ՇՈՂԵՐ ՃԵԼԼԱՏԵԱՆ ՏԱՆԱՏԵԱՆ
1983-ին Անդրանիկ Ծառուկեան իր ծննդեան 70-ամեակի առթիւ Հալէպի մէջ հալէպահայութեան մասին ըսած է.
Հալէպահայութիւնը, Ֆիզիքական առումով, որքան ալ նուազի, որքան ալ պակսին թիւերը, արմատը կը մնայ: Ես համարած եմ, խորունկ գիտակցութեամբ, որ հալէպահայութիւնը ամբողջ սփիւռքի ծաղիկն է:
Եթէ սփիւռքահայութիւնը նմանցնենք համեղ, անոյշ պտուղի մը, այդ պտուղին կորիզը, այդ պտուղին առաջին հունտը Հալէպ քաղաքը եղած է եւ կը մնայ: Կրնամ ըսել, որ այսօր սփիւռքի զանազան կեդրոններուն մէջ դիրք ունեցող, ազգային, գրական, կուսակցական դեր կատարող մարդոց իննիսուն առ հարիւրը ելած են Հալէպէն:
Քորոնա ժահրի համաճարակին պատճառով մեզի պարտադրուած ինքնամեկուսացման այս արտասովոր օրերուն առօրեայ մեր ապրելակերպը ստացաւ նոր ընթացք, որուն դրական կողմերէն մէկն է աւելի առիթ ստեղծել՝ ընթերցելու մեր հարուստ գրականութեան գոհարները: Բարեկամուհիներէս մէկը, որ երկար տարիներէ ի վեր անձնուրաց ծառայող մը եղած է Համազգայինի գրադարանին, զանգած էր հարցնելու, թէ մեր ընթերցասէր ընտանիքին գիրքերու պաշարը ի՛նչ վիճակի է այս օրերուն, երբ գրադարանը փակ է, եւ գիրքեր փոխ առնելը՝ անկարելի: Կատակասէր եւ զուարճախօս իր բնաւորութեամբ՝ քանի մը ծիծաղ պատմեց ներկայ վիճակին եւ ընկերային հեռաւորութիւն պահելու մասին, ապա շարունակեց կատակելով. «Կրնամ աւելի մը կոթով գիրքերու տոպրակ մը դնել ձեր տան դրան դիմաց եւ փախչիլ»:
Յաջորդ օրը արդէն գիրքերուն տոպրակը հասած էր մեր տունը, ոչ թէ «աւելի կոթով», այլ նոյնքան ծիծաղելի այլ միջոցով՝ ձեռնոցներով եւ դիմակներով զգեստաւորուած: Զանազան գիրքեր բերած էր մեր սիրելի բարեկամուհին. Րաֆֆիի վէպեր, պատմուածքներու հատորներ, մանկական-պատանեկան գրքոյկներ եւ «Երազային Հալէպը»: Պատանեկութեանս շրջանին քանիցս հաճոյքով կարդացած էի այս գեղեցիկ գիրքը, բայց զգացի որ հիմա տարբեր մօտեցումով պիտի ընթերցեմ զայն: Չորս տարիէ ի վեր, Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին բերմամբ, բազմաթիւ սուրիահայ ընտանիքներու պէս, վերջնականապէս հեռացանք մեր սիրելի ծննդավայրէն՝ Հալէպէն, եւ հաստատուեցանք Գանատայի Թորոնթօ քաղաքը՝ սկսելու կեանքի նոր հանգրուան մը…
Իր կեանքին քառասունչորս տարիները Հալէպ ապրողի մը համար որքան իմաստալից պիտի ըլլար ընթերցել Ծառուկեանի Հալէպի յուշերը, ուր ան կը յիշէ թաղամասերու, շրջաններու, դպրոցներու եւ անհատներու անուններ, որոնք կը վերակենդանացնեն անցեալի օրերն ու կը թարմացնեն քաղցրալիր յիշատակներ: Ծառուկեան կը պատմէ, թէ յաճախած է Ազգային Հայկազեան վարժարան, այն դպրոցը, ուր անցուցած եմ ուսանողական կեանքիս առաջին ինն տարիները: Սուրբ Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող մանկապարտէզի դասարաններս կը յիշեմ մինչեւ այսօր. բողբոջ դասարանս կը գտնուէր այդ շրջափակին վերի յարկը, ուր կը բարձրանայինք մեր մանկական փոքրիկ քայլերով, խաւաքարտերու վրայ սորվելու Մեսրոպեան ոսկեղինիկ այբուբենի առաջին տառերը: Նախակրթարանի դասարանները մանկապարտէզէն կը բաժնէր պզտիկ բակ մը, ուր անցուցած եմ մանկութեանս ամէնէն ուրախ զբօսանքի պահերը:
Երբ Ծառուկեան կը պատմէր Հոգետունի իր յուշերէն, յիշեցի, թէ ինչպէ՛ս մեր դպրոցի օթոպիւսը ամէն առտու կանգ կŸառնէր նշանաւոր Սահէթ Ֆարհաթ կոչուող հրապարակին մէջ, ուր մեզի կը դիմաւորէր դպրոցին հայրիկը՝ զգուշօրէն հսկելու ամայի ու նեղ արահետներէն փոքրիկներուն երթին: Շատ արագ կը վազէինք, ծանր պայուսակները մեր կռնակներուն, շնչասպառ հասնելով դպրոց, ուր մեզի կը սպասէր երկրորդ հայրիկը եւ գլխու շարժումով մը կը պատասխանէր մեր «բարի լոյս»երուն:
Դպրոցի յառաջադէմ աշակերտուհիներէն էի, այս մէկը կը պարտէի նախ՝ մօրս խստապահանջ հետեւողականութեան, ապա թանկագին ուսուցիչներուս վաստակին: Փոքր տարիքէս բնածին սէր եւ համակրանք ունէի մայրենիիս հանդէպ եւ յաճախ կŸարժանանայի ուսուցիչներուս գնահատանքին ու քաջալերանքին: Անկասկած հայերէնաւանդ իւրաքանչիւր ուսուցիչ անզուգական տիպար մը դարձած էր ինծի համար եւ իր իւրայատուկ դրոշմը ձգած՝ առաւել ծաղկեցնելու այդ սէրս ու համակրանքս: Անմոռանալի տիպարներէն մէկն է վաստակաշատ ուսուցչուհիս՝ օրդ. Էմմա Ազարիկեանը, քանի սերունդներ դաստիարակած այն կրթական մշակը, որ յայտնի էր իր անխոնջ աշխատասիրութեամբ, պարտաճանաչութեամբ եւ անձնազոհ նուիրումով: Անոր համար հայերէնի դասապահը յաճախ բաւարար չէր. առաջին դասապահը սովորաբար կը սկսէր ժամը ութին, մենք պէտք էր ժամը եօթուկէսին դպրոց ըլլայինք՝ կէս ժամ առաջ սկսելու համար մեր աշխատանքը: Մեր օրիորդը ժամը եօթէն գրատախատակը ծայրէ-ծայր պատրաստած կŸըլլար հոլովումներու եւ խոնարհումներու աղիւսակներով, յաջորդին պարտաւոր էինք գոց ընել այդ բոլորը: «Շողական» դասագիրքի ընթերցումները եւ ուղղագրական հատուածները պէտք է կարդայինք եւ գրէինք նուազագոյնը՝ հինգ անգամ, եթէ կ՚ուզէինք գոհացնել մեր խստապահանջ ուսուցչուհին: Մաքուր հայերէն խօսիլը անհրաժեշտ էր. իր ներկայութեան կարելի չէր արաբերէն բառերով աղարտել անոր մաքրութիւնը, անմիջապէս կŸանդրադառնար եւ կը զգուշացնէր մեզ:
Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարան, սփիւռքահայութեան պատմակերտ ու հայակերտ այն ուսումնարանը, որ դարձած էր եւ է՛ հալէպահայութեան կեանքի մէկ խորհրդանիշը: Անոր շրջանաւարտները մեր ազգային կեանքին մէջ յաճախ նուաճումներ արձանագրած են ու ներդրում ունեցած հայութեան ու մարդկային կեանքի ծաղկումին համայն սփիւռքի տարածքին: Նախակրթարանիս մէջ ցանուած սերմերը սկսան ծլիլ եւ ծաղկիլ ճեմարանի միջնակարգի եւ երկրորդականի վեց տարիներուն, շնորհիւ փորձառու, հայագէտ ու նուիրեալ հայ ուսուցիչներուս: Աւարտական դասարանիս պատիւը ունեցած եմ աշակերտելու լեզուաբան, հայագէտ, բազմաթիւ գիրքերու եւ դասագիրքերու հեղինակ պարոն Յակոբ Չոլաքեանին, որուն դասապահերը մէյ-մէկ գրական հանդէսներ էին ինծի համար: Յաճախ կը նստէի առաջին կարգերուն՝ ուշի-ուշով հետեւելու ուսուցիչիս բացառիկ վերլուծումներուն: Ուղղագրութեան դասապահին անպայման պէտք է ամպիոն բարձրանայի՝ ուսուցիչիս «Ճելլատեան» հրահանգով. ինչպէս հայերէնի շատ մը ուսուցիչներ, ինքն ալ սովորաբար աշակերտները կը կանչէր իրենց մականուններով: Չէի գիտէր, թէ օր մը ես ալ պիտի ստանձնէի այս յանձնառու պարտականութիւնը եւ ուսուցիչիս պատրաստած դասագիրքերով դաստիարակէի նոր հայ սերունդներ:
Հակառակ անոր որ համալսարանական ուսումս շարունակեցի, մասնագիտանալով անգլերէն գրականութեանճիւղին մէջ, սակայն յարատեւ մարմաջ մը ունէի հետեւելու հայագիտականի դասընթացքներուն: Համալսարանը աւարտելէս ետք, յաջորդ տարին իսկ ընդունուած էի, որպէս հայերէնի ուսուցչուհի, Ազգային Զաւարեան վարժարանի նախակրթարան, ուր Ծառուկեան եւս պաշտօնավարած էր քանի մը տարիներ: Նոյն շրջանին իրականացաւ տարիներու երազս, եւ առիթը ունեցայ հետեւելու եւ աւարտելու Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի քառամեայ դասընթացքը: Զաւարեան վարժարանը դարձած էր երկրորդ տունս, իսկ սիրելի անձնակազմը՝ երկրորդ ընտանիքս: Երբեք չէի երեւակայեր, որ քսան տարի ետք, օր մը, կարելի պիտի ըլլար բաժնուիլ այդ ջերմ եւ սիրալիր կրթական օճախէն: Անկասկած որ կեանքը միշտ լեցուն է անկնկալներով, եւ մենք կամայ թէ ակամայ պէտք է հաւատանք այդ իրականութեան: Գիտակից էի, որ հայ ուսուցիչին դերը, որպէս սերունդներու դաստիարակիչ, կենսական է եւ յանձնառու: Անոր առաւել եւս գիտակցեցայ, երբ ես ալ պէտք էր կատարէի զայն:
Հայ լեզուն է, որ կը պահպանէ մեր գոյութիւնը եւ կը բիւրեղացնէ մեր ինքնութիւնը, իսկ հայ ուսուցիչն է, որ հայ լեզուի ուսուցումը կը նկատէ նուիրական կոչում: Երախտագիտական խօսքեր անբաւարար կը մնան հայ ուսուցիչներու անսակարկ նուիրման դէմ, անոնք կը մնան մայրենիի սրբազան պահապաններ, հայ անհատներ կերտողներ եւ աննկուն կամքով կը շարունակեն իրենց սուրբ առաքելութիւնը:
Ինչ կը մնար մարդկութիւնից, տէ՜ր աստուած,
Թէ չունենար ուսուցիչներ, դպրոցներ,
Ահա ինչու՝ ամբողջ հոգով եւ սրտանց,
Ուսուցիչներ, խոնարհւում եմ ձեր առջեւ:
Ամեն մարդ էլ… ունի սիրած ուսուցիչ,
Հանճարն անգամ … ուսուցիչ է ունեցել
Դուք՝ անանո՜ւն, ձեր սաները՝ անուանի,
Ուսուցիչներ, խոնարհւում եմ ձեր առջեւ:
Ա. Սահակեան
(Թորոնթօ)