ՄՏԱԾՈՂ ՄԱՐԴՈՒՆ ՄԻՏՔԸ ՄԻՇՏ ԱՆՎԵՐՋ Է

ՓՈԽԱՆ ԳՐԱԽՕՍԱԿԱՆԻ, ԳՐԻԳՈՐ ՀՈԹՈՅԵԱՆԻ «ՄԱՅՐԱՄՈՒՏԻ ՑՈԼՔԵՐ» ԳԻՐՔԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՌԹԻՒ

ՍԵԴԱ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Գիրքերը ձեր միտքի նաւերն են, որ կը ճանապարհորդեն ժամանակի ալիքներու վրայով
եւ զգուշաբար կը տանին իրենց թանկագին բեռը սերունդէ սերունդ։

Սիրելի պրն Հոթոյեան, սրտաշարժ ուրախութեամբ ստացայ եւ կարդացի «Մայրամուտի ցոլքեր» գիրքդ։ Մանաւանդ ես զիս երջանիկ համարեցի՝ գիրքին յառաջաբանը գրելու պատուին արժանանալուս համար։ Հազար պատիւ Ձեզի՝ մօտաւորապէս 90-ամեայ ճանապարհորդ։ Ձեր կեանքը դեռ մոմի պէս լոյս կու տայ, որ մեր սիրելի հայ ժողովուրդին մշակոյթը յաւերժ պահպանուի։
Պրն Հոթոյեան, այս անգամ եւս վերահաստատեցիք Ձեր հաւատոյ հանգանակը հանդէպ մեր ազգին։ Ձեր վերջին գիրքը՝ «Մայրամուտի ցոլքեր»ը տակաւին ծերացած չէ։ Ձեր միտքն ու գործը յարատեւ են։
Ձեր բոլոր հատորները, այս վերջինին հետ միասին, ուղղուած են ամեն հայու, որ տակաւին չէ կորսնցուցած զգացումը ազգային հպարտութեան, գնահատանքը՝ հայ գրականութեան։ Այս գիրքը նոյնպէս կենդանի խօսող փաստ է։ Անկեղծութիւնը յաջողութեան բանալին է գրական այս 209 էջնոց գիրքին, որուն էջերուն մէջ տրուած են ծանօթագրութիւններու արժէքը, հարստութիւնը. փոխանցուած գիտելիքներու տարածքը հիացումի արժանի է։
Առաջին էջերուն մէջ կը կարդանք կարեւոր տեղեկութիւններով հարուստ յօդուածներ։ Ընթերցողին կը ներկայացնէք սեղմ ուսումնասիրութիւն մը արցախեան աշխարհի մասին։ Տեղահանութեան դրուագներ ու հերոսական սխրանքներ, պատմութիւններ եւ եղելութիւններ։
Պրն Հոթոյեան, դուք փաստերով նկարագրած էք, թէ Ղարաբաղի բարբառը ինչպիսի՛ ծագում ունեցած է ժողովուրդներու նախալեզուին մէջ։ Բաղդատութիւններ ըրած էք, թէ արցախեան բարբառին մէջ կան բազմաթիւ բառեր, որոնք գործածական են միայն այդ բարբառով եւ չեն մտած հայերէնի ընդհանուր բառապաշարին մէջ։ Ինչպէս նաեւ Ղարաբաղի բարբառին մէջ կան բազմաթիւ բառեր, որոնք իրնց արտայայտած իմաստով պահպանուած են տարբեր լեզուներու մէջ։ Ձեր այս ուսումնասիրութեան մէջ դուք եղած էք լեզուի մտածողութեան աշխատաւորը։
Գրած էք նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մշակութային եւ հոգեւոր ժառանգութեան մասին։ Կը յուսամ, որ այս յօդուածը օգտակար պիտի ըլլայ կարդացողներուն՝ որպէս տեղեկութեանց եւ գաղափարներու աղբիւր։ Այստեղ նաեւ յատկանշական է Ձեր մարդկային ու բարոյական հաւատարմութիւնը անցեալի եւ հարազատ արմատներու հանդէպ։
Բաւական է թերթել գիրքին էջերը եւ հոն անգամ մը եւս կը տեսնենք հայ կեանքին եւ իրականութեան հայելին, կը տեսնենք, որ բոլոր հերոսները ազգային պատկանելիութիւն ունին։ Դուք անհատները կը նկարագրէք իրենց իսկ էութեամբ, կը նկարագրէք զանոնք ինչպէս որ են։ Այս երկուքը նմոյշներ են անկեղծութեան։ Ձեր զգացումները վեհ են ու արդար։
«Ձօն գերապատիւ Տ. Մեղրիկ ծ. վարդապետ Բարիքեանին՝ եպիսկոպոս ձեռնադրութեան եւ օծման առթիւ» գրութեան մէջ կ՚ըսէք՝
Եկեղեցական շարականներով,
Սաղմոսներով եւ աղօթքներով ու
Աստուածային սուրբ օրհնութիւններով,
Կեանքդ դարձուցիր կանթեղ մշտավառ։
Անտարակոյս, մասունքի պէս համբուրելի կը գտնենք այս երախտաւորին՝ Մեղրիկ սրբազանին նուիրուած պաշտամունքի աստիճանին հասնող հիացական այս տողերը, ուր բանաստեղծութիւնը կ՚առանձնանայ եւ ցոյց կու տայ սրբազանին հոգեւոր արժէքներուն գեղեցիկ իրականութիւնը։
Պրն. Հոթոյեան, Ձեր գիրքին մէջ ներկայացուցած էք հանգուցեալ գերաշնորհ Տ. Կորիւն արք. Պապեանի յիշատակը յաւերժացնելու մտածումը, անոր իրական կեանքի կենդանի պատկերներով եւ դէպի բարին ու գեղեցիկը ունեցած հաւատքով։ Դուք կրկին գեղեցկացուցած էք Կորիւն սրբազանի մարդկային եւ հոգեւոր կեանքը։ Նմանապէս՝ հոգելոյս Տ. Արմէն աւագ քահանայ Իշխանեանի յիշատակին եւ Յակոբ Արսլանեանի յուղարկաւորութեան մասին։ Այս բոլորը գրած էք Ձեր կեանքի փորձառութեամբ, մարդոց հետ յարաբերութիւններու պարզ ու ջերմ, անկեղծ զգացումներով, իմաստասիրական ու հաւատքի խոր ըմբռնումներով։
Այս բոլորին հետ մեծ էր զարմանքս, երբ կարդալով այս արժանաւորներուն զգացմունքներուն, մտքերուն ու յարաբերութիւններուն մասին,— մարդիկ, որոնք ինծի ծանօթ չէին եւ չէի տեսած զիրենք— զգացի, որ ամեն մէկ անձ կարծես իմ առջեւ բացաւ նոր, չտեսնուած աշխարհ մը։
«Պաշտելի մօրս յիշատակին» բանաստեղծութեամբ կը վերադառնաք Ապրիլեան եղեռնին։ Այս բանաստեղծութիւնը այն խորհուրդն է, որով դուք կը ստեղծէք Ձեր թափանցիկ աշխարհը, յուսաբեկ, շլմորած կ՚ոգեկոչէք անցեալը, ուր ամենայն մանրամասնութեամբ պատկերած էք դժոխային այն ճանապարհը, ուրկէ անցած է հայ ընտանիքը։ Բանաստեղծութեան մէջ ինքնակենսագրական փաստերով թափանցած էք պատմական ծանր ժամանակաշրջանէ մը ներս։ Դուք իրադարձութիւններն ու ժամանակի դէպքերը արձանագրած էք Ձեր յիշողութեան մէջ եւ գեղարուեստական բարձր արժանիքներով ներկայացուցած էք ընթերցողին։ Կը պատմէք մօր, ընտանիքի, քրոջ եւ զաւկի սէրերուն մասին։ Սակայն ասիկա սոսկ ընտանիքի մը պատմութիւնը չէ, աւելին՝ այս մէկը ամբողջ ժողովուրդի մը հալածանքի ու դեգերումներու պատմութիւնն է։ Ասիկա ամբողջ սերունդի մը կորուստի շարունակուող ցաւն է՝ 1915-էն ցայսօր պահպանուող կարծրացած կարօտը, սուր ցաւի նման խոցող ամենաանասելի պահերուն անգամ։
Մայր իմ,
Դուն եւ որդիդ կը գտնուէիք
Եփրատի հոսող ջուրերուն վրայ,
Մօրդ գլուխը մարմինէն բաժնուած
Կը տեսնես, որ կը ծփար ազատօրէն,
Պատճառ դառնալով սարսափելի լացի
Եւ աղաղակի։
Մայրական սիրերգութիւնը դարձած է Ձեզ համակող էութիւն՝ իր բազմազան երեւոյթներով։ Խորապէս ապրուած զգացում, ուր Դուք բազմաթիւ բառեր կ՚որոնէք՝ մօր սիրոյ կարօտը զգալով։ Համոզուած ըլլալով, որ մօրդ սէրը անհասանելի է, սակայն իբրեւ բալասան՝ կ՚ամոքէ Ձեր տառապանքը։ Հակառակ տարիներու թաւալին, Դուք հետեւած էք Ձեր սրտի թելադրանքին։
Բաւականին լայն է, պրն Հոթոյեան, Ձեր հետաքրքրութիւններու շրջագիծը։ Մանր ու մեծ հատորներով, բազմաթիւ ու բազմազան յօդուածներով նուաճած էք սեփական ստորագրութեան իրաւունք։ Այս հսկայածաւալ գիրքերը գրելով՝ աշխատած էք վառ պահել հայ ոգին։ Ամենէն առաջ այդ «հոգին» է, «կենդանի շունչը», դրոշմուած անկենդան թուղթի վրայ։ «Գրողին մեծագոյն գրգռիչ գաղափարը դիւրամատոյց ըլլալն է», ըսած է Միսաք Մեծարենց։ Ահա թէ ինչո՛ւ Ձեր գիրքերը ընթերցելու ժամանակ կը թուի, թէ Հոթոյեանը կը խօսի քեզի հետ եւ դուն կը զգաս, որ կը ճանչնաս Հոթոյեան մարդը։ Ձեր խմբագրած եւ ծանօթագրած հատորներուն շնորհիւ՝ մեր ծանօթութիւնը կը զարգանայ ու կը խորանայ։
Այսպիսով, պրն Հոթոյեան, Ձեր մտաւորականի գանձը հայրենասիրական սխրանքն է։ Ձեր գրական ժառանգութիւնը ծայրէ ի ծայր ներծծուած է վսեմ հայրենասիրութեամբ։ Այդ ոգիով դաստիարակած էք Ձեր դուստրը՝ Անին, ամուսինը՝ Մայքըլը եւ թոռներդ՝ Քրիստափորն ու Ստեփան-Արմէնը, որոնք կրկին անգամ ստանձնած են այս հատորին մեկենասութիւնը։
Ընդունեցէ՛ք, խնդրեմ, անկեղծ շնորհակալութիւնս, որ Ձեր վերջին գիրքէն՝ «Մայրամուտի ցոլքեր»-էն ես ալ արժանացայ օրինակ մը ունենալու։
Սիրելի՛ պրն Հոթոյեան, կը մաղթեմ Ձեզի եւ Ձեր ազնուափայլ տիկնոջ՝ Շաքէին, քաջառողջ կեանք, խաղաղ ու արեւշատ օրեր։

Մնամ յարգանքով՝
ՍԵԴԱ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

24 դեկտեմբեր 2016
Թորոնթօ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *