Մեծարժէք ուսումնասիրութիւն մը Լիբանանի խորհրդարանին մէջ հայ երեսփոխաններու գործունէութեան մասին

ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Հայկազեան Համալսարանի հրատարակչութիւնը Պէյրութի մէջ Ապրիլ 2017-ին հրատարակած է հանրածանօթ հասարակական գործիչ, իրաւագիտութեան դոկտոր Ռուբէն Աւշարեանի չափազանց արդիական, հանրագիտարանային նշանակութիւն ունեցող երկհատոր աշխատութիւնը(1), որ կը կրէ «On the Record. Armenian Deputies in the Lebanese Parliaments» խորագիրը: Գիրքը հեղինակին երկարամեայ արգասաբեր աշխատանքի արդիւնքն է՝ աւելի քան 1330 էջ ծաւալով:Գիրքին յառաջաբանը գրած է Հայկազեան Համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը, որ արժեւորած է Ռուբէն Աւշարեանի կատարած մեղուաջան ահագին աշխատանքը։ Ան վստահութիւն յայտնած է, որ առկայ հատորները կարեւոր դեր պիտի ունենան լիբանանեան քաղաքական գրականութեան մէջ:
Գիրքին առաջին հատորը կը վերաբերի 1922-1972, իսկ երկրորդը՝ 1972-2017 թուականներու միջեւ երկարող ժամանակահատուածներուն: Իւրաքանչիւր հատորի առաջին մասը կը կազմէ հեղինակի հետազօտութեան արդիւնքը, իսկ այնուհետեւ ներկայացուած են յաւելուածները: Աղբիւրագիտական հարուստ նիւթերու եւ ուսումնասիրութիւններու համակողմանի քննարկումով՝ մանրամասն կերպով ու պատշաճ գիտական որակով ընթերցողին կը ներկայացուի Լիբանանի տարբեր խորհրդարաններու կազմութեան մէջ հայ երեսփոխաններու ծաւալած յիրաւի՛ ուշադրութեան արժանի եւ մինչեւ այժմ նման լուրջ մօտեցումով մը քննութեան չարժանացած գործունէութիւնը: Այստեղ անփոխարինելի տեղեկութիւններ կան 1929-2017 թուականներու ընթացքին Լիբանանի խորհրդարանին անցեալին անդամակցած եւ տակաւին անդամ եղող 31 հայ երեսփոխաններու մասին, ուր միաժամանակ արժեւորուած է անոնց ծաւալած պատկառելի գործունէութիւնը:
Արձանագրենք, որ հեղինակը միանգամայն համոզիչ կերպով ցոյց կու տայ Լիբանանի քաղաքական կառուցուածքի եւ յատկապէս խորհրդարանի կազմակերպման հայեցակարգի առանձնայատկութիւնները, հայկական համայնքներու՝ սահմանադրութեամբ ամրագրուած իրաւունքները: Արժեւորելով զանոնք՝ ան թուարկած է լիբանանեան ներկայացուցչական խորհուրդի, այնուհետեւ առաջին, երկրորդ, երրորդ եւ յաջորդ խորհրդարաններու կառուցուածքի իւրայատկութիւնները՝ ընդգծելով, որ անոնց արմատները կու գան 1861 թուականի ինքնավար Լեռնալիբանանի մութասարրիֆութեան ժամանակներէն (Լեռնալիբանանի վերջին մութասարրիֆը (1913-1915) եղած է հայազգի Յովհաննէս փաշա Գույումճեանը):
Ծանօթանալով աշխատութեան՝ ընթերցողը համապարփակ պատկերացում մը կը կազմէ Լիբանանի քաղաքական եւ տնտեսական ներքին զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ անոնց բովանդակային կառոյցին մէջ հայ համայնքի հիմնախնդիրներուն մասին: Հարկ է ընդգծել, որ սոյնը կը հանդիսանայ Ռուբէն Աւշարեանի մեծղի հատորներուն հիմնական արժանիքներէն մին: Այստեղ լիովին բացայայտուած եւ յաւուր պատշաճի արժեւորուած են լիբանանահայութեան եւ Լիբանանի խորհրդարանի հայ ներկայացուցիչներու յառաջադէմ հայեացքները, որոնք հանդէս կու գային երկրին մէջ ճիշդ համարկուելու, կողմնորոշուելու եւ բարգաւաճելու դիրքերէն:
Ռուբէն Աւշարեանի գիրքին ուսումնասիրութենէն կը տեսնենք, որ հայ երեսփոխաններու ուշադրութեան կեդրոնը եղած են ինչպէս Լիբանանի ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան եւ տնտեսութեան հետ առնչուող խնդիրներ, այնպէս ալ հայ համայնքին վերաբերող բազմաթիւ հարցեր: Մասնաւորապէս 1929-1939 թուականներուն, խորհրդարանական քննարկումներու ժամանակ հայազգի Վահրամ Լէյլեկեանը եւ Խոսրով Թիւթիւնճեանը հանդէս եկած են բովանդակալից ու բազմակողմանի առաջարկներով: Այլ հարցերու շարքին, անոնք լիբանանահայ դպրոցներուն մէջ արաբերէն լեզուի ուսուցման համար յատկացուող նիւթական օժանդակութիւններու ծաւալը աւելցնելու, ինչպէս նաեւ զանոնք տնօրինելու վերահսկողութիւնը առաւել արդիւնաւէտ դարձնելու միտումով հարցեր բարձրացուցած են, յաճախակի հանդէս եկած են հայութեան շրջանակներուն մէջ արաբերէն դասաւանդող ուսուցիչներու քանակի մասին՝ արաբերէն լեզուի երեկոյեան դասընթացքներուն թիւը աւելցնելու դիմումներով: Առաջարկած են հայ համայնքին համար ներկայացուցչական տեղ յատկացնել Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդին, ինչպես նաեւ Լիբանանի կառավարութեան կազմէն ներս (պահանջք մը, որ վերջը իրականացաւ)՝ հաշուի առնելով երկրին մէջ ապրող հայերու թուաքանակը: Կամ՝ 1950-ականներուն Տիգրան Թոսպաթի, Ժոզեֆ Շատերի, ապա Խաչիկ Պապիկեանի գործունէութեան եւ անոնց ելոյթներուն մէջ կարեւոր տեղ գրաւած են երկրի առողջապահութեան, գիւղատնտեսութեան, շինարարութեան, առեւտուրի, ելեկտրուժի որակին ու գինին, մամուլի, ոստիկանութեան վերաբերող խնդիրները: Անոնք ճշգրիտ եւ օգտակար առաջարկներ ներկայացուցած են խորհրդարանին՝ երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող աղքատութիւնը յաղթահարելու ուղղութեամբ:
Հեղինակը համոզիչ փաստերով ցոյց կու տայ, որ հայ երեսփոխանները Լիբանանի խորհրդարանէն ներս մասնակցած են սահմանադրութեան, պիւտճէի ընդունման, փոփոխութիւններու քննարկումներուն, ինչպէս նաեւ նման առիթներով անոնք հանդէս եկած են կառուցողական առաջարկներով: Ակնյայտ են քննարկուող խնդիրներու նկատմամբ անոնց յառաջադէմ մօտեցումները: Անոնք սրտցաւ վերաբերում ունեցած են երկրի քաղաքական ու տնտեսական խնդիրներուն հանդէպ եւ իրենց ելոյթները ամենեւին չեն սահմանափակուած լոկ լիբանանահայութեան հետ առնչուող հարցերու շրջանակով: Աւելին՝ համարած են, որ Լիբանանի խնդիրը նաեւ լիբանանցի հայուն խնդիրն է եւ, որպէս լիարժէք քաղաքացիներ, անհրաժեշտ է առկայ հարցերուն արդիւնաւէտ լուծումներ գտնելու փորձեր կատարել: Լիբանանի շահը անոնք իրաւացիօրէն համարած էին նաեւ իրենցը, զայն նոյնացնելով հայ համայնքի շահերուն հետ:
Ռուբէն Աւշարեանի ուսումնասիրութիւնը գերազանցապէս կ’ապահովէ աշխատութեան գիտական որակը, որուն գործնական օգտակարութիւնը եւ դիտարժանութիւնը առաւել ակնյայտ կը դարձնեն հատորներուն յաւելուածները, վաւերագրական բացառիկ լուսանկարները, անուանացանկերն ու մատենագիտական հարուստ ցանկը: Առանձնապէս ուշադրութեան արժանի են, ինչպէս վերը պահ մը նշուեցաւ, հատորներուն ընդարձակ յաւելուածները, որոնց մէջ ներկայացուած են վիճակագրական տուեալներ ու փաստաթուղթեր հայ երեսփոխաններու մասին: Ատոնց շարքին չափազանց արժէքաւոր են Լիբանանի խորհրդարանի նիստերուն ժամանակ հայ երեսփոխաններու ելոյթներուն բնագրերը, որոնք հատորներու յաւելուածներուն մէջ ներկայացուած են բնօրինակին լեզուով` հիմնականօրէն արաբերէնով, ինչպէս հեղինակը կը շեշտէ, ընթերցողին հնարաւորութիւն ընձեռելու՝ առաւել առարկայական կերպով ծանօթանալու հայ երեսփոխաններու գործունէութեան: Ընդգծենք, որ սոյնը այլ ուսումնասիրողներու համար կրնայ վստահելի աղբիւր հանդիսանալ: Ելոյթներու ընթերցումէն ակնյայտ կը դառնայ հայ երեսփոխաններու լայն մտահորիզոնը, կրթական բարձր մակարդակը, օտար լեզուներով խօսքը անկաշկանդ, գեղեցիկ շարադրելու բարձր արուեստը:
Խնդրոյ առարկայ աշխատութեան կարեւորութիւնը, անշուշտ, չի սահմանափակուիր միայն վերջինիս՝ Լիբանանի հայութեան պատմութեան վերաբերող առաջնակարգ աղբիւր մը ըլլալու փաստով: Հատորներուն մանրամասն ծանօթանալէ ետք իսկոյն կը համոզուինք, որ անոնք առաջին հերթին որոշապէս Լիբանանի խորհրդարանի պատմութեան տարեգրութիւնն է: Ուստի միանշանակ ողջունելի է, որ ան հրատարակուած է անգլերէն լեզուով, առաւելութիւն մը, բնականաբար, հաւանական ընթերցողներու շատ աւելի մեծ լսարան մը ապահովելու հեռանկարով: Սոյն հանգամանքը գիրքին շահեկան կողմերէն մէկը ըլլալով հանդերձ, համոզուած պիտի ըլլանք նաեւ ըսելու՝ աշխատանքը կրնար մեծապէս շահիլ, եթէ ունենար հայերէն ընդարձակ ամփոփում մը, նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ գիրքը առաջին հերթին ուղղուած է հայ հանրութեան: Այս տեսակէտէն մեկնելով՝ չափազանց կարեւոր կը գտնենք հատորներուն արաբերէն յաւելուածները յետագային հայերէնի թարգմանել, քանի որ անոնք անառարկելիօրէն կը հանդիսանան լիբանանահայութեան պատմութեան ուսումնասիրութեան առաջնակարգ աղբիւրներէն, մասնաւորաբար Հայաստանի, Արցախի, նաեւ Սփիւռքի այլ գաղթօճախներու մէջ հայ գիտահետազօտողներու շրջանակներուն։
Ամփոփենք. համակողմանի օգտագործելով Լիբանանի խորհրդարանի նիստերու արձանագրութիւններուն նիւթերը, պաշտօնական մամուլն ու բազմաթիւ այլ աղբիւրներ եւ ուսումնասիրութիւններ, Ռուբէն Աւշարեանը ընթերցողի դատողութեան եւ անաչառ գնահատականին յանձնած է ընդհանրապէս Լիբանանի խորհրդարանին եւ մասնաւորապէս անոր հայ երեսփոխաններու գործունէութեան նուիրուած ծանրակշիռ, հանրագիտարանային բնոյթ ունեցող իր արժէքաւոր եւ յոյժ շահեկան աշխատասիրութիւնը: Միանգամայն համոզուած ենք, որ հմուտ հեղինակին նշեալ հատորները լիբանանահայ գաղութին պատմութիւնը ուսումնասիրողներու համար երկար տարիներ շարունակ պիտի հանդիսանան իբրեւ համընդգրկուն, վստահելի եւ անսպառ աղբիւր մը։
Եթէ երբեք օր մը Լիբանան դադրի սփիւռքահայ գաղթօճախ մը ըլլալէ, եւ եթէ ցանկալի օր մը իրականանայ հայութեան համազգային իղձը՝ մէկտեղուելու մէկ երկինքի տակ՝ հայոց մէկ ընդհանրական հայրենիքին մէջ, հայկական մէկ պետութեան եւ միասնական մէկ դրօշի հովանիին ներքոյ, այդ ժամանակ Ռուբէն Աւշարեանին գործը պերճախօս եւ գերազանց վկայութիւն մը պիտի ըլլայ գեղածիծաղ Լիբանանի ասպնջական հողերուն վրայ ապրած, գործած եւ երկրի քաղաքական կեանքին վրայ իր խոր եւ անջնջելի կնիքը դրոշմած հայութեան մասին։
Լիբանանահայութեան եւ ընդհանրապէս Լիբանանի խորհրդարանին նման արժէքաւոր ուսումնասիրութիւն մը պարգեւած հեղինակին՝ դոկտ. Ռուբէն Աւշարեանին վարձքը կատար։ Իրեն սրտանց կը մաղթենք յաջողութիւն եւ նորանոր ստեղծագործութիւններ իրականացնելու անսպառ եռանդ։
Ժընեւ, 11 դեկտեմբեր 2017

1) Roupen Avsharian, On the Record. Armenian Deputies in the Lebanese Parliaments, Volume I, 1922-1972, 654 pages & Volume II, 1972-2017, 680 pages, 2017 — Ռուբէն Աւշարեան, Արձանագրութիւններուն մէջ. Հայ երեսփոխանները լիբանանի խորհրդարանին մէջ, հտր. 1՝ 1922-1972, հտր. 2՝ 1972-2017, Պէյրութ, Հայկազեան Համալսարանի հրատարակչատուն, 2017, 654+680 էջ:

 

 

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *