ՀՐԱՉ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Բժ. ՕՀԱՆ ԹԱՊԱՔԵԱՆ
Հազուագիւտներու փաղանգին վրայի ամենաընտիր սերը. խիզախ վրիժառու, քաղաքականութեան ու դիւանագիտութեան ամենայետին նրբութիւններով օժտուած տաղանդաւոր ազգային գործիչ ու ղեկավար. ուղղամիտ, անկաշառ ու բացառիկ համեստ, որուն համատ տեւաբար կատարելիք գործն էր կարեւորը. Չէր ուզեր երեւնալ ու կը խուսափէր իր մասին խօսիլ տալէ։
Սիրտը լեցուած վրէժխնդրական կատաղութեամբ, ի տես հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած ջարդերուն ու ոճրագործութիւններուն, ան իր անունին համապատասխան վրէժ գոռացող հուր աչքերով կուսակցութեան վերին մարմնին կողմէ ղրկուեցաւ Պերլին, կատարելու համար Նեմեսիս գործողութեան ամենանուրբ եւ դժուարին աշխատանքը. թուրք ծպտուելով մտնել ջարդարարներու որջին մէջ։
Այդ մասին կարդանք Դաշնակցութեան կայքէջին վրայ Հրաչի կենսագրականէն հետեւեալ հատուածը.
«Գործի մարդ էր Հրաչ Փափազեան, եւ օր մըն ալ, իր առաջարկով, իրեն կը վստահուի ամէնէն պատասխանատու աշխատանքներէն մէկը, Պերլինի մէջ:
Թալէաթի ահաբեկումէն ետք անցած էր շուրջ վեց ամիս: Պերլինի մէջ, ուր խմբուած էր ջարդարարներու խումբը, անկարելի կը դառնար գտնել հետքը տոքթ. Պեհաէտտին Շաքիրին:
Պերլին գտնուող հայ հետախոյզները կարողացած էին երեւան հանել հետքը Տրապիզոնի հայերու ջարդարար կուսակալ Ճեմալ Ազմիին, որ ծխախոտի խանութ մը բացած էր: Կարողացած էին գտնել նաեւ հետքերը Պոլսոյ ոստիկանութեան տնօրէն եւ ապա Պէյրութի կուսակալ Ազմիին եւ նաեւ ուրիշներու, բայց տակաւին անյայտ կը մնար Պեհաէտտինի թաքստոցը: Յապաղումը կրնար ձախողեցնել անոր դէմ արձակուած մահավճիռին գործադրութիւնը, որովհետեւ մէկ օրէն միւսը ան կրնար հեռանալ Պերլինէն: Ասկէ զատ, կարեւոր էր բուն իսկ ոճրագործներուն շրջապատէն իմանալ անոնց մշակած ծրագիրները եւ տեղեկանալ անոնց շարժումներուն, որպէսզի ըստ այնմ ձեռք առնուէին անհրաժեշտ միջոցները:
Եւ Հրաչն է, որ կառաջարկէ Պոլսոյ պատասխանատու մարմինին. թուրքի ծպտումով երթալ Պերլին եւ հոն ստեղծել ջարդարարներու շրջանակին մօտենալու եւ անոնց հետ մտերմանալու պատեհութիւնը: Լաւ թրքագէտ եւ թրքախօս, մօտէն ծանօթ թրքական բարքերուն եւ կրօնական սովորութիւններուն, այլեւ` մեծապէս պաղարիւն եւ շրջահայեաց, ան կը ցուցաբերէ առաջադրուած գործը լաւագոյն արդիւնքով գլուխ հանելու ինքնավստահութիւնը: Առաջարկը կ՚ընդունուի:
Հրաչ Պոլիսէն կը մեկնի Պերլին, կը վերածուի «թուրք» Մեհմէտ Ալիի եւ թուրք ջարդարարներու շրջանակը թափանցելով իր մեծ նեդրումը կ՚ունենայ Պեհաէտտին Շաքիրի եւ Ճեմալ Ազմիի ահաբեկման: Փաստօրէն ան հող պատրաստեց այս վրիժառութեան»:

Հրաչը ճանչցողներուն, ու մանաւանդ իր անմիջական գործակիցներուն համար, ան անվիճելիօրէն կատարեալ դիւանագէտ մը եղած է, ու կուսակցութեան, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդին համար, հարստութիւն էր այդպիսի մակարդակով դիւանագէտ անձ մը ունենալ ղեկավար դիրքերու վրայ։
Հրաչ Փափազեան 1932-ին ու 1943-ին պետական երեսփոխան ընտրուած էր Հալէպէն, Ազգայնական կուսակցութեան (Ուաթանի) ցանկին վրայ. Իր խօսքն ու դատողութիւնը կշիռ ունեցած են ոչ միայն կուսակցական ու ազգային կեանքէն ներս, այլ նաեւ պետական շրջանակներու մօտ, սուրիացի ժողովուրդին ազատագրական պայքարի տարիներուն։ Շրջահայեաց էր, գաղտնապահ, իրատես ու մանաւանդ չափազանց համեստ. Ազգայնական կուսակցութեան ղեկավար տարրեր՝ Սաատալլա Ճապրի, Ապտէլրահման Քէյյալի, Միխայիլ Էլիան, կարեւոր հարցերու շուրջ միշտ իր կարծիքը խնդրած են որոշում կայացնելէ առաջ։
Հրաչ Փափազեան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եղած է 1947-էն մինչեւ 1959։
Մեծ մարդոց մեծութիւնը կը յիշատակուի առաւելաբար հիմնական իրագործումներով։ Հրաչ Փափազեանի պարագային կարելի է անվարան հաստատել իր ունեցած կենսական դերը նորակազմ հայ գաղութը մասնակից դարձնելու սուրիական հայրենիքի անկախացման ի նպաստ մղուած պայքարներուն՝ հայ գաղութը վստահելի ու դերակատար տարր մը դարձնելով յաչս արաբ ժողովուրդին։ Ան կերտած է կուսակցական ու ակումբային առողջ սերունդ մը, որուն մօտ միշտ ներկայ եղած է նուիրումի ոգին՝ արդիւնաւոր կերպով ծառայելու իր ազգին. ան հալէպահայ գաղութը վերածած է անառիկ ամրոցի մը, այլասերման ու այլ վտանգներու դէմ, փոքր Հայաստանի մը շունչը ներմուծելով նորահաս սերունդին։
Կամքէ անկախ պատճառներով 1957-ին Հրաչ Փափազեան կը փոխադրուի Լիբանան, ուր ծանր ու տառապալից հիւանդութենէ ետք կ՚աւանդէ իր հոգին 1960-ի օգոստոս 16-ին։

Նիւթապաշտ աշխարհին մէջ Հրաչ Փափազեան վարած է շատ համեստ կեանք մը, ու լուսամիտ գաղափարապաշտութեամբ կատարած է իր բոլոր պարտականութիւնները. շատ մը այլ կուսակցական ու ազգային գործիչներու նման, սկսեալ ՀՅԴ հիմնադիր Քրիստափոր Միքայէլեանէն՝ Հրաչ Փափազեան զուրկ մնացած է վայելելէ ընտանեկան պատշաճ կեանքի մը ջերմութիւնը։ Ւր որդեգիր զաւակը՝ Վարդգէս, որ ինծի մօտ դասընկերներէն մին էր Հայկազեան վարժարանին մէջ, տեւաբար մեզ տեղեակ կը պահէր իր հօտ երկարատեւ ու յաճախակի ճամբորդութիւններուն մասին։
Փոքր տարիքիս շատ մը առիթներով տեսած եմ Հրաչ Փափազեանը ակումբին բակին մէջ, գլուխը միշտ ֆէսով ու գլանիկը բերնին… սակայն օսմանեան կայսրութեան ազդեցութեան աստիճանական նուազումով, իր, ինչպէս այլ տղամարդոց մօտ, ֆէսի գործածութիւնը նահանջեց ու գրեթէ անհետացաւ։
Հրաչ Փափազեան սակաւախօս էր, պաղարիւն, համեստ ու բոլորին մատչելի։ Մի քանի անգամ տեսած եմ զինք ակումբին մէկ անկիւնը, ոտքի կայնած, կուսակցական կամ միութենական անձերու հետ կը խօսակցէր հազիւ լսելի ձայնով…
Ներգաղթի տարիներուն, երբ «յառաջդիմական ճակատ»ի անուան տակ մարդիկ սուր պայքար սարքած էին կուսակցութեան ու հայ ժողովուրդի առողջ տարրին դէմ, յիշողութեանս մէջ է տակաւին կուսակցութեան կողմէ հայ հասարակութեան տեղեկատուական հանդիպումի մը հրաւիրուիլը ակումբին բակին մէջ, ուր շեշտը դրուած էր առաւելաբար կուսակցութեան համակիր զանգուածին վրայ, որուն զօրակցութիւնը կենսական էր ու հրամայական՝ ստեղծուած ծանրակշիռ կացութիւնը դիմագրաւելու առումով։ Հօրս հետ ներկայ եղած եմ այդ հաւաքոյթին։ Չեմ յիշեր բանախօսին անունը, սակայն երեկուան պէս աչքիս առջեւ է Հրաչ Փափազեանը, որ հաւաքոյթի աւարտին, վերջին շարքին վրայ դրուած աթոռի մը վրայ կայնելով՝ յաւելեալ բացատրութիւններ տուաւ ու իր խօսքը փոխանցեց ներկաներուն։
Հրաչ Փափազեանի վարած խոհեմ քաղաքականութիւնը, կուսակցութեան համակիր զանգուածը սիրաշահելու՝ գլխաւոր պատճառներէն մին եղաւ հալէպահայ գաղութին ամրակուռ կեցուածքին կուսակցութեան կողքին, ներգաղթի ու կաթողիկոսական ընտրութեան տարիներուն արուեստական կերպով ստեղծուած նուաստացուցիչ պայքարներու ընթացքին։
Հրաչ Փափազեանի մասին վերջին յիշողութիւնս զիս կ՚առաջնորդէ 1955 թուականի աշնան. կաթողիկոսական ընտրութեան պատճառաւ ստեղծուած թնճուկը բոլորին բերնին մէջ է, ու ուրբաթ օր մը հայրս մեզ տեղեակ պահելէ ետք թէ Առաջնորդարանին մէջ Գաւառական ժողովի արտակարգ ու կարեւոր ժողովի մը պատճառաւ՝ հաւանաբար քիչ մը ուշ վերադառնայ տուն, երեկոյեան ժամը 7-ի ատենները կը մեկնի…
Առաւօտեան ժամը 4-ը անցած է ու հայրս տակաւին տուն չէ վերադարձած։ Մտահոգ ենք բոլորս ու մանաւանդ մայրս… Անմիջապէս հագուստներս հագուստներս հագուելով կը նետուիմ փողոց… օդը զով է ու շուրջս ամայութիւն։ Մօտակայ թաղի մը մէջ կը տեսնեմ թաղին գիշերային պահակը, որ երկար լախտ մյ ձեռքին կը շրջէր թաղէ-թաղ (այդ տարիներուն իւրաքանչիւր թաղաշրջան պարտաւորիչ կերպով ունէր իր գիշերային պահակը)։ Մօտենալով իրեն, կը բացատրեմ մտահոգութիւնս… Պահակը ինծի կը նշէ մօտակայ թաղի մը մէջ չորս հոգինոց խումբի մը ներկայութիւնը, որ անամպ, աստղազարդ լազուարթ երկնակամարին տակ, խօսելով ու վիճելով կ՚երթեւեկեն… Մտահոգութիւնս մասամբ մը փարատած՝ տուն վերադառնալով կը հանդարտեցնեմ մայրս ու եղբայրս, հիմնուելով պահակին տուած բացատրութիւններուն վրայ։ Մօտ տասը վայրկեան ետք տուն կը մտնէ հայրս, իրեն հետ միասին Հրաչ Փափազեանը, Միհրան Հերարտեանը ու երրորդ անձ մը, որուն անունը յիշողութենէս կը վրիպի։
Օդը զով ըլլալով, բոլորն ալ կը մսէին… Մայրս արագօրէն թէյ պատրաստեց, որպէսզի «գիշերաշրջիկ» ժողովականները տաքցնեն իրենց մարմինները, որմէ ետք անոնք անմիջապէս կը մեկնին։
Հօրս տուած բացատրութիւնը. — ժողովը աւարտած էր ժամը 1-ի ատենները, սակայն կարգ մը ժողովականներ ճամբաներուն վրայ ճեմելով շարունակեցին իրենց վիճաբանութիւնները ու կարծիքներու փոխանակումները ժողովին ընթացքին արծարծուած նիւթերուն առնչութեամբ…։
Հրաչ Փափազեանի մահուան եկեղեցւոյ արարողութիւններուն պատեհութիւնը չունեցայ ներկայ գտնուելու, սակայն ներկայ էի թաղմանական արարողութիւններուն Ֆըրն Շըպպէքի ազգային գերեզմանատան մէջ, որ կը գտնուի ֆրանսական բժշկական համալսարանին կից։ Յուսացածէս աւելի բազմութիւն մը ներկայ էր, մեծամասնութեամբ նախկին հալէպահայեր… Ու կը մտածեմ. եթէ ան մահացած ըլլար Հալէպի մէջ, բազմահազար հայեր պիտի մաս կազմէին թագաղին հետեւող թափօրին, որոնց կարգին նաեւ շարք մը պետական անձնաւորութիւններ։
Յաճախ տապանաքարի մը շքեղութիւնը հակադարձ կերպով համեմատական է հանգուցեալին արժէքին. Հրաչ Փափազեանի համեստ տապանաքարին տակ կը ննջէ հայ ժողովուրդի վրիժառու բազուկը հանդիսացող ու հալէպահայութեան պարծանքը՝ բոլորին սիրելի՝ ընկեր Հրաչ Փափազեանը։
Խոնարհութիւն իր ազգանուէր գործունէութեան ու տպաւորիչ վաստակին առջեւ։ Թող այս կարճ տողերը ծաղկեփունջ մը նկատուին, զետեղուած իր համեստ տապանաքարին վրայ, իր պատրաստած ու դարբնած առողջ սերունդին անունով։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *