ԺԱՄԱՆԱԿԻՆ ՏՂԱՍ ԱՍՏՂԵՐՆ ԷՐ ՈՒԶՈՒՄ, ԻՍԿ ՀԻՄԱ՝ ՂԱՐԱԲԱՂԸ (*)

ՅԱԿՈԲ ԿԱՐԱՊԵՆՑ

Այս բոլորի պատճառը տատիս տատն է եղել, այլապէս Նիւ Եորքում ծնուած որդիս ի՞նչ գործ պիտի ունենար Ղարաբաղի հետ։
Յետոյ այս խնդրում կարեւոր դեր են ունեցել նաեւ Մեղրիի գիշերները, երբ տատիս տատը Փոքր Թաղի իր քարակերտ տանը քաշուած բաներ է պատմել իր զաւակներին Արցախի ու Սիւնիքի մասին, Դաւիթ-Բեկի, Մխիթար Սպարապետի, Թորոսի, Բայանդուրի, էլ ի՞նչ գիտեմ, Տէր Աւետիքի, Փարսադանի, Պապի, Աւթանդիլի եւ, իհարկէ, իր ամուսնու՝ Վայրենի Յակոբի մասին, ո՞վ գիտէ, ինչպիսի սխրագործութիւններ Continue reading “ԺԱՄԱՆԱԿԻՆ ՏՂԱՍ ԱՍՏՂԵՐՆ ԷՐ ՈՒԶՈՒՄ, ԻՍԿ ՀԻՄԱ՝ ՂԱՐԱԲԱՂԸ (*)”

ԱԿՆԱՅ ՀԱՅՐԷՆՆԵՐ

ԳՐԻԳՈՐ ՋԱՆԻԿԵԱՆ
Այբ

Դուք ինձ հետ ոչ մի անգամ Ակն չեկաք, Ժամու աղբիւրից ջուր չխմեցիք: Սրբուհի մեծ մայրս մինչեւ մահը պնդում էր, թէ Նոր Տարուայ գիշերը, ով առաջինն է Ժամու աղբիւրից կուժը լցնում, աղբիւրը ջրի հետ ոսկի է տեղում:
Նա այնքան հաւատացած է եղել նախախնամական աւանդութեանը, որ ամեն Նոր Տարուայ գիշեր, սուրբ Նարեկայ եկեղեցու զանգերը Continue reading “ԱԿՆԱՅ ՀԱՅՐԷՆՆԵՐ”

Կաղանդչէքը

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

«Անհաւատալի բայց իրաւ»։
Վերնագիրս կրնար ա՛յդ ըլլալ։ Կրնար նաեւ ըլլալ «Աղուոր անակնկալ մը»։
Սակայն զայն «Կաղանդչէք» անուանեցի, որովհետեւ շատ հեռու չէինք ամանորէն, եւ այդ բառը կ՚արտայայտէ որոշ խորհուրդ մը. ունի նուէր մը ըլլալու հանգամանքը ։ Եւ վստահ եմ, որ զայն ինծի ղրկողն ալ ունէր այդ յետին նպատակը ։
Եւ ձեզ աւելի երկար սպասումի մէջ պահելու փոխարէն՝ պատմեմ պատմութիւնս, յետոյ դո՛ւք կրնաք որոշել, թէ ճիշտ վերնագիրը դրե՞ր եմ, թէ՞ ոչ։ Continue reading “Կաղանդչէքը”

ԿԱՐՄԻՐ ԹԱՇԿԻՆԱԿԸ

ԱՆԱՀԻՏ ՂԻԱՍԵԱՆ

Որովհետեւ նորանց ոտները չարութեան են վազում,
եւ շտապում են արիւն թափելու:
Գիրք Առակաց, Գլուխ 1

Քամի էր թեթեւ: Լուացքի պարանի վրայ կանացի սպիտակ վարտիքները հաճոյքով տարուբերւում էին: Չափերով մեծ էին, հնամաշ ու տեղ-տեղ էլ` դեղնած: 52-ամեայ կինը մօտեցաւ պատուհանին, նայեց երկնքին` Continue reading “ԿԱՐՄԻՐ ԹԱՇԿԻՆԱԿԸ”

ԴՊՐՈՑ ԿԱ՞Յ

ԹԱՄԱՐ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ ԳՈՒԶՈՒԵԱՆ

Շաբաթէ մը ի վեր լուր չունէինք իրենցմէ. հեռաձայնային գիծերը բոլորովին անջատուած էին, «սահման»ը գոց էր։
Պէյրութը կրկին անդամալոյծ վիճակի մէջ էր։

— Թռչուն չկայ ճամբաները. — մայրս է, վարագոյրը քիչ մը անդին հրած, գլուխը թեթեւ մը պատուհանէն դուրս` աջ ու ձախ` փողոցը կը դիտէ. մինչ ռմբակոծումը կը շարունակուի։ Continue reading “ԴՊՐՈՑ ԿԱ՞Յ”

«ԿԱՐ – ՉԿԱՐ»

ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Կը նկատեմ, որ դիմացի կիսաւեր տան տանիքին վրայ, կուրծքը ցուիքի քարին սեղմած, գլուխը վեր տնկած՝ քարադոդոշ մը կը հանգչի։ Երկարօրէն, յուլօրէն։ Մենք քարթոշ կ՚ըսենք. սա սովորական ու փայլուն մորթով մողէզներէն աւելի մեծ է, սեւին տուող ծալք-ծալք մորթով ժանգոտած սողուն մը։
Կը յիշեմ, վա՜հ, մեր մանկութեան օրերու նոյն քարադոդոշն է կարծես։ Continue reading “«ԿԱՐ – ՉԿԱՐ»”

Զրոյց՝ դրախտային ծննդավայրիս հետ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Զարմանալի է կեանքը: Արդէն տասը եւ աւելի տարիներ անցած են՝ քեզի հետ իմ վերջին հանդիպումէս: Անհաւատալի: Ի՜նչ արագավազ է եղեր մեր ապրած այս դարը: Ու ամենօրեայ մտահոգութիւններուս մէջ տակաւին քիչ առաջ էր, երբ կրկին անգամ յիշեցի մեր միասին անցուցած օրերը:
Հիմա, որ մօտս չես, ժամերս սկսած են երազին ալիքներուն մէջ ման գալ, Continue reading “Զրոյց՝ դրախտային ծննդավայրիս հետ”

Մի կում առեղծուած

ՔՐԻՍՏԻՆԷ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

Միֆ ես, պատիր, պատրանք …
Աշնանային թոյլ մառախուղ ես ու լեռնային ըմբոստ քամի։ Դու յոյս ես, լոյս ես, կեանք ու մահ ես, պատիւ ու արժանապատւութիւն ես, սէր ու ջերմութիւն ես, քայլող բարութիւն ու հոգու մեղեդի ես, թաց աչքերով աղօթք մրմնջող ես, հանգստութեան աւետարան ես։
Դու ո՞վ ես … Continue reading “Մի կում առեղծուած”

ԲԱԼԱԲԵԿ

ՎՐԷԺ ԻՍՐԱՅԵԼԵԱՆ

ՀՀ հեռուստաընկերութիւնները, խօսքները մէկ արած, մէկը միւսից առաջ ընկնելով, քաղաքական, լրատուական կարեւորագոյն ծրագրերը շրջանցելով, «ֆուտբոլային դիւանագիտութեան» ուղն ու ծուծը բացայայտելու մոլուցքը յետաձգելով, Բարաք Օբամայի յաղթարշաւը ամերիկացիների խղճին թողնելով, օրուայ բոլոր ժամերին, յայտնի եւ անյայտ բոլոր լեզուներով հնչեցրին մի ծանուցում, որը ՀՀ ազգաբնակչութեանը պոկեց իր առօրեայ հոգսերից, գազի ու լոյսի թանկացման անհրաժեշտութիւնը գիտակցելու տառապագին տուայտանքներից եւ տարակուսանքի պատին դէմ տուեց. ո՞վ է Բալաբեկը:
Յայտարարութեան տեքստի տողատակերը հասկանալու բնական ցանկութիւնը ունկնդիրներին մղեց գործի դնել տեղեկատուական Continue reading “ԲԱԼԱԲԵԿ”

ԵՍ ԴԱՄԱՍԿՈՍ Կ՚ԵՐԹԱՄ

ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Արտագնայ աշխատանքի մեկնած հայրերուն

Օրերը կ՚անցնէին, բայց հօրս կարօտը չէր հատներ: Առտուն կ՚արթննայինք պապային պէս՝ կանուխ, մամային կ՚օգնէինք պապային թելադրածին պէս, շունին, հաւուն, հորթին, ուլին կը գուրգարայինք պապային ոճով։ Առտուընէ մինչեւ իրիկուն պապան մեզի հետ էր ու մեզի հետ չէր. բայց մութը որ կոխէր՝ պապային կարօտը կ՚ահագնանար;
Դռան ետեւ դրուած կը մնար պապային մոյկը՝ հողագործի կաշիէ ճտաւոր կօշիկը, որ արտ ու հող կը բուրէր։
Պապան ե՞րբ պիտի գայ։
Չէ՞ որ շուտով պիտի դառնար։
Պապան ոչ միայն չէր վերադառնար, այլ ուրիշներն ալ կը տանէր իր Continue reading “ԵՍ ԴԱՄԱՍԿՈՍ Կ՚ԵՐԹԱՄ”