ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
«Գորոնա» կամ «Օմիքրոն»՝ մահացու համաճարակ: Այդպէս է եղեր:
Միտքս պարզեմ: Այսպէս, օր մը, երբ առաւօտուն աչքերդ հազիւ կը փորձես բանալ, կը զգաս, որ դո՛ւն՝ ինքդ չես: Տարբեր մէկն ես: Մկաններդ ուժ չունին, որ քեզ ոտքի հանեն: Զօրաւոր հազ մը կը ցնցէ ամբողջ մարմինդ: Կը կարծես, որ հիմա սիրտդ, թոքերէդ դուրս պիտի իյնայ: Քիթդ անընդհատ «կը վազէ»: Ձայնդ «քաշուած է»: Չես գիտեր ի՞նչ պէտք, որ ընես: Ահա քեզի անակնկալ նորութիւն մը: Հազին ստեղծած աղմուկէն արդէն կողակիցդ մօտդ կը հասնի, անմիջապէս գաւաթ մը ջուր եռացուցած, եւ մտահոգ կը հրամայէ, որ կամաց-կամաց խմես: Կը հնազանդիս, որովհետեւ ուժ-կարողութիւն ըսուածը չունիս: Չկայ: Կ՚ուզես քնանալ, ուստի տեղդ գամուած կը մնաս: Continue reading “ԵՐԵՍՈՒՆՕՐԵԱՅ ԳՈՅԱՄԱՐՏ”