Պետրոս Ալահայտոյեանի Վան-Վասպուրականի ազգագրական բնորոշ երգային նմուշներ գրքոյկը (2015) կամ Պետրոս Ալահայտոյեան երեւոյթը

ՅԱՍՄԻԿ ԻՆՃԷՃԻԿԵԱՆ

Ինչո՞ւ երեւոյթ
Ծնած՝ Պէյրութ. դեղագործի զաւակ. դեղագործութիւն ուսանած. ապա Պրիւքսէլի ազատ Համալսարանէն ներս երաժշտագիտական հնգամեայ դասընթացքներուն հետեւած՝ որմէ ետք ինքզինք նուիրած հայերէն երգեր հաւաքելու աշխատանքին: Դժուարին ուղի, որ զինք պիտի առաջնորդէր մէկ քաղաքէն միւսը, մէկ երկրէն յաջորդը, ծերանոցէ ծերանոց` հայերէն երգ փնտռելու: Ան գնաց, հո՛ն, ուր կարելի էր մէկ երգ ձայնագրել՝ յուսալով նորոգել փլած կամուրջները: Continue reading “Պետրոս Ալահայտոյեանի Վան-Վասպուրականի ազգագրական բնորոշ երգային նմուշներ գրքոյկը (2015) կամ Պետրոս Ալահայտոյեան երեւոյթը”