ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
Տեսա՞ծ էք որոմ ըսուածը կամ թէ լսա՞ծ էք անոր մասին…
Թունաւոր բոյս մըն է ան, որ մակաբուծաբար կը բուսնի եւ կ՚աճի մշակուած արտերու մէջ, մասնաւորաբար ցորենի ցօղուններուն կից ու անոնց խառնուած, երբեմն անզանազանելի: Մշակը տարին տասներկու ամիս կը պայքարի այս բոյսին դէմ, որ տեղին համեմատ մահացու ալ է, ու չի յաջողիր ընդմիշտ արմատախիլ ընել զայն: Գէորգ Աբով մը պէտք էր, որ «սեւ ֆաշիզմի հետ ասոր հետքն ալ իսպառ ջնջէր», — բայց եկուր-նայի՛ր, որ ուրիշ աւելի վսեմ նպատակներու տուած էր ան խելքը, ու այնպէս ալ որոմը մնաց ու մնաց եւ միշտ կը գտնէ ձեւը՝ գլուխ ցցելու եւ աճելու, ի հեճուկս մարդկութեան բոլոր ճիգերուն…
Լեզուական սխալները ահա կը նմանին ճի՛շդ այդ որոմին:
Հալածէ՛՝ որքան կրնաս, բոլորովին չսպասուած տեղէ մը անկոտրելի գլուխը կը ցցէ ան ու կը ծաղրէ քու բոլոր նախատեսութիւններդ, կանխազգուշութիւններդ, թելադրանքներդ, տեղին համեմատ՝ յորդորներդ ու թախանձանքներդ:
Կ՚անցնիմ, ինծի հետ դուք եւս բազմիցս ճաշակած էք նման սխալներու անտեղիտալի դիմադրականութիւնն ու աներեսութիւնը: Երբեմն զարմանալով, ուրիշ անգամ ընդվզելով, թէ ինչպէ՛ս կարելի է այսքան յամառիլ բացայայտ սխալներու մէջ:
Այսօր քննարկումի առարկայ պիտի դարձնեմ մեր արդէն նախապէս տեսած երեւոյթներէն մէկը, որ է յետ այսու, յետ այդու եւ յետ այնու քիչ մը գրաբար բուրող եռեակը, որ աշխարհաբարի ծագումէն ի վեր, — դուք ըսէք աւելի քան 200 տարի է, — անարգել կ՚աղարտէ մեր լեզուն՝ արեւելահայ թէ արեւմտահայ, եւ բնաւ յաղթահարուելու նպատակ չունի:
Արդարեւ, այս քանի մը օրուան մէջ գոնէ երեք անգամ գլուխ ցցեց ան՝ յայնկոյս եւ յայսկոյս Արարատի:
—Յետ այդու տուեալ բառերը պէտք է փոխարինուին…(«Ազգ», 23-8-19):
—Հետայդու երկրում այլ իրականութիւն էր լինելու…(«Պայքար», 25-8-19):
—Յետ այսու վար պիտի առնենք անօդաչու սարքերը («Զարթօնք», 26-8-19):
Ո՞ւր է ասոնց սխալը կամ թէ ինչո՞ւ սխալ են այս կառոյցները:
* * *
Ինչպէս նկատելի է, ասոնք բաղադրեալ բառեր են, որոնց առաջին բաղադրիչն է յետ նախադրութիւնը (հետայդու սխալագրութիւն է), իսկ երկրորդ բաղադրիչն է այսու, այդու ցուցական դերանունը, որ խնդիրն է այդ յետադրութեան:
Արդ, յետ յետադրութիւնը գրաբարի մէջ կը պահանջէ սեռական հոլով խնդիր. օրինակ՝ կ՚ըսենք՝ «յետ մահու», որովհետեւ «մահու» սեռական հոլով է: Կարելի է ըսել նաեւ՝ յետ պատերազմի, յետ հաշտութեան, յետ պատարագի, յետ ճաշակելոյ եւ այլն:
Իսկ այսու, այդու, այնու բառաձեւերը սեռական հոլով չեն, այլ… գործիական, ճիշդ ինչպէս պիտի ըսէինք՝ պատերազմով, հաշտութեամբ, պատարագով, ճաշակելով: Տրուած ըլլալով, որ կառոյցը բոլորովին գրաբարեան է, — ինչ որ ամէնուն համար մատչելի չէ, — եւ տրուած ըլլալով, որ գրաբարը արդէն կ՚ըսէ «յետ մահու», ինչ որ աշխարհաբարի մէջ ալ մտած է իբրեւ պատրաստի բառակապակցութիւն, — ահա մեքենաբար կ՚ըսուի նաեւ… յետ այսու, յետ այդու, յետ այնու՝ առանց ի մտի ունենալու, բայց նաեւ առանց գիտնալու, որ այսու, այդու, այնու գործիական են:
Այլ խօսքով՝ մահու եւ այսու նոյն հոլովը չունին:
Սրբագրութի՞ւնը…
Շատ պարզ է. պէտք է կիրարկել այս, այդ, այն դերանուններու սեռականները, այսինքն՝ այսր կամ այսորիկ, այդր կամ այդորիկ, այնր կամ այնորիկ:
Ինչպէս կը նկատէք, մենք, այսպէսով աշխարհաբարը ծալելով մէկ կողմ դրած, սկսանք… գրաբար խօսիլ: Ի՞նչ կը կարծէք, ըլլալիք բա՞ն է այս: Կը յաջողի՞նք:
Անշուշտ ո՛չ:
Անձրեւը խնայելով չենք կրնար մեր գրողներուն թանկագին գլուխները կարկուտին յանձնել, այս լեզուի ձեռքէն քաշածնին լայնօրէն բաւարար է:
Կը մնայ, որ ընդմիշտ մոռնանք վերը բերուած բոլոր ձեւերը՝ սխալ թէ ճիշդ:
Բայց իրապէ՛ս մոռնանք:
* * *
Աշխարհաբարեան մտածողութիւնը շատ աւելի ճիշդ ու դիւրին յաջողած է իւրացնել այսուհետեւ, այդուհետեւ, այնուհետեւ մակբայները, որոնք բոլորովին հոմանիշ են վերը բերուած ճիշդ ձեւերուն, ինչպէս նաեւ սխալ ձեւերու ետին ցանկացուած ու թաքնուած ճիշդ ձեւերուն: Ասոնք շատ գեղեցիկ ու բարեհունչ, այլեւ վայելուչ կառոյցներ են, որոնք մեծ հեշտութեամբ մտած են աշխարհաբար:
Դժուար չէ որոշ ճիգով, այլեւ տարրական կրթանքով մը (discipline) իւրացնել ասոնք ու դիմել անոնց, երբ համակարգիչին առջեւ կ՚անցնինք:
Ունինք, միւս կողմէ, բոլորովին աշխարհաբարեան համարժէքները, որոնք հետեւեալներն են՝ ասկէ ետք, ատկէ ետք, անկէ ետք: Ու վե՛րջ:
Ուրեմն, կու տամ ճիշդ ձեւերու յարացոյցը՝
յետ այսր-այսորիկ յետ այդր-այդորիկ յետ այնր-այնորիկ
այսուհետեւ այդուհետեւ այնուհետեւ
ասկէ ետք ատկէ ետք անկէ ետք
Եւ այսուհետեւ մի՛ մոռնաք ամեն առտու, գոնէ երբեմն, երեսնիդ հարաւ դարձնելով եւ աղերսագին երկինք նայելով արտասանել՝
«Հրաժարիմք յետ այսու, յետ այդու, յետ այնու շաղփաղփելոյ եւ գրելոյ»:
«Հրաժարելո՜վ հրաժարիմք»:
«Եղիցի, եղիցի, եղիցի»…
Յ. Գ. — Թուղթերուս մէջ գտայ հետեւեալ օրինակը եւս.
«Արսէն Թորոսեանը հանդիպման մասնակիցներին կոչ է արել յետայսու առաւել ակտիւօրէն ներգրաւուել ծխելու դէմ պայքարին» («Առաւօտ», 14 օգոստոս 2018):
armenag@gmail.com