ՅԱԿՈԲ ՕՇԱԿԱՆ
Ու ձիւնափառ լեռան կատարին, ուր այնքան լուսնկաներ մագլցեցան եւ ուրկէ այնքան արեւներ մութին ծոցը թափեցան, այս իրիկուն, երբ գիշերը կը կիսուի ճիշդ մէջտեղէն, Աստուածութիւն մը կ՚իյնայ մէկէն։ Աւանդութիւնը մոռցած է անոր անունը եւ զգուշացած ճշդելէ անոր դաւանանքը:
Բայց ինծի կու գայ թէ անիկա փախստական ու տառապող Աստուած մըն է, Արեւմուտքէն հոն նետուած հէքեաթին միւս զմայլելի շղթայուողին նման, որուն լեարդին անգղ մը իր սատափէ կտուցը կը փորձէ, չորս դին պատնող ձիւնին վրայ պուտ պուտ արիւն թօթուելով: Ու անիկա եղերական հանգիտութիւնը կը բերէ ճակատագրին հետ այն ցեղին՝ որուն մեռելները հովուելու անփառունակ ցաւը շնորհուեցաւ իրեն:
Նորէն, Աւանդութիւնը կ՚ուզէ որ անիկա ունենայ պարմանիի մարմին մը, գլուխի մը տակ ուր անհամար uերունդներու ապավրէժ վիշտը իրարու է եկած: Աւանդութիւնը անոր աչքերը կը գոցէ կէս մը, ընդնշմարել տալով անյատակ անդունդ մը ուրկէ ներս լոյսի գիծ մը, ատենին թանձր՝ ուրիշ ազգերը կարապետող սիւներուն նման, կը հեւայ հիմա, երբեմն նուաղելով հատնելու աստիճան, բայց շուտով իր թելերը կը հաւաքէ, ու ճակատագրին դէմ իր նիհար ցօղունը կը ճկէ, առանց սակայն փրթելու, այնքան անուշ իր ոգորումին, այնքան սրտառուչ իր տառապանքին մէջ, որ պիտի ուզէիր այդ դողդոջումին մէջ ցեղին չմեռնող հոգին խորհրդանշել:
Այսպէս են տեսած զայն դարերով, մեր ցեղէն անոնք որոնց նայուածքը լեռներն ի վեր քալել է սիրած:
Բայց մեծ լերան կատարին, երբ գիշերը կէսին՝ տարին կ՚ոլորէ վերջին օղակը հաւաքուող շղթային, Աւանդութիւնը Աստուածը հոլաթեւ կը նետէ սրբազան բարձունքին վրայ, ինչպէս քրիստոնեայ եկեղեցիներուն Սուրբ Հոգին: Ու անոր սրտէն լոյսին թելերը կը քակուին արագ, կը քակուին առատ այնքան՝ որ ամէն մէկ մեռել գոնէ ընդունի ճառագայթի մազ մը իր հողքին խորը:
Ու Աւանդութիւնը կը պտտցնէ անոր շուրջը մեր երկրին բոլոր անկիւնները, զայն կ՚ուշացնէ բոլոր խորունկ կիրճերուն վերեւ ուր հոգիները՝ իրարու վրայ դիզուած դիակները կը սպասեն, զայն կը լարէ քաղցր սաւառնումի մը մէջ ճակատամարտի դաշտերուն վրայ, զմայլագին բարութեան մը տրոփիւնով մէկիկ մէկիկ դպելով դամբաններու անյայտ կափարիչներուն, դուրս կանչելու համար բոլոր անոնք, որոնք՝ արեւներուն տակ այնքան վայրագօրէն նահատակուած մեր Երազը տարին պահելու հողին մեծ գիշերին մէջ, ամեն օր ընկրկող նախնական օղակին կցելով նորը, կարմրած` զոհերուն բոցէն ու արիւնէն:
Ու ամէն տարի, կաղանդ գիշերով, մեր մեռելները՝ մէկիկ մէկիկ դուրս քաշուած ճառագայթի մը կտորէն, կը թoթուեն իրենց աչքերուն վրայէն հողերուն գիշերը, կը պտտին իրենց տուները, անկիւնը կլորցող սեղանին վրայ, եօթը ամաններուն եօթն անգամ համտեսը կ՚ընեն, իրենց աշխարհիկ կեանքի օրերէն մէկ երկու մեծ յուզումներ կը գտնեն նորէն ու շատեր զայրագին, շատեր գլխահակ ճամբան կը բռնեն հայրենի լերան, լսելու համար ամէն տարեգլխի սպասուած ու միշտ ալ անաւարտ մնացած մեծ բանաձեւը, որուն բառերէն խաղաղութիւնը ցօղի մը պէս զատուելով, պիտի իջնար ստուերներու աշխարհին:
* * *
Կու գան մեռելները: Անոնք իրարու ետեւէ, ճերմակով դալկացած լռութեան մը մէջ կը բուսնին դանդաղ, փսփսուքով մը որ ստուերներուն յատկանիշը կը մնայ, ամայի գերեզմաններուն ներսը, երբ հովն անգամ կը վախնայ անոնց վրայ թեւ զարնելու:
Անոնք ձիւներն ու ապառաժները կը ճեղքեն, դուրս բերելու համար իրենց պատանքներուն անբաւ կարաւանը, ու անոր ալիքները սառած կը տարտամնան անպարագիր այն գերեզմանատան մէջ որ մեր երկիրը եղաւ շարունակ:
Աւանդութիւնր միշտ պատանք չի տար ստուերներուն: Անոնք երբեմն մշուշի մը պէս դուրս կր փախչին բերանաբաց տապաններէն, քանի մը անգամ կը ծփան ու կը ծփան իրենց առաձիգ ոսկորներուն քայքայուն առանցքին վրայ, ու կ՚անձրեւուին անհուն ցրուումի մը մէջ ուր մասնաւոր ձեւը կը հալի: Շատ ցանցառ է այդ խումբին մէջ հանդիպիլ մահուան ողկոյզներուն, մեր աւանդավէպին մէջ շատ յիշատակուած,— անդենականին սահմանէն ներս, ընտանիքին վերափթթումը պատկերող այդ գիրկընդխառնումին։
Կու գան մեռելները:
Որքան խորունկէն փրթին ու հեռուներէն վազեն, այնքան լայնք ու ճկունութիւն կայ անոնց ընթացքին մէջ: Ու հոգիները որոնք դարերուն գիշերը կը կրեն իրենց բիբերուն խորը, թեթեւցած են մեղքի եւ կիրքի մեծ բեռներէն:
Ու կարաւանր կը կարապետեն ամէնէն հիները, անոնք որ մեր պատմութիւնր կը բանան, որոնց կեանքն ու մահը ստուգելու չափ հանճարեղ չեղանք, եւ որոնց անունները թուղթերը միայն պահեցին:
Այդ հսկա՜ները: Գեղեցկութիւնը եղան ցոլարձակ. ու կը մնան մեր ցեղին երիտասարդութիւնը հողին ծոցը, ասպետական օրերուն ծաղիկը, բոլորն ալ կարմի՜ր, բայց ժպիտի մը մէջ հոն իջած:
Ու ահա ուրիշներ: Անոնք իրենց պատանքին վրայ ունին ծիրանի, ունին բեհեզ, ունին ինչ որ Արեւելքը կը վերապահէ իր կիսաստուածներուն, երբ անոնք կ՚իջնէին ստուերներու թագաւորութիւնը: Ի՜նչ տպաւորիչ է բխումը ձիու մը թռիչին, լերան իսկ սրտէն, որուն բաշերուն վրայ իր զրահուած թեւերը կը փաթթէ քաջերէն շղթայակապ մեր հին մէկ թագաւորը:
Ու մեր թագուհիներն ալ, իրենց սեւ աչքերուն ճերմակ լոյսերովը, կը ձգեն իրենց այլեւս անյայտ ու անանուն դամբարանները, մեծ ճիգերով թօթուելով իրենց վրայէն ինչ որ դարերուն գերութիւնն ու մեր ապիրատութիւնը բարդեցին անոնց աճիւններուն վերեւ ու հերարձակ, ու նազանքով ու աստուածօրէն կը քալեն ձոյլ ծփանքովը ծալլուող երազներուն, դէպի մայր լեռը, դէպի սպասող Աստուածութիւնը
* * *
Կու գան մեր մեռելները:
Բայց կէս գիշերով սառած լոյսի մը մէջ, որ ստուերներէն կը բղխի, ի՜նչ նորօրինակ է բանակը բոլոր անոնց, որ գերեզմաններուն չեն յանձնած իրենց միսերուն ծանրութիւնը եւ անապատէ անապատ, ջուրէ ջուր թափառած են իրենց ոսկորներուն բեկորները հաւաքելու, եւ լեռնէ լեռ են վազած փորելու որջերը գազաններուն, անոնց բերնէն խլելու համար իրենց միսերուն ծուէնները:
Աւանդութիւնը չի մոռնար տեղ տեղ լոյս ալ վառելու, որուն աղօտ հեռանկարին վրայ գիւղեր ու քաղաքներ կ՚ուրուագծուին կարմի՛ր, բոց առած մեռելներու ողջակիզումովը թրթռալով:
* * *
Հիմա գիշերը մօտ է թափելու դարերուն չկշտացող անդունդին խորը: Երկրին վրայ, բոլոր աղբիւրներէն ներս, հէքեաթին ոսկին կը դեղնի, ու բոլոր հանդարտ ծառերուն տակ գանակոծ ու վիրալից կմախքները կը ծլին հսկայ սունկերու նման, դողահար ու փխրուն: Անոնք կը տատանին աջ ու ձախ, ու անոնց ոսկորներուն մէջ կը քնանայ դարաւոր յուսաբեկութիւնը, անդարմանելի յոգնութիւնը ու երբ լերան դին կը շարժի իրենց ազազուն ձեւերուն տժգոյն անտառը, պատնեւորները վախցած ետ կը նային, ճանչնալու համար իրենց եղբայրները:
Գիշերը կիսուելու մօտ է:
Ստուերները աշխարհի բոլոր հոգերէն կը դիմեն մեծ լերան: Ու անոր գագաթէն Աստուած մը իր մոգական գաւազանիկը ափին, անոնց հանգիստը կարդալու համար կը սպասէ կարաւանին վախճանին:
* * *
Անհուն ամբոխ մըն է եկողը, անծայր, անհամաչափ ու խայտաբղէտ՝ իր վէրքերուն զանազանութեամբը:
Բազմութիւն մը ուր շատերուն վիզին դեռ տապարին բերանը ճերմակ կիսալուսին մը կը բանայ եւ ուրիշներուն ճիտէն չուանին օղակը կը գծագրուի օդին մէջ, տժգոյն ուրուականներուն գլխուն տակը: Ահա կարաւանը տղոց որոնք միջոցին մէջ կը լողան իրենց շուքէ մատներովը ծեծելով անջրպէտին ամայութիւնը եւ անոնց միակ աչքերէն մեծ յոյսին շուշանը միւռոնի պէս կը ճառագայթէ:
Եւ ահա շարանը մեր կիներուն, որոնք ջուրերու թանձր փայփայանքին տակ անճառելի հեշտանքով մը կը գոցեն իրենց մարմիններուն խորանը եւ յանձնելէ ետքը գետին Աստուածներուն պատիւը իրենց ցեղին, գրեթէ ուրախ, գրեթէ երջանիկ իրենց դիակին արհամարանքը կը թաւալեն ցեղերուն ամենէն անարգին դէմ, հպարտ, վրիժաբորբ ու աւելի քան երբեք յուսալիր, լարուած դէպի մեծ բանաձեւը մեծ քարոզին։
Ու ահա լուսափառ փաղանգը մեր նոր կիսաստուածներուն: Անոնց ստուերները թափանցիկ են ու անոնց գանկը ճառագայթներու հնոց մը՝ զոր չկրցան մարել կրկնակ բարբարոսութիւնները նոր ժամանակներու. անոնք կը վառին ատրուշանի նման, տաք, պաղպաջուն, մեռելներու սառած ծովին վերեւ, հսկայ ծիածանում մը նետելով անոնց անշարժ վիշտին վրայ:
Ու ջուրերուն տակէն պղպջացո՛ւմը բոլոր անոնց, որոնք քար մը ճիտերնին, իրենց պարմանութիւնը եւ իրենց հաւատքին դաշնակութիւնը տարին հոն, որքան քաղցր, որքան սրտագին, պզտիկ ու կլոր հծծիւններուն շունչէն ծաւալող հին ու նոր բոլոր խեղդամահ հերոսները:
Ու ամէնէն ետքը, յոգնած, աւազոտ կը հասնի անապատէն կարաւանը ողջ ողջ թաղուածներուն: Անոնք իրենց ոսկորներուն վրայ կպած՝ կը կրեն, աղտի մը պէս, կտորները իրենց միսերուն: Բայց անոնց բոլորին մէջ ալ Երազը կ՚ապրի ու անոնք ալ ականջ կուտան լերան Աստծուն։
* * *
«—Դուք բոլորդ որ մահուան դաշտերէն կու գաք ինծի, դուք բոլորդ որ ձեր հետը կը բերէք չմեռնող գաղափարին ադամանդ սլաքը, պինդ բեւեռած՝ խորը ձեր սրտին, լսեցէք ինծի:
Մեռելները ուրիշ երկրի վրայ հողին խաղաղութեանն են հասած ու անոնց տառապանքը հալած է ինչպէս իւղի մը հոտը որ կը լուծուի օդին մէջ։
Դժնդակ բան է որ ձեր կրունկին կապուած հսկայ եղերգութիւնը ձեզի կը հետեւի հոս ալ ու դուք տարին հեղ մը կը հագնիք ձեր միսերուն լաթերը, դառնալու համար մարդեր։ Ու տառապանքը կ՚ապրիք այնքան ուժով ու սաստիկ որ չէք դիմանար ու կը մեռնիք շատ շուտ նորէն: Ձեզի չափ վշտակոծ մեռելներ Աստուած չէ ճանչցած, ինչպէս ինծի չափ դժբախտ Աստուած չէ դատապարտուած ամէն տարի ահարկու ձեւով մը ձեզ խաբելու:
Ես հսկեցի անդրանիկ օրանին վրայ ուրկէ յառաջացաւ շառաւիղը այգիներուն ամէնէն ազնիւին: Բայց ես տառապեցայ ձեզի հետ ու ձեզմէ աւելի քանի որ ձեր հոգիներուն վիճակուած ապաշխարհանքը չհասաւ աւելի մեծ Աստուածներուն աթոռին։
Ես գոցեցի մեծ դամբարաններուն խորհուրդը ցամաքին վրայ, ու ցամաքին տակ ես հովուեցի հօտը մեծ հոգիներուն որոնք ամէն կաղանդի իրենց տապանները կը ձգէին գոնէ գիշերուան մը համար, կրակուած տենդէ մը, տեսնելու օ՛րը՝ ուր իրենց անուրջը վճիտ կտաւի մը վրայ մարմին առած պիտի գար թրթռալու անոնց վերեւ եւ թափելու սպասուած օրհնենքը՝ այդ անմահ ուխտաւորներուն։
Լսեցէք ձայնը որ հեռուներէն կը քակուի եւ որուն վանկերը հեգել տրուած չէ մեզի: Բայց ապահով եղէք, այս գիշերը վերջինն է, ուր դուք նորէն կանչուիք ու նորէն բառեր լսէք։ Գիտցէք թէ մեռելները պիտի հանգչին երբ օրհնութիւնը նորէն փախչի իրենցմէ: Գիտցէք. մեռելները ալ չեն ապրիր երբ Երազը կը մեռնի: Ողջերուն համար ալ չարժեր խորհիլ քանի որ անոնք կամաց կամաց ուրիշ կերպով մեռնիլ կը սորվին:
«—Գացէք ձեր տեղերը, եւ իմ բերնէս չելած օրհնութիւնը բարի լուսնկայի մը պէս հետեւի ձեզի: Ես գիտեմ թէ անիկա պիտի գայ շատ կանուխ:»
Աստուածը լռեց։ Ստուերները թեթեւ մը դողացին, հով մը անցաւ որ պաղ էր ոսկորներուն երգին նման, երբ ապառաժներուն վրայէն կը քաշուին:
* * *
Ու ստուերները երբ կը դառնան ետ, կռնակնին լերան, դէպի իրենց գերեզմանները, անհուն պաստառի կտոր մը, լուսավառ, գունագեղ ու տաք՝ կը ծածանի լերան կատարէն:
Ու պարը քաղցր է իր շրշիւնին մէջ ու պաստառը յուսադրիչ` իր ծալքերուն մէջ: Մեռելներէն շատեր կը ճանչնան զայն ու անոր սրսփուքը չորս հորիզոններէն՝ յարութեան մը շունչին պէս կու գայ:
Կաղանդ գիշերով, մեռելները կը դառնան իրենց բուները, ոչ ամէն տարուան պէս տրտմահար ու գլխիկոր, այլ զուարթ, կանխահաս ու անբացատրելի հաւատքէ մը գինովցած:
Ո՛ւր էր, անոնք ալ չելլային հայրենի լերան կախարդուած ճամբաներուն վրայ դարաւոր մարտիրոսութիւնը ցուցադրելու մեր մաքուր, մեր անուշ, մեր աստուածային աննման անուրջին: