ԴՊՐՈՑ ԿԱ՞Յ

ԹԱՄԱՐ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ ԳՈՒԶՈՒԵԱՆ

Շաբաթէ մը ի վեր լուր չունէինք իրենցմէ. հեռաձայնային գիծերը բոլորովին անջատուած էին, «սահման»ը գոց էր։
Պէյրութը կրկին անդամալոյծ վիճակի մէջ էր։

— Թռչուն չկայ ճամբաները. — մայրս է, վարագոյրը քիչ մը անդին հրած, գլուխը թեթեւ մը պատուհանէն դուրս` աջ ու ձախ` փողոցը կը դիտէ. մինչ ռմբակոծումը կը շարունակուի։ Continue reading “ԴՊՐՈՑ ԿԱ՞Յ”

Վահանս

ԹԱՄԱՐ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ ԳՈՒԶՈՒԵԱՆ

Գիշեր է. լուռ են ցաւերս բոլոր։
Լուսամուտէն դուրս, լուսնի լոյսին տակ հազարաւոր փաթիլներ պսպղալով վար կու գան մեղմայոյզ. ներսը, ճարճատող կրակին բոցերը սրտիս զարկերուն նման մերթ կը խոնարհին, մերթ կ՚ըմբոստանան։ Անհամբեր կը սպասեմ Վահանս. հերոսական Արցախէն կու գայ այդ, Արցախցի կնոջ նուրբ մատներով գործուած։
Մինչ այդ, հայրենիքս գրկած նստած եմ։ Continue reading “Վահանս”

Օրհներգութի՜ւն թող ըլլայ…

ԹԱՄԱՐ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ ԳՈՒԶՈՒԵԱՆ

— Չէ՜ մայրիկ,— ըսաւ ամուսինս՝ Յակոբը, դառնալով մօրս,— Թամարը մաքրութիւն ընել չի կրնար։ Հազիւ սկսի, ձեռքը գիրք մը կ՚անցնի, գրութիւն մը կ՚անցնի, մէկ կողմ կը դնէ ընելիքը, կը սկսի կարդալ. ժամեր կ՚անցնին, իմ բաժինս կը վերջացնեմ, ինք տակաւին նո՜ր պիտի սկսի։
— Գիտեմ, պզտիկուց այսպէս էր,— ըսաւ մայրս.— դասերը մէկ կողմ կը ձգէր, ուրիշ գիրքեր կը կարդար…։ Continue reading “Օրհներգութի՜ւն թող ըլլայ…”