Բանաստեղծ Ժագ Յակոբեանի անմար յիշատակին

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Այս օրերուն գրական մեր աշխարհէն ներս, սուգ է, որովհետեւ ոչ եւս է երկար տասնամեակներէ ի վեր մեր գրականութեան ածուին մէջ անխոնջ վար ու ցան ընող մեր երիցագոյն բանաստեղծը՝ սփիւռքահայ ամենէն տարեց բանաստեղծը` Ժագ Ս. Յակոբեան։
Բոլորս ալ քաջատեղեակ ենք, թէ ժամանակի թաւալումով շատ բան կը փոխուի մեր կեանքին մէջ։ Այսպէս, մեզմէ անկախ մեր շուրջէն առ յաւէտ կը բացակային այնպիսի դէմքեր ու կերպարներ, որոնք օրինակ ըլլալու կոչուած էին իրենց գոյութեան ողջ ընթացքին։ Եւ անոնց բացակայութիւնը յաճախ ցաւ ի սիրտ ոչինչ ու ոչ ոք կրնայ լեցնել, որովհետեւ անոնք կը պատկանէին սերունդի մը, որ իսկապէս անփոխարինելի էր։
Հայ գրականութեան պատմութեան մէջ սակաւաթիւ են այն գրողներն ու բանաստեղծները, որոնք իրենց առաջին իսկ ստեղծագործութիւնով գրասէր շրջանակներուն կը ներկայանան ո՛չ միայն իւրայատուկ աշխարհի մը ծանօթ եւ անծանօթ ոլորտները լոյսին պարզելու արժանիքով, այլեւ՝ հասուն գրիչի մը տէրը եղող ամբողջական կերպարով։
Ահա այս օժտեալ ու բացառիկներէն մէկն էր սփիւռքահայ քերթողութեան նահապետ՝ հանգուցեալ Ժագ Ս. Յակոբեանը:
Զինք ճանչցած էի, իմ աշակերտական գրասեղաններուն վրայ հպարտութիւն առթող «Մենք» բանաստեղծութեան ընդմէջէն: Ապա անկէ ետք իր հաւատացեալի ու նուիրեալի շունչով, աղօթքներով եւ օրհնութեամբ միշտ մեզի ընկերակցող իր պատգամները, սէր բուրող խօսքերով, բառերով եւ տողերով, ինծի նոր ճանապարհներ առաջնորդած էին։
Ժագ Յակոբեան, իբրեւ բանաստեղծ, համեստօրէն աշակերտելով իրականութեան, անկեղծութեան եւ պարզութեան դպրոցին, ինծի համար նաեւ երգիչն էր սիրոյ, կեանքի, անսասան ու մաքուր հաւատքի, հանդարտ, անվիշտ եւ անխռով սրտի, որ միշտ կը մնայ թարմ ու զօրեղ եւ մեր քերթողական աւանդութեան հաւատարիմ:
Իր ստեղծագործութիւններուն մէջ պահելով հանդերձ հայրենասիրական իր բացայայտ նկարագիրը, ինք միշտ հակած էր մարդ էակին հոգեկանի բիւրեղացման, քրիստոնէական իմացումներուն: Աստուծոյ եւ Քրիստոսի հանդէպ իր ստեղծագործ տողերը վերածելով կրօնաշունչ պատգամներու, ազնիւին ու բարիին հաւատարիմ եւ մանաւանդ Աստուծմով իմասատաւորուած՝ ան մուտք գործած էր մեր շրջապատի սրտերուն ու հոգիներուն մէջ, ստեղծելով ջերմութիւն եւ հաստատ համակրանք, միաժամանակ փոխանցելով սէր եւ գուրգուրանք հանդէպ ազգային արժէքներուն, մեր լեզուին, մեր հաւատքին, մեր կրօնքին, մեր գիրին, մեր Մաշտոցին ու մեր Արարատին, հասուն գիտակցութեամբ եւ գալիք ժամանակներու մնայուն ներկայութեան համար իրազեկ ըլլալու գոհունակութեամբ:
Բոլորս ալ կ՚ապրինք խառն ժամանակներու մէջ, որոնց դրական եւ բացասական անդրադարձներէն անմասն չենք կրնար մնալ։ Համաշխարհայնացման այս օրերուն, երբ հսկայ եւ մեծ ազգեր կը փորձեն պարտադրել իրենց մշակոյթը, իբրեւ տարասփիւռ հայեր, մենք դարաւոր ինքնութիւնը պահպանելու անխուսափելի հարցը ունինք։
Ահա Ժագ Յակոբեան, որ իր անձը իբրեւ աղբիւր իր մտածումներուն, մեր Մեսրոպաշունչ հայ լեզուն, մեր ազգային ինքնութիւնը, հայ ըլլալու եւ հայ քրիստոնեայ մնալու խանդավառութիւնն ու կեանքը կը բերէր մեզի ու զանոնք կը ներարկէր իբրեւ յաւիտենականութեան աւիշ:
Մեծ ու հպարտանք ներշնչող բանաստեղծ մըն էր, որ տասնամեակներու երկայնքին շարունակ զգալի դարձուցած էր իր ներկայութիւնը գրական հրապարակին վրայ, նրբահիւս հայերէնի կախարդական իր եղանակներով։
Յատուկ շունչ կայ իր բառերուն եւ տողերուն մէջ։ Ան վարպետօրէն հոգեկան գիծեր գծելով, մեր սիրտերն ու ուղեղները տեսակ մը հայկականութիւն բուրող բոյրով կը գրաւէր։
Մէկ խօսքով, հաւատք եւ հայութիւն ստեղծող ինքնագիտակցութիւն։
Իր ամբողջ կեանքի տեւողութեան իր անձը եւ գործը կապեց իր Աստուծոյն, իր հաւատքին, իր լեզուին եւ անոր կերտող սուրբին։ Իր բազմազան պատկերներով եւ խիզախ եւ ուրոյն մտածողութեամբ գրուած բանաստեղծութիւնները խորքին մէջ մեզի համար մէկական ձայներ էին, մեզի կանչող, մեզի զգաստութեան հրաւիրող բառերով եւ տողերով։
Ու հաստատօրէն ցեղին իբրեւ հաւատարիմ զաւակ, իր կնիքը քանդակեց մեր գրական անդաստանին վրայ։
Մեր մեծերը կը մնան մեր յուշերուն մէջ, որովհետեւ մեզի տակաւին շատ ըսելիքներ ունին անոնք։ Ու մեծանուն մեր այս բանաստեղծին համար տարբեր չի կրնար ըլլալ մեր վերաբերումը՝ ո՛չ այսօր եւ ոչ ալ վաղը, որովհետեւ ան օրինակելիօրէն մնաց իր կոչումին եւ դերին գիտակից։
Իր յիշատակին նուիրուած այս տողերը, թող իմ կողմէ ալ ըլլան իր անձին, իր գրական մեծ վաստակին, բանաստեղծական իր անզուգական շունչին եւ գրիչին երախտագիտական հարազատ տուրք մը։
Հանգիստ իր ոսկորներուն։
Լոս Անճելըս

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *