Նամակի մը ոդիսականը

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Երեկոյ էր, մեր գթասիրտ Հալէպ քաղաքի աշնանային անուշ երեկոներէն մէկը։ Ու ես յոգնած, եւ օրուան խոնջանքէն անձնատուր եղած, տուն կը դառնայի։ Հազիւ մեր թաղի ծայրամասին հասած էի, նկատեցի, որ մէկը «պարոն-պարոն» կը պոռար։
Բնականաբար ձայնին կողմը արագ դարձայ։ Ապու Միշոն էր, Միշելին հայրը։ Նորութիւն մը չէր, որ մեր մօտ ալ ընդհանրապէս հայրերը, իրենց զաւկի անունով կը ճանչցուէին։ Ճանչցայ։ Անունս վստահօրէն չէր գիտեր կամ չէր յիշած, որ այդպէս իր խանութին առջեւ կեցած, «պարոն-պարոն» կը կանչէր։
Ապու Միշոն, մեր այդ շրջանին համար ուրիշ մէկը չէր, եթէ ոչ կազօճախի, այսինքն խոհանոցէն ներս մեր գիտցած «վափոր»ի եւ այլ մետաղեայ պիտոյքներու նորոգութիւններու արհեստանոցին տէրը։
Խանութ մը, Աստուած իմ, ուր նոյնիսկ քալելու տեղ չկար։ Կիս-կատար մահճակալներ, հին հեծիկներու բաժիններ, ածուխով գործող տեսակաւոր արդուկներ եւ տակաւին անշարք աջ ու ձախ նետուած եւ կամ խանութի պատերէն կախուած մետաղէ գործիքներ։ Ծնունդով ասորի այս մարդը «վափորներու» կողքին, ամեն տեսակի տնային առարկաներ ալ կը նորոգէր, կը քանդէր… կը շինէր…։ Մէկ խօսքով նշանաւոր վարպետ «հանտիմէն» մը, որուն ձեռքէն «ամեն բան» կու գար։ Մայրենի լեզուին կողքին՝ արաբերէնն ու թրքերէնը սահուն կը խօսէր, իսկ հայերէնը՝ գրեթէ «կոտրտուած»։ Լաւ ծիծաղ ունէր, պոռթկուն, սակայն յաճախ ալ կեղծ։ Կ՚ըսէին, թէ շատախօս ալ էր։ Մեղքը իրենց վիզը։
Կը յիշեմ, գոնէ ամիսը անգամ մը, մեր բակի կամ թաղի դրացիներէն մէկուն «վափոր»ին «գլուխը» երբ խցուէր, կամ գոցուէր, անմիջապէս կիները, ապու Միշոյին կը հասնէին որ իր կեղտոտ ձեռքերով ու մատներով, յաճախորդներուն հետ իրենց լեզուով շաղատրելով, իր գործին կ՚անցնէր։
Իսկ հիմա…, մտովի ըսելով «ա՛յս ժամո՞ւն…, խէր է» իրեն մօտեցայ։ Անկեղծօրէն կարծեցի, թէ անմիջական բանի մը կարիքը ունէր։ Էական։ Զիս տեսնելուն պէս, ձեռքի շարժումները դադրեցուց։ Ուստի աւելի մօտենալով իր դիմացը կեցայ։ Հաստատապէս, հիմա, իմ ներկայութիւնս իրեն տեսակ մը նոր թափ տուած էր։ Իր դէմքէն կարելի էր այս գաղտնիքը կռահել։ Քաղաքավար՝ բարեւեցի։ Ինքն ալ «ասծօ բարի»ն մը ըսաւ ու դէպի խանութէն ներսը զիս առաջնորդեց։ Բառերը որոշ ջերմութեամբ մը արտայայտած էր, անոր համար սրտիս մէջ հաճելի տաքութիւն մը պատեց։
Լեզուն միշտ միջոց էր նպատակին հասնելու, ըսած էին մեր մեծերը եւ ճիշդ էին։ Ահա օրինակը։ Բայց յանկարծ զգացի, որ անհանգիստ ջիղ մը ունէր եւ որ կը տրոփէր, ինչպէս՝ մտքի մէջ պահուած ցանկութիւն։ Նշմարեցի, որ ձեռքին մէջ նամակ մը ամուր բռնած էր։
— Պարոն, ինճ կղնի, «ամէլ մաարուֆ», հաճիս, ընծի համար կարդաս այս մաքթուպս, «մըն Ֆրանսա» Ֆրանսայէն է, էմմոյէս էկեր է. նայինք… պէլքի բան ի կաէ»։
Յուզուած խօսեցաւ ու արագ մը ինծի յանձնեց պահարանը։ Բառեր կան, որոնք իրենց ետին կը պահեն ամեն բան։ Այս մէկը անոնցմէ էր։
Մէյ մը դէմքին նայեցայ։ Ահա՛, պերճախօս վկայութիւն մը։ Էհ Աստուած… կը նմանէր հին նկարի մը։ Աչքերէն կրնայիր կարդալ նաեւ հոգին։ Ճակատը մոմի պէս դեղնած էր, իսկ յօնքերուն ներքեւ կարելի էր նշմարել մտահոգ խորշոմներ ու նոյնքան ալ ծանր կոպերով յոգնած աչքեր։ Եւ աւելին՝ նիհար երակներով եւ ջիղերով ծածկուած վիզ եւ մանաւանդ մարմնին մէջ ալիք-ալիք առնող հեւք։ Ինծի համար արագ-արագ արտասանած բառերը ե՛ւ աղաչական, ե՛ւ հնչեղ, ե՛ւ աղօթքի նման էին։ Կը զգայի նաեւ, որ իր հոգին ալ անհանգիստ էր։ Ով գիտէ, որքան ատենէ ի վեր գալուստս երազած էր։ Վայրկեանին աչքերը փորձեց սուզել աչքերուս մէջ, պատասխան մը սպասելով։
— Սիրով, — ըսի ու երբ պահարանը կը փորձէի բանալ, զիս դարձեալ աղաչական կանխեց։
— Մէկ վըրկյէն, «հապիպի», — ըսաւ ու գնաց աթոռ մը բերաւ ու ձեռքով նշան ըրաւ, որ նստիմ։
Ի՜նչ ազնիւ մարդ է եղեր, դարձեալ մտքովս անցուցի, որ չուզէր ոտքի կեցած կարդամ։
Ապա նստելէս եւ աթոռին վրայ տեղաւորուելէս ետք, դարձեալ փորձեցի պահարանը բանալ։
— Մէկ վըրկյէն, — կրկին լսեցի ձայնը, աւելի բարձր եւ հաստատ։
Ցնցուեցայ ու արագ մը ոտքի ելայ, սխալ բան մը ընողի իրավիճակ հագած։
Այս անգամ ինծի աւելի մօտեցաւ։ Նախ աթոռիս ուղղութիւնը փոխեց եւ զիս նստեցուց դէմքս դէպի փողոց, կռնակս իրեն։ Զարմացայ։ Կարծես սափրիչի աթոռի վրայ նստած ըլլայի։ Բայց անմիջապէս իր պատճառաբանութիւնը եկաւ փառատելու ամեն հարցական։
— Է՛ս անկանճներդ պէքք է խփեմ, որ դուն չլսե՛ս, էսի մախսուս ընծի համար մաքթուպ է, — ըսաւ, զիս նետելով աւելի խոր զարմանքի մէջ։
Ուրեմն ես նամակը պիտի կարդայի, եւ որպէսզի կարդացածս «չի լսէի», ինք ականջներս փակելով զիս մտիկ պիտի ընէր։
Ահա անկապ տագնապ։ Ահա… չտեսնուած մտածելակերպ։ Խակ մտածում։
Վայրկեանին ժպիտս դէմքիս վրայ սառեցաւ։ Ներքնապէս ալեկոծ վիճակ մը զգացի մէջս, ինքնածին, որ նոր տագնապի մը ծնունդ կուտար։
Բայց չէ, որ այս ձեւով ե՛ս զիս ալ խաբած պիտի ըլլայի։ Ինչպէ՞ս ինքզինքս պիտի համոզէի նման իրականութեան մը առջեւ։ Ո՞ւր կ՚ապրէինք։ Ո՞ր դարը…։
Իր արտասանած բառերը ունէին մէկ չափ եւ մէկ կշիռ։ Կը զգացի, որ ստեղծուած մթնոլորտը պահածոյ պտուղներու համ ունէր։ Խանութէն ներս, «կեանքը» այլեւս ինծի համար հակասական դարձած էր ու վայրկեան առաջ կ՚ուզէի անկէ հեռանալ։
Մինչ, ես հազիւ պահարանէն դուրս բերած էի մէկ էջնոց եւ հայերէն գրուած այդ նամակը, ինք, իր երկու աղտոտ, իւղոտ եւ «հոտաւէտ» ձեռքերով ու մատներով արագ մը ականջներս փակեց։
Դուրսէն, եթէ դիտող մը ըլլար, մեզի խենթ պիտի կարծեր։ Անօրինակ վիճակ։
Ու ես հլու-հնազանդ աշկերտի նման գործիս անցայ։ Որոշեցի ընթերցումս բարձրաձայն շարունակել ու այդ «անիծեալ» նամակին մինչեւ վերջին բառը կարդացի առանց գլուխս իրեն ուղղութեամբ դարձնելու, միաժամանակ բացատրելով իր չհասկցած բառերը։
Այլ խօսքով՝ բացատրեցի հայերէն «ծանտըր» բառերը։ Կը զգայի, որ իսկապէս բառերս անճոռնի պարած էին բերնիս մէջ։ Ձայնս նոյնպէս կարծես հեքիաթի աշխարհէն կու գար, ու ամեն ինչ՝ տեսարան։
Վերջապէս հասած էի նամակի վերջին բառին։ Մտքիս խաղաղութիւնը փնտռելու համար, պահ մը հանգիստ տուի ինքզինքս։ Ոտքի ելայ, ու դարձայ իրեն։ Վրաս գլուխս շտկեցի եւ արագ մը թաշկինակովս ալ ականջներս մաքրեցի եւ սպասեցի իր ձայնին։
Նշմարեցի, որ ուրախութեան տող մը կար դէմքին վրայ։ Իր մուրազին հասած էր։ Նամակը ողբերգական չէր։ Սովորական եւ նոյնքան ալ դասական։ Պարզ եւ կարօտով լեցուն։
Երկար շունչ մը քաշեց։ Նոյնն ալ՝ ես։ Աթոռս վերցուց, մէկ կողմ տարաւ ու նոյն այդ աղտոտ ձեռքերովը ինծի գոհունակ եւ երախտապարտ շնորհակալութիւն մը յայտնելու համար ամուր սեղմեց ձեռքս։ Հին բարեկամութիւնը յիշող անձի մը կը նմանէր։ Աղօթքի նման արագ-արագ լեզու «թափեց»։ Ապա՝ օրհներգ եւ «մերսիներ» նուիրեց ու «երթաս բարով»ով մըն ալ զիս ճամբեց։

* * *

Ու անկէ ետք ամեն անգամ, Ֆրանսայի իմ ազգականներէս երբ նամակ ստանայի, միտքս ինքնածին հեռուները կ՚երթար ու միշտ կը փորձէր վերակազմել յուշերս, եւ մտքիս մէջ ամփոփել Ապու Միշոյի տարիներ առաջ, Հալէպի աշնանային այդ անուշ երեկոյի իր «բեմադրութիւնը»։
Ա՜խ Ապու Միշօ, ո՞ւր կրնաք գտնել նման «մարդ», եւ ինչպէ՞ս ծածկել մարդոց, մտքի նմա՛ն ողբալի խեղճութիւնը։ Ինչպէ՞ս։
Այս բոլորը անոր համար, որ այսօր, Ֆրանսայէն նոր նամակ մը ստացայ։

Լոս Անճելըս

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *