ՑԱՒԸ՝ ՄԷԿԷՆ ՏԱՍԻ ՄԻՋԵՒ

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ

Մայիս 30-ին չարութիւն ըրե՞ր էի։ Ո՛չ։
Յիշատակումի տօնին առթիւ ամերիկեան դրօշակի գոյներով գլխարկ-մլխարկ դրած՝ շքերթի մասնակցե՞ր էի։ Ո՛չ։
Խանութէ խանութ վազվզե՞ր էի բացառիկ զեղչերէն օգտուելու։ Անշուշտ ոչ։ Continue reading “ՑԱՒԸ՝ ՄԷԿԷՆ ՏԱՍԻ ՄԻՋԵՒ”

ՊԱՏՃԱՌԸ

ՎԱՐՈՒԺ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ

—Հելմութ:
Այսպէս ներկայացուց ինքզինք տեղացի բարեկամի մը ճամբով Գահիրէի գործատեղիս եկած գերմանացին: Եկած էր «լիբանանցի» ոսկերիչէ մը կնոջ համար մատանի մը գնելու: Continue reading “ՊԱՏՃԱՌԸ”

ԿԸ ՅԻՇԵ՞Ս, ՄԱՍԻՍ

ԽԱԺԱԿ ԱՅՆԹԱՊԵԱՆ

Քանի մը օր ետք մենք ալ պիտի ունենանք Արարատին հետ ընտանեկան լուսանկարներու մեր հաւաքածոն: Հինգշաբթի առտու Հայաստան պիտի երթանք: Երեկոյեան արդէն Յաղթանակի այգիին դիմաց կը շարուինք ու առաջին նկարը հոն կը լուսանկարուինք: Երկրորդ նկար մը Կասկադի աստիճաններէն իջած ատեննիս եւ անպայման Արցախի ճամբուն վրայ, Խոր վիրապ կը հանդիպինք, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ քով քովի կը նստինք ու «Հայեացքնիս դէպի Մասիս» վերնագրով նկար մըն ալ հոն կը նկարուինք: Continue reading “ԿԸ ՅԻՇԵ՞Ս, ՄԱՍԻՍ”

Կեանքի մէջ՝ կը խաղայ, բեմի վրայ կ՚ապրի՛

ՄՈՎՍԷՍ ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ

(Անահիտ Թոփչեանի ծննդեան 70-ամեակին առիթով)

Սիրելի՛ ընթերցող,
Այն ինչ որ թուղթին պիտի յանձնեմ քանի մը անգամ պատմած եմ տարբեր առիթներով, ընդ որում նաեւ Անահիտի եւ Ալիքի ներկայութեան Պէյրութի մեր տան մէջ: Կ՚ենթադրեմ որ Անահիտի ծննդեան 70-ամեակը լաւագոյն առիթն է գրի առնելու մեր ծանօթացման այս տարօրինակ պատմութիւնը: Continue reading “Կեանքի մէջ՝ կը խաղայ, բեմի վրայ կ՚ապրի՛”

Մէկ ծաղիկով ալ գարուն կու գայ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Այդ օրերուն օգոստոս էր եւ երեւանեան օգոստոս ու երկինքը բաւական բարձր ջերմութեամբ կը ժպտար։ Ու ինչ մեղքս պահեմ, կ՚ուզէի այդ օրն ալ չծուլանալ եւ մտովի վերանորոգուիլ։ Թէեւ մայրաքաղաքի մեծ եւ յայտնի գրադարաններն ու գրախանութները կարգով այցելած էի, սակայն առիթով մը երեւանաբնակ աշակերտուհիներէս Մատլէնէն խնդրած էի, սանկ, քանի մը «անանուն» գրադարաններն ալ այցելել։ Անկեղծօրէն կ՚ուզէի միշտ լսել հայ գիրքին ձայնը։ Իրապէս, որ հայրենիքի կարօտիս կողքին, ընթերցումի սէրս ալ հետս Հայաստան բերած էի։ Եւ այդ օր մուրազիս հասած էի։ Continue reading “Մէկ ծաղիկով ալ գարուն կու գայ”

ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԲԱՂՆԻՔ

Բժ. ՕՀԱՆ ԹԱՊԱՔԵԱՆ

1940-ական թուականներուն Հալէպի բնակարաններուն մեծամասնութիւնը սահմանափակ յարմարութիւններով օժտուած էր, ու բաղնիքները հեռու էին գործնական ըլլալէ. լոգնալու համար անհրաժեշտ էր օճախին վրայ խոշոր կաթսաներու մէջ ջուր տաքցնել, ապա «բաղնիք» համարուած փոքր խուցի մը մէջ մայրեր իրենց փոքրերը ցած, անթեւ աթոռակի վրայ նստեցնելով՝ կ՚օճառէին անոնց Continue reading “ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԲԱՂՆԻՔ”

Գիրք ու բրինձ

Մութ ու ցուրտ տարիներէն…

ԽԱԺԱԿ ԱՅՆԹԱՊԵԱՆ

Առաջին երկու շաբաթը բրինձը խառնելով կ՚եփէի: Մէկ գաւաթ պարսկական բրինձին երկու գաւաթ հայկական ջուր, Լիբանանէն բերած «մաժի քիւպ» մը մէջը կը նետէի, մի քանի տեսակ Հալէպի համեմունք եւ անպայման Այնճարէն հետս բերած, մայրիկիս չորցուցած «նանէ»ի (անանուխ) փոշիէն քիչիկ մը վրան կը ցանէի: Հալէպահայերը կ՚ըսէին «նանէ»ն բրինձին հետ չ՚երթար, պարսկահայերը կը պնդէին թէ բրինձին հետ ամեն ինչ կ՚երթայ: Ես ալ համոզուած էի որ «նանէ»ն ամեն ինչի հետ կ՚երթայ ու ձեռքիս գործը կ՚ընէի: Յետոյ կը սկսէի խառնել մինչեւ որ ջուրը քաշուի: Ամենալաւ օրերուն մէջը ստեպղին մըն ալ կը մանրէի: Այդ օրերուն ստեպղինով փիլաւը մեր խորովածն էր: Continue reading “Գիրք ու բրինձ”

ԼԵՒՈՆ ՀԻՄԻՏԵԱՆ՝ ՀԱԼԷՊԻ ՀԱՅ ՀՐՇԷՋԸ

Բժ. ՕՀԱՆ ԹԱՊԱՔԵԱՆ

Հալէպի հրշէջներու կայանը 1940-50-ական թուականներուն կը գտնուէր Նէյյալ թաղին մօտերը, բժիշկ Յակոբ Գասապեանի դարմանատան դիմացի կողմը, միաժամանակ ան մեր ամենօրեայ՝ դէպի դպրոց եւ կամ ակումբ՝ երթեւեկի ճամբուն վրայ էր։
Փոքրերուս համար, կայանին առջեւէն մեր անցած միջոցին հրդեհ ազդարարող, խլացնող, թոքերը պատռող երկարատեւ սոյլերը եւ հրշէջներուն զգեստաւորուած, մետաղեայ գլխարկներով, երկրորդ յարկէն երկաթեայ գլանաձեւ սիւնին վրայէն սահելով վար գալն ու հապճեպ կերպով ինքնաշարժերուն վրայ ցատկելը, ուշագրաւ ու հետաքրքրական երեւոյթ էր, ու պահ մը կանգ առնելով դիտէինք պարզուած արտասովոր ու տպաւորիչ երեւոյթը, — ինչ որ փոքր տարիքիս զիս մղած էր ծնողքիս ու շրջապատիս յայտարարելու, թէ երբ մեծնամ կը փափաքիմ հրշէջ ըլլալ, կամ քաղցրեղէնները շատ սիրելուս՝ փախլաւաճի…։ Continue reading “ԼԵՒՈՆ ՀԻՄԻՏԵԱՆ՝ ՀԱԼԷՊԻ ՀԱՅ ՀՐՇԷՋԸ”

«ՀԱՅԱՍՏԱՆՑԻ ՄԵԾ ՄԱՅՐԻԿՍ»

2015-ի աշնան լոյս տեսաւ դերասանուհի, բեմագիր եւ բեմադրիչ Աննի Ռոմանի «Հայաստանցի մեծ մայրիկս» հատորը (Anny Romand, Ma grand-mère d’Arménie, éd. Michel de Maule, Coll. Je me souviens. 2015. 123pp)։ «Հորիզոն գրական»-ի ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնենք անոր ներածականը՝ Հորաս Էնգդալի կողմէ, ինչպէս նաեւ յուշավէպէն հատուածներ, թարգմանութեամբ մեր աշխատակից Գրիգոր Ջանիկեանի։ Continue reading “«ՀԱՅԱՍՏԱՆՑԻ ՄԵԾ ՄԱՅՐԻԿՍ»”

ՆԵՐՍԷՍ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՅՈՒՇԵՐ ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԷՆ
Բժ. ՕՀԱՆ ԹԱՊԱՔԵԱՆ

Վկայ եղա՞ծ էք ժամը հարիւր քիլոմեթր արագութեամբ սուրացող մրրիկի մը, որ իր ընթացքին մէջ առանց խնայելու ատակ է արմատախիլ ընել ծառեր ու վար առնել բնակարաններու կտուրներ։ Ներսէս Պարսումեան այդ մրրիկը հանդիսացած է 1940-50-ական թուականներուն՝ Հալէպի ազգային ու ուսումնական կեանքին մէջ։ Continue reading “ՆԵՐՍԷՍ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ”