ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆԻ «ՈՍՏԱՅՆ 10 — ԺՊՏԱՄԱՐՏ» ՀԱՏՈՐԸ

Լոյս տեսաւ Վրէժ-Արմէնի «ՈՍՏԱՅՆ 10 — Ժպտամարտ» առցանց հատորը, որ կը պարունակէ 38 երգիծական յօդուածներ։

«Ինչո՞ւ այս հատորը» վերնագրուած նախաբանին մէջ հեղինակը դիտել կու տայ, թէ ընթերցողը կրնայ ժպտիլ կամ խնդալ կարդալով այս գրութիւնները, սակայն անոնց նպատակը խնդացնել չէ. «Անոնք արդիւնք են տարիներու ընթացքին զգացուած նեղութիւններու, ապրուած հիասթափութիւններու, հանդիպած այլանդակութիւններու, զայրոյթի եւ ընդվզումի», — կը գրէ ան, ապա կ՚աւելցնէ, — «Եթէ ընթերցողը այս ակնարկներուն մէջ տեսնէ մեր հաւաքական կեանքին վերաբերող՝ իրեն ծանօ՛թ իրավիճակներ՝ պատահականութեան արդիւնք չէ՛ ատիկա, քանի որ վստահ եմ, որ միայն գրողը չէ՛, որ կ՚անդրադառնայ այս երեւոյթներուն։ Եթէ ընթերցողը իրեն ծանօթ դէմքերու ալ յատկանիշերը նկատէ, թող այդ ալ պատահականութեան չվերագրէ։ Այդ դէմքերը, — կարեւոր չեն անունները, որոնք չեն տրուած, — անհատներ չեն, կերպարնե՛ր են, որոնց կը հանդիպինք ամեն օր, ամեն տեղ, բոլո՛ր ժամանակներուն։ Իր օրին Յակոբ Պարոնեանն ալ նման դէմքերու հանդիպած է, գիտէք։ Վերջապէս եթէ ընթերցողը ինքզի՛նք տեսնէ այստեղ, ու խնդա՛յ՝ այդ կ՚ըլլայ մեծագո՛յն վարձատրութիւնս…»։

Իր կարգին, «Կարդալէ առաջ…» իր ներածականին մէջ Բժ. Արմենակ Եղիայեան կը մատնանշէ՝ «Այստեղ, — բոլորովին fictif՝ գոյութիւն չունեցած կուսակցութիւններու եւ կուսակցականներու, միութիւններու եւ միութենականներու, տեղի չունեցած ժողովներու եւ ժողովականներու, չկայացած հանդիսութիւններու եւ հանդիսականներու ընդմէջէն, — համակրելի ու բոլորովին իւրայատուկ հնարամտութեամբ մը, այլեւ սեւեռումով ու սուր հեգնանքով մը Վրէժ-Արմէն խոշորացոյցի տակ կ’առնէ սփիւռքահայ կուսակցութիւններու, կուսակցականներու, ազգային գործիչներու բարքերուն ծիծաղելի, անհեթեթ ու սնամէջ երեսները, որոնց ծանօթացած է եւ որոնք բիւրեղացած են իր գիտակցութեան մէջ իր ազգային, ընկերային ու կուսակցական գործունէութեան երկարամեայ ծառայութեան բերումով»:

Հատորին շապիկի գծագրութիւնը, անգամ մը եւս, գործն է Կարօ Մարկոսեանի։ Այս գրքին մէջ ներառուած են նաեւ Տեմսի Արզումանեանի երգիծանկարները, ինչպէս նաեւ Յակոբ Ճանպազեանի եւ Զաւէն Սարգիսեանի գծմծումները։

Հեղինակին վերջին եօթ հատորները՝ սկսեալ «Ոստայն 4»-էն, մատչելի են ընթերցողին Հայերէնblog կայքէջի «ԳԻՐՔԵՐ» բաժնին մէջ (https://hayerenblog.wordpress.com/ Գիրքեր)։ Այնտեղ կարելի է կարդալ նաեւ հեղինակի ոչ-անձնական բնոյթի նամականին, որ հետզհետէ պիտի ամբողջանայ։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *