ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ — Վրէժ-Արմէնի «ՈՍՏԱՅՆ 14 – ԲԱՐԵ՛Ւ, ԸՆԿԵՐ» հատորը

Լոյս տեսաւ Վրէժ-Արմէնի այս նոր առցանց հատորը, որ կը բաղկանայ 60 յօդուածներէ, 131 էջ՝ ընդգրկելով աւելի քան երեսուն տարիներու վրայ տարածուած գրութիւններ, որոնք լոյս տեսած են «Դրօշակ»-ի ու «Հորիզոն»-ի մէջ։
Նիկոլ Աղբալեանի յիշատակին նուիրուած է այս գիրքը, որուն «Ինչու ա՛յս հատորը» ներածականին մէջ կը կարդանք.
Ես Աղբալեանը ճանչցած եմ իր երկու գործերով, զորս կարդացած եմ շատ կանուխ. մէկը՝ «Մտածումներ Հ.Յ. Դաշնակցութեան մասին» (որ հեղինակած է Ն. Հանգոյց ծածկանունով), միւսը՝ «Բանասէրի յուշագիրը», որ լոյս տեսած է պրակ առ պրակ։ Առաջինը կազմաւորած է դաշնակցականի իմ ըմբռնումը, երկրորդը խորացուցած է մեր լեզուին հանդէպ հետաքրքրութիւնս։
Վրէժ-Արմէն կ՚աւելցնէ.
Միայն կարելի է ներշնչուիլ Աղբալեանի համեստութենէն, իր գործին հանդէպ ունեցած կիրքէն ու բացարձակ անշահախնդրութենէն։ Այդ սեփական յատկանիշերը, աւելիով, հիմնաւորուած են իր վերոյիշեալ «Մտածումներ»-ուն մէջ, եւ այդ մտածումներն ալ յաճախ հիմքը կազմած են ընդհանրապէս «Ընկերական մտորումներ» վերտառութեամբ լոյս տեսած յօդուածներուս, որոնք համախմբուած են այստեղ։
Գրածներուս մէկ մասը արդիւնք է տագնապանքի՝ ի տես թերացումներու, տկարացումներու, սայթաքումներու, միւս մասը կը բխի հրճուանքէ՝ ի տես այն, նուիրումին, աներեր հաւատքին եւ անյողդողդ կամքին, զորս ցուցաբերած են ու կը ցուցաբերեն շատեր՝ կուսակցականներ թէ անկուսակցականներ։
Հեղինակը կը ներկայացնէ ոչ միայն այն զոհողութիւններն ու դժուարութիւնները, նոյնիսկ հիասթափութիւնները, որոնք բաժին կ՚իյնան հասարակական կեանքի մասնակիցներուն, այլեւ այն հոգեկան բաւարարութիւնն ու հաճոյքը, որ անոնք կը վայելեն երբ կը յաջողին հաւաքաբար գործ մը իրականացնել։
Այս հատորս թող հրաւէր մը նկատուի բոլորին՝ իրենց գործուն մասնակցութիւնը բերելու մեր կուսակցութիւններուն ու միութիւններուն աշխատանքներուն, մէկդի դնելով անձնական դառնութիւններն ու նկատողութիւնները՝ ի սպաս Հայ դատին ու հայութեան գոյամարտին, — դիտել կու տայ Վրէժ-Արմէն։
Հատորը ճոխացած է Պետրոս Ասլանեանի կտաւներով։
Հեղինակին վերջին տասնմէկ հատորները՝ սկսեալ «Ոստայն 4»-էն, մատչելի են ընթերցողին այստեղ՝ https://hayerenblog.wordpress.com/Գիրքեր։ Հոն կարելի է կարդալ նաեւ հեղինակի նամականին, որ հետզհետէ կ՚ամբողջանայ։
21 մարտ 2020

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *