Մեր մշակոյթի ակունքները — Թարգմանչաց տօնին առթիւ

Վիգէն Ա.

Հայ եկեղեցին, որպէս ազգային եկեղեցի, ունի տօներ, ունի սուրբեր, որոնք յատուկ են միայն Հայց. եկեղեցիին։ Անոնցմէ ամենայայտնին, եւ ժողովուրդի կողմէ ամենասիրուած տօնն է Սրբոց Թարգմանչացը, որ ազգովին կը նշենք ամեն տարի, հոկտեմբեր ամսուան երկրորդ շաբաթ օրը։
Թարգմանչաց տօնը սոսկ եկեղեցական տօն չէ։ Ան պաշտօնապէս կը Continue reading “Մեր մշակոյթի ակունքները — Թարգմանչաց տօնին առթիւ”

«Ո՞ւր էիր, երբ …»

ՎԻԳԷՆ Ա.

«30 տարի անց մենք պէտք է 1988-ի դասերը քաղենք,
իսկ մեր ամենամեծ դասը Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնն է»։
Ժաննա Գալստեան
Ստեփանակերտ, 13 փետրուար 2018

Ամերիկացիները հետաքրքրական, թէեւ քիչ մը պարզունակ, մօտեցում մը ունին երբ կը փորձեն կարեւոր իրադարձութիւններ ընդգծել. «Ո՞ւր էիր, երբ …» հարցումը։ «Ո՞ւր էիր, երբ նախագահ Քենետին սպանուեցաւ», կը հարցնէին ատենին։ Հիմա, որ Քենետիի սպանութենէն անցած են գրեթէ 55 տարիներ, եւ այն օրուան երիտասարդներն ու պատանիները արդէն թոշակառու են, աւելի կը հարցնեն, թէ «Ո՞ւր էիր 11 սեպտեմբեր 2001-ին, երբ Նիւ Եորքի զոյգ աշտարակները փուլ եկան»։ Continue reading “«Ո՞ւր էիր, երբ …»”