ԱՅՍ ԱՆԿԻՒՆԷՆ — Գրողը իրաւունքներ ունի՞

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Երբ կը մտածենք մե՛ր թերացումներուն, ցաւերուն կամ տագնապներուն մասին, այլոց իրավիճակին ծանօթանալը կրնայ մեզի օգտակար ըլլալ։
Այսօր հայ գրողի դիմագրաւած դժուարութիւնները կրնան շատ տարբեր չըլլալ այլ գրողներու դժուարութիւններէն, սակայն զանոնք հարթելու կամ թեթեւցնելու համար ի՞նչ կ՚ընեն ուրիշներ, ի՞նչ կ՚ընենք մենք։
Այս հարցերը անցան մտքէս երբ կարդացի Le Devoir օրաթերթի 30-31 յունուար 2021 շաբաթավերջի մշակութային յաւելուածին մէջ շահեկան յօդուած մը՝ «L’écrivain, espèce à protéger» («Գրողը՝ պաշտպանութեան կարիք ունեցող տեսակ մը») ստորագրուած թերթի մնայուն աշխատակից Odile Tremblay-ի կողմէ։ Continue reading “ԱՅՍ ԱՆԿԻՒՆԷՆ — Գրողը իրաւունքներ ունի՞”