ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ՝ ՀԱՅ ԵՒ ՀՌՈՄԷԱԿԱՆ ԿԱԹՈԼԻԿ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐՋԻՆ ՓՈՐՁԸ ՓԼՈՐԵՆՏԻՈՅ ՄԷՋ ԵՒ “DECRETUM PRO ARMENIS” ԿԱՄ »ՀՐԱՀԱՆԳ ԱՌ ՀԱՅՍ« ԿՈՆԴԱԿԸ

ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ, ԵՐԵՒԱՆ, 2020, 92 ԷՋ, »ՍԻՓԱՆ« ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱՏՈՒՆ, ԼԻԲԱՆԱՆ
ԲԱԲԳԷՆ ԹՕՓՃԵԱՆ

Փոքր ծաւալով, բայց հարուստ ուսումնական բովանդակութեամբ լոյս տեսած է դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեանի նշեալ նորատիպ երկասիրութիւնը:
Հատորին հրատարակութեան շարժառիթը եղած է յիշեալ նիւթին մասին գերմաներէն լեզուով դասախօսութիւն մը Ֆրիպուրկի համալսարանի աստուածաբանութեան բաժանմունքին մէջ եւ նոյնին բարելաւուած ձեւով զեկուցում մը՝ ակադեմիկոս Սէն Արեւշատեանի ծննդեան 90-ամեակին նուիրուած գիտաժողովին (Երեւան), որ լրիւ տպագրուեցաւ յոբելեանին ձօնուած ժողովածուին մէջ:
Աբէլ քահանայ նկատի ունենալով «նիւթին կարեւորութիւնը եւ այժմէականութիւնը միջեկեղեցական երկխօսութիւններուն համար»՝ զայն հրատարակած է առանձին հատորով մը՝ ի նպաստ այս-եւ նման նիւթերով հետաքրքրուած ուսումնասիրողներուն:
Յոյն օրթոտոքս եւ Հայ առաքելական եկեղեցիներու միարարական ժողովներու ձախողութենէն ետք, Հայ եւ Հռոմէական կաթոլիկ եկեղեցիներու միութեան ջանքերն ալ ապարդիւն եղան՝ գերազանցապէս ժամանակի աննպաստ պայմաններու բերումով։ Կիլիկիոյ մէջ հայոց թագաւորութիւնը 1375-ին վերջ գտած էր, իսկ կաթողիկոսական աթոռն ալ չունենալով հայկական երբեմնի կայուն պետականութեան օժանդակութիւնը՝ իր կարգին սկսած էր հետզհետէ տկարանալ։ ԺԵ. դարուն, Արեւելեան Հայաստան նմանապէս քաղաքական փայլուն վիճակ մը չէր ներկայացներ։ Երկրին մէջ տիրող քաղաքական անապահով պայմաններու, իրարայաջորդ ասպատակութիւններու եւ աւերածութիւններու, նաեւ այդ պատճառով ստեղծուած տնտեսական եւ մշակութային կեանքի անկման հետեւանքով նոյնպէս իր երբեմնի փայլքէն դալկացած, յաճախ գաղափարական, կրօնական եւ ծիսական տարակարծութիւններու մէջ խորասուզուած Հայ եկեղեցի մը իսկութեան մէջ պատրաստ չէր դիմագրաւելու եկեղեցական միութեան հզօր (մարտա)հրաւէր մը, որ իրեն կը ներկայանար նախ Պազելի մէջ հաւաքուած Կաթոլիկ փկեղեցւոյ հայրերէն, ապա՝ ուղղակի Եւգենիոս Դ. պապէն։ ԺԴ. դարուն, Ղրիմ թերակղզիի Կաֆա (Թէոդոսիա) քաղաքին մէջ հայ գաղթականներ ձեւաւորած էին պատկառելի համայնք մը։ Կոստանդին Դ. Վահկացի կաթողիկոս կ՚ընդառաջէ պապական հրաւէրին եւ ձեւով մը կը յաջողի Կաֆայէն քանի մը փոխանորդներ նշանակել Փլորենտիոյ եկեղեցական ժողովին մասնակցելու նպատակով։ Պատմական փաստերը կը վկայեն, որ կաթողիկոսին նշանակած չորս փոխանորդներէն առնուազն երկուքը՝ Սարգիս եւ Թովմա վարդապետներ, կը մասնակցին Փլորենտիոյ ժողովին եւ կը ստորագրեն «Decretum pro Armenis» կոնդակի հայերէն «Հրահանգ առ Հայս» թարգմանութեան տակ՝ վաւերացնելով Հայ եկեղեցւոյ միութիւնը Կաթոլիկ եկեղեցիին հետ։ Սակայն իրաւապէս («տէ իւրէ») իրականացած այս միութիւնը՝ իրողապէս («տէ ֆաքթօ») գործնական որեւէ հետեւանք չ’ունենար Հայ առաքելական եկեղեցւոյ կեանքին մէջ՝ մինչ այդ Կոստանդին Դ. Վահկացի կաթողիկոսի վախճանումին, ժամանակի անբարենպաստ պայմաններուն եւ, քիչ մը աւելի ուշ, կաթողիկոսական աթոռին Ս. Էջմիածին տեղափոխուելուն պատճառով։
Դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեան քննարկելով հայ եւ օտար հեղինակներու յիշեալ նիւթը շօշափող այլեւայլ պատմական, դաւանական ու եկեղեցաբանական աշխատասիրութիւններն ու փաստաթուղթերը՝ իր քննական հետազօտութեան աւարտին կ՚եզրակացնէ.
«Հակառակ այն փաստին, որ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցին դեռ ցայսօր մասնաւոր կարեւորութիւն կ՚ընծայէ Փլորենտիոյ միարարական ժողովին՝ վաւերական համարելով անոր մէջ իրականացած միութիւնը Կաթողիկէ եւ Հայ եկեղեցիներուն միջեւ, հայ աստուածաբաններ միանշանակ կը հերքեն զայն՝ տալով հետեւեալ փաստարկումները.
Ա.- Վաւերական եւ պարտաւորեցնող միութիւն մը գոյացած չէ:
Բ.- Կաթոլիկ եկեղեցին Փլորենտիոյ ժողովով անգամ մը եւս փորձած է Հայ եկեղեցին ենթարկել իր գերագահութեան:
Գ.- «Decretum pro Armenis» կամ «Հրահանգ առ Հայս» կոնդակը զուտ լատինական փաստաթուղթ մըն է եւ կապ չունի Հայ եկեղեցւոյ հետ:
Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւնը չէ յիշատակած զայն եւ նոյնիսկ անհրաժեշտութիւն չէ զգացուած Հայ եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներէն եւ վանական-վարդապետական այլազան հաստատութիւններէն ներս թեր ու դէմ դիրքորոշում ճշդելու այդ մասին:
Այսուհանդերձ, դրական գնահատական մը տալու համար պէտք է ըսել, որ «Decretum pro Armenis» կամ «Հրահանգ առ Հայս» կոնդակը քննարկած է աստուածաբանական եւ ծիսական այն բոլոր կարեւոր դրոյթները, որոնք Հռոմէական կաթողիկէ եւ Հայ առաք. եկեղեցիներու միարարական փորձերու երկար պատմութեան մէջ արծարծուած են…։ կոնդակը կրնայ այժմէականութիւն ստանալ, եթէ ան լրջօրէն գնահատուի եւ մեկնաբանուի իբրեւ աստուածաբանական մտածողութեան ամուր հիմք՝ միջեկեղեցական ներկայ եւ հետագայ երկխօսութիւններու համար»:
Մասնաւոր շնորհակալութիւն կը յայտնենք Աբէլ քահանային իր այս մեծարժէք ու բացառիկ ուսումնասիրութեան համար:

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *