջ՝ յաջորդելու համար Լեւոն Շանթին, որ մեռած էր 1951-ի նոյեմբերին: Արդէն բաւական տարիքոտ էր, գոնէ 70-նոց մը, որուն հասնողը բնական պայմաններու մէջ պէտք է վաղուց հանգստեան կոչուած ըլլար, սակայն մարդկային այդ իրաւունքը կանոնագրողը վստահաբար նկատի չունէր հայու այն տեսակը, որ ինքզինք պարտաւոր կը զգայ մինչեւ վերջին շունչն ալ վազվզելու, մէկ կողմէ՝ պահելու համար իր գլուխը, միւս կողմէ՝ պահելու համար իր ինքնութիւնը: Այս իմաստով ալ՝ Շանթի տարողութեամբ ու հնչեղութեամբ անհատականութեան մը բացը միայն Վրացեանի պէս մէկը կրնար գոցել, եւ ճիշդ այդ դերակատարութեան համար ալ ան ովկիանոսներ կտրելով որոշ ուշացումով հասած էր Ճեմարան:
Ես Շանթը չեմ ճանչցած, ո՛չ ալ անշուշտ Աղբալեանը, որ միայն վեց տարի առաջ հեռացած էր Ճեմարանէն ու կեանքէն, մինչ Վրացեանը հինգ տարի շարունակ ունեցայ առօրեայիս մէջ, բացի այն ընդմիջումներէն, ուր ան ստիպուած կ՚ըլլար հիւանդանոց մտնելու՝ դարմանելու համար աչքերը, որոնք մինչեւ վերջ ալ գոհացուցիչ արդիւնքի չհասան:
Անշուշտ ըսելու ձեւ մըն է «առօրեային մէջ ունենալ», քանի ոչ մէկ շփում կը հաստատուէր անոր հետ: Առաւելագոյնը այն կ՚ըլլար, որ բակին մէջ բախտով առանձին դէմդ ելլէր եւ պարտաւորուած ըլլայիր բարեւելու զինք եւ ստանալու իր մեղմիկ ողջոյնը՝ շուրթերու անլսելի շարժում մը, որուն երբեմն կ՚ընկերանար ծանր գլուխն ալ կամ ժպիտ մը: Ու այսչափ միայն: Ժամանակին մնացեալ մասը ան կ՚անցընէր պտտելով բակին մէջ կամ աւելի թիւ 1 շէնքի առաջին յարկի գրասենեակին մէջ, եթէ յանկարծ չգերեվարուէր մանկապարտէզի փոքրիկներէն, որոնց հետ մտերմացած էր, եւ ջուրերը շատ լաւ կը քալէին. անոնք համարձակ կը մօտենային ու «պապիկին ձեռքէն բռնած ման կու գային» Ճեմարանի պարտէզներուն մէջ:
Թիւ 1 շէնքը ունէր գետնայարկ մըն ալ, որուն մէկ մասը իբրեւ խորդանոց կը ծառայէր անմիջական գործածութենէ դուրս մնացած զանազան առարկաներու, որոնք այնտեղ կը նետուէին ու կը կուտակուէին, իսկ մնացեալ մասը յարդարուած էր իբրեւ հաւաքական սեղանատուն, որ օժտուած էր Ս տառի ձեւով՝ միակտուր եւ շատ ցած կառուցուած հաւաքական սեղանով մը եւ համապատասխան նստատեղերով: Այստեղ կը ճաշէին կէսօրին տուն չգացողները:
Դպրոցը ճաշող աշակերտը առտուն ճաշամանը կը դնէր սեղանին վրայ, ի՛ր տեղը:
Կէսօրուան մօտ մայրիկները կը բանային այդ ճաշամանները եւ կը ստուգէին. եթէ տաքցնելիք բան մը կար՝ կը տաքցնէին, — այնպէս որ ամեն ոք տաք կ՚ուտէր իր կերակուրը, ինչպէս սեփական տանը մէջ պիտի ուտէր հարազատ մօրը պատրաստածը:
Մենք հազիւ ուտել կը սկսէինք, երբ Վրացեան կը մտնէր սեղանատուն եւ առաջին աշակերտէն մինչեւ վերջինին ետեւ մէկ առ մէկ կանգ կ՚առնէր, պարթեւ հասակը երկուքի ծալած՝ յաղթահարելու համար տեսողական դժուարութիւնը, ու բծախնդրօրէն աչքէ կ՚անցընէր կերակուրդ: Ոչ մէկս զանց կ՚ընէր: Անշուշտ քիչ մը կ՚ամչնայինք ցուցադրելու մեր բերած ուտեստեղէնը, որ մաս կը կազմէր տնային համեստ ճաշացուցակի մը՝ լուբիա, փիլաւ, ոսպ, թանապուր եւ նմանները:
Ոչինչ կ՚ըսէր, ու երբ կ՚աւարտէր, գոհունակ կը հեռանար՝ վերադառնալու համար միւս օրը կամ յաջորդ օրը, եւ այսպէս տարին ամբողջ, ապա միւս տարին ու շարունակ:
Օրին, ի՛նչ մեղքս պահեմ, ոչինչ հասկցած էի, ոչ ալ ուրիշ «հասկցողի» հանդիպեր էի: Պէտք եղաւ, որ աւելի հասուննամ, կարդամ իր գիրքերը, մասնաւորաբար «Կեանքի ուղիներով»-ը, վերահասու դառնալու համար Հանրապետութեան տարիներու դաժանութեան մէջ անօթութեան ու սովի մատնուած հայ մանուկներու ու որբերու զրկանքներուն, որոնց անդոհանքէն չէր յաջողեր ազատիլ, եւ հիմա կ՚ուզէր անձամբ, — աչօք բացօք, — հաստատել, թէ իր աշակերտները պարկեշտօրէն կշտանալու չափ ուտելիք ունէի՞ն:
Կը յիշեմ մինչեւ անգամ, որ զանազան առիթներով, երեկոյեան արձակուելէ առաջ, տիկին Գոհարը այս կամ այն աշակերտին, — յատուկ սերտուած, — փսփսացած ըլլար, որ զինք տեսնէր՝ անոր յանձնելու համար ծրար մը, որուն մէջ կը գտնէիր քանի մը կտոր հագուստեղէն՝ տաբատ, բաճկոն, շապիկ, փէշ, բաճկոնակ, վերնազգեստ եւ այլն:
Այս բաները, որքան տեղեակ եմ, պատահած են միայն Վրացեանի օրով:
Այսքանը՝ իբրեւ մարդ:
* * *
Անտեղի պիտի չըլլար անդրադառնալ նաեւ հետեւեալին:
Վրացեանի օրով եւ թելադրանքով է, որ ճեմարանականները աղօթել սորվեցան, — եթէ սորվեցան, — մինչ Շանթի օրով մտքի աւելորդ ու անօգուտ մարզանք մը նկատուած էր ան:
Շանթ վաւերական անաստուած մըն էր…
Ուրեմն ամեն վերամուտի Մուշեղ Իշխան, ձեռքը թերթիկ մը բռնած, կը շրջէր դասարանները եւ գրատախտակին վրայ կը գրէր Տէրունական աղօթքը՝ «Հայր մեր»-ը, եւ «Առաւօտ լուսոյ»-ի առաջին չորս տուները՝ միշտ թուղթին նայելով, որովհետեւ ինք եւս գոց չէր գիտեր անոնց բառերը: Աշակերտները ստիպուած էին ընդօրինակելու աղօթքները եւ… գոց սորվելու, որպէսզի առաւօտները խմբովին երգէինք զանոնք՝ ամեն անգամ մէկէն մէկը միայն, ու յետոյ դասարան մտնէինք:
Առաջին նուագ շատ զարմացայ, որ քաղաքաբնակ ընկերներս այս քանի մը տողերը գոց չէին գիտեր, շատ աւելի զարմացայ, երբ զգացի որ Մուշեղ Իշխան ի՛նք եւս չէր գիտեր: Է՜հ, զտարիւն ճեմարանական մըն ալ ինք չէ՞ր: Մինչդեռ Ազգային վարժարանէ եկողներուս համար այնքան սովորական էին անոնք, քանի մեր դպրոցներուն մէջ միշտ ալ երգած կամ արտասանած ենք այդ երկուքը եւ ուրիշներ՝ «Ճաշակեսցուք»-ը, «Հաւատով խոստովանիմ»-ը: Այնտեղ մեր օրը կը սկսէինք «Առաւօտ լուսոյ»-ի առաջին վեց տուներով՝ բառերուն հետ կամաց-կամաց իւրացնելով անոնց իմաստները եւս, իսկ անոնք որ դպիր եղած էին, — ինչպէս ես, — գիտէին շատ աւելին. ես հեզասահ կ՚արտասանէի Շնորհալիի այդ գոհարին 36 տուները եւ մինչեւ հիմա ալ անսայթաք ու խոր սքանչացումով կ՚արտասանեմ, վասնզի տարիներ շարունակ այդ 36 տուներով սկսած ենք կիրակնօրեայ ժամերգութիւնը, որուն կը յաջորդէր պատարագը:
Աւելցնեմ, որ Շանթ՝ պոլսեցի, եւ Վրացեան՝ նորնախիջեւանցի, աշակերտած են Էջմիածնի նոյն Գէորգեան ճեմարանին. եւ ի տարբերութիւն Վրացեանի, Շանթ տակաաւին Կոմիտասը ունեցած է իբրեւ դասընկեր:
* * *
Վրացեանի անունով դասապահ նշանակուած չէր:
Քանի մը անգամ տարտամօրէն լսած եմ, թէ «քաղաքացիական կրթութիւն» պիտի դասաւանդէ կամ կը դասաւանդէր. իմ տարիներուս ոչ մէկ անգամ նման դասաւանդութեան ականատես եղած եմ եւ չեմ ալ գիտեր, թէ ի՛նչ կը նշանակէ այդ կրթութիւնը: Բայց պատահած է, որ բացակայող ուսուցիչի մը փոխարէն ինք հսկողութիւն ստանձնէր: Լաւ կը յիշեմ ատոնցմէ մէկը:
Ընդհանուր ազգաց պատմութեան պահն էր: Տեղեակ էինք, որ ուսուցիչը անհանգիստ է եւ դպրոց եկած չէ: Է՜հ, կարելի՞ էր… չուրախանալ՝ թէկուզ առոջութիւն մաղթելով անոր:
Փոխարէնը եկաւ Վրացեանը:
Անշուշտ բոլորս ալ համոզուած էինք, որ ազատ պիտի ըլլայինք «մեր ուզածը ընելու»:
Այդպէս չեղաւ սակայն:
— Ի՞նչ է ձեր այսօրուայ դասը, — անակնկալօրէն հարց տուաւ մեղմ ձայնովը:
Հին Եգիպտոսի փարաւոնական 17-րդ հարստութիւնը (dynastie)…
— Ձեզնից ո՞վ կ՚ուզէ պատմել, — շարունակեց՝ քիչ մը ամեն կողմ պտտցնելով տկար աչքերը ու փնտռելով կամաւոր զոհ մը, որուն յայտնութիւնը ցաւագինօրէն կ՚ուշանար` բնաւ ալ ի յայտ չգալու համար:
Ան անշուշտ շատ լաւ ըմբռնեց կացութեան էութիւնը:
Եւ սկսաւ անձամբ ինք պատմել…
Բերնէն կախուած մտիկ կ՚ընէինք. կարծես աշխարհիկ վերջին ու նորագոյն լուրերը սփռող խօսնակ մը ըլլար, այնքան թարմութիւն ու կենդանութիւն կը դնէր պատումին մէջ. Նեղոսը մեր ոտքերուն քովէն գլգլալով հոսող զուլալ առուի մը վերածուեցաւ, մոմիաները շունչ ու կենդանութիւն ստացան ու պատմեցին իրենց անցաւոր կեանքի դրուագները, բուրգերը դարձան մէկական պատմական դղեակներ, ուր հաճելի պիտի ըլլար նստիլ ու զրուցել անոնց քնացող հազարամեայ բնակիչներուն հետ, հարցնել Թութ Անխ Ամոնին, թէ ինչպէ՛ս պատահած է իր անժամանակ մահը…
Տիկին Գոհարին զանգը հնչեց՝ իմացնելու համար պահին աւարտը:
Այսքան շո՞ւտ…
Հիմա, տասնամեակներ ետք, չեմ վարանիր հարց տալու, թէ ո՞ւր եւ ե՞րբ կրցած էր այդքան գիտելիք կուտակել ու այնքան այժմէական ու կենդանի կրել անոնց օժիտը իր մէջ՝ համալսարանի պատմութեան ամպիոնի դասախօսի մը ձեռնհասութեամբ:
* * *
— Վարչապետութենէն վարժապետութեան անցայ, — ըսած է տեղ մը «Կեանքի ուղիներով»-ին մէջ, — եթէ չեմ սխալիր, — ակնարկելով իր նորագոյն ասպարէզին:
Մինչդեռ կարելի է շրջել այս սրամտութեան ժամանակագրութիւնը:
Վրացեան վարժապետութենէ՛ն վարչապետութեան անցած պէտք է ըլլայ, քանի իր մէջ շատ աւելի կանուխէն ու շեշտուած կրած է վարժապետի կոչումը, սակայն պայմանները այնպէս դասաւորեր էին, որ լռութեան մատնէր առաջինը եւ կեանքի հարկադրանքին յանդիման որոշէր նախ «վարչապետ դառնալ». այս բառակապակցութեամբ ան կը բնորոշէր իր աշխարհիկ-քաղաքական ամբողջ գործունէութիւնը, որ բնաւ դադար չունեցաւ:
Այլ տեղ մը չի վարանիր դառնութեամբ խոստովանելու, թէ ինչո՛ւն էր պէտք քաղաքականութիւնը, երբ իր կոչումով մտաւորական աշխատանքի ու արտադրութեան համար նախասահմանուած էր: Եւ այս իրողութեան կենդանի վկաներն են այն պատկառելի գործերը, որ արտադրած է, երբ քիչ մը ժամանակ ունեցած է «գլուխը քերելու». անոնք կը կոչուին՝ «Հայաստանի Հանրապետութիւն», «Հին թղթեր նոր պատմութեան համար», «Անձինք նուիրեալք», «Կեանքի ուղիներով» (վեց հատոր), որոնց վրայ պէտք է աւելցնել անհամար յօդուածները(1), ինչպէս նաեւ «Վէմ»-ի վեց հաստափոր հաւաքածոները: Ասոնք միայն փշրանքներ են այն բոլորէն, որ կրնար տալ ու չտուաւ:
Վրացեան վերջին գիրքերը թելադրեց, քանի այլեւս չէր կրնար գրել:
Եւ ան միակը չէր, որ իր նախասիրութիւններուն վրայ քար մը դնելով կը հարկադրուէր ազգային-քաղաքական ասպարէզը ընդգրկել: Բախտակիցներէն նմուշի համար յիշենք գոնէ Աղբալեանը, որուն կեանքը իր կարգին դառն երկփեղկում մը եղաւ, եւ ինչպէս կը սիրէր ըսել. «Սուրը չձգեց որ երգիչ դառնար, գրիչը չձգեց որ մարտիկ դառնար»: Վկայ՝ ազգային-քաղաքական գործունէութիւնը, որ զինք մղեց մինչեւ անգամ զէնք կրելու Կամաւորական շարժումի ծիրէն ներս, ապա մինչեւ նախարարութեան հասցուց, միւս կողմէ՝ անոր մանկավարժական գործունէութիւնը եւ գրական ու բանասիրական այն վաւերական վաստակը, որ բացայայտօրէն ցոյց կու տայ, թէ ո՛րն էր Աղբալեանի իսկական կոչումը:
Եւ քանի-քանի այսպիսի ուրիշներ իրենց կարգին:
Անպատմելի ափսոսանքը անոնց, որոնք ծնած էին գրիչ բռնելու համար, իսկ կեանքը հարկադրեց, որ սուր բռնեն:
2
Կոստան Զարեան:
Ճեմարանը փոքրիկ Հայաստանի վերածողներուն շարքին իր անմոռանալի տեղը ունէր նաեւ ծագումով արեւելահայ(2), լայն բարեկեցութիւն վայելած ընտանիքի զաւակ, գրագէտ Կոստան Զարեանը, որ Լիբանան արդէն ժամանած էր, երբ ես սկսայ աշակերտել Ճեմարանին:
Մեր շուրջը ան գրեթէ ամենօրեայ ներկայութիւն էր եւ շատ կը զանազանուէր տեղացիներէն իր անթերի հագուկապով, թիթեռեայ վառ փողկապով, առիւծի բաշերով, սնդիկի շարժունակութեամբ ու առինքնող լայն ժպիտով՝ ըստ ամենայնի շքեղ անձնաւորութիւն մը: Շրջապատին մէջ միշտ ի՛նք էր խօսողը եւ կը լսուէր միայն ի՛ր ձայնը՝ առողջ, բամբ, լիահագագ:
Ան հայագիտական դասընթացք մը հաստատած էր նախ Ճեմարանի մէջ՝ բարձրագոյն կարգի տղոց եւ արտադպրոցականներու համար, իսկ ատեն մը ետք սկսաւ դասախօսել նաեւ Ամերիկեան համալասարանին մէջ, ուր հիմնուեցաւ հայագիտական յատուկ ամպիոն մը, որուն ծախսերը կը հոգար Վահէ Սէթեանը: Անոր Ճեմարան յաճախած երեք տարիներուն ոչ մէկ բառ փոխանակած եմ հետը, ոչ ալ արտօնութիւնը ունէիինք ունկնդրելու իր դասընթացքին: Հատ ու կենտ տեղեկութիւններ կը սպրդէին զինք հիւրընկալողներէն, իսկ երբեմն ալ իր դասընթացքին հետեւողներէն, որոնց մտային մակարդակէն այնքան ալ գոհ չէր Զարեան: Այո, սա այն մնայուն հակադրութիւնն էր արեւելահայ ինտելիգենցիայի ու արեւմտահայ հոսհոսներուն միջեւ, իմացական բախում մը, որ շատ հինէն կու գայ:
* * *
Կոստան Զարեանը դիմաւորելու համար օրին նաւահանգիստ գացած է գաղութիս՝ իր ժամանակի մէկ կոկիկ ընտրանին՝ Ծառուկեան, Սնապեան, Պոյաճեան, Մուշեղ Իշխան եւ Տիգրան Ոսկունի, լաւ սերտուած ու ճոխ պատուիրակութիւն մը՝ բաղկացած բանաստեղծէ, ուսուցիչէ, հրապարակագիրէ ու խմբագիրէ: Բոլորն ալ որոշ վաստակի տէր եւ մանաւանդ իր գրիչին հիացողներ, որոնք շատ շուտ յուսախաբած են Զարեանը եւ փոխադարձաբար շատ շուտ ալ յուսախաբուած են անկէ:
Այս այնպիսի ժամանակ մըն էր, ուր Զարեան կենդանի առասպել մը, հեքիաթ մըն էր, նախ՝ իր գրականութեամբ, յատկապէս «Նաւը լեռան վրայ»-ով, ապա «Տատրագոմի հարսը»-ով, ա՛լ չեմ թուեր «Բանկօօպը եւ մամութի ոսկորները», «Անցորդը եւ իր ճամբան», «Օրերի պսակը» եւ «Հայրենիք ամսագիր»-ի մէջ իր մնայուն ու այնքան փնտռուած ներկայութիւնը, այլեւ իր կեանքին առնչուող այն հազար ու մէկ դրուագնեով ու Հայաստանէն իր հեռացումի պատումներով, որոնց մէջ գիտէր այնքան խորհուրդ ու համեմ դնել, յատկապէս իր ծանօթութեամբն ու ակնարկութիւններովը Լենինին, «որի հետ Ժընեւում աժան ճաշ էինք ուտում… Նրա մի նայուածքը, մի խօսքը բաւական էր, որպէսզի մարդ նետուի կրակի մէջ…», ապա բանտարկութիւնը Գերմանիոյ մէջ. «Միւնխենի բանտի տաժանելի օրերը եկան: Կախաղանի ուրուականը: Ու մէկ ու կէս տարի յետոյ, վերջին տեսակցութիւնը Լենինի հետ Փարիզում, Avenue d’Orléans-ի մի փոքրիկ սրճարանում, վերջին ճաշը…»:
Ասոնք այնպիսի գործօններ էին, որոնք կը կլանէին, կը հարբեցնէին, շնչասպառ կը դարձնէին արեւմտահայ ու մասնաւորաբար լիբանանահայ երկրպագուները՝ զանգուածայնացնելով (մասսայականացնելով) անոր վարկն ու հռչակը, բայց եւ կը կազմէին յուշադրամին պայծառ ու փայլուն դիմերեսը միայն, մինչ անդին կար անոր դարձերեսը եւս՝ վանողական ու խրտչեցուցիչ:
* * *
Ծառուկեան, — որ այն ատեն ամուրի էր տակաւին, — կը պատմէ, որ աւելի մօտէն ծանօթանալու համար իր այս կուռքին հետ՝ զայն կը հրաւիրէ մտերմիկ ընթրիքի մը, որ տեղի կ՚ունենայ Ալեյի ամառանոցի իր օրին շատ գնահատուած մէկ ճաշարանին մէջ: Եւ լաւագոյն համադամներու կողքին՝ ան կ՚ապսպրէ նաեւ իր ժամանակին ամենասուղ խմիչքը՝ ուիսկին, որ անմատչելի էր հասարակ մահկանացուներուն: Ինչպէս կը նկատենք, ինքնին շատ ժուժկալ ապրելով հանդերձ՝ Ծառուկեան փորձած է առաւելագոյնը տալ Զարեանին:
Եւ ան մեծ գոհունակութեամբ ու ախորժակով կ՚ուտէ ու կը խմէ:
«Այս բոլորը, — չի վարանիր աւելցնելու Ծառուկեան, — ինծի արժեցին ուսուցչական ամբողջ ամսականս»:
Այս այն ժամանակն էր, ուր ան Աբգարեանի տնօրէնն էր, ինչ որ կը նշանակէ, թէ ծախսուածը ուսուցչական սովորական ամսական մը չէր, այլ տեսչական, որ քիչ մը աւելի էր: Բայց ահա միւս օրը ասկէ-անկէ կ՚իմանայ Զարեանի մէկ «գնահատականը», թէ՝
— Ծառուկեանը մի շատ անորակ ուիսկի խմցրեց:
Է՜հ, Ծառուկեան եղի՛ր եւ դիմացի՛ր այս բոլորին…
Օրին երկար քաշքշուեցաւ այդ «անորակ ուիսկի»-ի պատմութիւնը:
* * *
Այս գաղութն ու իր մտաւորականութիւնը, ներառեալ իր ընթերցողներն ու հիացողները, ամեն միջոցի դիմեցին՝ ընելով իրենց լաւագոյնը՝ ըստ արժանւոյն մեծարելու եւ գոհացնելու համար Զարեանը, սակայն անոր կենսագիրները եւ անոնք, որ ապրեցան իր մտերմութեան մէջ, միահամուռ, երբեմն ալ դառնութեամբ կը վկայեն, որ Զարեան դժգոհ մեկնեցաւ Լիբանանէն, դժգոհութիւն, յորում բացակայ չէր արհամարհանքը:
Շատ ցաւալի է:
Այդ օրերուն Զարեան, որ արդէն 70-ի դռները կը ծեծէր, հաւանաբար չէր անդրադառնար, թէ սկսած էր իր մաշումը, ոչ անպայման ֆիզիքական, — սա ի՛ր կարգին, — այլ իմացական ու գեղարուեստական: Որ այլեւս ամեն բան ըսած ու ըրած էր ինք, եւ վարդագոյն նոր հորիզոններ չէին մնացած իր առջեւ:
Ու չպարզուեցան անոնք:
Զարեան անկէ ետք ոչ մէկ ուշագրաւ գործ կրցաւ տալ, չկրցաւ նաեւ սփիւռքը լեցնել իր անձով ու իրեն յատուկ հմայքով, որ այլեւս անցեալին կը պատկանէր: Այս բոլորէն ետք իր առջեւ սկսեր էին ցամքիլ նաեւ եկամուտի աղբիւրներն ալ, թող որ անոնք ոչ մէկ ատեն յորդ ու վարար եղած էին:
Բայց եւ այնպէս հարկ էր կրել անէծքներու մեծագոյնը՝ պահպանել գոյութիւնը…
Եւ առ այս՝ ան աչքերը ուղղեց դէպի Հայաստան, ճիշդ այնպէս, ինչպէս իրմէ առաջ ըրած էին Զապել Եսայեանն ու Աւետիք Իսահակեանը եւ ճիշդ նո՛յն պայմաններուն մէջ:
* * *
1965-ին էր, Երեւանի մէջ:
Արմէնիայի ճաշարանէն իջեր էի գետնայարկը, ուր տեղական շատ համով պաղպաղակ կը վաճառուէր:
Առանձին նստած կը ճաշակէի, երբ ներս մտաւ սլացիկ հասակով, շատ կոկիկ հագուած, թիթեռեայ կարմիր փողկապով, մազերը խնամքով սանտրուած, 80-նոց պատկառելի ծերունի մը, որ շատ կը յուշէր անգլիացի կուշտ ու ինքնագոհ ազնուականի դասական կերպարը:
Ու բազմեցաւ դէմս՝ ծայրայեղօրէն կիրթ շարժումներով եւ «կարելի՞ է» հարց տալէ ետք:
Գաւաթ մը կոնեակ ապսպրեց ու սկսաւ խմել շատ պզտիկ ու զգուշաւոր ումպերով, կարծես կը վախնար բաժակը շրթունքին դպցնելու, ու տակաւին հարց էր, թէ դպցնելէն ետք ալ իրապէս բան մը կ՚երթա՞ր կոկորդէն վար:
Ոչինչ կ՚ըսէր, ոչինչ կը համարձակէի ըսել:
Կը տիրէր ծանր ու անհաճոյ լռութիւն մը:
Սակայն որդ մը կը խառնշտկէր ուղեղս. «Ես այս մարդը պիտի ճանչնամ», — կը մտածէի ու չէի յաջողեր կողմնորոշուիլ, երբ յանկարծ բոլորովին ինքնաբուխ մղումով մը հարցուցի.
— Ներողութիւն, դուք Կոստան Զարեա՞նն էք…
— Այո՜, — հաստատեց մեղմ ժպիտով մը, որ բնաւ չէր նմաներ օրին իր երեսը լուսաւորող կրակին: Մարած ու խեղճացած էր ձայնը եւս:
Է՜հ, անկէ ի վեր ի՜նչ ջուրեր ըսես չէին անցած կամուրջին տակէն:
Եւ որ գլխաւորն է՝ «Նաւը լեռան վրայ» վէպի վերանայուած հրատարակութիւնն էր, որ տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ, ըստ ոմանց՝ հեղինակին կամքով, ըստ ուրիշներու՝ անոր կամքէն անկախ, ինչ որ աւելի հաւանական է(3):
Ճիշդ այն, որ Սնապեան պիտի կոչէր «Աւազախրած նաւը»՝ աչքի առաջ ունենալով այն բոլոր զեղչումները, յաւելումները եւ բնագրային փոփոխութիւնները, որոնք տեղ գտեր էին եւ որոնց ամբողջական ցանկը 175 էջանի հատորով մը հրատարակեց ան տարի մը առաջ, չհաշուած տակաւին այն դաժան պայքարը, որ շղթայազերծեց Զարեանի դէմ՝ հաւատարիմ աջակից ու զինակից ունենալով համագիւղացի Եդուարդ Պոյաճեանը:
Եւ Սնապեան-Պոյաճեան զինակցութեան շղթայազերծածը մէկ նուաստացուցիչ օղակն էր միայն համասփիւռքեան այն վարակիչ պայքարին, որ կը շարունակէր ամեն կողմէ մղուիլ վերանորոգ թափով ու կիրքով: Իր ազատութեամբ արբշիռ արեւմտահայ գորշ մտաւորականութիւն մը շատ երկար հաճոյացաւ գրողական բարոյականի (éthique) դասեր տալու՝ խորհրդային ստրկացուցիչ պայմաններուն մէջ իր կեանքի մայրամուտին հասած երբեմնի հսկային(4), որուն առջեւ ոչ մէկ բաց դուռ մնացած էր:
* * *
— Գո՞հ էք Ձեր պայմաններէն, — հարցուցի բան մը ըսած ըլլալու համար եւ հոգեկան ճմլումով մը, նաեւ շատ շուտ զղջալով տուած հարցումիս համար:
Ստացայ տարտամ պատասխան մը, որ յայտնապէս կ՚անհանգստացնէր զինք:
Յետոյ փութաց աւելցնելու.
— Անցած օր Վայոց ձորի մէկ գիւղը գացեր էինք: Մեզ հիւրասիրող գիւղացիներուն մէջ, կը պատկերացնէ՞ք, կը գտնուէին այնպիսիներ, որոնք ծանօթ էին իմ գրականութեան, կարդացեր էին գործերս եւ ազատ կ՚արտասանէին անոնցմէ հատուածներ:
Սիրած խաղալիքը գտած մանուկի մը ուրախութիւնը կար ձայնին մէջ:
Արդարանալու եւ մխիթարուելու ձեւ մը:
Եւ ինչո՞ւ չէ:
3
Դրաստամատ Կանայեան
Ճեմարանը փոքրիկ Հայաստան դարձնողներու շարքին իր ուրոյն տեղը ունէր Դրաստամատ Կանայեանը՝ զօր. Դրոն, որ այն օրերուն կայտառ ծերունի մըն էր, իր կարգին 70-նոց մը՝ Վրացեանին հասակակից, սակայն անհամեմատ աւելի աշխուժ ու կենսունակ:
Ան կը բնորոշուէր իր ուղիղ, առողջ ու կոկիկ կերպարով, շարժումներու թեթեւութեամբ եւ դէմքի մեղմ փայլով մը, որ անջնջելի կը մնար: Զինքը նոր տեսնողը կամ անոր նայուացքը առաջին անգամ որսացողը կրնար այնպէս կարծել, թէ ան կը ժպտի իրեն, սակայն շատ շուտ կ՚անդրադառնար նաեւ, որ այդ «ժպիտը» իրեն ուղղուած չէ, այլ ի բնէ դրոշմուած է անոր դէմքին վրայ ու մաս կը կազմէ անոր բնախօսութեան (physiologie): Ան կը ձգէր տպաւորութիւնը միշտ գոհ, միշտ ուրախ, ամեն բանի մէջ յաջողած եւ իր կեանքը ըստ իր ցանկութեան կազմակերպած ու լիացած մարդու մը, որ ոչ մէկ ափսոսանք ու զղջում ունէր:
Դրոն եւ Վրացեանը ունեցած են մօտաւորապէս յիսնամեայ անստուեր մտերմութիւն մը, եւ այս ամբողջ ժամանակը անոնք ներդաշնակ գոյակցած են՝ մէկը իր գրիչով եւ միւսը իր սուրով այնքան ատեն, որ իրարմէ անջատ ապրած են: Բայց դիպուածը այնպէս կը դասաւորէ, որ անոնք սենեկակից դառնային Լիբանանի մէջ, եւ անոնց յարաբերութիւնը բնորոշող ներդաշնակութիւնը խախտէր, ամեն բան տակնուվրայ ըլլար:
Ահա թէ ինչպէս:
* * *
Անոնք կը բնակէին Ճեմարանին անմիջապէս կից շէնքի մը մէջ ու կը բաժնէին նոյն սենեակը կամ թերեւս նոյն փոքրիկ յարկաբաժինը, եւ այս բնակակցութիւնն ալ կը խախտէ անոնց երբեմնի համերաշխութիւնը՝ մղելով Վրացեանը շատ յաճախ բողոքելու անոր շռայլութենէն, մսխումներէն ու անփութութենէն:
Ուրեմն Դրոն, — ծագումով շատ բարեկեցիկ ընտանիքի զաւակ, — կը սիրէր հագուիլ-շքուիլ այն աստիճան, որ խնամատար կնոջ հերթական լուացքները չէին հասներ փոխարինելու անոր արագօրէն սպառող փոխնորդները, եւ ան կը դիմէր օժիտին Վրացեանի, որ, ծագումով աղքատ ու ժուժկալ ընտանիքի զաւակ ըլլալուն, զերծ էր ընկերոջը մսխումներէն եւ խնայողութեամբ կը գործածէր իր առարկաները: Դրօ ձեւը կը գտնէր, սակայն, անոնց ալ տակէն մտնելու ու վրայէն ելլելու՝ ըստ կարիքի, եւ երբ Վրացեան պէտք ունենար գուլպայ մը կամ շապիկ մը փոխելու, դատարկ կը գտնէր իր գզրոցները, մինչ փոխարէնը բերնէ-բերան լեցուն կ՚ըլլար այն կողովը, ուր կը նետուէին Դրոյի փոխած ու լուացքի սպասող տաբատները, շապիկներն ու գուլպաները, որոնք երբեմն ալ հոս-հոն անխնամ ձգուած կ՚ըլլային կամ ալ ծածուկ թխմուած կ՚ըլլային անտեսանելի անկիւններ՝ «Սիմոնի աչքերից հեռու»:
Եւ կը սկսէր անխուսափելի բախումը ընդմէջ երկու հսկաներուն՝ երբեմնի սպարապետին ու վարչապետին, մինչեւ որ ձեւը գտնէին, — եւ այդ ձեւը անխուսափելիօրէն կը գտնուէր, — սովորականին պէս հաշտ ու համերաշխ դուրս գալու՝ համակ ժպիտ ու ջերմութիւն՝ ցուցադրելով ըստ ամենայնի միաբան, միակամ ու սիրալիր զոյգ մը, որ կարծես տօնավաճառի երթալու կը պատրաստուի:
* * *
Պէտք չէ մտահան ընել այն անհուն հիացումը, որ Վրացեան ունեցած է ազատամարտիկ Դրոյի հանդէպ: Իրեն կը պատկանի այն ամենաշոյիչ բնորոշումը, որ երբեւիցէ տրուած ըլլայ երբեմնի զօրավարին: Արդարեւ, Վրացեան անոր կեանքին ու գործին նուիրուած իր մէկ հիանալի աշխատութիւնը կոչած է «Մրրկածին Դրոն»:
Ասով հանդերձ ան չէ վարանած երբեմն ալ կսմթելու զայն, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի գիրի, գրականութեան եւ ուսումնառութեան մէջ անոր ցուցաբերած, — աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել՝ չունեցած, — հետաքրքրութեան:
Այդ կսմիթներէն մէկը կը հասնի Դրոյի թեմական վարժարան յաճախած տարիներուն՝ անոր ծննդավայրին՝ Իգտիրի մէջ:
Ուրեմն մօտաւորապէս 16 տարեկանին ան այլեւս բոլորովին կը ձանձրանայ յաճախելէ դպրոց, որու ծրագիրը չի հետաքրքրեր զինք, եւ ան ժամանակը կը յատկացնէ, դասերէն բացի, քիչ մը ամեն բանի, մասնաւորաբար թափառելով ռուսական բանակի զօրանոցներուն շուրջ, դիտելով անոնց մարտական փորձերը եւ իր կարգին կազմակերպելով ընկերներու հետ իր սեփական ջոկատները, անշուշտ միշտ ի՛ր հրամանատարութեամբ, բաներ որոնք յուսահատութեան կը մատնեն հաստատութեան տնօրէնը, որուն իսկական մղձաւանջը դարձած է պատանի Դրոն, որ իր կռնակին պաշտպան ունի մեծահարուստ ու ազդեցիկ հայր մը:
Ան ի զուր կը մտմտայ նման փորձանքէ ձերբազատելու միջոց մը գտնել՝ առանց յաջողելու, մինչեւ որ բարեբաստիկ օր մը Դրօ կ՚որոշէ մտնել զինուորական ակադեմիա, որուն ծրագիրը շատ աւելի կը պատշաճէր իր նկարագրին ու կը հրապուրէր զինք, սակայն այնտեղ մուտքը կը պահանջէ ուսումնական այնպիսի մակարդակ մը, որուն գոհացում տալէ շա՜տ հեռու էր ինք. իր ունեցած նիշերով ակադեմիային քովէն իսկ չի կրնար անցնիլ:
Եւ ահա կը սկսի մթին սակարկութիւն մը իր եւ տնօրէնին միջեւ.
— Եթէ նիշերս փոխես, դպրոցը կը ձգեմ, ու ինձանից կ՚ազատուես…
Երկար տատանումներէ ետք՝ տնօրէնը ճարահատ կը յօժարի փոխել անոր վիճակացոյցը՝ պատրաստելով նոր մը եւ նշանակելով այնպիսի նիշեր, որոնք շատ լայն պիտի բանային ակադեմիայի դռները Դրոյի առջեւ: Եւ զայն յանձնած պահուն եւ առանց նուազագոյն հաւատքի՝ «ի սրտէ յաջողութեան անկեղծ մաղթանք» կը կատարէ «ապագայ զօրավարին»:
Բոլոր նշանները ցոյց կու տան, որ հեգնանքով ու խոր թերահաւատութեամբ կատարուած այդ մաղթանքը… կ՚իրականանայ:
* * *
Դա՛րձեալ Վրացեանն է պատմողը:
Կը պատահի, որ Եղեռնէն առաջ առիթով մը Արաքսի ափին միատեղ գտնուէին ինք, բժ. Տէր Դաւթեանը եւ Ռոստոմը, երբ ձիաւոր սուրհանդակ մը կը հասնի եւ գլխարկին մէջէն հանելով՝ վերջինիս կը յանձնէ նամակ մը Դրոյէն, որ այն օրերուն երեւութապէս առեւտուրով, սակայն խորքին մէջ տեղեկահաւաքով կը զբաղէր Արեւմտեան Հայաստանի մէջ՝ «Սուրէն էֆենտի» ծածկանունով: Ռոստոմ կը բանայ նամակը, կը փորձէ կարդալ ու չի յաջողիր: Ուստի կը յանձնէ զայն Վրացեանին, որ իր կարգին չի կրնար կարդալ, ապա ձեռք կ՚առնէ Տէր Դաւթեան, որ նմանապէս կը ձախողի:
— Մէկ ճար կը մնայ , — կ՚եզրակացնէ Ռոստոմ, — պէտք է հեռագրել Դրոյին, որ գայ ու ինքը կարդայ իր գրած նամակը:
Տէր Դաւթեան քիթին տակէն կը ծիծաղի:
— Ինչո՞ւ կը ծիծաղիս, — կը հարցնէ Ռոստոմ շուարած:
— Օգուտ չունի գալը, որովհետեւ ի՛նք ալ չի կրնար կարդալ գրածը…
* * *
Դրոյի մէկ ոտքը Ճեմարան էր միշտ, իսկ միւսը ամեն տեղ էր, ուր հայ կար՝ Պուրճ-Համմուտ, ուր երբեմն դասախօսութիւն ալ կու տար, Անճար, ընդհուպ մինչեւ Հալեպ, Քամիշլի եւ շրջանները, ուր ձեւը կը գտնէր զինավարժութեամբ ալ զբաղելու «բալիկների հետ»: Անոր կը վերագրուէին ուրիշ բաներ եւս, որոնք սակայն մեր «գլուխէն վեր» հարցեր էին եւ մեզի ըմբռնելի չէին: Մեզի համար ան բազմաթիւ թուրք, ռուս ու հայանուն ոսոխներու ահաբեկիչն էր, աւելի ուշ՝ կամաւորական երկրորդ գունդի հրամանատարը՝ զօրավարի աստիճանով, օգնական ունենալով Արմէն Գարոն, որ 1915-ին հասաւ մինչեւ Վան ու Արճէշ, իսկ երեք տարի ետք պաշտպանեց Բաշ-Ապարանի ճակատը՝ թրքական հորդաներուն դէմ:
Անողոք հիւանդութիւնը ստիպեց այս պողպատակուռ մարդը, որ 1956-ին անակնկալօրէն հեռանայ Լիբանանէն, ուր այնքան լիացած կը զգար ինքզինք, դարմանում մը գտնելու համար Միացեալ Նահանգներու մէջ, ուրկէ ա՛լ չկրցաւ վերադառնալ:
(Շարունակելի)
ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1) Նախաճաշակ մը ունենալու համար, թէ ի՛նչ որակ ունէին անոր յօդուածները, կը թելադրեմ կարդալ Արփիարեանին նուիրածը («Հայրենիք», սեպտեմբեր 1931, էջ 79-96):
2) Ծնած է Շամախի, Պաքուի մօտիկ, 1885-ին:
3) Զարեանի կտակը. «Իմ գրած վէպը այն է, ինչ որ տպուած է արտասահմանում և իմ մահից յետոյ, երբ արտատպեն, թող միանգամայն անտեսեն երկրորդ հրատարակութիւնը»:
4) Մարկ Նշանեան չի վարանիր «պատանդ» անուանելու զայն: