Քրիստ Խրոյեան
— Ո՞ւր ես:
— Հո՛ս, Գանատա:
— Մէջտեղ չկաս:
— Հա՛, գիտեմ:
— Չե՛ս գրեր:
— Ժամանակը… Continue reading “Տեղաշինութիւն”
— Ո՞ւր ես:
— Հո՛ս, Գանատա:
— Մէջտեղ չկաս:
— Հա՛, գիտեմ:
— Չե՛ս գրեր:
— Ժամանակը… Continue reading “Տեղաշինութիւն”
Պէյրութ, 7 փետրուար 2023
Օրուան վերջը տուն գալ, դուրսի հագուստները հանել, փոխուիլ, լուացուիլ եւ անցնիլ անկողին: Հերթականօրէն բանալ բջիջային հեռաձայնի քանի մը կիրառոյթներ, ստուգել օրուան նորութիւնները, պատասխանել քանի մը հոգիի նամակներուն, ապա փակել հեռաձայնը, անջատել անոր ձայնը, դնել քիչ մը հեռուն ու քնանալ. այս դարու Continue reading “Արհաւիրք — մարդոց եւ ընդերքի հարուածներուն միջեւ”
Ուսին պայուսակ մը դրած, ձախ ձեռքի ծխախոտէն բարձրացող ծուխի գոլորշին ճեղքելով ներս մտաւ տարեց մարդ մը, իր ուզած դեղահատին կտրոնը սեղանին վրայ դրաւ, եւ խնդրեց անորմէ տուփ մը։ Խնդրածը մօտս դրուած էր, ձեռքս երկարեցի ու տուի։ Continue reading “ԵՐԵՔ ՀԱՐԻՒՐԻՆ ՀՈ՞ԳԸ ՊԻՏԻ ԸՆԵՄ”
Անցեալ տարի էր (տարի մը չեղաւ, բայց 2019-ը նոր հասանք)։
Պետական Արնագիտութեան (Hematology) քննութիւնն էր, Գ. տարուան ամենադժուարը։
Սրահ մտայ, բոլորին փորերը լեցուն ու կուշտ։ Ո՛չ թէ ուտելիքով, այլ վախո՛վ։ Պարապ տեղ մը փնտռեցի ու նստայ։ Զինուորական տետրակս, —անբաժանելի ընկերս, — վերարկուիս գրպանէն առի ու մէջէն համալսարանական քարտս հանելով՝ սեղանին դրի։ Գրչատուփս բացի՝ կապոյտ մելան, սրբիչ եւ… մատիտ։ «Մատիտ»ը սակայն մտքիս մէջէն էր միայն որ ըսի: Նիլի(*) գոյնով B2 ածխամատիտը, որով կը ներկեմ, — իմ կարծիքովս, — ճիշդ պատասխանները։ Այո՛, չունիմ։ Ունէի՞ չեմ բերած, թէ սկիզբէն չունէի։ Չեմ գիտեր։ Առաջին օրն է այսօր, ու ես քննութեան եկած եմ ԱՌԱՆՑ ՄԱՏԻՏԻ։