ԳՐԻԳՈՐ ՀՈԹՈՅԵԱՆԻ ԲԱՐՈՅԱԽՕՍԱԿԱՆ ՊԱՏՄՈՒԱԾՔՆԵՐԸ

Մեր սեղանին վրայ է թորոնթոյաբնակ յայտնի մտաւորական ու գրող Գրիգոր Հոթոյեանի նոր մէկ գիրքը, որ կու գայ աւելնալ վաստակաշատ գրագէտին կողմէ աւելի առաջ հրատարակուած հաստափոր գիրքերուն վրայ: Այս նոր գիրքը կոչուած է «Հայաշունչ պատմուածքներ»: Եթէ սկսիք գիրքը թղթատել, անմիջապէս պիտի հասկնաք որ հոս խնդրոյ առարկայ են ո՛չ միայն հայաշունչ, այլ նաեւ բարոյախօսական պատմուածքներ: Հոթոյեան իր այս նոր գիրքին մէջ ճամբայ կ՚ելլէ իր ընթերցողները հաղորդելու համար մարդուս բարոյական ու մարդասիրական աշխարհը հարստացնող ապրումներու ու թելադրութիւններու հետ: Continue reading “ԳՐԻԳՈՐ ՀՈԹՈՅԵԱՆԻ ԲԱՐՈՅԱԽՕՍԱԿԱՆ ՊԱՏՄՈՒԱԾՔՆԵՐԸ”

ՄՏԱԾՈՂ ՄԱՐԴՈՒՆ ՄԻՏՔԸ ՄԻՇՏ ԱՆՎԵՐՋ Է

ՓՈԽԱՆ ԳՐԱԽՕՍԱԿԱՆԻ, ԳՐԻԳՈՐ ՀՈԹՈՅԵԱՆԻ «ՄԱՅՐԱՄՈՒՏԻ ՑՈԼՔԵՐ» ԳԻՐՔԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՌԹԻՒ

ՍԵԴԱ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Գիրքերը ձեր միտքի նաւերն են, որ կը ճանապարհորդեն ժամանակի ալիքներու վրայով
եւ զգուշաբար կը տանին իրենց թանկագին բեռը սերունդէ սերունդ։

Սիրելի պրն Հոթոյեան, սրտաշարժ ուրախութեամբ ստացայ եւ կարդացի «Մայրամուտի ցոլքեր» գիրքդ։ Մանաւանդ ես զիս երջանիկ համարեցի՝ գիրքին յառաջաբանը գրելու պատուին արժանանալուս համար։ Հազար պատիւ Ձեզի՝ մօտաւորապէս 90-ամեայ ճանապարհորդ։ Ձեր կեանքը դեռ մոմի պէս լոյս կու տայ, որ մեր սիրելի հայ ժողովուրդին մշակոյթը յաւերժ պահպանուի։ Continue reading “ՄՏԱԾՈՂ ՄԱՐԴՈՒՆ ՄԻՏՔԸ ՄԻՇՏ ԱՆՎԵՐՋ Է”