ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒԻ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՍ (2)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
– Դ –

Հայոց լեզուի մեր նոր դասագիրքը Բենիամին Թաշեանի «Հայկարան»-ն էր, որ այդ նոյն տարին մուտք գործած էր Լիբանան ու յատկապէս Ազգային վարժարանները` փոխարինելով մինչ այդ օգտագործուող «Արագած»-ի հոյակապ շարքը, որուն հեղինակներն էին Օննիկ Սարգիսեանը եւ Սիմոն Սիմոնեանը:
Մեր լաւ օրերն էին, եւ Հայոց լեզուի դասագիրքերը կը վխտային. գրեթէ ամեն համայնք ու գաղութ ունէր իր դասագիրքը:Ընթերցարանին կողքին սովորաբար քերականութեան գիրք մըն ալ կ՚ունենայինք, բայց ահա նոր դասագիրքին հետ չունեցանք զայն:
— Պարո՛ն, քերականութեան ի՞նչ գիրք պիտի առնենք, — հարցուց օր մը Դանիէլ Մածունեան, որուն հոգերուն վերջինն էր քերականութիւնը:
— Պարապ բաներու ժամանակ չունիմ, — յայտարարեց նոր տնօրէնը:
Ի՜նչ լաւ, մեր ուզածն ալ ճիշդ ա՛յդ էր, որ քերականութիւն չընէինք: Եւ այդպէս ալ Աբգարեանը աւարտեցինք… առանց քերականութեան գիրքի եւ կանոնները սորվելու պարտաւորութեան: Ինչպէ՜ս չես սիրեր այդպիսի ուսուցիչ մը:
Միւս կողմէ՝
Ծառուկեան թէեւ չէր կտրուած ընթերցարանէն, սակայն անկէ դուրս հատուածներ եւս սովորաբար կը մտնէին դասարան: Կը յիշեմ, որ երբեմն չկազմուած պրակներ հետը կը բերէր՝ տպարանի մելանին թարմ հոտը վրան ու անոնցմէ էջեր կը կարդար մեզի. ասոնք պէտք է ըլլային «Նայիրի»-ի հերթական թիւերէն մէկը կամ հատուած մը «Թուղթ առ Երեւան»-էն, որ շարունակ կը վերահրատարակուէր, բայց նաեւ այլ գիրքերէ, ինչպէս «Մանկութիւն չունեցող մարդիկ»-ն էր, որ հեղինակը ճամբուն վրայ տպարանէն առած ու հետը բերած կ՚ըլլար: Այնքան լաւ կը կարդար ու կը վերլուծէր այդ հատուածները, որ մենք դժուար կը սպասէինք ամբողջական բնագրերու լոյսընծայումը, որպէսզի լման կարդայինք զանոնք:
Յատուկ թովչանք մը ունեցաւ մեզի համար մասնաւորաբար «Թուղթ առ Երեւան»-ը, ոչ այնքան իր ազգային-գաղափարական բովանդակութեան թռիչքներով ու թելադրանքներով, — որոնք տակաւին անմատչելի էին մեզի, — որքան իր գրողական առինքնող ու կախարդիչ ոճով ու հնարքներով, եւ այս՝ իր առաջին տողերէն.
«Այս ուշ գիշերին,
«Աշնան տխրամած հողմերի միջով
«Ու բարակ մաղուող անձրեւների տակ
«Գնում է ահա մի մտամոլար
«Ու հիւանդ տղայ…»:
եւ անոր մինչեւ վերջին տողերը՝
«Հէ՜յ ջան Երեւան,
«Մշուշներու մէջ կորսուած իմ եար»…
Ուղղակի ելետրականացած էինք: Կարծես մոգական գաւազան մը մեր էութեան ծալքերուն վրայ տառ առ տառ դրոշմած էր այս տողերը, եւ կը կրէինք զանոնք իբրեւ երկրորդ բնութիւն: Այդ մտամոլար ու հիւանդ տղան, տղանե՛րը՝ մե՛նք էինք կամ մանաւանդ յամառ ջանադրութեամբ կը փորձէինք… ըլլա՛լ: Կաղութեան հմայքը ի՛ր կարգին, հիմա ալ կը փորձէինք… մոլորիլ ու հիւանդանալ, որպէսզի ուշ գիշերներուն անցնէինք «աշնան տխրամած հողմերուն» մէջէն՝ արհամարհելով «բարակ մաղուող անձրեւները», հասնելու համար «մշուշներուն մէջ կորսուած մեր եարին…», որուն ո՛վ ըլլալը եւ ո՛ւր գտնուիլը առեղծուած մըն էր տակաւին:
Բայց ահա մեր չար բախտէն չէինք հիւանդանար, եւ այնպէս ալ այդ խոստմնալից հողմերն ու մշուշները կը մնային մեզմէ հեռու՝ անհասանելի երազ մը:
Պատանի էինք:

* * *

«Թուղթ առ Երեւան»-ը շուտով դարձաւ բարձի գիրքս, ճշմարիտ դասագիրք մը, որմէ երկար հատուածներ կրնայի գոց արտասանել, ինչպէս կ՚արտասանեմ մինչեւ հիմա ալ: Այս սիրով վարակուեցաւ հայրս ալ, որ միշտ ընթերցասէր եղած է եւ որուն համար յայտնութիւն մը եղաւ այդ գրքոյկը, եւ յափշտակութեամբ կը կարդար ու կը վերակարդար զայն: Ինք եւս կարգ մը հատուածներ գոց սորված էր անկէ:
Առաւօտները մեր տան մէջ առաջին արթնցողը միշտ հայրս էր, որ կ՚ածիլուէր, կը լուացուէր եւ նախաճաշ կը պատրաստէր: Եւ մինչեւ թէյին ջուրը եռար, կը սիրէր երգել, իսկ ես, որ ընդհանրապէս երկրորդ արթնցողը կ՚ըլլայի, անկողինիս ջերմութեան մէջ յուլօրէն ծուարած ու աչքերս փակ, հեշտանքով մտիկ կ՚ընէի, կը վերլուծէի, այլեւ կ՚ըմբոշխնէի անոր երգերուն իւրաքանչիւր բառը: Քանի՜-քանի՜ երգեր սորված եմ այս ճամբով ու մանաւանդ սորված եմ սիրել երգը:
Խորհրդապահաբար խոստովանիմ նաեւ,— ու մեր մէջ մնայ,- որ մինչեւ հիմա ալ կ՚երգեմ…երբ հաստատեմ, որ ինքնամեկուսացած եմ եւ զիս մտիկ ընող չկայ:
Հօրս բազմաթիւ երգերէն ամենէն աւելի տպաւորած է զիս «Անուշ»-ի վիրաւոր Սարոյի վերջին հատուածը, որուն աւարտին՝ ան անմտօրէն զոհ պիտի երթար անխոհեմ Մոսիի վրիժառու գնդակին.
«Ա՜խ, կը մեռնեմ, ամա նա՜
«Վա՜յ թէ յանկարծ իմանայ»…
Հասնելով այս կէտին՝ հօրս ձայնը կ՚երկարէր, կը ստանար զարմանալի թրթիռ մը ու բոլորովին նոր երանգ մը, որ խորապէս վարակիչ էր. կը զգայի, թէ որքա՜ն կը յուզուէր ան ու կը յուզէր զիս եւս: Եւ անկէ ետք այլեւս չէի կրնար մնալ անկողինիս մէջ, որ նեղ կու գար ինծի, ու կը թուէր, թէ պիտի խեղդուէի: Մեքենաբար կ՚ուղղուէի խոհանոց, ուր կ՚ուզէի յականէ ստուգել հօրս ներկայութիւնը եւ անկէ ետք էր միայն, որ կը հանգստանայի:

* * *

Եւ ահա օր մըն ալ նկատեցի, որ հայրս ա՛լ չէր երգեր, այլ բարձրաձայն ու արտայայտիչ կ՚արտասանէր «Թուղթ առ Երեւան»-էն հատուածներ: Եւ միայն չէր արտասաներ, այլեւ տեղին համեմատ «կը սրբագրէր» կամ «կը վերաշարադրէր» չհաւնած տողերը. կը յիշեմ ասոնցմէ մէկը, որ հետեւեալն էր.
«Օ՜, Գէո՛րգ Աբով, ամեն բան չափով»…
Բնագիրին մէջ բազմիցս կրկնուած էր «՜Օ Գէորգ Աբով» կոչականը, այդ մէկը լա՛ւ գիտէի, սակայն «ամեն բան չափով» չկա՜ր, բայց հայրենի բանաստեղծը իր յարձակումներուն մէջ այնքան առաջ գացած էր, որ հայրս, — կուսակցական մասնաւոր հակում չունենալով հանդերձ, — անտեղի չափազանցութիւններ կը գտնէր Գէորգ Աբովի քերթուածին մէջ եւ հարկ կը տեսնէր սաստելու զայն, որ քիչ մը զսպէր իր լեզուն, չափ ու սահման մը դնէր իր մտքի ու երեւակայութեան թռիչքներուն, բայց նաեւ՝ ճնշիչ ամբաստանութիւններուն:
Այլ խօսքով՝ «ամեն բան չափով…»:
Հապա՞…

* * *

Փակագիծ մը.
1980-ի ամառը Ս. Ղազար այցելեցի:
Հիւրերը քարափին վրայ ընդունեց օրուան աբբահայրը՝ հոյակապ մխիթարեան մը, որ հայր Ներսէս Տէր Ներսէսեանն էր:
Երբ բաւական մտերմացանք, ան յայտնեց, թէ քանի մը օր առաջ իրենց մէջ կը գտնուէր Գէորգ Աբովը.
— Երեք օր առաջ գայիք՝ կը տեսնէիք զինք, — ըսաւ ազնիւ ափսոսանքով մը:
Անշուշտ ես անձամբ մասնաւոր հետաքրքրուած չէի Աբովով, այսուհանդերձ շահեկան պիտի ըլլար տեսնել այն մարդը, որուն մէկ բանաստեղծութիւնը գրգիռ հանդիսացած էր, որ Ծառուկեան գրէր «Թուղթ առ Երեւան»-ը:
Հայր Ներսէս պատմեց ուրիշ բան մըն ալ:
Ուրեմն իր կեցութեան երկրորդ օրը՝ «կէս գիշերին», — ինչպէս շեշտեց հայր սուրբը, — Աբով կը ծեծէ իր դուռը եւ կը խնդրէ «Թուղթ առ Երեւանը»:
— Տարաւ եւ առտուան լոյսը չբացուած վերադարձուց զայն:
Ինչո՞ւ կէսգիշերին եւ ինչո՞ւ լոյսը չբացուած…
Ինչո՞ւ այս աստիճան գաղտնապահութիւն ու թաքնամտութիւն ցուցաբերած է Աբով, — անըմբռնելի մնաց օրին ու կը մնայ այսօր ալ:
Արդեօք կարելի՞ է մտածել, թէ ամեն խորհրդային քաղաքացի իր մէջ ունեցած է անբաժան հալածախտ մը, որ հիւանդագին զգուշութիւն կը թելադրէր իրեն:

* * *

Հիմա թոյլ տուէք, որ քիչ մը խախտելով գրողական արուեստի կանոնները, քիչ մըն ալ չարաշահելով ձեր համբերութիւնը, երկու խօսք ըսեմ հայր Ներսէսի մասին՝ չդիմանալով նման հաճոյքի մը փորձութեան, մանաւանդ որ ան «արժանի է գրոց յիշատակութեան»:
Ուրեմն ես զինքը ճանչցած եմ լեզուական այն երկար բանավէճերուն ընդմէջէն, որ ան մղեց 1960-ական թուականներուն «Յուսաբեր»-ի խմբագիր եւ «Թիւրն ու թերին»-ի հեղինակ Բենիամին Թաշեանի հետ: Անոնք բզկտեցին զիրար: Բայց եւ այնպէս իրենց ետին ձգեցին գերազանցապէս յանձնարարելի ու փայլուն էջեր:
Ուրեմն Ս. Ղազարի մեր էջքին՝ դիմաւորելով մեզ, ան առաջնորդեց դէպի գլխաւոր շէնքը: Մինչ այդ յայտնեց, որ կղզին ներկայիս չորս անգամ աւելի ընդարձակ է, քան 1717-ին, երբ Մխիթար աբբահայրը ստանձնած էր զայն:
Ապա հասանք վեց-եօթը աստիճան ունեցող սանդուղի մը.
— Կը նկատէ՞ք որքան հանգստաւէտ է այս սանդուղը՝ իր համաչափ ու ներդաշնակ հատուածներով, — դիտել տուաւ ան, — Մխիթար աբբահօր յղացումն է: Քանի-քանի օտար հիւրեր, երբեմն ճարտարապետներ, հիացումով արտայայտուած են անոր մասին:
Այս բոլորէն ետք մենք ալ անդրադարձանք, որ իրապէս շատ հանգիստ ու թեթեւոտն կը բարձրանայինք անոր աստիճանները:
Յետոյ պտտցուց թանգարանը, ուր դրուած էր եգիպտական մոմիա մը, — որմէ մեծ ճիգերով շեղեցի անչափահաս զաւակներուս ուշադրութիւնը, — ցոյց տուաւ մատենադարան մը կամ թերեւս անոր մէկ փոքրիկ թեւը միայն, ուր բոլորովին նոր կառուցուած ըլլալու տպաւորութիւն կը ձգէին տախտակեայ դարանները: Ապակիին ետեւէն կը տեսնուէր Լորտ Պայրընի մէկ հայերէն ձեռագիրը՝ ստորագրութեամբ հանդերձ: Ի դէպ, Պայրըն աւելի քան տարի մը հայերէն սորված է Ս. Ղազարի մէջ:
— Երկու տարի առաջ հրդեհ ծագեցաւ այստեղ, — բացատրեց, — բարեբախտաբար ձեռագրերը կարելի եղաւ փրկել թեթեւ մշակումով մը: Այս նոր դարանները հակահրդեհային են եւ նուէրն են ազգայինի մը:
Ապա ուղղուեցանք այն սրահակը, ուր միաբանները ճաշէն ետք կը հաւաքուէին, սուրճ կը խմէին ու կը զրուցէին: Եւ այսպէս կը շարունակէր…
Չեմ գիտեր ինչի՞ մասին կը խօսէր, երբ յանկարծ ընդհատեց խօսքը, նաեւ՝ քայլերը եւ աջ ձեռքին բաց ափը գլխէն վեր ճօճելով՝ ի խորոց սրտի ըսաւ.
— Ա՜՜՜խ այս կաթոլիկները…
Ես քիթիս տակէն կը ծիծաղէի. «Ասի ըսողը կաթոլիկ վարդապետ մը չէ՞ր…»:

* * *

1990-ականներու սկիզբն էր, անկախութեան առաջին տարիները, երբ հայ կաթողիկէները կ՚որոշեն հովուել հիւսիսային Հայաստանի կամ հարաւային Կովկասի հայ կաթողիկէները, որոնք բաւական շօշափելի թիւ մը ունէին:
Առ այս՝ Յովհաննէս Զ. պապը երեք հայ միաբաններու անուանացանկ մը կը ներկայացնէ Վազգէն Ա-ին՝ խնդերլով, որ ընտրէ անոնցմէ մէկը՝ իբրեւ առաջնորդ:
Եւ Վազգէն վեհափառին ընտրութիւնը կը կեդրոնանայ հայր Ներսէս տէր Ներսէսեանի վրայ, որ այն օրերուն արդէն արքութեան աստիճան ունէր:
Այսպէս է, որ ան կը ձգէ Ս. Ղազարը ու կը հաստատուի Հայաստան՝ Գիւմրի, ուր եւ մահացաւ 2006-ին:

– Ե –

«Թուղթ առ Երեւան»-ը թափանցած էր ժողովրդային գրեթէ բոլոր խաւերուն մէջ: Ես կը յիշեմ կօշիկի արհեստանոցի մէջ, — ուր ազատ ժամերուս աշկերտութիւն կ՚ընէի, որպէսզի վարձած վէպերուս ծախսը հոգայի, — վարպետ մը, որ, կաշիներու կոյտի մը գագաթը թառած, բարձրաձայն «Թուղթ առ Երեւան» կը կարդար, իսկ քանի մը տասնեակ արհեստաւորներ եւ անոնց աշկերտները յափշտակուած մտիկ կ՚ընէին՝ մերթ ընդ մերթ ընդմիջելով՝ լուսաբանելու համար բառ մը, միտք մը, պատմական իրողութիւն մը, որոնք բոլորին մատչելի չէին:
Իսկ «Նայիրի» շաբաթաթերթը կը վայելէր համաժողովրդական նոյն համակրանքը, եւ մարդիկ անհամբեր կը սպասէին անոր լոյսընծայման օրը, ժամը, շուկայ հասնելու պահը: Շատ պատահած է, որ ուրբաթ կէսօրէ ետք ժամը 6-ին, Արաքս թաղի մուտքին, գրավաճառ Նուպարի առջեւ թերթ սպասեմ, եւ ինծի հետ ուրիշներ ալ: Շատերուն համար «Նայիրի» կարդալը, աւելի քան որեւէ այլ գրականութիւն, վարկի ու ճաշակի չափանիշ էր ձեւով մը, եւ սովորական երեւոյթ էր փողոցը հանդիպիլ անցորդներու, որոնք անոր մէջը թաղուած երթային իրենց ճամբան կամ զայն ծալած ցուցականօրէն բաճկոնին գրպանը դրած քալէին՝ անունը տեսանելի դիրքով:
Իր գոյութեան ողջ տեւողութեան ան ոչինչ կորսնցուց իր հմայքէն եւ շարունակեց մնալ գուրգուրանքի նոյն առարկան մինչեւ իսկ պատերազմի ամենադաժան տարիներուն: Չտոկացողը ի՛նք՝ Ծառուկեանը, եղաւ, որ ի վերջոյ լքեց ամեն ինչ ու հեռացաւ գաղութէն, — շատ զարմացնելով իր բարեկամները այս անակնկալ որոշումին առթիւ, — հաստատուելու համար Ֆրանսա ու այնտեղ ալ կնքելու համար իր մահկանացուն՝ գրեթէ անտեսուած ու մոռցուած:
Ինչ որ սակայն ամենէն աւելի ժողովրդականացուց Ծառուկեանը՝ եղան անոր կազմակերպած գրական վճարովի դասախօսութիւնները, որոնց ակնարկած է ան իր յուշերուն մէջ եւս եւ որոնց ծննդոցին ու ընթացքին մենք ականատես վկաները եղած ենք օրին:
Կը թուի, թէ վարչութիւնը այն սրահին, ուր տեղի պիտի ունենային այդ դասախօսութիւնները, թելադրած էր իրեն՝ հեռու կանգնիլ նիւթական ակնկալութիւն սնուցելու ցնորական գաղափարէն.
— Եղբա՛յր, աչքդ սիրեմ, մենք ձրի դասախօսութիւն կը կազմակերպենք՝ եկող չկայ, դուն վճարովի՞ պիտի բերես զանոնք, տեսնուած բա՞ն է, ո՞ւր կ՚ապրինք կոր, — զգուշացուցած կ՚ըլլան անոնք «իրապաշտօրէն» ու սրտցաւօրէն:

* * *

Այսուհանդերձ Ծառուկեան հաստատ կը մնայ իր որոշումին վրայ, եւ գրական այդ դասախօսութիւններու շարքը տեղի ունեցաւ աննախընթաց ու աներեւակայելի յաջողութեամբ, քաղաքակրթական ամենաբարձր որակով, կազմակերպութեամբ ու ճաշակով, ուր արեւմտահայը սկսաւ գառնուկի պէս վճարել գրական երեկոյթի մը վայելքը ունենանլու համար ճիշդ այնպէս, ինչպէս կը վճարէր շարժապատկերի սրահ, թատրոն կամ ճաշարան յաճախելու համար, եւ առաջին զարմացողները արդարօրէն կ՚ըլլան զինք այնքան սրտցաւ զգուշացնողները:
Հայոց պատմութեան մէջ չգրուած էջ մըն էր այս:
Եւ այդ սխրանքը գործուեցաւ Պուրճ-Համմուտի մէջ:
Կրնա՞ր տարբեր ըլլալ…

Դասախօսութիւնները տեղի կ՚ունենային յորդուն սրահներու մէջ, ուր յաճախ պէտք կ՚ըլլար յաւելեալ աթոռներ բերել պահեստէն: Անոնք կը շօշափէին ընդհանրապէս գրական, բայց նաեւ պատմական, մշակութային այլազան նիւթեր:
Դասախօսները տեղացի մտաւորականներ էին՝ գրողներ, ուսուցիչներ, խմբագիրներ, ազգային ծանօթ դէմքեր, այլ խօսքով՝ գլուխները լեցուն եւ գրպանները պարապ մարդիկ: Խօսողները ընդհանրապէս մէկ, հազուագիւտ երկու հոգի կ՚ըլլային, որոնք կը խլէին մօտաւորապէս մէկ ժամ: Փակումը անպայման ինքը՝ Ծառուկեանը, կը կատարէր՝ իր կարգին խլելով մօտաւորապէս 3-5 վայրկեան, եւ գրասէրները կը մեկնէին լաւագոյն տրամադրութեամբ՝ երբեմն փողոցին մէջ, այստեղ-այնտեղ կազմելով փոքրիկ խումբեր եւ իրարու փոխանցելով ստացուած տպաւորութիւն մը կամ աշխուժօրէն բանավիճելով ինչ-որ տեսակէտի մը շուրջ:
Մենք անշուշտ օրին չէինք կրնար իմանալ այն բոլոր մանրամասնութիւնները, որ Ծառուկեան ինք հետագային հայթայթած է իր յուշերուն մէջ , ինչպէս հետեւեալը. ուրեմն այդ դասախօսութիւններու եկամուտով կարելի դարձած է օրուան բանախօսին վճարել այնպիսի գումար մը, որ կը համապատասխանէր անոր մօտաւորապէս մէկ լրիւ ամսականին, վճարել նաեւ սրահին վարձը եւ յարակից մանր-մունր ծախսեր, եւ ի վերայ այսր ամենայնի՝ «կոկիկ գումար» մըն ալ ձգել «Նայիրի»-ի գանձանակը, որ սովորաբար միշտ պարապ կ՚ըլլար:

Կը յիշեմ յատկապէս անոնցմէ մէկը, որ նուիրուած էր Մատթէոս Զարիֆեանին:
Զարիֆեան ընդհանրապէս անծանօթ եղած է լիբանանահայուն մինչեւ 50-ական թուականները, երբ անոր՝ գաղութս հաստատուած քոյրերը՝ Լիւսի Թոսպաթն ու Սիրան Զարիֆեան-Սեզան, եւ քեռաղջիկը՝ Եոլանտ Աճեմեանը, ձեռք-ձեռքի տուած հրատարակեցին անոր մէկ շքեղ հատորը՝ խմբագրութեամբ Վահէ-Վահեանի. ան կ՚ընդգրկէր բանաստեղծութիւնները, արձակ էջերը, նամակներն ու օրագրութիւնը: Միւս կողմէ՝ գրեթէ միաժամանակ «Հայկարան»-ի շարքերուն մէջ երեւցան անոր կարգ մը գրութիւնները, մասնաւորաբար «Երկու աւերակները» գլուխգործոցը, որ շուտով իւրացուեցաւ հանրութեան կողմէ եւ դարձաւ մեր բեմերու զարդը:
Ահա այս մթնոլորտին մէջ է, որ անոր յատկացուեցաւ «Նայիրի»-ի հերթական դասախօսութիւնը, որուն մանրամասնութիւնները լրիւ մոռցած եմ, բացի մէկէն, որ շատ խոր դրոշմուած է յիշողութեանս մէջ:
Ուրեմն օրուան դասախօսը աւարտած էր իր խօսքը, երբ դանդաղօրէն ու կաղ ոտքը յուշիկ քարշ տալով բեմ բարձրացաւ Ծառուկեան: Պահ մը լռեց, ինչպէս սովորութիւնն էր ամեն խօսք առնելէ առաջ, եւ իրեն յատուկ աննշմար ու խորամանկ քմծիծաղովը՝ գոհունակ ակնարկ մը նետեց սրահը յորդեցնող ունկնդիրներուն վրայ, որոնք անհամբեր էին լսելու իր «հուսկ բանքը». եւ ինք գիտէր, որ այդ այդպէս էր: Ապա հանգիստ սկսաւ՝ քանի մը բառով լարելով ու գրաւելով ներկաներուն ուշադրութիւնը ու հետզհետէ հասաւ տեղ մը, ուր ան մեր բանաստեղծները հերթով նմանցուց զանազան խմիչքներու, մէկը՝ օղիի, միւսը՝ ուիսքիի, ուրիշ մը՝ գինիի, չորրորդ մը՝ կոնեակի, հինգերորդ մը գարեջուրի, — որոնց բոլորին քաջածանօթ էր անշուշտ իր քիմքը, — իսկ գալով Զարիֆեանին…
Ունկնդիրները սկսան տարակուսիլ եւ իրարու երես նայիլ՝ հարցական նայուածքով մը, թէ այլեւս որեւէ խմիչք չմնաց աշխարհի վրայ, հապա ինչի՞ պիտի նմանցուի մեր հէգ Զարիֆեանը:
Այս մտմտուքին մէջ էին ներկաները, երբ՝
— Մատթէոս Զարիֆեան հայ քնարերգութեան զուլալ ու սառնորակ ջո՛ւրն է, — եզրակացուց գոհունակ ու ինքնավստահ ժպիտով մը, որ կը լուսաւորէր անոր դէմքը ամեն անգամ, որ գրական-գեղարուեստական յաջող գիւտ մը ընէր:
Եւ ահա սրահը թնդաց խելայեղ ծափերու ուժգին որոտին տակ:
Այն օրը Ծառուկեան բեմէն իջաւ՝ հաւանաբար այնքան յաղթական, որքան Տը Կոլ անկէ քանի մը տարի առաջ մուտք կը գործէր նացի գրաւումէ ազատագրուած Փարիզի Concorde հրապարակը:

– Զ –

Ծառուկեանի մանկավարժական մեթոտը կը կայանար մեզ շատ խօսեցնելու եւ շատ գրել տալու մէջ, հաւանաբար այս տեսակէտէն ան կը հետեւէր Շանթի սկզբունքին, որ կ՚ըսէ. «Խօսիլը խօսելով կը սորվինք, գրելը՝ գրելով»: Որքա՜ն պարզ ու իմաստուն սկզբունք, որ հիմա այնքան ալ հետեւորդներ չունի կարծես, վասնզի մասնաւորաբար գրել տալու սովորութիւնը սկսած է դուրս ձգուիլ մեր դպրոցներէն, ուրկէ ապագայ ուսուցիչները, խմբագիրները, քարտուղարները եւ ուրիշներ կը վկայուին առանց հայերէն շարադրած ըլլալու: Ուսուցիչները ժամանակ չունին սրբագրելու, իսկ աշակերտները սիրտ չունին գրելու:
Միւս կողմէ՝ ան կը քաջալերէր արտադպրոցական ընթերցումը՝ թելադրելով ու հայթայթելով ընթերցանութեան նիւթեր: Եւ իրօք ալ կարճ ժամանակի մը մէջ մեզմէ շատեր սկսան գիրք կարդալու համը առնել:
Քանի մը ընկերներ կը կարդայինք ոչ միայն ուսուցիչին նշանակած գրականութիւնը, այլեւ… քիչ մը ուրիշ բաներ եւս, որոնց մատակարարը այն տարիներուն զանազան գրատուներն էին:
Ասոնց առաջինն էր Նոր Հաճըն աւանի Սամի Կարոն, որ… սափրիչ էր ասպարէզով, եւ սակայն իր փոքրիկ խանութը լեցուցած էր գիրքերով: Հերթական յաճախորդը կու գար սափրուելու, եւ Սամի Կարօ մէկ կողմէ անոր մազը կը կտրէր կամ մօրուքը կ՚ածիլէր, միւս կողմէ կը կատարէր գրական խորաթափանց ու հմուտ վերլուծումը գիրքի մըն ալ, մինչեւ որ համոզէր ենթական, որ անպայման կարդայ զայն, եւ կը յաջողէր. յաճախորդը կը հեռանար գիրքով մը: Իսկ եթէ պատահէր, որ իր զբաղած պահուն ուրիշ յաճախորդ մըն ալ մտնէր, «Դուն սա գիրքին աչք մը նետէ մինչեւ գործս վերջացնեմ», — կը յանձնարարէր, եւ ան «աչք մը կը նետէր» ու այնքան կը խորանար, որ քիչ ետք իր կարգը կը մոռնար՝ թաղուած մնալով ընթերցանութեան մէջ. Սամի Կարօ քիթին տակէն գոհունակ կը ծիծաղէր՝ կարթին ծայրը թպրտացող ձուկ տեսնող ձկնորսին պէս: Եւ քիչ ետք, երբ գործը կ՚աւարտէր, ան ալ ի՛ր կարգին գիրք մը առած կը մեկնէր: Ոմանք չէին վարաներ «Սամի Կարօ ընթերցարան» կոչելու անոր… «հաստատութիւնը»:
Նոր Հաճընը իր մտաւորական գերակայութիւնը մասամբ կը պարտէր Սամի Կարոյին, մնացեալը պարտելով Սահակեան միջնակարգ վարժարանին եւ ասոր տնօրէնին՝ Բենիամին Ժամկոչեանին, որ իր ժամանակին միակ լիբանանահայ վկայեալ մանկավարժն էր՝ լծակից ունենալով իր դասընկերը՝ Սեդրակ Զաւէնը՝ երկուքն ալ պսակաւոր Խարբերդի Գերմանական ճեմարանի մանկավարժական բաժանմունքէն:
Երկրորդ մը կը գտնէինք Հաճընէն քիչ մը անդին, բժ. Չորպաճեանի դարմանատան անկիւնը, երրորդ մը՝ Սիմոն Հովիւեանը, Նոր Մարաշի մուտքին:
Սակայն ահա մեր շրջապատին մէջ, Ծերանոցի ճամբուն վրայ, հաստատուեցաւ կամ թերեւս մենք նոր յայտնաբերեցինք չորրորդ մը՝ Գոբուշեանը, որ իր գիրքերուն քանակով ու տեսականիով կը գերազանցէր միւս բոլորը:

* * *

Այո՜, գիրք վարձու տուողները կը վխտային, սակայն կը վխտայինք ընթերցողներս ալ, որ երբեմն երկուքով, նոյնիսկ երեքով կը կարդայինք նոյն գիրքը: Այսպէս էր կարգը, քանի մէկ կողմէ՝ անձնական գրադարան ունենալու մշակոյթը տակաւին մուտք գործած չէր մեր բարքերուն մէջ, միւս կողմէ՝ մարդիկ գիրք գնելու համար բաւարար դրամ ալ չունէին: Եւ ինչո՞ւ գնէինք, երբ 25 դահեկանով (8 սենթ) կարելի էր որեւէ գիրք կարդալ ու վերջ:
Մանաւանդ որ ամեն ինչ կը գտնէինք Գոբուշեանի քով. հայ գրողներու գործերու լայն հաւաքածոյէն բացի անոր քով կը գտնէինք եւրոպական ողջ գրականութիւնը՝ իր բոլոր ենթատեսակներով՝ հայերէն թարգմանուած: Մինչեւ հիմա ալ չեմ կրցած ըմբռնել, թէ ովքե՛ր եղած էին եւ ե՛րբ այդքան գրականութիւն թարգմանողները: Շատ խոր տպաւորած է զիս «կ՚Արգոս»-ը, որ թարգմանիչի մը ծածկանունն էր. Աստուա՜ծ իմ, ո՞վ կրնար ըլլալ այս առասպելական հայը, որ այսքան գիրք թարգմանած էր, ո՞ւր եւ ե՞րբ հասցուցած էր այդ բոլորը ընել:
Եւ ինչե՜ր ըսես չկային Գոբուշեանի գրացանկին մէջ. մէկ կողմէ՝ «Թշուառները», միւս կողմէ «Փարիզի գաղտնիքները», ասդին՝ «Երեք հրացանակիրները», անդին՝ «Նիւ Եորքի գաղտնիքները», Շուշանեանի ու Ալեքսանդր Տիւմայի վէպերը, առանց մոռնալու «Քամելիազարդ կինը», «Մանոն Լեսքո»-ն, «Փերայի գեղեցկուհին», «Հառաչանքի կամուրջը», «Վրէժ» (չորս հատոր), «Թափառական հայը», «Թափառական հայու որդին», «Աւազակապետը», «Վանականը» եւ, եւ, եւ…
Ցանկը շատ երկար էր, մեր ախորժակը՝ անսահման:
Սակայն քսակները… պարապ:
Իւրաքանչիւր հատորի համար շաբաթական 25 դահեկան վարձը այնքան ալ դիւրին ճարելի գումար մը չէր: Բայց ահա մեր բերնէն կտրելով ընթերցանութեան կը յատկացնէինք զայն: Սակայն այստեղ ալ անլուծելի հարցեր կը ծագէին: Ես երկու, առաւելագոյնը երեք օրէն կը յաջողէի աւարտել հատորի մը ընթերցումը եւ իսկոյն կը ներկայանայի պարոն Գոբուշեանին, որ մանրկեկ, շատ պզտիկ աչքերով մարդ մըն էր, գլխուն վրայ ամառ-ձմեռ կը կրէր հնամաշ ու ճմռթկուած bռret մը, իսկ դէմքին վրայ միշտ ունէր գոհունակ արտայայտութիւն մը, որուն գաղտնիքը չէինք ըմբռներ:
Ան սիրալիր կը դիմաւորէր մեզ, կը փորձէր ժպտիլ ալ, կը քաջալերէր իմ եւ նմաններուս ընթերցասիրութիւնը, կը հետաքրքրուէր յաճախուած դպրոցով, հայերէնի ուսուցիչին անձով ու այլ մանրամասնութիւններով: Կարդացուած գիրքը կը ստանձնէր ու ինք կը թելադրէր, թէ «հիմա, անկէ ետք, ի՛նչ գիրք պէտք է կարդայինք», եւ հմուտ վաճառականի պէս վար կը բերէր զայն դարաններէն մէկուն վրայէն, այն անթիւ դարաններուն, որոնք վերէն վար կը ծածկէին բնակարանի սենեակներուն ու անցքերուն բոլոր տեսանելի պատերը՝ յորդելու աստիճան:
Չէր վարաներ երբեմն ալ եսդ շոյելու.
— Այս գիրքը ամեն մարդու չեմ տար, բայց քեզի կու տամ կոր…
Այս բոլորը շատ լաւ էին, բայց կար… մնացեալը՝ ամենէն դժուարը:
Ան տոմարը կը բանար, մարգարտաշար ձեռագիրովը հատիկ-հատիկ կ՚արձանագրէր նոր գիրքին անունը, ապա եգիպտական քուրմի մը պէս անշարժ կը նայէր աչքերուդ եւ կը սպասէր… որ վերստին վճարես:
— Բայց, պարո՛ն Գոբուշեան, չէ՞ որ երկու օր առաջ վճարեցի:
— Այո, տղա՛ս, — կը պատասխանէր քնքշութեամբ, գոգցես(*)՝ կարեկցանքով, — բայց ան միւս գիրքին համար էր, այս մէկը նոր է, պէտք է ասոր համար ալ վճարես: Եթէ կ՚ուզես, տա՛ր նոյն գիրքը եւ երեք-չորս օրէն վերադարձու՛ր, իրաւունքդ է, առարկութիւն մը չունիմ…
Որքա՜ն վեհանձն էր:
Կարդացուած գիրքը տանէինք՝ ի՞նչ ընէինք եւ յետոյ՝ երեք-չորս օր ինչպէ՞ս մնայինք առանց կարդալու: Եւ ահա գառնուկի պէս կը վճարէինք 25 մը եւս, ինչ որ բոլորովին կը սնանկացնէր մեզ՝ զրկելով այնքան երազուած կարկանդակէ մը կամ պաղպաղակէ մը, որոնք դժուար կը ճարուէին այն օրերուն, ա՛լ չեմ ըսեր շարժապատկերէ, որուն երեսը չէինք կրնար տեսնել:
Ասով հանդերձ՝ թող հոգին լոյսերու մէջ պառկի:
Հակառակ այդ բոլորին՝ հայոց լեզուի ինքնուրոյն ուսուցիչ մըն ալ ի՛նք եղաւ, նախ շնորհիւ իր անհամար գիրքերուն, ապա այն ցուցմունքներուն, որ կու տար, եւ վերջապէս այն հազարումէկ պատմութիւններուն, որոնք կը վերաբերէին իր կեանքի անցած-գացած տարիներուն եւ հիմա հաճոյքով, մեծ ընկերոջ մը համբերութեամբ ու գորովով կը պատմէր մեզի՝ «ի պէտս զառածելոցս», որպէսզի «բան մը սորվիք», — ինչպէս կ՚եզրակացնէր զգալի գոհունակութեամբ ու համոզումով:

(Շարունակելի)

Պէյրութ

*) Գոգցես — Համարեա՛ թէ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *