ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԸ ՄԵՌՆԻՆՔ (ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԷՔԵԱԹ)

ՅԱԿՈԲ ՔԻՒՖԷՃԵԱՆ (ՕՇԱԿԱՆ)

Ա

Պատերազմը վերջ էր գտած:

Սատանան իր սեւ կրակներով ու կանանչ բոցերովը պահ մը երկինքը վառելէն ետքը, գերի էր ինկած հրեշտակապետներուն ձեռքը, որոնք զայն մուխէ շղթաներով կապկպած բերին ձգեցին Ամենակալին ոտքը: Լոյսէ աթոռին վրան էր Ան: Այնքան բարի էր, որ մեղքցաւ իր առջեւ կըտոցւող հրէշին տառապած մարմնին վրայ։

Ձողիկ ձողիկ էր եղած միսը։ Արիւնը, կանանչ արիւն մը, կը փէրւրզտըկար վէրքերուն ճեղքերն ի վար ու խափշիկի պէս սեւ կաշիին վրայէն ցաւը պուտ պուտ կը ծքլէր կարմիր քրտինքներու նման։ Խեղճ էր Սատանան, շատ խե՜ղճ։

Բայց Աստուած դեռ չէր նայած անոր աչքերուն մէջ։

Ու երբ անոր լոյսէ նայուածքը կաթեց Սատանին մռայլ, կէծէկուող երկնքի պէս սպառնագին աչքերուն մէջ, Աստուած զգաց այդ սեւ փոսերուն խորը ալեկոծուող զայրոյթին կատաղի ուժը, ու իր բիբերուն ճառագայթումը չկրցաւ թափանցել թանձրութիւնը վրէժի ծովուն որ Սատանին թարթիչներուն տակ սեւ փրփուրներ կը գլէր, ու աւելի վարը անծանօթ ըսուելու չափ տարօրինակ մուխերով կ՚եփէր:

Ու մտմտաց Աստուած:

Ինչե՞ր անցան մտքէն, ինչե՜ր տեսաւ Սատանին աչքերուն մէջ. ասոնք գաղտնիքներ են որոնք պիտի չգիտցուին: Բայց քիչ մը ետքը լարուած դէմքը իր կանոնաւոր գիծերը գտաւ. լոյսը իր աղբիւրային վճիտութիւնով ծածկեց անոր մտմտուքը։

—Սատանա՛յ, քեզ Աշխարհք ղրկեմ, կ՚երթա՞ս:

—Ո՞ր աշխարհքը :

—Վարի աշխարհքը, Արեւին ներքեւ, նայէ, աղւոր տեղ մըն է:

Սատանան նետեց իր աչքերը աշխարհքին վրայ։

Հեռու էր ան, շատ հեռու, բայց իր նայուածքը այնքան ուժով էր որ կրցաւ տեսնել կաթնուկին վրայ խնդացող զատիկն անգամ։

Եւ տեսարանը այդքան վերէն աղւոր էր։

Մեծ ծովեր, լոյսով արծաթուած կ՚երկինքնային ու ցամաքին վրայ գետինը կը խնդար գոյն գոյն ծաղիկներու հոտովը։ Ծառերը իրենց վճիտ պարոյրը կը կոխէին կապոյտն ի վար. հոս հոն քարերը, ձիւնի պէս ճերմակ՝ անհոգ ու անվիշտ կը խմէին անուշ արեւը։ Ամէն տեղ մարդերն ու կենդանիներր կու գային կ՚երթային։ Կեանքն անոնց մէջ աւելի քաղցր էր. մազերը իրար անցած, բաց թեւերով ու բաց միսերով մարդեր ու կիներ շարունակ իրար կը պագնէին ու համբոյրներուն սօսափը, խունկի պէս մեղմ կ՚երկննար մինչեւ իր դիրքը։ Աղւոր էր այդ տեղը։

Սատանան՝ հաճոյքէն թրթռուն՝ ըսաւ.

—Կ՚երթամ, բայց ինծի հրաման պիտի տաս ուզածս մեռցնելու։

Նոր կնճիռ մը փորուեցաւ Աստուծոյ ճերմակ ճակտին վրայ։

—Սատանա՛յ, անոնք չեն գիտեր մեռնիլն ի՛նչ է։

—Աւելի լաւ, —ըսաւ հրէշը եւ սեւ ուրախութիւն մը իր ակռաները լուսաւորեց։

Անցան քանի մը վայրկեաններ այնքան ծանր, որ լման երկինքր զգաց անոնց բեռը, Աստուած որոշումը տուած էր։

—Գնա՛, պիտի մեռցնես քարերն ու հողը միայն, կը հասկնա՞ս. կ՚արգիլեմ որ ուրիշներու թելին դպիս։

Սատանան՝ թէեւ դժգոհ՝ ելաւ ոտքի։ Շղթաները փշրեցին ու գնաց պատրաստութիւն տեսնելու, աշխարհք իջնելու համար։

Հրաժեշտ տալու եկած ատեն, Աստուած տեսաւ, որ Սատանան բահ մը, տոպրակ մը, մանգաղ մը հետ էր առած։

—Ի՞նչ են ատոնք, —հարցուց Ամենագէտը զարմացած։

—Պարզ է, Տէր,— վրայ բերաւ խելացի շունը,— կ՚ըլլայ որ վարը նեղանայ հոգիս։ Բահն առի որ քիչ մը հող փորեմ. տոպրակին մէջինն ալ ցորեն է. կը ցանեմ, կը քաղեմ, ժամանակ կ՚անցնի։

Աստուած ա՛լ վրայ չգնաց.

—Երթաս բարով, խելօք կենաս. նայէ որ վլվլուկ չհանես, ես աղմուկը չեմ սիրեր:

Ու Սատանան իջաւ աշխարհք հրեշտակներու հսկողութեան տակ որոնք զայն գետին ձգելնուն պէս ելան վեր. ամպերով փրփրուն պարիսպ մը քարեցին երկինքին ու երկրին մէջտեղը որպէսզի Ապստամբը չփախի։

Աստուած լայն շունչ մը առաւ։

Բ

Աշխարհքն այն ատեն հիմակուան պէս չէր: Շարունակ բարի ու շոյող արեւին տակ խոտերն ու ծառերը կը մեծնային ազատ ու երջանիկ՝ անոնք երբեք իրարու շուք չէին անցներ: Գետնի ծաղիկներն այնքան շատ էին որ կանանչ տեսնելու համար պէտք էր ծառերը շուլլուիլ: Խոշոր խոշոր քարեր ծառերուն քովիկ կը պառկէին ուրախ, առանց փափաքի: Լեռներն ու սարերը հսկայ սօսիներ կը գրկէին իրենց մէջ: Ու կենդանիներուն ամէն տեսակներր իրարու մօտիկ կ՚արածէին, կը քնանային, օր մը օրանց անոնց աչքին մէջ ծուռ շող մը տեսնուած չէր։

Ու ամէն մէկ աղբիւրի առջեւ, գետակներու ափին մարդերը կը պտտէին գիրկ գիրկի, երես երեսի. հաճոյքն ու համը կ՚ուռեցնէին աղջիկներուն ծիծն ու կիներուն շրթունքը։

Օդը ծոցւոր էր այս երջանկութիւնով:

Սատանան քիթը շփեց, աչքերը լարեց: Խաղաղութեան այս պատկերը իր մէջ արթնցուց մեծ կռիւներուն վաղորդայնը. ճակատամարտներուն հոյակապ սարուածները, յոյսի ճառագայթումները, վերջապէս պարտութեան, գերութեան անգութ ու բարբարոս դառնութիւնը… Պահեց տոպրակն ու մանգաղը։

Բահն առած սկսաւ քալել:

Ջուրի մը քով խմբուած էին մաքիները: Մաքիներուն վրայ հազար գոյնով, մետաքսի պէս կակուղ փայլումով թիթեոնիկներ կը դողային, ու իրենց թրթռումը, ելեւէջը ջուրին վրայ կը նկատուէր յստակ ու կենդանի… Աւելի վարօք՝ ապառաժի մը կուշտովը՝ կին մի իր տղուն ժպիտին մէջ կը քնանար. խոտերը գացող ջուրին վրայ կ՚օրէին իրենց իրանները… Երջանկութիւնը այսչափ կրնար ըլլալ, ու Սատանան բահը զարկաւ ժայռի սիրտին:

Խորունկ հեծկլտուք մը, խուլ հառաչանք մը, ջուրին վրայ ալիք ալիք ինկաւ. հողերը դողացին, ալիքները արագ արագ փախ առին. ջուրը մեռաւ, ու քիչ մը ետքը ան մեծ, սիրտի պէս աղւոր քարը ահագին երկունքի մը կճրտումով երկուքի զատուեցաւ ու դողդողալէն ինկաւ գետին, հազար կտոր եղած:

Կենդանիներն ու ծառերը նոր կը լսէին այս սարսռուն աւազը. բան մը չհասկցան սակայն. Սատանան ճամբան շարունակեց:

Լեռներուն ծոցը աղջիկի պէս գեղեցիկ, ծիծի պէս կլոր քարեր կը նստէին. ասոնք միայն զգացած էին տառապանքի երգը որ պաղ մեռելի պէս իրենց քսուեր ու անցեր էր :

Սատանան իր բահովը անոնց ալ դպաւ, լեռները զարմանքով տեսան որ քարերը կը փախէին իրենց գիրկերէն , իրարու կը զարնուէին, իրար կը փշրէին ու վարերը կ՚երթային մեռնելու։

Ու մահը անցաւ քարերուն ծուծէն. դղրդեց անոնց ոսկորները, կոտրտեց անոնց քիթն ու բերանը, փետտեց անոնց գեղեցկութիւնը:

Ու քարերը կը ճաթէին, մահը անոնց փորը կր մտնէր, կը պատռտէր անոնց ներսն ու խոշոր ժայռերը փրթելով իրենց տեղերէն՝ լալով պոռալով կ՚երթային ջուրերուն տակ հալելու, տիղմ դառնալու:

Քարերը կը մեռնէին: Այն ատեն սուգ առին լեռներու տակի հսկայ քարերը, դաշտերուն երեսի պզտիկ խիճերը: Ու մեռնողներուն վրայ սկսաւ ողբը մեծ, յուզիչ ու ահարկու, լման աշխարհքը տակն ու վրայ եղաւ այս ողբէն :

Ու բողոք մը, լացի պէս խորունկ ու տխուր, ձմեռուան անձրեւին չափ ընդհանուր, որուն մէջ իր շեշտը նետած էր ալիւր եղած աւազաքարն անգամ, բողոք մը մոլոզներու մրմունջովն իսկ ծանրացած՝ ելաւ բարձրացաւ դէպ Ամենակալին Աթոռը:

—Տէ՜ր, Տէ՜ր, —կը գոռար բողոքը, ծանր է մեզի այս մահը, ծանր, ետ կանչէ ղրկածդ:

Աստուած որ արդէն խշխշացեր էր քարերուն ողբ ու կոծէն, մօրուքը ձեռքն առաւ։

Մտմտուքը խորունկ ըլլալու էր:

Ետ կանչէր մահը, բայց ո՞վ գիտէ. այդ սեւ Հրէշը ինչեր կրնար ծնիլ երկինքի մաքրութիւններուն մէջ: Իր նայուածքը ապագաներուն վրայ պարպուեցաւ իր լոգցնող բոցովը ու մեղմօրէն դողաց: Ինչե՜ր տեսաւ հոն, չէ կարելի երբեք գիտնալ, բայց երբ նոյն նայուածքը իր լոյսը թափեց Աշխարհքին վրայ, աղօտցաւ յանկարծ, անոր աչքը ցաւէն քրտնածի պէս եղաւ, այնքան յուզիչ էր մեռնողներու վրայ բռնուած ողբը։

Ու մտմտաց, մտմտաց։

—Բաժնե՛նք մահը։

Նոյն օրը Սատանային հրաման գնաց Մահը կիստելու ծառերուն ու խոտերուն վրայ։

Աստուած լայն շունչ մը առաւ։

Գ

Սատանան քաշեց մանգաղը, ինկաւ անտառներուն մէջ։

Ու ծառեր կը մեռնէին։

Անտառները, որոնց մէջ խոտերը դեղնիլն ինչ է, չէին գիտեր, կը դողային իրենց ընդերքր բզկտող բանէ մը: Հովերուն սանքը, տերեւներուն վրայ իրենց թողած գգուանքի տարօրինակ տրտմութեամբ մը ծանրացեր էին. ծաղիկներուն կարմիրին եւ ճերմակին վրայէն չճշդուող բայց ուրուագրուող սեւ երակներ կը փոսնային: Անոնց հոտերը կը հատնէին :

Անձրեւները փոխուած էին ու կճող արեւն ալ դադրած էր բարի մնալէ. միշտ կապոյտ եղած երկինքը երբեմն երրեմն կը սեւնար ու քար կը թափէր, հովերուն հոգին պատժեր էր ու գետինը՝ արիւնը ցամքող պառաւի միս կը դառնար :

Ու մէջ ընդ մէջ խոշոր կաղնիները որոնք դարերու բեռին տակ իսկ չէին ճանչցած ժամանակի յոգնութիւնը, վախով կը տեսնէին իրենցմէ շատերուն անկումը, իրարու մօտ կամ հեռու։

Նոր էր երեւոյթը։ Մինչեւ այն ատեն բոյսերու աշխարհին մէջ անծանօթ էին դեղնած տերեւները ծառի մը ճիւղերուն վրայ։ Մանաւանդ ի՜նչ սրտաճմլիկ էր փրթած տերեւներուն թուլիկ էջքը։ Ասկէ զատ միշտ երիտասարդ, միշտ կանանչ խոտերուն յոգնութիւնը, ծուլութիւնը չէր հասկցուեր։

Լման աշխարհքին մէջ մտմտուքն ընկաւ անտառներուն սիրտը եւ դաշտերուն գիրկը: Բլուրները վախցան ու լեռները, մայր լեռներր զգացին թէ որչափ պաղ ու տխուր բան էր մեռնիլը։

Որ չէր անցներ, անտառներուն որեւէ մէկ թափին վրայ կ՚իյնային երիտասարդ հոյակապ կաղնիները, անոնց առջեւէն մահուան աղաղակը մեծնալէն կը փախչէր, սառեցնելով խոտերու հոգին պզտիկ ու պզտիկ ծառերուն փորին մէջ աղիքները կը քարանային, կը չորնային։

Կը չորնային ջահիլ, աղուոր մայրիները. իրենց կանանչը կաթ կաթ կը փախէր օդին մէջ, ուր հրէշներ կը ծծէին զայն։ Կը թոռմէին գետնի հազար բերնով, հազար հոտով անանուն ծաղիկներն ալ ու խաղցող հարսի պէս ճկուն խոտերը քանի մը օրուան մէջ կը հալէին, կը հատնէին դեղին մոխիր մը թափելով, կր չորնայի՜ն։ Կը չորնային տուներուն մօտի նորընձիւղ նռենիները, ջուրերն ի վար օրուող ուռիները, ծափ ծեծող թութերն ու բարտիները… ամէնուն ալ կը դպէր մահը։

Բայց խոշոր լեռներուն մէջ լալու չափ տրտում էր մահը։ Մեծ լեռներուն հսկայ զաւակները մէկէն կը դեղնէին, իրենց ճիւղերը կը սմքէին, հողը կը սառէր անոնց արմատներուն շուրջը եւ ետքէն աներես հովի յորձանք մը կու գար պաոկեցնել զանոնք։ Պզտիկ թուփերու բազմութիւնը կը փաթթուէր մեռնողին իրանին, քանի մը օրուան կանանչ կեանք մը կ՚ապրեցնէր մեռելին վրայ ու վերջը անոնք ալ թոռմած ու մեռած հովերուն կը յանձնէին իրենց տերեւները:

Մահը աւելի սոսկում բերաւ ծառերու աշխարհին մէջ:

Ու ողբը երկնցաւ լեռներն ի վար, քարերէն փոխ առաւ իրենց վայրենութիւնը, խոտերէն` փափկութիւնը, անդունդներէն՝ խորքը ու լման լեռները իրենց ծովերով զատուած շղթաները, անապատներուն մէջ կղկտած բլուրներր սկսան լալ ու պոռալ:

Ողբը դադար չառաւ, ինկող ամէն մէկ ծառին վրայ բոլոր աշխարհի հեռաւոր ծագերէն ծագեցաւ սուգի երգը: Ծառերը արտասուալից ալեկոծումի մը մէջ կրկնեցին ցաւի երգը: Խոտերուն սառսռուն շիւղերէն մինչեւ ամպերր պագնող հսկաներուն թրրթռուն թեւերը, ծաղիկներուն հոտէ երգովը եւ տերեւներուն կանանչ լեզուովը նոյն տառապանքի ջայլը ծորեցաւ։

Մահը քայքայիչ էր լեռներուն մէջ։

Ու Սուգին երգը մեծցաւ, ծաւալուն դարձաւ, բոլոր բոյսերր միացուց ցաւին եղբայրութեանը մէջ: Ու երգը բողոքի փոխուեցաւ. հսկայ, յուզիչ, տարօրինակ բողոքի մը որ աղերսարկու միեւնոյն ատեն սպառնալից՝ գնաց շիտակ վեր, մէկ թափով ծակեց ամպերուն ցանցը, արագ արագ կտրեց աստղալից պարապը ու գտաւ անծայր անհունութեան մէջ գահակալող Աստուածը:

Ու բողոքը փռուեցաւ Աթոռին ոտքը, աղերսելով.

—Տէ՜ր, Տէ՜ր, ծանր է մեզի այս մահը, ղրկածդ ետ առ։

Աստուած որ շատոնց նեղուեր էր արդէն այս խշխշցնող մեռելներուն եղերերգութիւններէն՝ խանդաղատեցաւ ծառերուն ալ բողոքին վրայ:

Մօրուքը դարձեալ ձեռքն առաւ։

Այս անգամ իր լոյսէ երեսներուն վրայ մտատանջութիւնը յայտնի, թէեւ տարտամ շուք մը բերաւ. ու գահին բարձունքէն ծռեցաւ քիչ մը նայելու համար աշխարհքին վրայ։

Լեռներու լանջքին վրայ չորցած ծառերու ճերմակ ոսկորները կը փայլէին մռայլ շողիւնով մը, քարերն ու հողը դեւ կուլ տուածի պէս կը ճաթռտէին խոտերն անգամ սպառնացող վտանգին գիտակից՝ ծռած էին ճիտերնին ու հողին կը նայէին։ Աշխարհքը շատ էր փոխուած Սատանային հոն իյնալէն ի վեր։

Կը մնային կենդանիները որոնք բոլոր այս խորտակումներուն ու քայքայումներուն հանդէպ զարմանալ միայն գիտէին, ու կեանքը կը ծաղկէր անոնց մէջ գարունի մեղմութեամբն ու համովը։ Թեւերն ու նայուածքները իրար կը գրկէին, անոնց սիրտը լեցուն էր բարութիւնով։ Աստուծոյ դէմքը իրապէս մռայլեցաւ երբ մանաւանդ ուշադրութեան առաւ մարդերուն բանակը։

Իր ստեղծածներուն մէջ ամենէն շատ իր սիրտէն դրած ըլլալ կը կարծէր մարդերուն մէջ, ու չէր ալ սխալեր։ Ինք կը հասկնար ոչ միայն բերնէն բղխող անուշ անուշ խօսքերը, այլ եւ անոնց հոգիին ալքը ծփացող անբացատրելի երգերը։

Իր դիրքէն լսեց զոյգ մը սիրողներու աղապատանքը. իրենց սէրին մեծութիւնը ցուցընելու համար իրենց գործածած պատկերներուն մեծութիւնը մտածել տալու չափ լուրջ էր. անոնք արեւներն ու աստղերը իրարու վկայ կը կանչէին։

Բանաստեղծի մը զգայուն սիրտը կարդաց վերէն. որչափ երգեր շարք կապեր էին անոր ուղեղին մէջ, բոլորն ալ ուրախ, բոլորն ալ կեանքի օրհնութիւնը փառաբանող։

Ճարտասանի մը միտքը խորասսուզեց իր թափանցող նայուածքը։ Հոն ալ ամեն բան կրակ էր, ապրելու, ազատ ըլլալու, հաճոյք տեսնելու բուռն հեղեղ մը կը վառէր հռետորին ներսը։

Էրիկ-կնկայ սիրաբանութիւններուն քաղցրութիւնը, նշանածներուն երդումները, բարեկամներու երախտագէտ զեղումները, բոլոր այս բաները Աստուած մէկէն տեսաւ։

Ու մակաբերեց ողբը, արցունքը որ պիտի ծնէր վիճակի փոփոխութենէն. ծառերուն ծանր եկած մահը ի՜նչ սոսկալի պիտի կշռէր կենդանիներուն վրայ։

Այսքան փափուկ, այսքան զգայուն արարածներուն համար մահը անդարմանելի աղէտ մը պիտի դառնար: Այնքան իրար ամուր փակած սիրողները, գերեզմանին խորը իրենց մոխիրին մէջ ալ պիտի շարունակէին տառապիլ ու ողբալ. բանաստեղծները իրենց լացը անհունապէս պիտի խորունկցնէին, ճարտասանները, սիրողները, բարեկամները, երախտապարտները, վերջապէս բոլոր անոնք որ դագաղներու առջեւ արցունք կը կտրեն ու մանաւանդ դամբանական խօսողները՝ իրենց լացովն ու բողոքովը պիտի խռովէին իր հանգիստը:

Ապագան այսպէս պիտի ըլլար. Աստուած այնպէս կը տեսնէր:

Բայց իր առջին՝ ծառերուն հսկայ բողոքը ողիկ ողիկ կու գար. գալար կը դառնար գէրեկնալով.

— Տէ՛ր, Տէ՛ր, մեղք ենք, ղրկածդ ետ առ։

Ու այս բողոքր այնքան սրտանց, այնքան յուզիչ էր որ յաջողեցաւ Աստուածն անգամ առնել, ետ բերել երազանքէ, թողուց իր պատկերած թշուառ մարդկութիւնը եւ դադրեցաւ վարանելէ ու վայրկենական վճռողականութեամբ մը պատգամաւորներ կանչեց.

—Ըսէք Սատանային, թող մահը բաժնէ կենդանիներուն վրայ ալ։

Աստուած կիսատ շունչ մբ առաւ:

Դ

Հաղորդուեցաւ Սատանային Աստուծոյ պատգամը :

Սեւ, եղի պէս լպրծուն ժպիտ մը իր ուրախութիւնը նկարեց Սատանին դէմքին վրայ ու ծաթեց գետին:

Գնաց առաւ տոպրակը:

Բացաւ։ Հիւանդութիւնները, ծերութիւնը, վիշտը, արցունքը, խորշոմն ու ճերմակ մազերը, փափաքն ու երազները սեւ թռչուններու պէս դուրս նետուեցան տոպրակէն ու ցրուեցան մարդերուն մէջ։

Տոպրակէն փախողները շատ էին: Ամէն մէկը գնաց տեղաւորուելու մարդերուն ու կիներուն, աղջիկներուն ու տղոց ներսը:

Շաբաթ մը ետքը առաջին մեռելը թաղեց մայր մը։ Կու լար ան. սրտէն զարնուած ու անոր լացը խորունկ ու անկեղծ՝ քիչ մնաց ամպերը ծակելով մինակուկ հասնէր Ամենակալին…։

Սատանան խորամանկ էր. վախցաւ մօր մը արցունքէն, ու դիմեց ուրիշ դասակարգի: Նոր ամուսնացածներու վրայ փորձեց իր ուժը:

Վարդի պէս երիտասարդ մը քանի մը օրուան մէջ թոռմեցաւ ու մեռաւ։ Իր կնիկը մազերը փետտեց. բուռ բուռ լացաւ վրան, աչքերը իրենց ջուրովը լուացին մեռելը ու բերանը գովքերուն է՛ն անուշները, է՛ն սիրտի դպողները թափեց. բայց այս գովքերր այնքան խորք չունէին, այնքան երեսքէ կու գային որ, դիակէն քանի մը թիզ վեր ելած չելած` կ՚իյնային կը մեռնէին:

Սատանան յանդգնութիւնը շատցուց։ Մէկ օրուան մէջ միեւնոյն գեղէն, քանի մը մարդեր գետին փռեց:

Ու բազմութիւնը հաւաքուեցաւ։ Լացը ծայր տուաւ։ Բայց զարմանալի բա՛ն, շատերուն լացի երգը իր բղխած տեղէն մետաքսի ճերմակ թել մըն էր որ, ուրախութեան, հարսնիք եկածի տպաւորութիւն մը կ՚ընէր Սատանային վրայ: Լացողներուն արցունքին տակ ժպիտ մը կը խաղար ու անոր երգերը յստակ ջուրի յստակ թելի մը պէս ընդհանուր ողբին մէջ միսմինակ կը զատուէին: Հաճոյքի երգեր էին անոնք: Լացողներուն մէջ սեւ, թարախոտ ողբ մը մօր մը բերնէն միայն դուրս կ՚ելլէր, տխուր ու շատ ալ խորունկ ուժով մը, բայց իր քովիկէն քակուող ցնծութեան ձայներր, գոհունակութեան ճիչերը մահուան երգին վրայ զուարթութիւն մը կը ծաղկեցնէին, ու գերեզմաններուն վրայ թափող արցունքները հոգիէն փրթած ատեն մէյմէկ անուշ ծաղիկներ էին…

Այդ օրը ոչ մէկուն ողբը չկրցաւ կանգուն մը իսկ բարձրանալ մեռնողներուն հողքէն:

Ճերմակ մազերն ու ծերութիւնը քիչ մը վախ ձգեցին մարդերու սիրտին մէջ, հիւանդութիւններր շուտ գացող հիւրեր նկատուեցան, հոգեվարքները միայն կտոր մը դողացուցին զանոնք: Բայց չմեռնելու հաւատքը այնքան ուժով, ապրելու յոյսը այնքան անկեղծ էր որ ձիւն մազերով պառաւներն անգամ գերեզմաններու վրայ խուսափուկ նայուածքներ ունեցան։

Ու մահը շատցաւ, բազմապատկուեցաւ, ձեւերը փոխեց, հարուածները դիւային հնարքներով սարսռուն դարձան։ Որո՛ւ հոգ, մեռնողին մօտիկ նորէն դափն ու զուրնան իրենց խնդալը կը թափէին: Ոչ մէկը չէր կրնար հաւատալ մահուան։

Ու մահը աճեցաւ ու բազմացաւ: Երբեմն քաղաքներ ու գիւղեր լման կուլ կու տար, երբեմն երկիր մը ամբողջ կրակի արիւնի մէջ կ՚եփէր, ասանկ պարագաներուն՝ զոհերուն ճենճը կը կամարնար ու արիւնի ծովէն մուխը կը ծառանար ոսկորներուն, բայց միշտ կէս ճամբան կը ցրուէր, վասնզի անդիէն ուրախութեան սեղաններէն հաճոյքին ծափերը, տուներուն անկիւններէն, մեծի ու պզտիկի բերնէն դէպի Ստեղծողը ուղղուած փառքերն ու գովաբանութիւնները, Տաճարներուն սեղաններէն մատուցուող գոհունակութեան եւ երջանկութեան կնդրուկները, մինարէներէն ու կոչնակներուն ամբարձիկ երգերէն գովաբանութիւններն ու սաղմոսները այնքան շատ ու այնքան ուժով էին որ զրկուածներուն, տառապողներուն, մորթուողներուն անէծքն ու հառաչանքը այդ ամենուն խառնուելով մաքրուած, սրբուած, զտուած ու ծաղիկ դարձած օրհներգի մը պէս կ՚երթար գգուելու Ամենակալին հոգին։

Ու Աստուած հանգչեցաւ։ Աշխարհքէն բողոքի ձայները պակսեցան։ Ծառերն ու քարերը քիչ կը մեռնէին. Սատանան երկար ընդհատներով կը մօտենար անոնց։

Ու տակաւին Աստուած չի գիտեր թէ հոս մարդը կը մեռնի, ազգեր սուրէ կ՚անցուին, մանուկները ողջ ողջ կը թաղուին ու կիներու արգանդէն կենսաւորուող միսերը դանակներու ծայրը կը գամեն։

Ու ի՞նչպէս ալ գիտնայ, քանի որ այսքան հազար դարերէ ասդին դեռ մէկ հատիկ բողոք մը չենք յաջողած հասցնել անոր, որովհետեւ այնքան կը զբաղինք մենք մեզմով։

Հէքեաթը կը կենայ հոս, բայց չըսեր թէ Աստուած հիմա ինչպէս շունչ կ՚առնէ։

ՅԱԿՈԲ ՔԻՒՖԷՃԵԱՆ

(«Ազատամարտ», Կ. Պոլիս)

 

ԾԱՆՕԹ. ԽՄԲ. — Այս թիւով ներկայացուող Յակոբ Օշականի երկու պատմուածքները՝ վերի «Ինչո՞ւ կը մեռնինք»ը եւ յետագայ էջերու «Կաղանդի գիշերով»ը քաղած ենք իրենց առաջին տպագրութեան պատճէններէն եւ կու տանք առանց ուղղագրութիւնը կամ կէտադրութիւնը վերանայելու, բացառութեամբ մի քանի գրաշարական ակնյայտ սխալներու ուղղումին։

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *