Ուղղագրական առեղծուած մը

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
Եթէ ձեզմէ մէկը յանձն առնէ «Նոր հայկազեան»-ն ու «Արմատական»-ը մանրակրկիտ թերթատել, ապա պիտի նկատէ, որ մեր բառերուն եւ արմատներուն գանձարանը եղող այս զոյգ բառարաններուն մէջ չկայ որեւէ միաւոր, որուն մէջ յ տառէն առաջ ե կամ է գտնուի. այլ խօսքով՝ չունինք՝ ո՛չ եյ եւ ո՛չ էյ:
Առ այժմ մէկ կողմ ձգենք էյ-ը՝ աւելի ուշ կը տեսնենք զայն:
Գայթակղեցուցիչ է բացակայութիւնը եյ-ին, քանի որ այս հնչիւնախումբը համարժէքն է հնդեւրոպական ei-ին, որուն աւելի կամ պակաս կը հանդիպինք մեզի ծանօթ հնդեւրոպական բոլոր լեզուներուն մէջ.
յունարէն՝ apodeixis, ardeia, enchéleis, eis, poseidon, apoikeia, politeia…
լատիներէն՝ dei, deinde, diei, eia, hei…
ֆրանսերէն՝ sein, seize, treize, reine, serein…
անգլերէն՝ eight, heir, height, weird…
իտալերէն՝ dei, lei, mei, nei, sei, saprei, vorrei…
գերմաներէն՝ ein, zwei, arbeit, eleison, heinz, schreiben, zeitung, Heinrich Heine, weil…
ռուսերէն՝ Лейка — ցնցուղ (ֆրանսերէն douche ըսուածն է)
Клейстер — օսլայի խիւս, շրէշ
Затейник — ծովային ձկնորսանաւ
Затейник — սրամիտ, հնարամիտ, զուարճախօս, կատակաբան
Шлейф — քանի մը իմաստ ունի՝ տուտք, քարշակ, տեսակ մը տափան, տեսակ մը ուռկան

Իսկ մեր բառերու եւ քերականութեան սերտողութիւնը կը թելադրէ եյ երկբարբառի բազմաթիւ պարագաներ, որոնք սակայն… բացակայ են, չկա՜ն:
Հապա ո՞ւր են անոնք, եւ ի՞նչ առեղծուած է այս:
Ահա նման առեղծուածի մը լուծումին է որ կը լծուինք հիմա:

* * *

1) Աչքի առաջ ունենանք կարդալ բայի ներկան եւ անկատարը, որոնք կու տան՝
կարդամ – կարդաս – կարդայ
(լ > մ – ս – յ)
կարդայի – կարդայիր – կարդայր
(լ> յի-յիր-յր)
Ուրեմն ներկայի մէջ կարդալ-ին լ բաղաձայնը դարձաւ մ-ս-յ, իսկ անկատարի մէջ ան դարձաւ յի-յիր-յր: Ասոնք հայերէնի դիմային մասնիկներն են անխտիր մեր բոլոր բայերուն, այսինքն՝ այս մասնիկներուն շնորհիւ է, որ հայերէնի աւելի քան եօթը հազար բայերը առանց որեւէ բացառութեան դէմք, թիւ, ժամանակ ու եղանակ կը ստանան:
Հիմա այս դիմային մասնիկները փոխադրենք ել լծորդութեան բայի մը վրայ, օրինակ՝ վազել-ին.
վազե-մ – վազե-ս – վազե-յ
վազե-յի – վազե-յիր – վազե-i

Ուրեմն այս յարացոյցին մէջ կը գտնենք չորս բայաձեւեր, որոնք պէտք է եյ ունենային եւ չունին. այդ եյ-ին փոխարէն մենք կը գտնենք է՝ վազէ, վազէի, վազէիր, վազէր:
Այսինքն՝ փոխանակ գրելու եյ, Մեսրոպ կանոնագրած է գրել է:

2) Առնենք հիմա ուրիշ բառախումբեր. օրինակ՝ աշտեայ, երկաթեայ, քրիստոնեայ բառերը, որոնց նմանութեամբ ունինք մեծաթիւ ուրիշ բառեր եւ որոնք կը վերջանան եայ եռաբարբառով:
Այս բառերը շեշտափոխութեան, պատմական հնչիւնափոխութեան եւ բառակազմութեան բերումով՝ նախ կը կորսնցնեն իրենց եռաբարբառին ա ձայնաւորը, որ կը դառնայ՝ եայ>եյ, իսկ այս վերջինին փոխարէն մենք կը գտնենք է.
Այսինքն՝
աշտեայ > աշտեյ > աշտէ
երկաթեայ > երկաթեյ > երկաթէ
քրիստոնեայ > քրիստոնեյ >քրիստոնէ
Օրինակ՝ քրիստոնեայ-քրիստոնէական-քրիստոնէութիւն…
Ուրեմն այստեղ եւս ե ու յ իրարու հանդիպելով տուած են է եւ ոչ թէ եյ:

3) Հիմա տեսնենք քանի մը մեկուսի բառեր:
— Մեր ձէթ բառը փոխառութիւն է քիչ մը անծանօթ սեմական աղբիւրէ: Շատ հաւանաբար ասորերէնէ:
Բոլորս գիտենք, որ գոնէ արդի արաբերէնի մէջ ան կ՚արտասանուի զեյթ: Թրքերէնի մէջ ան նմանապէս զեյթ կ՚արտասանուի: Մեզի փոխատու լեզուին մէջ ալ ան պէտք է ունեցած ըլլայ այս նո՛յն արտասանութիւնը, եւ ուրեմն երբ օրին նոր փոխ առինք զայն ձէթ ուղղագրութեամբ, մենք ալ այս բառը անշուշտ կ՚արտասանէինք ձեյթ եւ ոչ թէ ձեթ, ինչպէս այսօր կ՚արտասանենք: Եւ այս ձեյթ արտասանութիւնն ալ յանգած է ձէթ ուղղագրութեան՝ է-ով (եյ>է):
Ծանօթ.- Օտարին զ հնչիւնը հայերէն դիւրաւ կը դառնայ ձ. օրինակ՝ պարսկերէն darzak հայերէն տուած է դերձակ, ուր z>ձ:

Սեր եւ սէր
Այս բառերը պէտք է զանազանուէին իրենց արտասանութեամբ, այլապէս Մեսրոպ տարբեր ուղղագրութեամբ պիտի չգրէր զանոնք: Իսկ ո՞ւր էր այդ զանազանութիւնը. պարզ է՝ առաջինը կ՚արտասանուէր ser, իսկ երկրորդը կ՚արտասանուէր seir, այսինքն՝ սեյր: Եւ ճիշդ այս վերջին արտասանութիւնն ալ յանգած է սէր ուղղագրութեան:

Եզրակացութիւն
Ուրեմն մեր է տառը յղացուած է իբրեւ եյ-ը փոխարինող երկբարբառ մը:
Այլ խօսքով՝ ան երկբարբառ մըն է, եւ ճիշդ այս պատճառով ալ գրաբարի արդի ձեռնարկներու մէջ ան չի դասուիր պարզ ձայնաւորներու շարքին:
Մեսորպեան այբուբենի 36 տառերէն 35-ը պարզ հնչիւններ նշած են, միայն մէկ հատը՝ է-ն, երկբարբառային է, այսինքն՝ կը նշէ երկու հնչիւն՝ ե+յ:

* * *

Ժամանակը քանդած է մեր երկբարբառները, բոլո՛րը(1), նաեւ եյ երկբարբառը, այս վերջինը մասնաւորաբար դարձած է ե՝ կորսնցնելով իր յ կիսաձայնը: Ահա թէ ինչու մենք այսօր սեր եւ սէր բառերը կ՚արտասանենք նո՛յն ձեւով: Նոյնհետայն ե կ՚արտասանենք բոլոր է-ով գրուող բառերը: Այլ խօսքով՝ է=եյ երկբարբառը այլեւս գոյութիւն չունի աշխարհաբարի մէջ, եւ ճիշդ այս պատճառով ալ Մանուկ Աբեղեան 1922-ին մեր այբուբենէն վտարեց է տառը, քանի անոր համապատասխանող ուրոյն հնչիւն չունինք: Սակայն աւանդութեան սիրոյն կը պահենք այդ վաղեմի է-ն:

Ծանօթ. — Ընթերցողը պէտք է զգուշանայ թիւրիմացութենէ մը, որ հետեւեալն է. մեր արդի ուղղագրութեան բոլոր է-երը եյ երկբարբառի ներկայացուցիչներ չե՛ն անպայման: Ունինք յունական, ասորական եւ պարսկական բազմաթիւ փոխառութիւններ, որոնք գրուած են է-ով, որ այդ լեզուներուն մէջ կը համապատասխանէ մերթ կարճ e-ի, մերթ երկար ē-ի եւ ոչ ուրեմն ei երկբարբառին: Զանց կ՚ընեմ մանրամասն օրինակները՝ տաղտկալի չդարձնելու համար յօդուածս. հետաքրքրուողները կը յղեմ Հ. Աճառեանի «Հայոց լեզուի պատմութիւն»-ին մէջ այդ լեզուներէն կատարուած փոխառութիւններու ցանկերուն:

* * *

Երկու խօսք ալ էյ-ին մասին:
Այս երկտառը ներկայիս կը գտնենք միայն օտար յատուկ անուններու մէջ, ինչպէս՝ Ալէյ, Պէյրութ, Պոմպէյ, Զէյթուն, Ռէյֆուն եւ այլն եւ որոնց ուղղագրութիւնը տգիտութեան հետեւանք է, քանի որ այդ օտար անուններուն մէջ լսուող ու գրուող երկբարբառը մեր վերը տեսած ei-ն է, որ երբեմն ալ ey-ով կը գրուի (օրինակ՝ Beirut Beyrouth) որուն համարժէքը հայերէն եյ է:
Քանի որ է համարժէք է եյ-ի, փոխարինենք զայն Ալէյ-ին մէջ, եւ պիտի ունենանք՝ Ալեյյ, իսկ այսպէս արտասանուող տեղի անուն չկայ, թող որ արտասանելի ալ չէ ան: Պարագան նոյնն է բոլոր միւսներուն համար: Ուրեմն նմանները պէտք է հայերէն տառադարձուէին եյ-ով՝ Պոմպեյ, Ալեյ, Զեյթուն, Ռեյֆուն եւ այլն:

armenag@gmail.com

1) Մեր բազմաթիւ երկբարբառներէն մնացած է միայն «իւ»-ն, երբ զայն կ՚արտասանենք «ու-թիւն»-ին մէջ. օրինակ՝ բարու-թիւն, մաքրու-թիւն, մեծու-թիւն։ Իսկ ան կը չքանայ, երբ այս նոյն բառերը կ՚արտասանենք՝ բարութ-յուն, մաքրութ-յուն, մեծութ-յուն տարբերակով։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *