ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ՝ ՀԱՅ ԵՒ ՀՌՈՄԷԱԿԱՆ ԿԱԹՈԼԻԿ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐՋԻՆ ՓՈՐՁԸ ՓԼՈՐԵՆՏԻՈՅ ՄԷՋ ԵՒ “DECRETUM PRO ARMENIS” ԿԱՄ »ՀՐԱՀԱՆԳ ԱՌ ՀԱՅՍ« ԿՈՆԴԱԿԸ

ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ, ԵՐԵՒԱՆ, 2020, 92 ԷՋ, »ՍԻՓԱՆ« ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱՏՈՒՆ, ԼԻԲԱՆԱՆ
ԲԱԲԳԷՆ ԹՕՓՃԵԱՆ

Փոքր ծաւալով, բայց հարուստ ուսումնական բովանդակութեամբ լոյս տեսած է դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեանի նշեալ նորատիպ երկասիրութիւնը:
Հատորին հրատարակութեան շարժառիթը եղած է յիշեալ նիւթին մասին գերմաներէն լեզուով դասախօսութիւն մը Ֆրիպուրկի Continue reading “ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ՝ ՀԱՅ ԵՒ ՀՌՈՄԷԱԿԱՆ ԿԱԹՈԼԻԿ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐՋԻՆ ՓՈՐՁԸ ՓԼՈՐԵՆՏԻՈՅ ՄԷՋ ԵՒ “DECRETUM PRO ARMENIS” ԿԱՄ »ՀՐԱՀԱՆԳ ԱՌ ՀԱՅՍ« ԿՈՆԴԱԿԸ”

«Բանկ օտոման» գործողութիւնը ժամանակին ցնցել էր ամբողջ Եւրոպան

ԱՐՄԻՆԷ ՍԱՐԳՍԵԱՆ

Գրող, գրականագէտ, թարգմանիչ Ալեքսանդր Թոփչեանի հետ զրուցել ենք նրա՝ «Բանկ օտոման» վէպի լատվիերէն թարգմանութեան առիթով։ Սա «Բանկ օտոմանի» վեցերորդ թարգմանութիւնն է` ռումիներէնից, ֆրանսերէնից, ռուսերէնից, պարսկերէնից եւ սերբերէնից յետոյ:

Continue reading “«Բանկ օտոման» գործողութիւնը ժամանակին ցնցել էր ամբողջ Եւրոպան”

Նոր հրատարակութիւններ — ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ. ՀԱՆՐԱԳԻՏԱՐԱՆԸ

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԱՅՎԱԶԵԱՆ

Հանրագիտարանի գլխաւոր խմբագիր-տնօրէն

«Հայկական հանրագիտարան» հրատարակչութիւնը լոյս է ընծայել «Յովհաննէս Թումանեան. հանրագիտարանը», որը մեզանում առաջին գրական հանրագիտարանն է, նաեւ՝ յոբելեանական. նուիրուած է Ամենայն հայոց բանաստեղծի ծննդեան 150-ամեակին:
Հանրագիտարանը բանաստեղծի գրական ժառանգութիւնը, թումանեանագիտութեան հիմնական նուաճումները, Թումանեանի հայ եւ համաշխարհային գրականութեան հետ առնչութիւնները, հայ մշակոյթում նրա ստեղծագործութիւնների տարատեսակ դրսեւորումները, նրա բազմաբեղուն ազգային-հասարակական գործունէութեան պատմութիւնն ամփոփող համապարփակ հրատարակութիւն է: Continue reading “Նոր հրատարակութիւններ — ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ. ՀԱՆՐԱԳԻՏԱՐԱՆԸ”

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ — Վրէժ-Արմէնի «ՈՍՏԱՅՆ 14 – ԲԱՐԵ՛Ւ, ԸՆԿԵՐ» հատորը

Լոյս տեսաւ Վրէժ-Արմէնի այս նոր առցանց հատորը, որ կը բաղկանայ 60 յօդուածներէ, 131 էջ՝ ընդգրկելով աւելի քան երեսուն տարիներու վրայ տարածուած գրութիւններ, որոնք լոյս տեսած են «Դրօշակ»-ի ու «Հորիզոն»-ի մէջ։
Նիկոլ Աղբալեանի յիշատակին նուիրուած է այս գիրքը, որուն «Ինչու ա՛յս հատորը» ներածականին մէջ կը կարդանք. Continue reading “ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ — Վրէժ-Արմէնի «ՈՍՏԱՅՆ 14 – ԲԱՐԵ՛Ւ, ԸՆԿԵՐ» հատորը”

Ռուբինա Փիրումեան Մինասեանի եւ Բաղդիկ Մինասեանի «Թաւրիզից ստալինեան գուլագ. ընդհատուած պատմութիւն» հատորը

Ս.Ա.Յ.

Հրատարակուած Երեւան 2019-ին Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւնների ազգային ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ Ազգագրութեան ինստիուտի Գիտական խորհուրդի որոշմամբ (Յիշողութեան ազգագրութիւն շարք — 8), Թաւրիզից Ստալինեան Գուլագ. Ընդհատուած Պատմութիւն հատորը հայերէն հրատարակութիւնն է ցեղասպանագէտ դոկտ. Ռուբինա Փիրումեանի 2017-ին լոյս ընծայած My Father: A man of courage and perseverance, a survivor of Stalin’s Gulag հատորին, որուն անդրադարձած էինք «Հորիզոն գրական»ի հոկտեմբեր 2017-ի թիւով։ Continue reading “Ռուբինա Փիրումեան Մինասեանի եւ Բաղդիկ Մինասեանի «Թաւրիզից ստալինեան գուլագ. ընդհատուած պատմութիւն» հատորը”

Լոյս տեսաւ Վրէժ-Արմէնի »ՈՍՏԱՅՆ 13 – ԹԵԼԵՐ, ԹԵՒԱԾՈՒՄՆԵՐ« հատորը

Լոյս տեսաւ Վրէժ-Արմէնի «ՈՍՏԱՅՆ 13 – Թելեր, թեւածումներ» առցանց հատորը, որ կը բաղկանայ չորս մասէ՝ «Այս անհամար թելերը», «Մենք մեզի», «Պաստառին առջեւ» եւ «Ասկէ անկէ»՝ 47 գրութիւններով, 105 էջ։ Continue reading “Լոյս տեսաւ Վրէժ-Արմէնի »ՈՍՏԱՅՆ 13 – ԹԵԼԵՐ, ԹԵՒԱԾՈՒՄՆԵՐ« հատորը”

Կարօ Արսլանեանի Եթէ… ն

Ս.Ա.Յ.

Երեւանի մէջ լոյս տեսած է «Հորիզոն գրական»ի աշխատակից Կարօ Արսլանեանի «Եթէ…» բանաստեղծական հատորը, Անտարես հրատակչատան կողմէ, խմբագրութեամբ Արքեմնիկ Նիկողոսեանի։
Հատորը 96 էջերու մէջ կը մէկտեղէ բանաստեղծութիւններ խմբուած հետեւեալ բաժանումներուն մէջ. Եթէ սիրես…, Եթէ պայքարիս…, Եթէ աղօթես…, Եթէ հաւատաս…, Եթէ յուսաս… եւ Եթէ բաղձաս…։ Continue reading “Կարօ Արսլանեանի Եթէ… ն”

Վաչէ Սարգսեանի վերադարձը

ՍԻՐԱՆՈՅՇ ԴՒՈՅԵԱՆ

Օրեր առաջ Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ խորհրդահայ աքսորական գրականութեան հայ ընթերցողին առայժմ անյայտ կոթողային գործ մը` Վաչէ Սարգսեանի Ակեղդամա եռահատոր վէպի առաջին` Անկրկնելի պատմութիւն հատորը: Վէպը գրուած է 1960-1980-ական թուականներուն` հեղինակի` աքսորէն վերադառնալէն շատ չանցած: Continue reading “Վաչէ Սարգսեանի վերադարձը”

Լոյս տեսաւ Զաւէն Պիպէռեանի ինքնակենսագրական ֆրանսերէն վէպը

Zavèn Bibérian, Car vivre, c’était se battre et faire l’amour (Istanbul : Aras Yayıncılık, August 2019)

Ֆրանսացի պատմագէտ եւ թարգմանիչ _ եւ մեր վաղեմի աշխատակից _ Հերվէ Ժորժըլէնի խմբագրութեամբ, ծանօթագրութիւններով եւ ներածականով լոյս տեսաւ Սփիւռքի մեծագոյն վիպագիրներէն Զաւէն Պիպէռեանի ինքնակենսագրական վէպը, հեղինակի ֆրանսերէն բնագրով։ Continue reading “Լոյս տեսաւ Զաւէն Պիպէռեանի ինքնակենսագրական ֆրանսերէն վէպը”

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ Վրէժ-Արմէնի «ՈՍՏԱՅՆ 12 — ՀԱՆԳՈՅՑՆԵՐ» հատորը

Լոյս տեսաւ Վրէժ-Արմէնի «ՈՍՏԱՅՆ 12 — Հանգոյցներ» առցանց հատորը, որ կը բաղկանայ չորս մասէ՝ «Խրախճանք», «Գարուն ա, ձուն ա արել…», «Չարտուղի պատմութիւններ» եւ «Հայեր»՝ 27 գրութիւններով, 72 էջ։

Իր ներածական «Երկու խօսք»-ին մէջ,  հեղինակը կը գրէ.

Continue reading “ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ Վրէժ-Արմէնի «ՈՍՏԱՅՆ 12 — ՀԱՆԳՈՅՑՆԵՐ» հատորը”