Լոյս տեսաւ Զաւէն Պիպէռեանի ինքնակենսագրական ֆրանսերէն վէպը

Zavèn Bibérian, Car vivre, c’était se battre et faire l’amour (Istanbul : Aras Yayıncılık, August 2019)

Ֆրանսացի պատմագէտ եւ թարգմանիչ _ եւ մեր վաղեմի աշխատակից _ Հերվէ Ժորժըլէնի խմբագրութեամբ, ծանօթագրութիւններով եւ ներածականով լոյս տեսաւ Սփիւռքի մեծագոյն վիպագիրներէն Զաւէն Պիպէռեանի ինքնակենսագրական վէպը, հեղինակի ֆրանսերէն բնագրով։Իր կենսագրութեան բերումով, Զաւէն Պիպէռեան (1921 Պոլիս – 1984 Պոլիս) լաւապէս տիրապետած է հայերէնին, թրքերէնին եւ ֆրանսերէնին, որ կատարելագործած է երբ կ՚աշակերտէր Յիսուսեաններու Պոլսոյ Սէն Ժոզէֆ վարժարանը։
Պոլսոյ մէջ հասակ առած Զաւէն Պիպէռեանի (1921-1984) ցարդ անտիպ ֆրանսերէն գրուած ինքնակենսագրական1921-1946 տարիները ներկայացնող հատուածը առաջին անգամ է որ լոյս կը տեսնէ։ Խմբագիր Հերվէ Ժորժըլէն նշանակալից կը նկատէ այս հատուածի հրատարակութիւնը իր ֆրանսերէն բնագրով _ լեզու մը որ այն ժամանակ շատ տարածուած էր Միջերկրականեան աւազանին շուրջ։

* * *

Պիպէռեան իր նախակրթութիւնն ու երկրորդական ուսումը ստացած է Պոլսոյ Քատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին ու Տիպար կրթարանին մէջ եւ ապա, ինչպէս նշեցինք, աւարտած է Սէն Ժոզեֆ ֆրանսական լիսէն։ Բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է Իսթանպուլի Առեւտրական գիտութեանց ակադեմիայէն։
1941-ին, քսան դասակարգի զինուորագրութեամբ, ծառայութեան կը կոչուի թրքական բանակէն ներս՝ որպէս շինարարական ջոկատի զինուոր ինչպէս փոքրամասնութիւններու բոլոր անդամները։ Աքհիսարի մէջ կը ծանօթանայ «Ժամանակ» թերթի խմբագիր Արա Գօչունեանին, որ իր նման «զինուոր» կանչուած էր։ Երեքուկէս տարուան ծառայութենէ ետք, կը վերադառնայ Պոլիս։ Կը գրէ բազմաթիւ խնդրայարոյց յօդուածաշարքեր, յատկապէս «Ժամանակ»ին մէջ, մեծ աղմուկ բարձրացնելով։ Մաս կը կազմէ «Նոր լուր», «Նոր օր» եւ «Ժամանակ» թերթերու խմբագրակազմերուն։ Ձախակողմեան քաղաքական հայեացքներուն պատճառով կ՚ենթարկուի ճնշումներու։
1946-ին «Նոր լուր»ի մէջ կը հրապարակէ «Ալ կը բաւէ՛???» յօդուածը՝ ընդդէմ հակահայ հրապարակումներու ու քայլերու։ Այդ յօդուածին պատճառով կը բանտարկուի։ Բանտէն դուրս գալէն ետք ճնշումները կը շարունակուին, կը մնայ անգործ։ 1949-ին կ՚անցնի Պէյրութ, ուր մաս կը կազմէ «Զարթօնք»ի եւ «Արարատ»ի խմբագրակազմերուն, միեւնոյն ժամանակ աշխատակցելով Հալէպի ու Փարիզի մամուլին։
Չորս տարի ետք, քաղաքական պայմանները բարելաւուած համարելով կը լքէ Պէյրութը, ուր կ՚ապրէր դժուարին պայմաններու մէջ, ու կը վերադառնայ Պոլիս։ Կ՚ամուսնանայ Սեդա Խըտրեանի հետ։ Կ՚ունենայ դուստր մը, Թիլտա անունով։ Միջոց մը Օսմանեան դրամատան մէջ աշխատելէ ետք, 1960-ի զինուորական յեղաշրջումէն ետք քաղաքական յօդուածներ կը ստորագրէ «Մարմարա» օրաթերթին մէջ։ «Նոր դար» քաղաքական ու գրական պարբերականը, զոր սկսած էր հրատարակել 1964-ին, կը դադրի նիւթական դժուարութիւններու պատճառով։ 1960-ականներու աւարտին մաս կը կազմէ «Մէյտան Լարուսի» ու «Պիւյիւք Լիւկաթ» հանրագիտարաններու խմբագրակազմին։
1965-ի խորհրդարանական ընտրութիւններու ժամանակ կը դառնայ Թուրքիոյ Բանուորական կուսակցութեան Իսթանպուլի պատգամաւորութեան թեկնածու, սակայն չի յաջողիր։ Իսկ 1968-ին տեղական ինքնակառավարման ընտրութիւններու արդիւնքին նոյն կուսակցութեան անունով կ՚ընտրուի Իսթանպուլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ։ Կը դառնայ այս խորհուրդին փոխ-նախագահը։
Մահացած է 4 հոկտեմբեր 1984-ին, Պոլիս, ստամոքսի խոցէն եւ Թաղուած է Շիշլիի ազգային գերեզմանատան մէջ։
Ֆրանսերէնէ թրքերէնի թարգմանած է բազմաթիւ հատորներ զանազան հեղինակներէ: Տուած է նաեւ ինքնագիր հատոր մը «Եալնըզլար» խորագրով, որ «Լկրտածը» վէպին թրքերէնն է փաստօրէն։
Գործածած է այլազան գրչանուններ՝ Անի Ազատ, Սեւանի Մակուկավարը, Զ. Բարտիեան, Պ.Զ. Շիրակ, Ք. Անանեան, Նեմեզիս, Կինօֆիլ. եւն.:

ԽՄԲԱԳԻՐԸ

Դոկտ.Հերվէ Ժորժըլէն ֆրանսացի պատմագէտ եւ թարգմանիչ է ու կը տիրապետէ արեւմտահայերէնին։ Աթէնքի Ազգային եւ Գափոդիստրեան համալսարանի դասախօս է։ Մեր ընթերցողներուն ծանօթ է Զաւէն Պիպէռեանի վէպերու հայերէնէ ֆրանսերէն իր թարգմանութիւններով («Մրջոյններու վերջալոյսը», «Լկրտածը»), ինչպէս նաեւ իր արձակով։ Ան բազմաթիւ դասախօսութիւններ տուած է Պիպէռեանի գրական գործի քննադատական եւ ինքնաքննադատական եզրերուն մասին, սատարելով Պիպէռեանի վերայայտնաբերման աշխատանքներուն։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *