ԶՐՈՅՑ — «ՍՏԵՂԾԵԼ ԸՆԹԵՐՑՈՂԻ ԿԱՐԾԻՔ, ԸՆԹԵՐՑՈ՛Ղ ՍՏԵՂԾԵԼ»

Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. 2019-ն հռչակեց «Հայ մամուլի տարի»։ Զանազան առիթներ եղան, որ արտայայտուինք մեր մամուլի վիճակին մասին։ Փափաքեցայ տարին չաւարտած նաեւ այդ մասին զրուցել Իշխան Չիֆթճեանի հետ, որ հայ գիր ու գրականութիւն կը դասաւանդէ Համպուրկի համալսարանին մէջ (Գերմանիա) եւ, իր այլազան մտաւորական աշխատանքներուն կողքին, ահա երեքուկէս տարիէն աւելի է խմբագիրն ու վարիչն է Հայերէն blog գրական բեղուն կայքէջին (https://hayerenblog.wordpress.com)։ Զրոյցը տեղի ունեցաւ հեռուէ-հեռու, մի քանի փուլերով՝ օգտուելով հաղորդակցութեան առկայ դիւրութիւններէն։

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Continue reading “ԶՐՈՅՑ — «ՍՏԵՂԾԵԼ ԸՆԹԵՐՑՈՂԻ ԿԱՐԾԻՔ, ԸՆԹԵՐՑՈ՛Ղ ՍՏԵՂԾԵԼ»”

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ Վրէժ-Արմէնի «ՈՍՏԱՅՆ 12 — ՀԱՆԳՈՅՑՆԵՐ» հատորը

Լոյս տեսաւ Վրէժ-Արմէնի «ՈՍՏԱՅՆ 12 — Հանգոյցներ» առցանց հատորը, որ կը բաղկանայ չորս մասէ՝ «Խրախճանք», «Գարուն ա, ձուն ա արել…», «Չարտուղի պատմութիւններ» եւ «Հայեր»՝ 27 գրութիւններով, 72 էջ։

Իր ներածական «Երկու խօսք»-ին մէջ,  հեղինակը կը գրէ.

Continue reading “ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ Վրէժ-Արմէնի «ՈՍՏԱՅՆ 12 — ՀԱՆԳՈՅՑՆԵՐ» հատորը”

«Ճամբայ ելլել, ճամբայ բանալ, որովհետե՞ւ…» — Բ. մաս

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Մեր անցեալ թիւով տուինք Հայերէն blog կայքէջի հիմնադիր, վարիչ եւ խմբագիր Իշխան Չիֆթճեանի հետ զրոյցին առաջին մասը։ Այժմ ընթերցողին կը յանձնենք անոր շարունակութիւնը։
Continue reading “«Ճամբայ ելլել, ճամբայ բանալ, որովհետե՞ւ…» — Բ. մաս”

«Ճամբայ ելլել, ճամբայ բանալ, որովհետե՞ւ…» — Ա. մաս

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Հայերէն blog-ը երկու տարեկան է։
Առիթն է, որ անոնք, որոնք երբեք չեն լսած իր մասին, գաղափար մը ունենան, թէ ի՞նչ է, ի՞նչ կ՚ընէ այս կայքէջը, ի՛նչ կ՚առաջադրէ։ Իսկ, անոնք, որոնք արդէն անոր այցելուներն են, պարբերական թէ յաճախակի, առիթ ունենան աւելի մօտէն ծանօթանալու անոր հիմնադրին, վարիչին, խմբագրին, ոգիի՛ն։ Այսինքն՝ Իշխանին։ Continue reading “«Ճամբայ ելլել, ճամբայ բանալ, որովհետե՞ւ…» — Ա. մաս”

Լոյս տեսաւ Վրէժ-Արմէնի «ՈՍՏԱՅՆ 8 – ՃԱՆԱՊԱՐՀՆԵՐ» հատորը

Ահա, դարձեալ առցանց, լոյս տեսաւ, Վրէժ-Արմէնի «Ոստայն 8 – Ճանապարհներ» հատորը, որ անտպագիր հրատարակուող իր չորրորդ հատորը կը հանդիսանայ։ Continue reading “Լոյս տեսաւ Վրէժ-Արմէնի «ՈՍՏԱՅՆ 8 – ՃԱՆԱՊԱՐՀՆԵՐ» հատորը”

25 տարի ետք — Անմոռանալի ասուլիս մը Էդմոն Աւետեանին հետ

Վ.-Ա. Ա.

Այդ տարին յատկանշական էր։ Անկախութեան հռչակումէն հազիւ ամիսներ անց մենք արդէն պիտի վայելէինք ներկայութիւնը հայրենի մտաւորականներու, գործիչներու, արուեստագէտներու։ Անոնցմէ մէկն ալ էդմոն Աւետեանն էր՝ ծանօթ գրականագէտ, փիլիսոփայ եւ մանաւանդ՝ այլախոհ, որուն այցելութիւնը չէինք կրնար աննկատ ձգել։
Մոնթրէալ եկած էր քանդակագործ Արթօ Չաքմաքչեանի հրաւէրով՝ բուժման նպատակով, ու մենք, անմիջապէս որ տեղեակ եղանք, որոշեցինք հանդիպում մը կազմակերպել 1992 մայիս 13-ին, «Հորիզոն»-ի նախաձեռնութեամբ՝ Հայ կեդրոնի «Թիւ 3» (մինչեւ օրս այդպէս անանուն մնացած) սրահին մէջ։ Իրարու լուր տալով քով-քովի բերինք 25 հոգի, որոնց համար Էդմոն Աւետեան անունը բան մը կ՚ըսէր վստահաբար։ Continue reading “25 տարի ետք — Անմոռանալի ասուլիս մը Էդմոն Աւետեանին հետ”

Վրէժ-Արմէնի ՈՍՏԱՅՆ — 6 ԺԱՄԱԴՐԱՎԱՅՐ նոր հատորը

Այս հատորը, ինչպէս նախորդը՝ «Ոստայն 5 — Նամակապատում»,
լոյս կը տեսնէ միայն առցանց

Հեղինակին այս երկը կ՚ամփոփէ հայրենիք կատարած իր վերջին չորս այցելութիւններու ուղեգրութիւնները՝ Ժամադրավայրը մեր երջանկութեան (2005), Հայաստանեան հանդիպումներ (2007), Դարձեալ եւ միշտ Հայաստան (2008) եւ Հայաստանեան խճանկար (2009)։ Գալով իր առաջին երկու այցելութիւններուն, 1991-ին եւ 1994-ին, ատենին անոնց ուղեգրութիւնները լոյս տեսած են իր Ոստայն 3 — Հաղորդութիւն հատորին մէջ (1999)։ Continue reading “Վրէժ-Արմէնի ՈՍՏԱՅՆ — 6 ԺԱՄԱԴՐԱՎԱՅՐ նոր հատորը”

Գուրգէն Մահարին անմահացնող կոթողական գործ մը

Անուանի գրողին որդին՝ Գրիգոր Աճէմեան իր կեանքի վերջին քառասունէ աւելի տարիները նուիրած է իր հօր գրական ժառանգութիւնը հաւաքելու, ծանօթագրելու եւ ամենէն համապարփակ ձեւով հրատարակելու դժուարին ու կենսական աշխատանքին։ Այդ աշխատանքը հանգամանօրէն ներկայացնելու կը ծառայեն «Բագին»-ի 2017 յունուար-մարտ թիւին մէջ լոյս տեսած երկու յօդուածներ։ Continue reading “Գուրգէն Մահարին անմահացնող կոթողական գործ մը”

Սիմոն Սիմոնեան միշտ մեզի հետ

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

— Հայրի՛կ, Մարալը կ՚ուզէ ձեզի ծանօթանալ,— յայտնեց աղջիկս երբ վերջերս այր ու կին Ֆրեզնօ կը գտնուէինք իրեն այցելութեան,— դուն անոր հօր հետ թղթակցած ես եղեր։

Զգացուած էի նման հետաքրքրութեան համար. Մարալ Գալիֆորնիոյ թոռնիկներուս դասընկերներուն մեծ մայրն էր։ Բայց ո՞վ էր իր հայրը, որուն հետ կապ հաստատած եմ եղեր ատենին։ Յետ պրպտումի ի յայտ եկաւ, որ խօսքը Սիմոն Սիմոնեանի մասին էր։ Այս անգամ ծանօթանալու ցանկութեան ծանրութիւնը տեղափոխուեցաւ ա՛յս կողմ։ Ի՞նչ անակնկալ. ուրկէ՞ ո՛ւր առիթ պիտի ունենայի զրուցելու անուանի մտաւորականին՝ ուսուցիչին, արձակագրին ու հրապարակագրին մէկ հարազատին հետ, «ի բերանոյ իւրմէ» լսելու անոր մասին։ Continue reading “Սիմոն Սիմոնեան միշտ մեզի հետ”