ԲԱՌԱԶԲՕՍ / Scrabble

ԲԱՌԱՍԷՐ

Մենք երկու զոյգ՝
ոսկի տարիքը արդէն անց,
սեղանի մը շուրջ կլոր
կամ
քառակուսի՝
խոհանոցին մէջ, ճաշարանին,
կամ բացօթեայ՝
զբօսայգիի մը ծառերու շուքին,
սենեակի մը մէջ պանդոկի,
նոյնիսկ լճափին՝
բառաշարը կը խաղանք
մեր հերթական։
Նախ պիտ ճշտենք ո՛վ սկսի,–
ո՛վ քաշեց A, կամ ամենէն մօտը անոր՝
տոպրակէն մեր այդ կարմիր,
ապա խաղանք պիտի,
հերթով՝
ըստ ժամացոյցի սլաքին։
Մէկը կ՚ուզէ ի՛նք ըլլալ սկսողը առաջին,
միւսն ալ հակառակը կ՚ուզէ ճիշտ,
բայց նայած քաշուած տառերուն,
գիտենք,
բախտի՛ հարց է միշտ։
Հիմա պիտի անցնինք մենք գործի,
Մեր քաշած այդ եօթ տառերով,
կամ անոնցմէ քանի՛ հատով որ կրնանք՝
պիտի ջանանք
արդէն այդպէս հերթով որոշեալ՝
բառ մը կազմել, զետեղել
տախտակին վրայ մեր առջեւի,
ծածկելով անոր քառակուսին վարդագոյն
ճի՛շտ մէջտեղի։
Բառ շինելը չի՛ բաւեր,
պէտք է նաեւ գումարել
ամեն տառի գինը նշեալ,–
կան տառեր սուղ՝ մինչեւ տասը արժէքով,
կան ալ սովորական շատ տառեր՝
միայն մէկ արժէքով։
Շահդ բարձր պիտի ըլլայ
եթէ տառդ դրիր լազուարթ, եւ աւելի շատ՝ կապոյտ
քառակուսիի մը վրայ.
իսկ բառդ ծածկեց եթէ
վարդագոյն կամ կարմիր
մէկ քառակուսի՝
կը շահիս արդէն
երկրակի կամ եռակի,–
ձգտի՛լ է պէտք բարձագո՛յն արդիւնքի։
Ամեն մէկը բառը իր կապէ պիտի
տախտակին վրայ երեւցող բառերէն մէկուն կամ միւսին,
թերեւս նաեւ երկու բառի, եթէ բախտը միշտ բանի՝
գլխէն, պոչէն կամ մէջքէն՝
ուրկէ՛ ըլլայ կարելի։
Կրցա՞ր եօթը տառով բառ կազմել,–
կեցցե՛ս, քեզի հազա՜ր երանի,–
պիտ ունենաս յիսուն նիշ ալ աւելի։
«Վա՛յ թէ տեղս առնես, չե՛մ ներեր»,
«գիտեմ, գիտեմ, բոլորդ դէմս էք դիրք բռներ»,
«ես չեմ խաղար, չարութիւն է ըրածնիդ»,
«ինչպէ՞ս խաղամ չունիմ եւ ոչ մէկ ձայնաւոր»,
«իսկ ես միայն մէկ բաղաձայն»,
«խաղա՛ ի՛նչ որ կրնաս, ըսինք բախտի հարց է աւելի…»,
«բառ մը ունիմ, ո՛ւր դնելս չեմ գիտեր»,
«տե՛ղս առիր, տե՛ղս առիր, վա՜յ ինծի»,
«այստեղ դնեմ, որ ձեր ալ ճամբան ե՛ս գոցեմ»,
«ատոր տեղը լաւ բառ մը կազմելդ նայէ,
որ նիշ բերես, շա՛հդ ըլլայ աւելի»,
«այդ ի՞նչ շինծու բառ է, որ դրիր,
հանեցիր ուրկէ՞»,
«բայց չէ՞ որ բառարանին մէջն է, տե՛ս, ահա՛»,
«շատ մի՛ խօսիք, բառս մոռցայ»,
«ստուգեցէ՛ք, հաշիւը ճիշտ կը պահէ՞»…
Այսպէս կ՚անցնին ժամեր, մինչեւ ա՛լ տառ չմնայ
տոպրակին մէջ կարմիր եւ խաղը աւարտի,
երբ մէկը իր բոլոր տառերը սպառէ,
եւ միւսներուն քով մնացածներուն
նիշերն ալ իբր ընծայ հաւաքէ։
Եւ այդպէս,
մեզմէ մէկը յաղթէ, միւսներն ալ ըլլան արժանի
երկրորդ, երրորդ կամ չորրորդ
դափնեպսակի։
Սակայն ի՞նչ փոյթ ի վերջոյ,
չե՛նք իրարու թշնամի։
«Տեսնենք շատ համով ի՞նչ պատրաստեր ես
այսօր դուն մեզի,
որ ճաշակենք ու տօնենք յաղթանակն այս օրուան»,
ու բաժնուինք իրարմէ՝
սպասելով
հանդիպումին մեր վաղուան։

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *