ԵՒ ԱՅԼՆ… ԵՒԱՅԼՆ… ԵՒՆ

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

ա) Ուղղագրութիւն

Դուք հանդիպա՞ծ էք լեզուի մը մէկ բառին, որ գրուի… վեց ձեւով:
—Կարելի՞ բան է,— պիտի մտածէք շփոթած:
Բայց եւ այնպէս իրողութիւն է:
Այդ բառը հայերէնի «եւ այլն»-ն է:
Ըստ երեւոյթի աննշան, չըսելու համար՝ անկարեւոր բառ մը, որ սակայն գոնէ վեց տարբեր ձեւերով կը գրուի արեւմտահայուն կողմէ, նայած թէ ո՛ր օտար լեզուի ազդեցութեան տակ է գրողը ընդհանրապէս կամ տուեալ պահուն. օրինակ՝
—Սեղանին վրայ դրուած էր հաց, պանիր, կարագ, եւայլն:
—Սեղանին վրայ դրուած էր հաց, պանիր, կարագ եւայլն:
—Սեղանին վրայ դրուած էր հաց, պանիր, կարագ, եւ այլն:
—Սեղանին վրայ դրուած էր հաց, պանիր, կարագ, եւն…:
—Սեղանին վրայ դրուած էր հաց, պանիր, կարագ եւն…:
—Սեղանին վրայ դրուած էր հաց, պանիր, կարագ եւ այլն:

Արեւմտահայերս զարմանալի լայնամտութեամբ մը ասոնց բոլորին կը հանդիպինք ամէն օր ու կը հանդուրժենք բոլորին՝ առանց խորքին մէջ որեւէ կարեւորութիւն տալու, չէ՞ որ անկարեւոր բառ մըն է այս, միւս կողմէ՝ բազմաձեւութիւնը ոչ մէկ ատեն խրտչեցուցած է մեզ: Մինչդեռ միլիոնաւոր արեւելահայեր օրինակելի կարգապահութեամբ մը միայն մէկ ձեւով՝ վերջինով կը գրեն զայն:
Ըստ էութեան՝ բոլոր օրինակներուն մէջ ունինք «եւ» համադասական շաղկապը եւ «այլն» անորոշ դերանունը, որոնք մերթ կցեալ գրուած են՝ եւայլն, մերթ անջատ՝ եւ այլն, մերթ ամփոփ՝ եւն: Ասոնց կցեալ եւ ամփոփ տարբերակները՝ եւայլն ու եւն, հայերէն չեն, այլ օտարաբանութիւններ են, որոնք առօք-փառօք սողոսկած են մեր լեզուական բարքերէն ներս, ուրեմն՝ իսկոյն եւեթ մերժելի են: Կը մնայ անջատ տարբերակը՝ եւ այլն: Հայերէնը նման համադասութեան պարագային եւ-էն առաջ ստորակէտ չի դներ, ուրեմն մերժելի է առաջին տարբերակը եւս, որ բոլորովին օտարաբանութիւն է՝ անգլիաբանութիւն եւ ֆրանսաբանութիւն, որոնք սակայն, դժբախտաբար, համատարած անփութութեան հետեւանքով մեր մէջ պարարտ հող գտած են, յատկապէս Ամերիկայի ու Եւրոպայի մէջ: Ճիշդն ու հայեցին, ուրեմն, վերջին տարբերակն է՝ անջատ եւ առանց ստորակէտի:
Շատ կը պատահի, որ գրողը կրկնէ կամ երեքկնէ եւ այլն-ը, այս պարագային երկրորդ եւ երրորդ եւ-էն առաջ կը դրուի ստորակէտ. այսպէս՝
— Սեղանին վրայ դրուած էր հաց, պանիր, կարագ եւ այլն, եւ այլն:
— Սեղանին վրայ դրուած էր հաց, պանիր, կարագ եւ այլն, եւ այլն, եւ այլն:
Իսկ երեք անգամէն աւելի եւ այլն կիրարկելը սովորական չէ:
Հայեցի գրելաձեւը ունի իր շարահիւսական`լեզուական արդարացումը: Արդարեւ, հայ քերականագիտութեան մէջ պայման է, որ նախադասութեան իւրաքանչիւր բառը ունենայ իր շարահիւսական ստուգաբանութիւնը: Արդ, երբ անջատ կը գրենք եւ այլն, ապա այլն-ը բնութեամբ անորոշ դերանուն է եւ կը դառնայ եւ-էն առաջ համադասուող անդամներուն պաշտօնակից, այսինքն՝ կը կատարէ նոյն պաշտօնը. մեր բերած օրինակներուն մէջ ան ենթակայ է, ինչպէս են հաց, պանիր, կարագ գոյականները: Այսպէսով՝ այլն-ը ունեցաւ թէ՛ բնութիւն մը, թէ՛ պաշտօն մը: Մինչդեռ եւայլն անունով բառ գոյութիւն չունի որեւէ բառարանի մէջ, իսկ անգոյ հնչիւնախումբ մը ո՛չ բնութիւն, ո՛չ ալ պաշտօն կրնայ ունենալ: Խնդրեմ, թող չըսուի, թէ ինչո՛ւ մերինին համարժէքը տնտեսելի է այլ լեզուներու մէջ, ինչո՞ւ ֆրանսացին ու անգլիացին եւ ուրիշներ կրնան գրել etcetera կամ ասոր յապաւուած ձեւը՝ etc. այսպէս է, քանի որ արդի ֆրանսացիին ու անգլիացիին համար այս երկուքը ոչ մէկ իմաստ ունին, այս պատճառով ալ անոնք զայն տարբաղադրելու եւ անջատ գրելու ոչ մէկ կարիք կը զգան: Մինչդեռ արդի հայուն համար եւ ու այլն բառերը մաս կը կազմեն իր կենդանի ու ընթացիկ բառամթերքին, եւ թոյլատրելի չէ, որ այս երկուքը կցելով ստանանք այլանդակ բաղադրութիւն մը, որուն ոչ մէկ բառարանագիր մինչեւ հիմա համարձակած է տեղ տալ իր աշխատութեան մէջ:
Կը պատահի, որ գրողը իր թուարկումները աւարտէ ընդհանրացնող բառով մը, այսինքն՝ այնպիսի բառով մը, որ կ՚ընդգրկէ բոլոր թուարկումները եւ իր կարգին կը թելադրէ նման ուրիշներ եւս. օրինակ՝ «Սեղանին վրայ դրուած էին նարինջ, պանան, դեղձ, տանձ եւ այլ պտուղներ»,— ուրեմն այս պարագային այլն-ի փոխարէն կիրակեցինք այլ ձեւը՝ իբրեւ որոշիչ պտուղներ գոյականին, որ ընդհանրացնող բառն է այս թուարկումներուն: Նկատել, որ ընդհանրացնող բառը միշտ յոգնակի կը դրուի: Նաեւ ՝ «Ներկայ էին քարակոփներ, երկաթագործներ, որմնադիրներ, ատաղձագործներ եւ այլ արհեստաւորներ»:

Ծանօթ.—
1. Բառարանագիրները, տեղի խնայողութեան բերումով, յաճախ կը կիրարկեն եւն սղագիր ձեւը՝ այլուր կիրարկելով եւ այլն վերլուծական տարբերակը, ինչ որ այս պարագային հաւանաբար արտօնելի պէտք է ըլլայ. սակայն եւն ընդունելի չէ մասնաւորաբար գեղարուեստական գրականութեան, ինչպէս նաեւ լրագրութեան մէջ:
2. Երբ թուարկուող բառերը անձի անուններ են, անպատշաճ է, որ շարքը փակենք եւ այլն-ով, այլ պէտք է կիրարկենք եւ ուրիշներ. օրինակ՝ «Հանդիսականներու շարքին էին ուսուցիչներ, գրողներ, արուեստագէտներ, հրապարակագիրներ եւ ուրիշներ» ( ոչ՝ եւ այլն):
3. Յաճախ տուրք տալով գրաբարին՝ ոմանք թուարկումը կ՚աւարտեն եւ այլք-ով, մերթ եւս այլովք հանդերձ-ով. ասոնք սխալ չեն, սակայն խրախուսելի ոճեր ալ չեն:

բ) Հոլովում

Ընտիր գրութեանց մէջ եւ այլն դերանունը կը դրուի այն հոլովով, որով կը դրուին թուարկուող համադաս գոյականները. օրինակ՝
— Սննդականոնի բերումով հրաժարեցաւ հացէ, շաքարէ, կարագէ եւ այլնէ:
— Կը շարունակէր մխիթարուիլ անցեալի յուշերով, անոր ձգած առարկաներով, գիրքերով եւ այլնով:
Երբ այլն բառին փոխարէն ուրիշ թուարկում մը կու գայ աւելնալու նախորդներուն վրայ, նմանապէս ստորակէտ չի դրուիր եւ-էն առաջ. այս պարագային եւ եւ ու շաղկապները համարժէք են. օրինակ՝
— Հաց, պանիր եւ/ու կարագ:
— Կ՚երգեն, կը պարեն, կը կատակեն եւ/ու կը խնդան:
— Արջը հոտուըտաց շուրջը եւ/ու սկսաւ ցնցել մենաւոր տանձենին:
— Տղաքը իրարու բաներ մը ըսին եւ/ու մեկնեցան::
Այս կանոնը դժբախտաբար սկսած է խախտիլ նմանապէս օտար լեզուներու ազդեցութեան տակ. օրինակ՝
—Ազգային, կրթական, եւ ընկերային մտահոգութիւններ…:
—Որպէս հայր, եղբայր, եւ դասախօս…:
Ասոնք ամերիկեան ու ֆրանսական կէտադրութիւն են եւ կը կիրարկուին ձեռամբ անոնց, որոնք հայերէն կէտադրութիւն չեն սորված:

armenag@gmail.com

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *