ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆԻ «ՈՍՏԱՅՆ 15 – ԶՐՈՒՑԱՊԱՏՈՒՄ» ՀԱՏՈՐԸ

Վրէժ-Արմէն առցանց հրապարակեց իր նոր հատորը՝ «Ոստայն 15 — Զրուցապատում», որ կը բաղկանայ աւելի քան կէս դարու ընթացքին իր ունեցած բազմաթիւ հարցազրոյցներէն ընտրուած փունջէ մը, թիւով 72, օրին հրատարակուած «Յուսաբեր»-ի, «Հայրենիք»-ի, «Բագին»-ի, «Դրօշակ»-ի ու մանաւանդ «Հորիզոն»-ի մէջ։ Հատորը ձօնուած է հարցազրոյցներու մեծ վարպետին՝ Կարօ Փօլատեանի յիշատակին։
Իր ներածականին մէջ հեղինակը կը նշէ, թէ «Ի տարբերութիւն այլ նման հաւաքածոներու, այստեղ չեն տրուած հարցազրոյցները ամբողջութեամբ, ոչ ալ յաջորդաբար զետեղուած են զրուցակիցի մը ընտրուած բոլոր պատասխանները, այլ զանազան անձերու ըսածները համախմբուած են տուեալ հարցադրումի մը շուրջ։ Այսպէս գոյացած են 17 գլուխներ՝ բաժնուած 6 «սեղաններու»։ Անշուշտ նոյն զրուցակիցները կ՚երեւին մէկէ աւելի գլուխներու մէջ, մէկէ աւելի սեղաններու շուրջ»։
Զրուցակիցներուն մէջ կը հանդիպինք Արամ Հայկազի, Մինաս Թէօլէօլեանի, Վահէ Օշականի, Վահագն Տատրեանի, Սիլվա Կապուտիկեանի, Աշոտ Զօրեանի, Բիւզանդ Կոճամանեանի, ինչպէս նաեւ աւելի ժամանակակից Ռուբէն Յովսէփեանի, Ռազմիկ Դաւոյեանի, Րաֆֆի Արմէնեանի, Թովմաս Պօղոսեանի, Գրիգոր Ակոբեանի, Արծուի Բախչինեանի կամ Իշխան Չիֆթճեանի նման 61 դէմքերու։
Ահա մի քանի օրինակ անոնց ըսածներէն.
Արամ Հայկազ. «Իրաւ քննադատութեան պակաս կայ, հրապարակ հանուած ամեն գիրք գովուած է մամուլին մէջ… ամեն գրող յաջողած է ձեւով մը գրիչ բռնող բարեկամ մը ճարել, որ գովեստով գրախօսած է իր գիրքը… եւ ընթերցողը, գիրքը գնելէ ետք, տեսած է, որ այդ բոլորը սուտ կամ չափազանցուած են»:
Յարութիւն Քիւրտեան. «Յոյս ալ չկայ, որ մօտ ապագային եկեղեցի շինելէ կամ բարեգործութիւն ընելէ ձեռք քաշուի նման [մշակութային] բաներու ալ գոնէ փոքր յատկացում մը ընելու համար: Քա՛ւ լիցի, երբեք յուսացողներէն չեմ, որ նման հրաշք մը կրնայ պատահիլ»:
Վահագն Տատրեան. «Այսօր հայկական ցեղասպանութեան մասին շատ մը նիւթեր աւելի քարոզչական բնոյթ ունին քան թէ լուրջ ակադեմական: Լուրջ գործերու գնահատումի վհատեցուցիչ պակաս մը կայ»։
Մինաս Թէօլէօլեան. «Հայ թերթը հայերէնի կը կարօտի, հայագիր խմբագիրներու եւ գրաշարներու պէտք ունի, հայերէնին ընտանի ընթերցողներով կրնայ շնչել, — չենք ուզեր խօսիլ խմբագրական կոչումի, հանրային ճանաչումի, հրապարակագրային վարուցանի մասնայատուկ կարողութեանց ու տակաւին տարբեր տուեալներու մասին»:
Ըստ հեղինակին, կարդալով այս հարցազրոյցները, մենք կրնանք նկատել, թէ որքան ալ որ այնտեղ արտայայտուած մտքերը «գունաւորուած են օրուան պայմաններէն ու իրավիճակներէն», նաեւ չենք կրնար չնկատել, որ անոնք յաճախ ի զօրու մնացած են մինչեւ օրս։
Վրէժ-Արմէն դիտել կու տայ, որ «երբ կը վերադառնամ հարցազրոյցներուս, կ՚անդրադառնամ, թէ ինչպէս տարիներու հեռաւորութեան վրայ նոյն հարցումներուն յաճախ նոյն պատասխանները ստացած եմ բոլորովին տարբեր անձերէ, տարբե՛ր սերունդներու պատկանող անձերէ։ Եւ երբեմն կը ստիպուիմ ես ինծի հարց տալու, թէ արդեօք ի զո՞ւր էին ջանքերս ընթերցողին, եւ անշուշտ՝ ընթերցողին ճամբով ալ հաւաքականութեա՛ն սեփականութիւնը դարձնելու այդ մտքի մարդոց, արուեստի մարդոց մտածումները, իմաստուն խօսքերը, հեռատե՛ս մօտեցումները մեր ազգին, մեր հայրենիքին, մեր Դատին, մեր լեզուին ու մշակոյթին մասին։ Զրուցակիցներս ազդարարած են, բայց կարծես չեն լսուած…։ Որքա՜ն դասեր կրնայինք սորված ըլլալ ու չենք սորված տակաւին…»։ Ապա կ՚աւելցնէ. «Այս հաւաքածոն թող ըլլայ վերջին փորձ մը այդ ուղղութեամբ»։
Մոնթրէալաբնակ գեղանկարիչ Պերճ Չաքըճեանի գործերը յատուկ փայլք մը կու տան այս հրատարակութեան։
Հեղինակին այս ու անոր նախորդող 11 հատորները մատչելի են ընթերցողին այստեղ՝ https://hayerenblog.wordpress.com/ Գիրքեր։ Հոն կարելի է կարդալ նաեւ հեղինակի նամականիէն մաս մը Անտիպ բաժինին մէջ։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *