Զաւէն Պիպեռեան, «Անկուտի սիրահարներ»

Բ. ՀՐԱՏ. ԽՄԲ. ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ՁԵՒԱՒՈՐՈՒՄ՝ ԱՐԷՏ ԿԸՃԸՐԻ. ԱՐԱՍ ՀՐԱՏ., ՊՈԼԻՍ 2017. 224 ԷՋ

Զաւէն Պիպեռեանի «Անկուտի սիրահարներ»-ը՝ 55 տարի վերջ, դարձեա՛լ մեզի հետ… Առանց կորսնցուցած ըլլալու իր թարմութիւնն ու այժէականութիւնը։
Ստանպուլահայ արձակի եզակի դէմքերէն է Զաւէն Պիպեռեան, որու «Անկուտի սիրահարներ» վէպը առաջին անգամ լոյս տեսած է ապրիլ 1962-ին, որպէս չորրորդ հրատարակութիւնը «ԹՕ» մատենաշարին։
Վէպին գլխաւոր հերոսներն են Սուրը, որ տակաւին դպրոցական պատանի մըն է, եւ իրմէ երկու տարի մեծ Նորման, որ կեանքի պայմաններու բերմամբ չէ կրցած շարունակել իր ուսումը ու կ՚աշխատի գործի հրապարակին վրայ։ Սուրի ու Նորմայի սիրաբանութեան խորապատկերը կը կազմեն Պոլսոյ զանազան վայրերը՝ Իշխանաց կղզիներէն Մաչքայի հանրապարտէզը, Էմինէօնիւէն Ֆեներպահչէ։
Սխալ պիտի ըլլար անշուշտ վէպը զուտ սիրային պատումի մը սահմաններուն մէջ ընկալել. մեկնելով Սուրէն ու Նորմայէն՝ հեղինակը կը փորձէ սեւեռել Վեց Սեպտեմբերի դէպքերու վաղորդայնին Պոլսոյ մէջ ստեղծուած մթնոլորտը, յատկապէս պատկերելով Սուրի ընտանեկան պարագաները՝ նորելուկ հարուստ մը եղող, թաղական ու «ազգայինճի» հայրը՝ Գէորգը, մայրը՝ Մելինէն, որ տունը բանտարկուած, հեշտութեամբ ստանձնած է քաղքենի հասարակութեան կողմէ իրեն պարտադրուած դերը, եւ միւսները՝ քոյրն ու եղբայրը, որպէս նոր սերունդ։
Սուրի ու Նորմայի անկուտիութիւնը, որ ատեն-ատեն կը հրահրէ ներընտանեկան անլուր բռնութիւնն ու անհանդուրժողութիւնը, հեղինակին՝ Զաւէն Պիպեռեանին ատաղձ մատակարարած է հիւսելու իր այս անզուգական վէպը։
Նոր հրատարակութիւնը կատարուած է առաջին հրատարակութեան վրայէն, կէտադրական եւ ուղղագրական աննշան հպումներով՝ միշտ հաւատարիմ մնալով հեղինակի սկզբունքներուն։
Զաւէն Պիպեռեան ծնած է 1921-ին, Պոլսոյ Չենկելգիւղ թաղը։ Աշխատակցած է պոլսահայ ու սփիւռքահայ մամուլին, երբեմն մաս կազմելով նաեւ անոնց խմբագրակազմերուն։ Քաղաքական ճնշումներու հետեւանքով 1949-էն սկսեալ քանի մը տարի, մինչեւ 1953 թուականը, բնակութիւն հաստատած է Պէյրութ։ Պիպեռեան ունեցած է նաեւ քաղաքական գործունէութիւն. 1965-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն եղած է երեսփոխանական թեկնածու՝ Թուրքիոյ Բանուորական կուսակցութեան շարքերէն։ 1968-ին նոյն կուսակցութեան անունով ընտրուած է Ստանպուլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ, եղած՝ այդ խորհուրդին փոխ-նախագահը։
Մահացած է 4 հոկտեմբեր 1984-ին, Պոլիս։ Թաղուած է Շիշլիի ազգային գերեզմանատան մտաւորականներու թաղը։
Զաւէն Պիպեռեանի հայերէնով հրատարակած հեղինակային գիրքերն են «Լկրտածը» (վէպ, 1959), «Ծովը» (պատմուածքներ, 1961), «Անկուտի սիրահարներ» (վէպ, 1962), «Մրջիւններու վերջալոյսը» (վէպ, 1984, ամբողջական հրատարակութիւնը՝ 2007. ֆրանսերէնի թարգմանուած Հերվէ Ժորժըլէնի կողմէ եւ հրատարակուած 2012-ին)։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *