ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԸ ՄԵՌՆԻՆՔ (ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԷՔԵԱԹ)

ՅԱԿՈԲ ՔԻՒՖԷՃԵԱՆ (ՕՇԱԿԱՆ)

Ա

Պատերազմը վերջ էր գտած:

Սատանան իր սեւ կրակներով ու կանանչ բոցերովը պահ մը երկինքը վառելէն ետքը, գերի էր ինկած հրեշտակապետներուն ձեռքը, որոնք զայն մուխէ շղթաներով կապկպած բերին ձգեցին Ամենակալին ոտքը: Լոյսէ աթոռին վրան էր Ան: Այնքան բարի էր, որ մեղքցաւ իր առջեւ կըտոցւող հրէշին տառապած մարմնին վրայ։

Ձողիկ ձողիկ էր եղած միսը։ Արիւնը, կանանչ արիւն մը, կը փէրւրզտըկար վէրքերուն ճեղքերն ի վար ու խափշիկի պէս սեւ Continue reading “ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԸ ՄԵՌՆԻՆՔ (ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԷՔԵԱԹ)”

ԲԱՆԱՀԻՒՍԱԿԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԲՆԱՇԽԱՐՀԻ ՔՆԱՐԱԿԱՆ ՊԱՏԿԵՐ

ՄԱՐԻՆԷ ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Թէեւ գրական ժանրերի տարբերակումը գրականագիտութեան կարեւոր խնդիրներից է, սակայն տեսակների եւ ենթատեսակների միջեւ եղած բարդ յարաբերակցութեան պատճառով միշտ չէ, որ կարելի է դրանք ճշգրտօրէն բնութագրել: Բացի այդ՝ ժանրերը ստեղծուել են գրականութեան պատմական զարգացման տարբեր փուլերում, եւ ամեն անգամ դրանց տարբերակման համար կիրառուել են տարբեր սկզբունքներ (թեմատիկա, ձեւական յատկանիշներ, կերպաւորման եղանակներ, ոճական մակարդակներ եւ այլն): Շատ յաճախ պարզապէս չափանիշ է համարուել քննադատութեան կամ հէնց հեղինակների կողմից տրուած անուանումը:

Այս խնդիրը առկայ է նաեւ Յակոբ Օշականի՝ 1922 թուականին Կ. Պոլսում լոյս տեսած «Խորհուրդներու մեհեանը» ժողովածուում: Թէպէտ գրուածքների մեծ մասն ունի «Հէքեաթ»՝ որպէս ժանրը Continue reading “ԲԱՆԱՀԻՒՍԱԿԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԲՆԱՇԽԱՐՀԻ ՔՆԱՐԱԿԱՆ ՊԱՏԿԵՐ”

ԿԱՂԱՆԴ ԳԻՇԵՐՈՎ

ՅԱԿՈԲ ՕՇԱԿԱՆ

Ու ձիւնափառ լեռան կատարին, ուր այնքան լուսնկաներ մագլցեցան եւ ուրկէ այնքան արեւներ մութին ծոցը թափեցան, այս իրիկուն, երբ գիշերը կը կիսուի ճիշդ մէջտեղէն, Աստուածութիւն մը կ՚իյնայ մէկէն։ Աւանդութիւնը մոռցած է անոր անունը եւ զգուշացած ճշդելէ անոր դաւանանքը:

Բայց ինծի կու գայ թէ անիկա փախստական ու տառապող Աստուած մըն է, Արեւմուտքէն հոն նետուած հէքեաթին միւս զմայլելի շղթայուողին նման, որուն լեարդին անգղ մը իր սատափէ կտուցը կը փորձէ, չորս դին պատնող ձիւնին վրայ պուտ պուտ Continue reading “ԿԱՂԱՆԴ ԳԻՇԵՐՈՎ”