Հալէպի տատրակները

Մ. Հայդուկ Շամլեան

Հալէպ, 1975-ի կողմերը:
Լիբանանի քաղաքացիական երկարատեւ պատերազմը նոր կը սկսէր: Եւ այդ պատճառով, մեր ընտանիքը արդէն դարձած էր թափառական հայերու մասնիկ մը: Վիճակ մը, որ անկէ ետք տեւեց դեռ տասնըհինգ տարիներ, մինչեւ որ կարողացանք բնականոն երկրի մը մէջ հաստատուիլ:
Սակայն ոչինչ կրնար հայրս տկարացնել: Երբեք, որեւէ կացութեա Continue reading “Հալէպի տատրակները”

Հայ մշակոյթի անկումը

Հայդուկ Շամլեան

Նիւթը այնքան լայն է ու անծայրածիր, որ հարկաւոր է սկսիլ կարգ մը տարրական սահմանումներով, ինչպէս նաեւ հաստատել ներածական յատակագիծ մը, կարելի եղածին չափ ճշգրտօրէն շրջագծելու համար յատուկ սահմանները, որոնց միջեւ պիտի կատարուի այս գրութեան մէջ առաջադրուող վերլուծական փորձը: Continue reading “Հայ մշակոյթի անկումը”

Մթագնում

Հայդուկ Շամլեան

«Էգուց, անպայման կու գաք եւ զիս կ’առնէք, ես ալ կ’ուզեմ աշխատիլ»:
Տղաքը մի քանի օր է արդէն տքնաջան գործի վրայ էին, երբ որ մենք հասանք Շուշի: Մեր ժամանումի յաջորդ օրը, թէկուզ Ճամբարի բացման օրն էր, սակայն վերջին առիթս էր, որ կարենամ միանալ իրենց աշխատանքին:
Արեւը ծագելէն առաջ պէտք է որ կատարէինք այդ օրուայ գործը, քանի որ անկէ ետք օդը շատ տաք էր, տօթ էր, եւ վտանգաւոր էր կիզիչ արեւին տակ այդպիսի աշխատանք կատարել: Continue reading “Մթագնում”