ԱՍՏՂԻԿ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Երեւանի բանտը. 1937։
Բանաստեղծը արթուն է՝ նստած բանտին խուցին մէջ. միայնակ։ Գիտէ, որ վաղը, ա՛յ վաղը, շունչը վերջնականապէս պիտի դադրի։ Արդէն ցաւերը շատցեր են, արդէն յուշերը կը տանջեն զինք իրենց առատութեամբ ու պայծառութեամբ… իսկ ինքը նստած է մութ ու ցուրտ վայր մը, շրջապատուած անախորժ բանտարկեալներով, որոնց գիշերային վշտալի կանչերը զինք խլացուցեր էին։
Ան կը կարծէ, որ շատ ուշ չէ օրուան մէջ։ Պատի երկու աղիւսներուն Continue reading “ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԸ”